Գլխաւոր լուրեր

Ամերիկայի Հայ Դատի Յանձնախումբը Թրամփի  Վարչակազմին Կոչ Կ՛ուղղէ` Ապահովելու  Բոլոր Հայ Գերիներու Վերադարձը

Ամերիկայի Հայ Դատի Յանձնախումբը Թրամփի Վարչակազմին Կոչ Կ՛ուղղէ` Ապահովելու Բոլոր Հայ Գերիներու Վերադարձը

Ամերիկայի Հայ դատի յանձնախումբը յայտարարեց, թէ չորեքշաբթի օր տեղի ունեցած գերիներու փոխանակումը ցոյց կու տայ, թէ Պաքու անզիջող կը մնայ իր որդեգրած` «պատանդներու դիւանագիտութեան» մէջ` Հայաստանէն յաւելեալ քաղաքական զիջումներ խլելու նպատակով: Յանձնախումբը շեշտեց, թէ տակաւին առնուազն 19 հայ գերիներ կը մնան Ազրպէյճանի բանտերուն մէջ, ուր անոնք խոշտանգումներ եւ բռնութիւն կը դիմագրաւեն ու զրկուած են իրենց տարրական իրաւունքներէն` ենթարկուելով կեղծ դատավարութիւններու:...

Ժան Մոմճեան` Մեթնի  Թաղապետներու Լիկայի Հաշուապահ

Ժան Մոմճեան` Մեթնի Թաղապետներու Լիկայի Հաշուապահ

Ուրբաթ, 9 յունուար 2026-ին յայտարարուեցաւ Մեթնի թաղապետներու լիկայի համաձայնական կազմը: Համաձայնութիւնը գոյացաւ Մեթնի մէջ գործող տարբեր քաղաքական ուժերու միջեւ` ՀՅԴ, Լիբանանեան ուժեր, Ազգային ազատ հոսանք, Փաղանգաւոր, երեսփոխան Իպրահիմ Քանաան եւ երեսփոխան Միշել Մըր: Լիկայի նախագահութիւնը առաջին երեք տարիներու համար ստանձնեց Տըքուենիի թաղապետ Ամին Մորիս Խուրին, իսկ երկրորդ երեք տարիներուն համար` Մրուժի թաղապետ Ռիշար Անթուան Խարրաթը: Լիկայի հաշուապահ նշանակուեցաւ Պուրճ Համուտի...

Հանդիպում Հայ Ազգային Քոնկրեսի  Եւ Հայ Յեղափոխական Դաշնակցութեան  Ներկայացուցիչներուն Միջեւ

Հանդիպում Հայ Ազգային Քոնկրեսի Եւ Հայ Յեղափոխական Դաշնակցութեան Ներկայացուցիչներուն Միջեւ

ՀՅԴ Հայաստանի Գերագոյն մարմինի Հանրային կապերու գրասենեակը կը հաղորդէ, որ քաղաքական խորհրդակցութիւններու շրջանակներուն մէջ երէկ հանդիպում տեղի ունեցած է Հայ ազգային քոնկրեսի եւ Հայ յեղափոխական դաշնակցութեան ներկայացուցիչներուն միջեւ: Կարծիքներ փոխանակուած են Հայաստանի առջեւ ծառացած ներքին ու արտաքին մարտահրաւէրներուն եւ զանոնք յաղթահարելու ուղիներուն մասին: Զրոյցի ընթացքին, մասնաւորապէս, քննարկուած են Հայ առաքելական սուրբ եկեղեցւոյ դէմ իշխանութիւններու հակասահմանադրական յարձակումներուն հակազդելու, քաղաքական բանտարկեալներու իրաւունքներու...

Յ. Բագրատունի Այցելեց Խորհրդարանի Նախագահ Նեպիհ Պըրրիի

Յ. Բագրատունի Այցելեց Խորհրդարանի Նախագահ Նեպիհ Պըրրիի

ՀՅԴ Բիւրոյի անդամ, Միջին Արեւելքի պատասխանատու երեսփոխան Յակոբ Բագրատունի այցելեց Լիբանանի խորհրդարանի նախագահ Նեպիհ Պըրրիի, որուն հետ լայն քննարկում ունեցաւ Լիբանանի եւ շրջանային իրադարձութեանց շուրջ: Խորհրդարանի նախագահը իր խոր մտահոգութիւնը յայտնեց իսրայէլեան շարունակուող յարձակումներուն նկատմամբ` դիտել տալով, որ միայն լիբանանցիներու միաւորումն է, որ կրնայ պահել Լիբանանի գերիշխանութիւնն ու թշնամիին դէմ ծառանալու կամքն ու ոգին: Անդրադարձ կատարուեցաւ շրջանին մէջ անհեռանկար զարգացումներուն,...

