Գլխաւոր լուրեր

ՀՅԴ Եւրոպայի Հայ Դատի Յանձնախումբի  Նախագահին Հանդիպումները`  Հայաստանի Խորհրդարանին Մէջ

ՀՅԴ Եւրոպայի Հայ Դատի Յանձնախումբի Նախագահին Հանդիպումները` Հայաստանի Խորհրդարանին Մէջ

ՀՅԴ Եւրոպայի Հայ դատի յանձնախումբի նախագահ Գասպար Կարապետեան 12 մարտին հանդիպումներ ունեցած է Հայաստանի Հանրապետութեան Ազգային ժողովի արտաքին յարաբերութիւններու մնայուն յանձնախումբի նախագահ Ռուբէն Ռուբինեանի, Ազգային ժողովի Եւրոպական համարկման հարցերու մնայուն յանձնախումբի նախագահ Արման Եղոյեանի, Ազգային ժողովի գիտութեան, կրթութեան, մշակոյթի, սփիւռքի, երիտասարդութեան եւ մարմնակրթութեան  հարցերու մնայուն յանձնախումբի նախագահ Մխիթար Հայրապետեանի հետ, կը տեղեկացնեն Հայաստանի Հանրապետութեան Ազգային ժողովի հասարակութեան եւ լրատուութեան վարչութենէն:...

Քոնկրեսականներ Ցեղասպանութեան  Պաշտօնական Ճանաչման Բանաձեւ Պատրաստած Են

Քոնկրեսականներ Ցեղասպանութեան Պաշտօնական Ճանաչման Բանաձեւ Պատրաստած Են

Միացեալ Նահանգներու Քոնկրեսի դեմոկրատական անդամ Էտըմ Շիֆ եւ հանրապետական անդամ Կուս Պիլիրաքիս դիմած են Ներկայացուցիչներու տան իրենց գործընկերներուն` կոչ ուղղելով միանալու Հայոց ցեղասպանութեան ճանաչման վերաբերեալ բանաձեւի ներկայացման: «Ասպարէզ» կը հաղորդէ, որ երկկուսակցական փաստաթուղթի նպատակն է այնպէս ընել, որ ամերիկեան իշխանութիւններու քաղաքականութիւնը հետեւի ստորեւ ներկայացուած կէտերուն. 1.- Հայոց ցեղասպանութեան հերքման մերժում, 2.- Միացեալ Նահանգներու կառավարութեան կողմէ յանցանքի պաշտօնական ճանաչում եւ ոգեկոչում,...

Նախագահ Արմէն Սարգսեան Ընդունած Է  ՕԹԱՆ-ի Ընդհանուր Քարտուղարի  Յատուկ Ներկայացուցիչ Ճէյմս Ափաթուրայը

Նախագահ Արմէն Սարգսեան Ընդունած Է ՕԹԱՆ-ի Ընդհանուր Քարտուղարի Յատուկ Ներկայացուցիչ Ճէյմս Ափաթուրայը

Հանրապետութեան նախագահ Արմէն Սարգսեան ընդունած է Հարաւային Կովկասի եւ Կեդրոնական Ասիոյ մէջ ՕԹԱՆ-ի ընդհանուր քարտուղարի յատուկ ներկայացուցիչ Ճէյմս Ափաթուրայը: Հանրապետութեան նախագահը բարձր գնահատած է Հայաստանի Հանրապետութիւն-ՕԹԱՆ յարաբերութիւններու ներկայիս մակարդակը եւ համագործակցութիւնը տարբեր ծրագիրներու շրջագիծին մէջ: Ճէյմս Ափաթուրայ իր կարգին նշած է, որ Հայաստանը դաշինքի կայուն եւ վստահելի գործընկերն է: Զրուցակիցները կարեւոր նկատած են ՕԹԱՆ-Հայաստան համագործակցութիւնը տարբեր մարզերու մէջ, ներառեալ` միջազգային...

