Գլխաւոր լուրեր

Երեսփոխան Յ. Բագրատունի  Ընդունեց Ազգային  Ազատ Հոսանք Կուսակցութեան  Մէկ Պատուիրակութիւնը

Երեսփոխան Յ. Բագրատունի Ընդունեց Ազգային Ազատ Հոսանք Կուսակցութեան Մէկ Պատուիրակութիւնը

ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական կոմիտէի ներկայացուցիչ, երեսփոխան Յակոբ Բագրատունի երէկ «Շաղզոյեան» կեդրոնին մէջ ընդունեց Ազգային ազատ հոսանք կուսակցութեան հիւսիսային Լեռնալիբանանի եւ Պէյրութ Ա.-ի մէջ ընդգրկած գաւառներու աշխատանքը համակարգող Հիշամ Քանժը` ընկերակցութեամբ անոր օգնականին` Ասաատ Սաուայայի, Ազգային ազատ հոսանք Մեթնի պատասխանատու Ապտօ Լաթիֆի, Ժիպէյլի պատասխանատու Ատիպ Ժըպրանի, Քեսրուանի պատասխանատու Ժուլիեն Հատտատի եւ Պէյրութ Ա.-ի պատասխանատու Իմատ Ժաարայի: Հանդիպումին ընթացքին քննարկուեցան գաւառներուն մէջ...

Նարեկ Արքեպիսկոպոս Այցելութիւն  Տուաւ Պուրճ Համուտի Քաղաքապետարան

Նարեկ Արքեպիսկոպոս Այցելութիւն Տուաւ Պուրճ Համուտի Քաղաքապետարան

Երէկ` հինգշաբթի, 7 մարտ 2019-ին, առաւօտեան ժամը 10:00-ին, Լիբանանի հայոց թեմի առաջնորդ Նարեկ արքեպիսկոպոս` ընկերակցութեամբ Ազգային երեսփոխանական ժողովի ատենապետ Գառնիկ Մկրտիչեանի, Ազգային վարչութեան ատենապետ Րաֆֆի Սիսլեանի, Ազգային առաջնորդարանի արտաքին յարաբերութիւններու տնօրէն Պարոյր Տէր Ղուկասեանի եւ Ս. Սարգիս եկեղեցւոյ հովիւ Յակոբ քհնյ. Պզտիկեանի, պաշտօնական այցելութիւն մը տուաւ Պուրճ Համուտի քաղաքապետարան, ուր դիմաւորուեցաւ Պուրճ Համուտի քաղաքապետ Մարտիկ Պօղոսեանի եւ քաղաքապետական խորհուրդի անդամներուն...

Ակնարկ.  Պետական Դրսեւորումներ`  Փտածութեան Դէմ Պայքարի

Ակնարկ. Պետական Դրսեւորումներ` Փտածութեան Դէմ Պայքարի

Լիբանանի նորակազմ կառավարութիւնը փտածութեան դէմ պայքարելու միտումներ կը դրսեւորէ: Խորհրդարանը համընթաց քայլերու կը դիմէ այդ ուղղութեամբ: Զգայացունց յայտարարութիւններ, երկիրը ախտավարակ հիւանդութենէ փրկելու կոչեր, պետական պիւտճէին հարուած հասցուցած մարդոց ամենաթողութեան վերջ տալու պահանջներ` պետաքաղաքական մթնոլորտ ստեղծած են: Զուգահեռ անշուշտ կայ թերահաւատութիւն: Լիբանանեան փորձառութեան վրայ հիմնուած կասկածանքով մօտեցում` նման առաջադրանքի եւ փտածութեան դէմ պարագայական, ընտրովի սահմանափակ պայքարի փաստը նկատի ունենալով: Աւելի՛ն: Կայ...

