Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Երեւան. Բազմահազար Քաղաքացիներ Մասնակցեցան ՀՅԴ Երիտասարդական Եւ Ուսանողական Միութիւններուն Կազմակերպած Աւանդական Ջահերով Երթին

April 24, 2019
| Գլխաւոր լուրեր, Հայկական
0
Share on FacebookShare on Twitter

Երէկ երեկոյեան Ազատութեան հրապարակէն սկիզբ առաւ ՀՅԴ Հայաստանի երիտասարդական եւ «Նիկոլ Աղբալեան» ուսանողական միութիւններուն նախաձեռնած ջահերով աւանդական երթը, որուն այս տարուան կարգախօսն է «Ամբողջական եւ արդար հատուցում»: Ջահերով երթին մասնակցեցան հազարաւոր հայորդիներ, հիմնականօրէն` երիտասարդներ:

Ելոյթով հանդէս եկաւ ՀՅԴ Հայաստանի երիտասարդական միութեան Կեդրոնական վարչութեան նախագահ Արգիշտի Գէորգեան:

«20 տարի շարունակ, անմար պահելով ջահերը, մենք պահանջած ենք արդարութիւն: 20 տարի շարունակ այս երթին միացած են բազմահազար քաղաքացիներ, որոնք ունին տարբեր գաղափարներ, տարբեր կուսակցական պատկանելիութիւն, բայց այնտեղ, ուր կը սկսի ազգային պայքարը, մենք կը դադրինք տարբեր ըլլալէ: Աշխարհի զանազան մասերու մէջ ընդդէմ Թուրքիոյ ժխտողական քաղաքականութեան` տարիներ շարունակ իրենց ձայնը բարձրացուցած են հազարաւոր հայորդիներ:

Մեր պայքարը երբեք չէ դադրած: Երբ անհրաժեշտ էր վերականգնել ամբողջ ժողովուրդի մը արժանապատուութիւնը, մենք կայացուցինք «Նեմեսիս»-ի իրագործման որոշումը, որուն իբրեւ հետեւանք պատժուեցան Հայոց ցեղասպանութեան գլխաւոր կազմակերպիչները», ըսաւ Արգիշտի Գէորգեան:

Անդրադառնալով անցեալին միջազգային հանրութեան լռութեան եւ անոր պատճառով դիւանագիտական լուծումներու ապարդիւն ըլլալու իրականութեան` Արգիշտի Գէորգեան ըսաւ, թէ Երկանեաններուն եւ Թեհլիրեաններուն եկան փոխարինելու Լիզպոնի տղաները, որոնք զոհասեղանին դրին իրենց կեանքը:

Շարունակելով իր խօսքը` Արգիշտի Գէորգեան ըսաւ, թէ մեր պայքարի ճամբուն վրայ իսկական յաղթանակ պէտք է նկատել ազատ եւ անկախ Հայաստանի Հանրապետութեան կերտումը: Մեր ազգային պետութիւնը եւ այդ պետութիւնը պաշտպանող ազգային բանակը մեր անվտանգութեան լաւագոյն երաշխաւորներն են: «Սակայն մեր պայքարը իր աւարտին չէ  հասած: Ազատ, անկախ Հայաստանին կը պակսի ամբողջական բնութագրումը: Ուրեմն մեր պայքարը կը շարունակուի նաեւ այժմ, երբ բոլորը կը քարոզեն, որ թշնամին փոխուած է, իսկ անցեալը պէտք է մոռնալ եւ յառաջ նայիլ: Ամբողջ աշխարհին մէջ մեր պետութեան, համազգային կառոյցներու եւ բազմաթիւ նուիրեալներու միացեալ պայքարին շնորհիւ մենք ճանաչումէն կ՛անցնինք հատուցման փուլ: Պատահական չէ, որ այսօր ալ մենք Ծիծեռնակաբերդ կ՛ուղղուինք ամբողջական եւ արդար հատուցման պահանջով», ըսաւ Ա. Գէորգեան:

Յիշեցնենք, որ Հայաստանի 18 համայնքներու, անոնց կարգին` Երեւանի, Ստեփանակերտի, Սպիտակի, Գիւմրիի, Իջեւանի, Վերին Կարմիրաղբիւրի եւ այլ շրջաններու մէջ, գրեթէ միաժամանակ սկսած եւ տեղի ունեցած են ջահերով երթեր:

Ղազարեան. «Օր Մը, Ի Վերջոյ, Ջահերով Երթը Պիտի Պսակուի Յաղթանակով»

Նախքան ջահերով երթի սկիզբը, ելոյթ ունեցաւ ՀՅԴ Հայաստանի Գերագոյն մարմինի  անդամ Արթուր Ղազարեանը:

Ան նշեց, որ այս տարի կը լրանայ հայոց Մեծ եղեռնի 104-րդ տարելիցը, բայց միեւնոյն ժամանակ 20 տարի առաջ այս օրը ՀՅԴ Հայաստանի երիտասարդական եւ «Նիկոլ Աղբալեան» ուսանողական միութիւնները կազմակերպեցին ջահերով երթը:

«Այսօր Հայաստանի այլ քաղաքներու եւ Արցախի, ինչպէս նաեւ աշխարհասփիւռ հայկական գաղթօճախներու մէջ եւս սկսած է ջահերով երթը: Սիրելի՛  երիտասարդներ, ջահերով երթը պիտի շարունակուի այնքան ժամանակ, քանի տակաւին Թուրքիան չէ առերեսուած իր պատմական ճշմարտութեան հետ, քանի տակաւին մարդկութեան դէմ ծանր յանցագործութիւն կատարած պետութեան իրաւայաջորդը, այսինքն` ներկայիս Թուրքիան, կը շարունակէ մերժման եւ ժխտողականութեան քաղաքականութիւնը: Վստահաբար կ՛ըսեմ` ձեր երթը պիտի պսակուի  յաղթանակով: Արեւմտեան Հայաստանի ժառանգները պիտի վերադառնան իրենց օճախները, բայց արդէն` տիրոջ կարգավիճակով: Ասիկա է ջահերով երթին վերջնական նպատակը», ըսաւ ան:

 

Նախորդը

Ջահերթ` Ստեփանակերտի Մէջ. Մասնակիցները Կը Պահանջեն Հայոց Ցեղասպանութեան Միջազգային Ճանաչում

Յաջորդը

Խմբագրական. Համահայկական Հռչակագիրը Ճշդած Է Համահայկական Օրակարգերը

RelatedPosts

Կառավարութեան Գործունէութեան  Ընդհանուր Քննարկման Խորհրդարանական Նիստը  Այսօր Եւս Կը Շարունակուի
Գլխաւոր լուրեր

Կառավարութեան Գործունէութեան Ընդհանուր Քննարկման Խորհրդարանական Նիստը Այսօր Եւս Կը Շարունակուի

September 16, 2026
Բագրատունի Այցելեց Լիբանանի Մէջ  Ճափոնի Դեսպանին
Գլխաւոր լուրեր

Բագրատունի Այցելեց Լիբանանի Մէջ Ճափոնի Դեսպանին

September 16, 2026
Նախագահ Աուն. «Միջազգային Ընտանիքը  Հրաւիրուած Է Միջամտելու` Արգիլելու  Համար Իսրայէլի Բռնարարքները»
Գլխաւոր լուրեր

Ընդհանուր Դատախազութիւնը Պէյրութի Նաւահանգիստի Պայթումին Հարցով Պահանջեց Ամբաստանել Նախկին Նախագահ Միշէլ Աունը

September 16, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.