Բակօ Սահակեան Եւ Նիկոլ Փաշինեան Կարեւոր  Նկատած Են Հայաստան – Արցախ Սերտ  Փոխադարձ Գործակցութեան Ընդլայնումը

Բակօ Սահակեան Եւ Նիկոլ Փաշինեան Կարեւոր Նկատած Են Հայաստան – Արցախ Սերտ Փոխադարձ Գործակցութեան Ընդլայնումը

Արցախի Հանրապետութեան նախագահ Բակօ Սահակեան 11 մարտին Ստեփանակերտի մէջ հանդիպում ունեցած է Հայաստանի Հանրապետութեան վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանի հետ: Քննարկուած են հայկական երկու հանրապետութիւններու համագործակցութեան վերաբերող հարցեր: Այնուհետեւ հանդիպումը շարունակուած է ընդլայնուած կազմով` անվտանգութեան խորհուրդներու քարտուղարներու եւ արտաքին գործոց նախարարներու մասնակցութեամբ: Անդրադարձ կատարուած է անվտանգութեան եւ արտաքին քաղաքականութեան առնչուող տարբեր հարցերու: Երկուստեք կարեւոր նկատուած է Հայաստան - Արցախ սերտ փոխադարձ գործակցութեան...

Արմէն Ռուստամեան Մասնակցած Է  «Լազարեան Ակումբ»-ի Նիստին

Արմէն Ռուստամեան Մասնակցած Է «Լազարեան Ակումբ»-ի Նիստին

5-6 մարտին Մոսկուայի մէջ տեղի ունեցաւ «Լազարեան ակումբ»-ի 2-րդ նիստը: Ակումբի մասնակիցներու կազմը ներկայացուցչական էր: Շուրջ 300 հրաւիրեալներու կարգին էին Պետական տումայի անդամներ,  դեսպաններ, գիտնականներ, զինուորականներ եւ քաղաքական ներկայացուցիչներ: Հայաստանէն կը մասնակցէին քաղաքական գործիչներ Արա Բաբլոյեան, Վազգէն Մանուկեան, Խոսրով Յարութիւնեան, Վիգէն Սարգսեան եւ ուրիշներ: Պաշտօնական Երեւանը կը ներկայացնէր Ռուսիոյ մէջ Հայաստանի դեսպան Վարդան Տողանեան: ՀՅԴ-ն կը ներկայացնէին ՀՅԴ Բիւրոյի նախագահ...

Հրայր Մարուխեանի Ծննդեան  90-ամեակ Եւ Մահուան 20-ամեակ

Հրայր Մարուխեանի Ծննդեան 90-ամեակ Եւ Մահուան 20-ամեակ

«Ընկեր Հրայր Փայլատակեց Հայկական Երկնակամարին Վրայ` Իբրեւ Յեղաշրջող Ու Աներեր Աստղ, Եւ Իր Կեանքը Նուիրեց Հայակերտման, Հայրենիքի Ազատագրութեան, Հայ Ժողովուրդին Ու Հայ Դատին» Հաստատեց Յակոբ Տէր Խաչատուրեան Կազմակերպութեամբ ՀՅԴ «Հրայր Մարուխեան» կոմիտէին, երէկ` երկուշաբթի, 11 մարտ 2019-ին, երեկոյեան ժամը 8:30-ին, Ազգային Եղիշէ Մանուկեան քոլեճի «Սիրան Մանուկեան» սրահին մէջ տեղի ունեցաւ ՀՅ Դաշնակցութեան պատմութեան մէջ իր ներկայութեամբ, դերակատարութեամբ եւ ղեկավարի ուրոյն...

Արամ Ա. Կաթողիկոս Ընդունեց  Հայ Յեղափոխական Դաշնակցութեան Բիւրոն

Արամ Ա. Կաթողիկոս Ընդունեց Հայ Յեղափոխական Դաշնակցութեան Բիւրոն

Երէկ` երկուշաբթի, 11 մարտ 2019-ին, Արամ Ա. վեհափառ հայրապետը ընդունեց Հայ յեղափոխական դաշնակցութեան Բիւրոյի ներկայացուցիչ Յակոբ Տէր Խաչատուրեանն ու Բիւրոյի անդամ Բենիամին Պչաքճեանը: Շուրջ երեք ժամ տեւած հանդիպումի ընթացքին լայնօրէն քննարկուեցան Հայաստան-սփիւռք յարաբերութեանց եւ ընդհանրապէս սփիւռքի առնչուած շարք մը հարցեր: Արծարծուեցան նաեւ Ղարաբաղի ու Հայ դատին հետ աղերս ունեցող հարցեր ու ծրագիրներ:  