Խորհրդարանի Օրէնսդրական  Լիագումար Նիստ.   Երեսփոխան Յակոբ Բագրատունի Կ՛ընտրուի  Նախագահներու Եւ Նախարարներու Դատավարութեան  Դատական Գերագոյն Խորհուրդի Անդամ

Խորհրդարանի Օրէնսդրական Լիագումար Նիստ. Երեսփոխան Յակոբ Բագրատունի Կ՛ընտրուի Նախագահներու Եւ Նախարարներու Դատավարութեան Դատական Գերագոյն Խորհուրդի Անդամ

Նախագահութեամբ Նեպիհ Պըրրիի, խորհրդարանը երէկ կէսօրէ առաջ գումարեց օրէնսդրական իր լիագումար նիստը, որուն ընթացքին ընտրեց նախագահներու եւ նախարարներու դատավարութեան Դատական գերագոյն խորհուրդի 7 անդամները: ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական կոմիտէի ներկայացուցիչ, երեսփոխան Յակոբ Բագրատունի 95 քուէներով ընտրուեցաւ նախագահներու եւ նախարարներու դատավարութեան Դատական գերագոյն խորհուրդի անդամ: Խորհուրդին անդամ ընտրուեցան նաեւ Ժորժ Օքէյս, Ալի Ամմար, Ֆայսալ Սայեղ, Ժորժ Աթալլա, Սամիր Ժսըր եւ Էլիաս Հանքաշ:...

Եունքեր. «Եւրոպական Միութիւնը Հայաստանին  2017-2020 Թուականներուն Համար  Պիտի Տրամադրէ 176 Միլիոն Եւրոյի Աջակցութիւն»

Եունքեր. «Եւրոպական Միութիւնը Հայաստանին 2017-2020 Թուականներուն Համար Պիտի Տրամադրէ 176 Միլիոն Եւրոյի Աջակցութիւն»

Աշխատանքային այցելութեամբ Պելճիքա գտնուող Հայաստանի  վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանի հետ բանակցութիւններէ ետք  լրատուամիջոցներու համար նախատեսուած հանդիպումին, Եւրոպական յանձնաժողովի նախագահ Ժան Քլոտ Եունքեր յայտարարած է, թէ Եւրոպական Միութիւնը Հայաստանին 2017-2020 թուականներուն համար նախատեսած է 176 միլիոն եւրոյի աջակցութիւն տրամադրել` միտուած մարդու իրաւունքներու պաշտպանութեան եւ հիմնարար բարեփոխումներուն: «Բայց ինչպէս պարոն վարչապետը բազմաթիւ անգամներ նշած է` շատ աշխատանք կայ կատարելիք` յատկապէս փտածութեան դէմ պայքարի ...

Աշոտ Ղուլեան. «Հայատեացութիւնը  Դարձած Է Ազրպէյճանական  Ինքնութեան Անբաժանելի Մաս»

Աշոտ Ղուլեան. «Հայատեացութիւնը Դարձած Է Ազրպէյճանական Ինքնութեան Անբաժանելի Մաս»

Երէկ Եւրոպական խորհրդարանին մէջ տեղի ունեցաւ «Հայատեացութիւն. պատմական եւ ժամանակակից վերածնունդ» նիւթով գիտաժողովը, որուն ընթացքին զանազան դիտանկիւններէ քննարկուեցաւ տուեալ երեւոյթը: Գիտաժողովը կազմակերպուած է Եւրոպայի Հայ դատի յանձնախումբի եւ «Թիւֆենկեան» հիմնադրամի ջանքերով, Եւրոպական խորհրդարանի երեսփոխան Էլենի Թեոխարուսի աջակցութեամբ: Արցախի Հանրապետութեան Ազգային ժողովի լրատուութեան եւ հանրութեան հետ կապերու բաժինէն կը տեղեկացնեն, որ Արցախի Հանրապետութեան  խորհրդարանի նախագահ Աշոտ Ղուլեան ողջոյնի խօսքով դիմած է...