Թրամփ. «Մեզի Տեղեկացուցին, Թէ Իրանի Մէջ  Մահապատիժները Դադրած Են, Եւ Իշխանութիւնները  Ոչ Ոք Մահապատիժի Պիտի Ենթարկեն»

Թրամփ. «Մեզի Տեղեկացուցին, Թէ Իրանի Մէջ Մահապատիժները Դադրած Են, Եւ Իշխանութիւնները Ոչ Ոք Մահապատիժի Պիտի Ենթարկեն»

Միացեալ Նահանգներու նախագահ Տանըլտ Թրամփ չորեքշաբթի գիշեր յայտարարեց. «Մեզի տեղեկացուցին, թէ Իրանի մէջ մահապատիժները դադրած են, եւ իշխանութիւնները ոչ ոք մահապատիժի պիտի ենթարկեն: Պիտի ստուգենք եւ կը յուսանք, որ Իրանի մէջ մահապատիժներու դադրեցման մասին մեզի հասած տեղեկութիւնները ճիշդ են»: «Եթէ Իրանի մէջ կալանաւորուածներու սպանութիւնը դադրած չըլլայ, չափազանց պիտի վրդովինք», աւելցուց Սպիտակ տան ղեկավարը: «Ռոյթըրզ» իր կարգին հաղորդեց, որ Թրամփ Սպիտակ...

Արաղչի. «Երկրին Մէջ Ամբողջական Հանդարտութիւն  Կը Տիրէ, Եւ Կացութիւնը Ամբողջովին  Վերահսկողութեան Տակ Առնուեցաւ»

Արաղչի. «Երկրին Մէջ Ամբողջական Հանդարտութիւն Կը Տիրէ, Եւ Կացութիւնը Ամբողջովին Վերահսկողութեան Տակ Առնուեցաւ»

Իրանի արտաքին գործոց նախարար Ապպաս Արաղչի յայտնեց. «Ո՛չ այսօր, ո՛չ ալ վաղը կախաղանի ճամբով մահապատիժներ պիտի ըլլան»: Թեհրան նախապէս յայտարարած էր, որ ցուցարարներուն դատավարութիւնները պիտի արագացնէ: Արաղչի ամերիկեան «Ֆոքս Նիուզ» պատկերասփիւռի կայանին հետ հարցազրոյցի ընթացքին յայտնեց, որ Իրանի դիմագրաւած տնտեսական դժուարութիւններուն պատճառով 10 օրուան խաղաղ ցոյցերուն յաջորդած են Իսրայէլի կազմակերպութեամբ բռնարարքներու երեք օրեր: Իրանեան դիւանագիտութեան պետը շեշտեց, որ Իրանի մէջ...

Դանիան ՕԹԱՆ-ի Հետ Համագործակցութեամբ  Պիտի Մեծցնէ Կրինլանտի Մէջ  Զինուորական Ներկայութիւնը

Դանիան ՕԹԱՆ-ի Հետ Համագործակցութեամբ Պիտի Մեծցնէ Կրինլանտի Մէջ Զինուորական Ներկայութիւնը

Դանիոյ զինեալ ուժերը յայտարարած են, որ ՕԹԱՆ-ի գործընկերներու հետ համագործակցութեամբ պիտի մեծցնեն Կրինլանտի մէջ իրենց զինուորական ներկայութիւնը: Դանիոյ պաշտպանութեան նախարարութեան պաշտօնական կայքի վրայ հրապարակուած յայտարարութեան մէջ նշուած է կղզիի տարածքին մէջ ռազմափորձեր կատարելու մասին: Դանիոյ արտաքին գործոց նախարար Լարս Լոք Ռասմուսեն Սպիտակ տան մէջ Միացեալ Նահանգներու փոխնախագահ Ճէյ.Տի.Վենսի եւ արտաքին գործոց նախարար Մարքօ Ռուպիոյի հետ ժողովէն ետք յայտնեց, որ Դանիոյ...