Փաշինեանն Ու Ալիեւը Ունեցած Են  Մէկուկէս Ժամ Տեւած Հանդիպում Մը

Ակնարկ. Երաշխաւորելու Համար Հետագայ Համաձայնութիւնը` Նախ Կիրարկել Մինչ Այժմ Կայացածները

Փաշինեան-Ալիեւ հանդիպումին ընդառաջ ԵԱՀԿ-ի Մինսքի խմբակի համանախագահներուն հրապարակած յայտարարութիւնը, քաղաքական ընթացիկ եզրաբանութեան առընթեր բանակցային փիլիսոփայութեան հետ կապուած կարեւոր բաղադրիչներ ներառած է: Համանախագահները կը խօսին հանդիպումին բանակցային բովանդակութիւն տալու անհրաժեշտութեան մասին: Այսինքն անկախ` խաղաղութեան պատրաստելու, հրադադարի դրութիւնը յարգելու, հռետորաբանութիւնը ապառազմականացնելու կոչերէն, համանախագահները կողմերը վերաբանակցելու կը հրաւիրեն: Բանակցութիւնները վերսկսելու կոչին առընթեր եւ անկէ աւելին, յայտարարութիւնը օրակարգային կէտերու ուրուագիծը եւս կը փոխանցէ` յուշելով,...

Մինսքի Խմբակի Համանախագահները`  Փաշինեան-Ալիեւ Հանդիպումին Մասին.  «Լեռնային Ղարաբաղի Խնդիրի Արդար Ու  Մնայուն Լուծումը Պէտք Է Հիմնուած Ըլլայ  Հելսինքեան Եզրափակիչ Հռչակագիրի  Սկզբունքներուն Վրայ»

Մինսքի Խմբակի Համանախագահները` Փաշինեան-Ալիեւ Հանդիպումին Մասին. «Լեռնային Ղարաբաղի Խնդիրի Արդար Ու Մնայուն Լուծումը Պէտք Է Հիմնուած Ըլլայ Հելսինքեան Եզրափակիչ Հռչակագիրի Սկզբունքներուն Վրայ»

ԵԱՀԿ-ի Մինսքի խմբակի համանախագահները Հայաստանի վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանին եւ Ազրպէյճանի նախագահ Իլհամ Ալիեւին յառաջիկայ հանդիպումին վերաբերեալ յայտարարութիւն մը հրապարակած են: Անոնք ողջունած են երկու պետութիւններու ղեկավարներու` համանախագահներու հովանիին տակ շուտով հանդիպելու պատրաստակամութիւնը: Կը նշուի, որ համանախագահները այս կարեւոր հանդիպման նախապատրաստութեան աշխատանքներու ծիրին մէջ սերտ կերպով կը համագործակցին Հայաստանի եւ Ազրպէյճանի արտաքին գործոց նախարարներուն հետ: Կը նշուի նաեւ, թէ այդ հանդիպումը...

100-ամեայ ՀՄԸՄ-ին Ծառայած  Միութենականներու Պարգեւատրում

100-ամեայ ՀՄԸՄ-ին Ծառայած Միութենականներու Պարգեւատրում

«ՀՄԸՄ-ը Հայ Պատանիին Ու Երիտասարդին Մէջ Դրոշմեց Իր Էութեան Գիտակցութիւնը, Կազմաւորեց Զանոնք Իբրեւ Պատասխանատու Հայեր» Հաստատեց Յակոբ Տէր Խաչատուրեան Հովանաւորութեամբ ՀՄԸՄ-ի Կեդրոնական վարչութեան, կազմակերպութեամբ ՀՄԸՄ-ի Լիբանանի Շրջանային վարչութեան, երէկ` կիրակի, 10 մարտ 2019-ի երեկոյեան ժամը 6:00-ին, Ազգային առաջնորդարանի «Երջօ Սամուէլեան-Եռագոյն» սրահին մէջ տեղի ունեցաւ պարգեւատրումի հանդիսաւոր արարողութիւն` ՀՄԸՄ-ի հիմնադրութեան 100-ամեակին առիթով: Լիբանանի, Հայաստանի եւ ՀՄԸՄ-ի քայլերգներէն ետք ներկաները մէկ վայրկեան...