Արհեստածին Տօն` Ապրիլ 24-էն Առաջ

Իշխան Սաղաթէլեան. «ՀՅԴ-ն Պիտի Մասնակցի Ընտրական Օրէնսգիրքի Քննարկումներուն` Առաջարկներու Փաթեթով»

Ազգային ժողովի նախագահ Արարատ Միրզոյեան երէկ Ազգային ժողովի ամպիոնէն քաղաքական ուժերը հրաւիրած է մասնակցելու Ընտրական օրէնսգիրքին շուրջ քննարկումներու` նշելով, որ Հայաստանի Ընտրական օրէնսգիրքը, ինչպէս նաեւ ընտրական հաստատութիւնները կատարելագործման կարիք ունին: «Օգտուելով առիթէն` քաղաքական ուժերը կ՛ուզեմ հրաւիրել` սկսելու ընտրական բարեփոխումներու մշակման փուլի` միասնական ջանքերով: Եթէ միասին պայմանաւորուինք, կրնանք աւելի արմատական փոփոխութիւններ մշակել, իրականացնել», ըսած է ան: «Երկիր»-ին հետ զրոյցի մը ընթացքին...

Վարչապետ Փաշինեան. «Եւրոպական Միութեան Հետ  Յարաբերութիւնները Հայաստանի Արտաքին  Քաղաքականութեան Առաջնահերթութիւններէն Են»

Վարչապետ Փաշինեան. «Եւրոպական Միութեան Հետ Յարաբերութիւնները Հայաստանի Արտաքին Քաղաքականութեան Առաջնահերթութիւններէն Են»

Հայաստանի Հանրապետութեան վարչապետի աշխատակազմէն կը  յայտնեն, որ վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանի աշխատանքային այցելութեան 2-րդ օրը` 5 մարտ 2019-ին, վարչապետը այցելած է Եւրոպական խորհուրդ, ուր անոր դիմաւորած է Եւրոպական խորհուրդի նախագահ Տոնալտ Թուսք: Անոնք ունեցած են հանդիպում, որուն ընթացքին քննարկուած են երկկողմանի համագործակցութեան վերաբերող հարցեր: Եւրոպական խորհուրդի նախագահ Տոնալտ Թուսք ողջունած է Հայաստանի վարչապետին այցելութիւնը Պրիւքսել` նշելով, որ անիկա  կարելիութիւն կու տայ...

Պրիւքսելի Մէջ.  Հանդիպում` Արցախի Ազգային Ժողովի  Նախագահ Աշոտ Ղուլեանի Հետ

Պրիւքսելի Մէջ. Հանդիպում` Արցախի Ազգային Ժողովի Նախագահ Աշոտ Ղուլեանի Հետ

ՀՅԴ Եւրոպայի Հայ դատի յանձնախումբի գրասենեակը կը հաղորդէ, որ երէկ` երեքշաբթի, 5 մարտ 2019-ին, ՀՅԴ Եւրոպայի Հայ դատի գրասենեակի նախագահ Գասպար Կարապետեան ընդունեց Արցախի Հանրապետութեան Ազգային ժողովի նախագահ Աշոտ Ղուլեանի գլխաւորած պատուիրակութիւնը` Հայ դատի Պրիւքսելի գրասենեակին մէջ: Հանդիպումին ներկայ էին ՀՅԴ Եւրոպայի Հայ դատի գրասենեակի անձնակազմը, Պելճիքայի Հայ յեղափոխական դաշնակցութեան կոմիտէութեան անդամներ եւ ներկայացուցիչներ` Պելճիքայի Հայ օգնութեան միութենէն Համազգային Հայ...

«ՀՅԴ Լիբանանի 71-րդ Շրջանային Ժողովի  Որոշումներուն Ուղիով» Ընդհանուր Խորագիրով  Հարցազրոյց` ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական Կոմիտէի  Ներկայացուցիչ,  Երեսփոխան Յակոբ Բագրատունիի Հետ

«ՀՅԴ Լիբանանի 71-րդ Շրջանային Ժողովի Որոշումներուն Ուղիով» Ընդհանուր Խորագիրով Հարցազրոյց` ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական Կոմիտէի Ներկայացուցիչ, Երեսփոխան Յակոբ Բագրատունիի Հետ