Կառավարութիւնը Պիտի Գումարէ Իրերայաջորդ  Նիստեր, Իսկ Տոհայի Ժողովը Եղած Է Լուրջ Եւ Դրական

Ակնարկ. Դէպի Երկրորդ Փուլ. Առկախումներ, Ուղերձներ

Պէյրութի վարչապետարանին մէջ կայացած Հնգեակի (Սէուտական Արաբիոյ, Միացեալ Նահանգներու, Ֆրանսայի, Քաթարի եւ Եգիպտոսի) դեսպաններու հանդիպումէն ետք կատարուած յայտարարութիւններէն կարելի է որոշ կէտեր արձանագրել: Քննարկուած են եւ արձանագրուած` Ա.- Կառավարութեան որդեգրած տնտեսական բարեկարգումները եւ կառավարութեան կողմէ խորհրդարանին ներկայացուած ելեւմտական բացի հաւասարակշռման ծրագիրը: Բ.- Լիթանի գետէն հարաւ զէնքի մենաշնորհման ծրագիրի առաջին փուլի աւարտի հարցը եւ կառավարութեան անոր երկրորդ փուլը սկսելու մտադրութիւնը: Յառաջիկայ...

Չորս Գերիներ Ազատ Արձակուեցան  Եւ Վերադարձան Հայաստան

Չորս Գերիներ Ազատ Արձակուեցան Եւ Վերադարձան Հայաստան

Հայաստանի վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան երէկ յայտնած է Պաքուի մէջ պահուող չորս գերիներու` Հայաստան վերադարձի մասին: Անոր համաձայն, Գէորգ Սուջեանը, Դաւիթ Դաւթեանը, Վիգէն Իւլճեքեանը եւ Վագիֆ Խաչատրեանը Հակարի կամուրջին վրայ Ազրպէյճանի համապատասխան մարմիններու ներկայացուցիչներուն կողմէ յանձնուած են Հայաստանին եւ հիմա կը գտնուին հանրապետութեան տարածքին մէջ: Գէորգ Սուջեանը, Դաւիթ Դաւթեանը եւ Վիգէն Իւլճեքեանը, վարչապետին հաղորդումով, նախնական քննութեամբ առողջական խնդիրներ չունին: 70-ամեայ Վագիֆ...

ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական Կոմիտէ.  «Ազատութիւն` 1890 Օր Ետք»

ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական Կոմիտէ. «Ազատութիւն` 1890 Օր Ետք»

ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական կոմիտէն երէկ ընկերային ցանցերու իր հարթակներուն վրայ կատարեց հետեւեալ գրառումը. «Վերջապէս, 1890 օր ետք, ազրպէյճանական բանտերուն մէջ պահուող լիբանանահայ գերի Վիգէն Իւլճեքեան ազատ արձակուեցաւ: Թափուած ջանքերը իրենց պտուղները տուին` հեռու տեղեկատուական աղմուկէն»:

Բագրատունի. «Վիգէն Իւլճեքեանը`  Դէպի Ազատութիւն»

Բագրատունի. «Վիգէն Իւլճեքեանը` Դէպի Ազատութիւն»

Երէկ ՀՅԴ Բիւրոյի անդամ, Միջին Արեւելքի պատասխանատու եւ Հայկական երեսփոխանական պլոքի ներկայացուցիչ Յակոբ Բագրատունի ընկերային ցանցերու վրայ կատարեց հետեւեալ գրառումը: «Գերի Վիգէն Իւլճեքեանը` դէպի ազատութիւն... Վերջապէս ազրպէյճանական բանտերուն մէջ պահուող լիբանանահայ գերի Վիգէն Իւլճեքեան ազատ արձակուեցաւ: Թափուած ջանքերը տուին իրենց պտուղները` հեռու տեղեկատուական աղմուկէն»:

Փարիզի Մէջ Բանակի Աջակցութեան  Խորհրդաժողովը` 5 Մարտին

Փարիզի Մէջ Բանակի Աջակցութեան Խորհրդաժողովը` 5 Մարտին

Երէկ կէսօրէ առաջ Պաապտայի պալատին մէջ գումարուեցաւ ժողով մը` նախագահութեամբ հանրապետութեան նախագահ Ժոզեֆ Աունի եւ մասնակցութեամբ սէուտցի պատուիրակ Եազիտ Պըն Ֆարհան իշխանին, ֆրանսացի պատուիրակ Ժան Իվ Լը Տրիանի, քաթարցի պատուիրակ Մոհամետ Պըն Ապտելազիզ Ալ Թանիի, Միացեալ Նահանգներու դեսպան Միշել Իսայի, Սէուտական Արաբիոյ դեսպան Ուալիտ Պուխարիի, Եգիպտոսի դեսպան Ալա Մուսայի,  Քաթարի դեսպան Սէուտ Պըն Ապտելռահման Ալ Թանիի եւ Ֆրանսայի դեսպան Էրվէ...