«Առաջնահերթութիւնը Լիբանանի Հայութեան Զօրաւոր Մնալն Է»  Հաստատեց Երեսփոխան Յակոբ Բագրատունի

«Մեր Ազգային Եւ Համայնքային Հարցերը Համալիբանանեան Տարողութեամբ Պէտք Է Քննենք Ու Լուծենք», Հաստատեց Յակոբ Բագրատունի

«ԱԶԴԱԿ».- Շրջանային ժողովէն առաջ «Ազդակ»-ի մէջ լոյս տեսաւ ձեր յօդուածաշարքը, ուր ընդհանրապէս անդրադարձ կը կատարուէր ո՛չ միայն կուսակցական մտահոգութիւններուն, այլեւ` լիբանանահայութեան վերաբերող տարբեր խնդիրներու: Շրջանային ժողովը գումարուեցաւ արդէն, ընտրուեցաւ նոր Կեդրոնական կոմիտէ, եւ կը նայինք դէպի ապագայ: Մեկնարկային իրավիճակի ստեղծման կամ ապագային կապուած հեռանկարային ի՞նչ ծրագիրներ ունիք` թէ՛ կուսակցութեան, եւ թէ՛ համայնքին վերաբերող: ՅԱԿՈԲ ԲԱԳՐԱՏՈՒՆԻ.- Այդ յօդուածաշարքին մէջ տեղ գտած...

Աղջկանց Պասքեթպլ.  ՀՄԸՄ Անթիլիաս` Լիբանանի Աղջկանց Բաժակակիր

Աղջկանց Պասքեթպլ. ՀՄԸՄ Անթիլիաս` Լիբանանի Աղջկանց Բաժակակիր

ՀՄԸՄ Անթիլիաս Հանդիսացաւ Լիբանանի Բաժակակիր` 67-50 Արդիւնքով Յաղթելէ Ետք Ռիատիին Շաբաթ, 9 մարտին, Ղազիրի դաշտին վրայ տեղի ունեցաւ Լիբանանի պասքեթպոլի աղջկանց բաժակի մրցաշարքի 2018-2019 տարեշրջանի աւարտական մրցումը, որուն ընթացքին իրարու դէմ մրցեցան ՀՄԸՄ Անթիլիաս եւ Ռիատի Պէյրութ: Լիբանանի գործող ախոյեանը` ՀՄԸՄ Անթիլիաս, տիրացաւ տիտղոսին, իր մրցակիցին յաղթելով 17 կէտի բաւական մեծ տարբերութեամբ մը` 67-50 արդիւնքով (13-10, 16-13, 21-16 եւ 17-11):...

Խմբագրական.  Կրթական Մարզի Վերաիմաստաւորման Ուղիներ (Ուսուցչաց Տօնին Առիթով)

Խմբագրական. Կրթական Մարզի Վերաիմաստաւորման Ուղիներ (Ուսուցչաց Տօնին Առիթով)

Պայմաններու բերումով կանանց եւ ուսուցչաց տօները, անմիջական յաջորդականութեան առընթեր, ըստ էութեան փոխառնչուածութեան երեւոյթ կը պարզեն: Խօսքը` ուսուցչական ասպարէզին բացարձակ մեծամասնութիւնը կանանց վերաբերելու իրողութեան մասին է: Փորձենք հարցը դիտարկել հայրենիքի եւ այս պարագային լիբանանահայ կրթական միջավայրին մէջ նկատելու համար, որ մանկավարժութեամբ զբաղողները ընդհանրապէս` տնօրէններէն մինչեւ տարբեր բաժիններու ուսուցիչները, կիներ են: Կրթութեան ոլորտի պետական կառավարումը սակայն մեծ մասամբ կը զբաղցնեն տղամարդիկը` նախարարէն...