Երէկ` երեքշաբթի, 5 մարտ 2019-ի կէսօրուան ժամը 12:00-ին, «Վանայ ձայն» ձայնասփիւռի կայանին մէջ տեղի ունեցաւ «Ազդակ»-ի, «Վանայ ձայն»-ի եւ «Օ. Թի. Վի.»-ի հայերէն լուրերու բաժինի միացեալ հարցազրոյցը` ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական կոմիտէի ներկայացուցիչ, երեսփոխան Յակոբ Բագրատունիի հետ: Հարցազրոյցին առանցքները հանդիսացան ՀՅԴ Լիբանանի 71-րդ Շրջանային ժողովն ու անոր ընթացքին լուսարձակի տակ առնուած հիմնական հարցերը, անկէ բխած յայտարարութեան հիմնադրոյթները: Լուսարձակի տակ առնուեցան կուսակցութեան...

Լիբանանահայ Լրատուադաշտի  Ներկայացուցիչներու  Խորհրդակցութիւն` Հայաստանի  Հանրապետութեան Դեսպանատան Մէջ

Լիբանանահայ Լրատուադաշտի Ներկայացուցիչներու Խորհրդակցութիւն` Հայաստանի Հանրապետութեան Դեսպանատան Մէջ

Լիբանանի մէջ Հայաստանի Հանրապետութեան արտակարգ եւ լիազօր դեսպան Վահագն Աթաբէկեանի հրաւէրով Հայաստանի դեսպանատան մէջ երէկ յետմիջօրէին տեղի ունեցաւ խորհրդակցական հանդիպում հայ մամուլի եւ ձայնասփիւռի կայաններու տնօրէններու եւ գլխաւոր խմբագիրներու հետ: Հանդիպումին ներկայ էին դեսպանութեան Գ. քարտուղար Դաւիթ Ալավերտեան եւ ռազմական կցորդ գնդապետ Ալեքսան Մուշեղեան: Խորհրդակցութեան օրակարգը կը վերաբերէր Հայաստան-սփիւռք տեղեկատուական հարթութեան վրայ համագործակցութեան նոր ուղիներուն եւ համահայկական օրակարգերու ձեւաւորման առընթեր...

ՀՅԴ-ի Ներկայացուցիչները Հանդիպում  Ունեցած Են Հայաստանի Մէջ Իրանի Դեսպանին Հետ

ՀՅԴ – «Լուսաւոր Հայաստան» Կուսակցութիւն Հանդիպում

Երէկ` երկուշաբթի, 4 մարտ 2019-ին, ՀՅԴ Բիւրոյի գրասենեակին մէջ ՀՅԴ Բիւրոյի ներկայացուցիչ Յակոբ Տէր Խաչատուրեան, Բիւրոյի անդամ Արսէն Համբարձումեան եւ ՀՅԴ Հայաստանի Գերագոյն մարմինի ներկայացուցիչ Իշխան Սաղաթէլեան հիւրընկալեցին «Լուսաւոր Հայաստան» կուսակցութեան նախագահ, Ազգային ժողովի համանուն խմբակցութեան ղեկավար Էտմոն Մարուքեանը, Ազգային ժողովի պատգամաւորներ Մանէ Թանդիլեանը եւ Գէորգ Գորգիսեանը: Հանդիպումի ընթացքին միջկուսակցական գործակցութեան կարելիութիւնները քննարկուեցան, ինչպէս նաեւ փոխադարձ հետաքրքրութիւն ներկայացնող շարք մը...