ՀՅԴ Հայաստանի Կազմակերպութեան  29-րդ Գերագոյն Ժողովի Յայտարարութիւնը`  Ազգային Ժողովի Ընտրութիւններուն Վերաբերեալ

ՀՅԴ Հայաստանի Կազմակերպութեան 29-րդ Գերագոյն Ժողովի Յայտարարութիւնը` Ազգային Ժողովի Ընտրութիւններուն Վերաբերեալ

ՀՅԴ Հայաստանի կազմակերպութեան 29-րդ (արտահերթ) Գերագոյն ժողովը, քննելով Հայաստանի Հանրապետութեան Ազգային ժողովի 2026 թուականի ընտրութիւններին ՀՅԴ-ի մասնակցութեան ձեւաչափի հարցը, հիմք ընդունելով մարզային եւ քաղաքային ժողովների առաջարկութիւնները, ինչպէս նաեւ ժողովի մասնակիցների տեսակէտներն ու կարծիքները, արձանագրեց. Հայաստանի Հանրապետութիւնն ու ողջ հայութիւնը կանգնած են աշխարհաքաղաքական փոփոխութիւնների ու անվտանգութեան լրջագոյն սպառնալիքների առջեւ: Գործող վարչախմբի ապազգային եւ հակապետական քաղաքականութիւնը հարցականի տակ է դրել Հայաստանի պետականութեան...

ՀՅԴ Հայաստանի Կազմակերպութեան  29-րդ Գերագոյն Ժողովի Յայտարարութիւնը`  Ազգային Ժողովի Ընտրութիւններուն Վերաբերեալ

ՀՅԴ-ն Որոշեց Մասնակցիլ 2026-ի Խորհրդարանական Ընտրութիւններուն` Նախապատուութիւնը Տալով Դաշինքային Ձեւաչափին

10 յունուար 2026-ին Երեւանի մէջ տեղի ունեցաւ ՀՅԴ Հայաստանի կազմակերպութեան 29-րդ (արտակարգ) Գերագոյն ժողովը, որ քննեց նախատեսուած խորհրդարանական ընտրութիւններուն ՀՅԴ-ի մասնակցութեան ձեւաչափի հարցը: ՀՅԴ Հայաստանի Գերագոյն մարմինի ներկայացուցիչ, Հայաստանի Ազգային ժողովի «Հայաստան» խմբակցութեան պատգամաւոր Իշխան Սաղաթէլեան 13 յունուարին կայացած ասուլիսին ընթացքին յայտարարեց, որ ՀՅԴ Հայաստանի Գերագոյն ժողովը որոշած է մասնակցիլ ընտրութիւններուն` նախապատուութիւնը տալով դաշինքային ձեւաչափին: Ան նշեց, որ աշխուժ բանակցութիւններ...

Ըստ «Ռոյթըրզ» Լրատու Գործակալութեան.  Իրանի Մէջ Բողոքի Ցոյցերու  Ժամանակ Զոհուած Է Մօտ 2000 Մարդ

Ըստ «Ռոյթըրզ» Լրատու Գործակալութեան. Իրանի Մէջ Բողոքի Ցոյցերու Ժամանակ Զոհուած Է Մօտ 2000 Մարդ

Իրանի մէջ բողոքի ցոյցերու ժամանակ զոհուած է մօտ երկու հազար մարդ, «Ռոյթըրզ» լրատու գործակալութեան յայտնած է իրանցի պաշտօնեաներէն մէկը` պնդելով, թէ «ահաբեկիչները» մեղաւոր են քաղաքային անձերու եւ անվտանգութեան աշխատակիցներու մահուան համար: Աւելի կանուխ նոյն մեղադրանքը նաեւ արտաքին գործոց նախարար Ապպաս Արաղչին հնչեցուցած էր «Ժազիրա»-ի հետ զրոյցի ընթացքին: Ընդունելով, որ Իրանի իշխանութիւնները հրահանգած են 4 օրով անջատել համացանցը` Արաղչի ըսած էր,...

Լեյեն. «Պրիւքսել Նոր Պատժամիջոցներ  Պիտի Առաջարկէ Իրանի Նկատմամբ»

Լեյեն. «Պրիւքսել Նոր Պատժամիջոցներ Պիտի Առաջարկէ Իրանի Նկատմամբ»

Իրանի մէջ զանգուածային բողոքի ցոյցերու ճնշման հետեւանքով զոհերու թիւի կտրուկ աճէն ետք, Եւրոպական յանձնաժողովի նախագահ Ուրսուլա Ֆոն Տեր Լեյեն յայտարարած է, որ Պրիւքսել նոր պատժամիջոցներ պիտի առաջարկէ Իրանի նկատմամբ: «Իրանի մէջ զոհերու աճող թիւը սարսափեցնող է: Ես միանշանակ կը դատապարտեմ ուժի կիրարկումը եւ ազատութեան շարունակական սահմանափակումը», գրած է Եւրոպական յանձնաժողովի նախագահը` աւելցնելով. «Բռնաճնշումներու համար պատասխանատուներուն նկատմամբ լրացուցիչ պատժամիջոցները արագօրէն պիտի...