«Առաջնահերթութիւնը Լիբանանի Հայութեան Զօրաւոր Մնալն Է»  Հաստատեց Երեսփոխան Յակոբ Բագրատունի

«Առաջնահերթութիւնը Լիբանանի Հայութեան Զօրաւոր Մնալն Է» Հաստատեց Երեսփոխան Յակոբ Բագրատունի

Երեքշաբթի, 5 մարտ 2019-ի կէսօրուան ժամը 12:00-ին, «Վանայ ձայն» ձայնասփիւռի կայանին մէջ տեղի ունեցաւ «Ազդակ»-ի, «Վանայ ձայն»-ի եւ «Օ. Թի. Վի.»-ի հայերէն լուրերու բաժինի միացեալ հարցազրոյցը` ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական կոմիտէի ներկայացուցիչ, երեսփոխան Յակոբ Բագրատունիի հետ: «Ազդակ»-ի կողմէ հարցազրոյցին մասնակցեցաւ Նորա Բարսեղեան, «Վանայ ձայն»-ի` Րաֆֆի Տէմիրճեան, իսկ «Օ. Թի. Վի.»-ի` Ծովակ Թազեան-Թիւթէլեան: Հարցազրոյցին առանցքները հանդիսացան ՀՅԴ Լիբանանի 71-րդ Շրջանային ժողովն ու...

Հանդիպում` Եւրոպական Խորհրդարանին Մէջ  Արցախի Ազգային Ժողովի Նախագահին  Եւ Հայաստանի Հետ Բարեկամութեան  Խումբի Պատգամաւորներուն Միջեւ

Հանդիպում` Եւրոպական Խորհրդարանին Մէջ Արցախի Ազգային Ժողովի Նախագահին Եւ Հայաստանի Հետ Բարեկամութեան Խումբի Պատգամաւորներուն Միջեւ

ՀՅԴ Եւրոպայի Հայ դատի գրասենեակի նախաձեռնութեամբ եւ  կազմակերպչական աջակցութեամբ` Եւրոպական խորհրդարանին մէջ տեղի ունեցաւ հանդիպում Արցախի Հանրապետութեան Ազգային ժողովի նախագահ Աշոտ Ղուլեանի եւ Եւրոպական խորհրդարանին մէջ Հայաստանի հետ բարեկամութեան խումբի պատգամաւորներուն միջեւ: ՀՅԴ Եւրոպայի Հայ դատի յանձնախումբի նախագահ Գասպար Կարապետեան ընդգծեց նման հանդիպումներու կարեւորութիւնը եւ նշեց. «Այս հանդիպումը լրացուցիչ ներդրում է ազրպէյճանական իշխանութեան կողմէ Արցախի ժողովուրդի մեկուսացման դեմ պայքարին մէջ:...

Պերլինի Մէջ.  «Մենք Կարիքը Ունինք Զբօսաշրջական Յստակ  Ծրագիրի Մը, Որուն Մեկնարկը   Պիտի Կատարուի Ամիս Մը Ետք»  Շեշտեց Նախարար Կիտանեան

Պերլինի Մէջ. «Մենք Կարիքը Ունինք Զբօսաշրջական Յստակ Ծրագիրի Մը, Որուն Մեկնարկը Պիտի Կատարուի Ամիս Մը Ետք» Շեշտեց Նախարար Կիտանեան

Զբօսաշրջութեան նախարար Աւետիս Կիտանեան Պերլինի մէջ մասնակցեցաւ համաշխարհային զբօսաշրջութեան ցուցահանդէսի 53-րդ փուլին, որուն իրենց մասնակցութիւնը բերին 180 երկիրներ, ինչպէս նաեւ զբօսաշրջութեան մարզի մեծ թիւով պատասխանատուներ եւ գործարարներ: Նախարար Կիտանեան այս առիթով զբօսաշրջական ցուցահանդէսին մասնակցող Լիբանանի տաղաւարին բացումը կատարեց` ներկայութեամբ Գերմանիոյ մէջ Լիբանանի դեսպան Մուսթաֆա Ատիպի, լիբանանեան զբօսաշրջութեան մարզի եւ «Միտըլ իսթ» օդանաւային ընկերութեան ներկայացուցիչներուն: Ա. Կիտանեան Լիբանանի յատուկ զբօսաշրջական տաղաւարին...