Լիբանանի Մէջ Հայաստանի Արտակարգ  Եւ Լիազօր Դեսպան Վահագն Աթաբէկեան  «Շաղզոյեան»-Ի Մէջ Հանդիպում Ունեցաւ  ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական Կոմիտէին Հետ,  Այցելեց «Ազդակ» Եւ «Վանայ Ձայն»

Լիբանանի Մէջ Հայաստանի Արտակարգ Եւ Լիազօր Դեսպան Վահագն Աթաբէկեան «Շաղզոյեան»-Ի Մէջ Հանդիպում Ունեցաւ ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական Կոմիտէին Հետ, Այցելեց «Ազդակ» Եւ «Վանայ Ձայն»

Երէկ` երկուշաբթի, 4 մարտի կէսօրուան ժամը 12:00-ին, Լիբանանի մէջ Հայաստանի Հանրապետութեան դեսպան Վահագն Աթաբէկեան` ընկերակցութեամբ նոր երրորդ քարտուղար Դաւիթ Ալավերտեանի եւ առաջին անգամ ըլլալով Լիբանանի մէջ ռազմական կցորդ գնդապետ Ալեքսան Մուշեղեանի, այցելեց «Շաղզոյեան» կեդրոնին մէջ գործող «Ազդակ»-ի խմբագրատուն, «Վանայ ձայն» ձայնասփիւռի կայան, ինչպէս նաեւ հանդիպում ունեցաւ ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական կոմիտէի անդամներուն հետ: ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական կոմիտէին հետ կայացած հանդիպումին ընթացքին,...

Հզօր Լիբանան Համախմբումի Նախարարները  Ներկայացուցին Իրենց Ծրագիրները

Հզօր Լիբանան Համախմբումի Նախարարները Ներկայացուցին Իրենց Ծրագիրները

Հզօր Լիբանան համախմբումի նախարարները երէկ երեկոյեան ժամը 5:00-ին, Ազգային ազատ հոսանք կուսակցութեան Միրնա Շալուհիի կեդրոնին մէջ տրուած, մամլոյ ասուլիսի մը ընթացքին ներկայացուցին 100 օրուան ծրագիրները եւ անդրադարձան այդ ծրագիրներուն հետապնդած նպատակներուն: Արտաքին գործոց նախարար Ժըպրան Պասիլ յայտնեց, որ իրենք ամէն ջանք ի գործ պիտի դնեն հակակշռելու համար փտածութիւնը, ինչպէս նաեւ հաստատեց, որ իրենց համար առաջնահերթութիւն է տեղահանուածներու տունդարձն ու տնտեսութեան...

ՀՅԴ 21-րդ Գերագոյն  Ժողովի Յայտարարութիւնը

Նամակ` «Տարուրի Նըհքի» Յայտագիրի Հաղորդավարին

Յարգելի՛ տիկին Տալիա Տաղեր, Նկատի ունենալով պատասխանելու եւ ճշդում կատարելու իրաւունքը, կը խնդրենք ձեզմէ այս նամակը կարդալ «Տարուրի նըհքի» յայտագիրին ընթացքին: ՀՅ Դաշնակցութիւնը սովորութիւն չունի պատասխանելու զինք քննադատողներուն կամ դատական հարց յարուցելու լրագրողներու եւ իրեն հակադրուող անձնաւորութիւններու, ինչպէս նաեւ իր քաղաքականութիւնն ու կեցուածքները դատապարտողներուն դէմ, որովհետեւ կը հաւատայ խօսքի ազատութեան եւ կը յարգէ ազատ կարծիքը: Բայց եւ այնպէս ՀՅ Դաշնակցութիւնը...

Պուրճ Համուտի Քաղաքապետութիւն.  Հաղորդագրութիւն

Պուրճ Համուտի Քաղաքապետութիւն. Հաղորդագրութիւն

Երէկ Պուրճ Համուտի քաղաքապետարանը «Օ. Թի. Վի.» պատկերասփիւռի կայանին յղեց հետեւեալ հաղորդագրութիւնը. «Նկատի ունենալով պատասխանելու եւ ճշդում կատարելու իրաւունքը, կ՛անդրադառնանք «Օ. Թի. Վի.» պատկերասփիւռի կայանէն, «Տարուրի նըհքի» յայտագիրին ընդմէջէն, 25 փետրուար 2019-ին, Ղասսան Սէուտի կատարած ամբաստանութիւններուն, սխալ տեղեկութիւններուն, զրպարտութիւններուն եւ ոչ արդարացուցիչ գրգռութիւններուն, եւ կը խնդրենք ձեզմէ մեր պատասխանը կարդալ ձեր յաջորդ յայտագիրին ընթացքին: Վերոյիշեալ անձնաւորութիւնը յայտնեց, թէ Հայ յեղափոխական...