Լիբանան Ճերմակ Հագաւ

Լիբանան Ճերմակ Հագաւ

Երկուշաբթի, 12 եւ երեքշաբթի, 13 յունուար 2026-ին, Սեւ ծովէն Լիբանան հասած ձիւնամրրիկը երկիրը սպիտակով ծածկեց: Արդարեւ, սաստիկ ցուրտի այս ալիքը առատ ձիւն պատճառեց լեռնային շրջաններուն մէջ, իսկ ծովեզերեայ շրջաններուն մէջ առատ կարկուտ տեղաց: Այս ձիւնամրրիկը իր բարիքներուն առընթեր, իր աւերներն ալ գործեց, ինչպէս կարգ մը շրջաններու մէջ արմաւենիի ծառեր արմատախիլ եղան, իսկ Պէյրութի մէջ կարգ մը տանիքներու վրայ զետեղուած արեւային...

Ակնարկ.  Երկու Տարածաշրջան,  Երկու Գլխաւոր Պետութիւն

Ակնարկ. Երկու Տարածաշրջան, Երկու Գլխաւոր Պետութիւն

Իրանեան իրադարձութիւնները զարգացման միտումներ կը շարունակեն դրսեւորել: Այս բոլորին ելքը տակաւին յստակ չէ, եւ այդ անորոշութիւնը բազմաթիւ մեկնաբանութիւններու դուռ կը բանայ` հարցականի տակ առնելով գործող համակարգի ճակատագիրը: Անշուշտ վերլուծական հրապարակումները խիստ քաղաքականացուած են: Կը  խօսուի ներիրանեան պետական համակարգի երկփեղկուածութեան մասին. որոշ վերլուծաբաններ չեն բացառեր նոյնիսկ վարչակարգի փոփոխութեան շղթայական գործողութիւններու ամէնէն ցնցիչ արարներու հաւանականութիւնը: Տեղեկատուութիւնը լիարժէք չ՛աշխատիր, մինչ Միացեալ Նահանգներ կ՛ազդարարեն...

Թրամփ. «Բանակը Իրանի Վերաբերեալ  Շատ Ուժեղ Ընտրանքներ Կը Սերտէ»

Թրամփ. «Բանակը Իրանի Վերաբերեալ Շատ Ուժեղ Ընտրանքներ Կը Սերտէ»

Միացեալ Նահանգներու նախագահ Տանըլտ Թրամփ յայտարարեց, որ Իրանի դէմ զինուորական քայլի դիմելու ընտրանքը կը սերտէ: Նախագահական օդանաւին մէջ պատասխանելով լրագրողի մը հարցումին, թէ Իրան անցաւ իր նախապէս ճշդած` ցուցարարներ սպաննելու կարմիր գիծը, Թրամփ յայտնեց. «Կը թուի, թէ սկսան այդ մէկը կատարել»: «Չափազանց լրջութեամբ հարցին կը հետեւինք, բանակը եւս կը հետեւի, եւ մենք կարգ մը շատ ուժեղ ընտրանքներ կը սերտենք: Որոշում...

Հայաստանի Արտաքին Գործոց Նախարարութիւնը  Բողոքագիր Կը Յանձնէ Ռուսիոյ Դեսպանին

Հայաստանի Արտաքին Գործոց Նախարարութիւնը Բողոքագիր Կը Յանձնէ Ռուսիոյ Դեսպանին

Հայաստանի մէջ Ռուսիոյ դեսպանը երէկ կանչուած է արտաքին գործոց նախարարութիւն, անոր յանձնուած է բողոքագիր, որուն մէջ խոր վրդովմունք արտայայտուած է ռուսական պետական պատկերասփիւռի կայանին մաս կազմող ծրագիրի եթերին մէջ հնչած յայտարարութիւններուն առիթով: Այս մասին «Ազատութիւն» ձայնասփիւռի կայանին յայտնեց Հայաստանի Հանրապետութեան արտաքին գործոց նախարարութեան բանբերը: Ըստ Անի Բադալեանի, «ընդգծուած է, որ անոնք Հայաստանի Հանրապետութեան ինքնիշխանութեան դէմ անթոյլատրելի ոտնձգութիւն են ու թշնամական...

Page 50 of 795 1 … 49 50 51 … 795

Արխիւներ