Մամլոյ 148-րդ Լսարան.  Ներկայացում` Ճափոնի Մէջ Հայագիտութեան  Վիճակին Եւ Հայ-Ճափոնական Յարաբերութիւններուն

Մամլոյ 148-րդ Լսարան. Ներկայացում` Ճափոնի Մէջ Հայագիտութեան Վիճակին Եւ Հայ-Ճափոնական Յարաբերութիւններուն

«Ազդակ»-ի կազմակերպած 148-րդ լսարանին նիւթը իւրայատուկ էր, որովհետեւ անոր ընթացքին ներկայացուեցան ներկայիս Ճափոնի մէջ հայագիտութեան վիճակը եւ հայ-ճափոնական յարաբերութիւնները: Երէկ` ուրբաթ, 8 մարտ 2019-ի երեկոյեան ժամը 7:30-ին, «Ազդակ»-ի «Փիւնիկ» սրահին մէջ տեղի ունեցած մամլոյ լսարանին հիւր զեկուցաբերն էր Թոքիոյի օտար լեզուներու համալսարանի Ասիոյ եւ Ափրիկէի լեզուներու եւ մշակոյթներու բաժանմունքի գիտաշխատող, հայագէտ դոկտ. Թաքայուքի Եոշիմուրա: Նախքան դասախօսութեան սկսիլը, «Ազդակ»-ի պատասխանատու խմբագիրներէն...

Խմբագրական.  Կիներու Տօնէն Դէպի Իրաւահաւասարութիւն (Մարտ 8-ի Առիթով)

Խմբագրական. Կիներու Տօնէն Դէպի Իրաւահաւասարութիւն (Մարտ 8-ի Առիթով)

Միջազգային տօնացոյցը հետզհետէ յագեցած պատկեր կը ստանայ: Այս ընթացքը կը համոզէ, որ իւրաքանչիւր օր միջազգային հնչեղութիւն պիտի ապահովէ` նուիրուած ըլլալով յատուկ թեմայի: Մարդու իրաւունքներ, կիներու, հայրերու, մայրերու, դիւանագէտի, սիրոյ, հանդուրժողութեան, քաղցկեղի, բանաստեղծութեան, անտառներու® Տարուան մէջ նշելի 160-էն աւելի  թեմաներու շարքին մէջ օրեր կան, որոնք երկու տօնի յատկացուած են եւ միջազգային հանրութեան  կը յուշեն նշել երկուքը հաւասարապէս միեւնոյն օրը: Ընտրուած թեմաներէն...

Արցախի Ազգային Ժողովի Նախագահը  Հանդիպում Ունեցած Է Հոլանտացի  Խորհրդարանականներու Հետ

Արցախի Ազգային Ժողովի Նախագահը Հանդիպում Ունեցած Է Հոլանտացի Խորհրդարանականներու Հետ

Արցախի Հանրապետութեան Ազգային ժողովի նախագահ Աշոտ Ղուլեան 5 մարտին Լա Հէյի մէջ հանդիպում ունեցած է Հոլանտայի Ներկայացուցիչների տան խումբ մը խորհրդարանականներու` խորհրդարանական տարբեր քաղաքական ուժերու արտաքին յարաբերութիւններու պատասխանատուներու հետ: Հանդիպումը   կազմակերպուած է Հոլանտայի մէջ հայկական կազմակերպութիւններու համադաշնակցութեան աջակցութեամբ: Շնորհակալութիւն յայտնելով ընդունելութեան համար` Աշոտ Ղուլեան  ընդգծած է, որ անցնող տարիներուն ընթացքին Արցախի խորհրդարանը գործընկերային յարաբերութիւններ հաստատած է եւրոպական շարք մը  երկիրներու...

«Էլ Մսաուար»-ի Լայն Անդրադարձը Հայոց  Ցեղասպանութեան Եւ Պահանջատիրութեան

«Էլ Մսաուար»-ի Լայն Անդրադարձը Հայոց Ցեղասպանութեան Եւ Պահանջատիրութեան

Եգիպտական հնագոյն` 1892-էն գործող «Տար էլ հիլալ» հրատարակչատունէն հրապարակուող «Էլ մսաուար» շաբաթաթերթը, մեկնելով անցած ամսուան կիսուն նախագահ Ապտել Ֆաթթահ Սիսիի` Միւնիխի անվտանգութեան համաժողովին կատարած հաստատումէն, որ 104 տարի առաջ ջարդերու ենթարկուած հայերը հիւրընկալեց Եգիպտոս, ուր անոնք գտան ապահովութիւն, խաղաղութիւն եւ կայունութիւն, միաժամանակ փաստելով, որ «թէեւ հանրածանօթ է ու աշխարհը ճանչցած է թուրքերու կատարած հայոց ջարդերը, որոնք վաւերագրուած են, եւ նոյնիսկ...

Page 504 of 797 1 … 503 504 505 … 797

Արխիւներ