Ազատագրուած Տարածքները Զիջելու Կոչերը Կ՛արագացնեն Պատերազմը
Այսօր` 26 փետրուարին Երեւանի մէջ տեղի պիտի ունենայ Սումկայիթի եւ Պաքուի ջարդերու 31-ամեակին եւ զոհերու յիշատակին նուիրուած հանրահաւաք` «Հողեր չունենք տալու» կարգախօսով: Այս առիթով կայացած ասուլիսին ընթացքին ՀՅԴ Հայաստանի Գերագոյն մարմինի անդամ Արթուր Եղիազարեան նշեց, որ հաւաքը ո՛չ իշխանական է, ո՛չ էլ ընդդիմադիր, այլ ազգային խնդիրներու պարունակին մէջ կարելի է զետեղել զայն: «Կարելի է ըսել, որ ասիկա դէմ է իշխանութեան,...



