ՀՅԴ Բիւրոյի Ներկայացուցիչները Հանդիպում  Ունեցած Են Գարեգին Բ. Կաթողիկոսին Հետ

ՀՅԴ Բիւրոյի Ներկայացուցիչները Հանդիպում Ունեցած Են Գարեգին Բ. Կաթողիկոսին Հետ

ՀՅԴ հանրային կապերու գրասենեակը կը հաղորդէ, որ շաբաթ, 2 մարտ 2019-ի երեկոյեան, ամենայն հայոց Գարեգին Բ. կաթողիկոսը Մայր աթոռ Ս. Էջմիածինի մէջ ընդունեց ՀՅԴ Բիւրոյի պատուիրակութիւնը, Բիւրոյի ներկայացուցիչ Յակոբ Տէր Խաչատուրեանի գլխաւորութեամբ: Հանդիպումին արծարծուեցան Հայաստանի, հայ ժողովուրդի եւ հայ առաքելական եկեղեցւոյ դիմագրաւած մարտահրաւէրները եւ Հայաստան-սփիւռք գործակցութեան առնչուող հարցեր: ՀՅԴ ներկայացուցիչները արծարծուած հարցերուն մասին վեհափառին փոխանցեցին կուսակցութեան տեսակէտներն ու մտահոգութիւնները` յայտնելով...

Արհեստածին Տօն` Ապրիլ 24-էն Առաջ

Արհեստածին Տօն` Ապրիլ 24-էն Առաջ

Յաջորդ հինգշաբթի օրուան կառավարութեան նիստին պիտի քննարկուի ապրիլ 23-ը` Սերժ Սարգսեանի հրաժարականի օրը, Քաղաքացիի օր հռչակելու նախաձեռնութիւնը: Ապրիլ 23-ը այլ խորհուրդ ունի Հայ յեղափոխական դաշնակցութեան համար: Արդէն 20 տարիէ աւելի ապրիլ 23-ին ՀՅԴ-ն Երեւանի մէջ  կը կազմակերպէ աւանդական դարձած ջահերով երթ` ոգեկոչելու 1915-ի Հայոց ցեղասպանութեան Սուրբ զոհերու յիշատակը: Բազմաթիւ  քաղաքացիներ` հիմնականին մէջ երիտասարդներ, ինչպէս նաեւ  սփիւռքահայեր, Ազատութեան հրապարակէն ջահերով եւ...

Նիկոլ Փաշինեան. «Արտաքին  Գործոց Նախարարութիւնը  Մեծ Դերակատարութիւն Ունի Հայաստանի Արտաքին  Քաղաքականութեան Հզօրացման Մէջ»

Նիկոլ Փաշինեան. «Արտաքին Գործոց Նախարարութիւնը Մեծ Դերակատարութիւն Ունի Հայաստանի Արտաքին Քաղաքականութեան Հզօրացման Մէջ»

Վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան շնորհաւորական ուղերձ յղած է` Դիւանագէտի օրուան առիթով: Ըստ վարչապետի պաշտօնական կայքին, ուղերձին մէջ ըսուած է. «Յատկանշական է, որ մասնագիտական ձեր տօնը շաղկապուած է հայ ժողովուրդի պատմութեան ու հայոց պետականութեան կայացման շրջանի կարեւորագոյն այն իրադարձութեան հետ, երբ Հայաստանի Հանրապետութեան Եռագոյնը վեր բարձրացաւ ՄԱԿ-ի կեդրոնատեղիին առջեւ` իրականացնելով մեր ժողովուրդի դարաւոր Երազանքը, որն է` Հայաստանի տեղի ու դիրքի իրաւական եւ...

Page 505 of 797 1 … 504 505 506 … 797

Արխիւներ