Գլխաւոր լուրեր

Ռուստամեան. «Իշխանութիւնը Խաղաղութիւն Կոչուած Հնարքը Կը Ցանկայ Իրականացնել Այս Ընտրութիւններուն»

Ռուստամեան. «Իշխանութիւնը Խաղաղութիւն Կոչուած Հնարքը Կը Ցանկայ Իրականացնել Այս Ընտրութիւններուն»

ՀՅԴ Բիւրոյի ներկայացուցիչ եւ «Հայաստան» խմբակցութեան պատգամաւոր Արմէն Ռուստամեան 20 յունուարին, Ազգային ժողովին մէջ, լրագրողներու հետ ունեցած զրոյցի մը ընթացքին յայտնեց, որ այսօր Հայաստան` իբրեւ պետութիւն չկայ, կայ Նիկոլ Փաշինեանի տնօրինած կալուածը: Ռուստամեան անդրադարձաւ «Թրամփի ճամբայ» ծրագիրին եւ ըսաւ, որ այս վիճակով այդ ծրագիրը ընդունելի չէ իրենց համար: Բայց, բնականաբար, կարելի է բանակցիլ, եթէ Հայաստան կարենայ ճիշդ բանակցութիւններ վարել, եւ...

Նախագահ Աուն. «Երեսփոխանական Ընտրութիւնները Պէտք Է Իրենց Ժամկէտին Տեղի Ունենան, Որովհետեւ Արտերկրի Դիմաց Մեր Հաւաստիութիւնը Կ՛ամրապնդեն»

Նախագահ Աուն. «Երեսփոխանական Ընտրութիւնները Պէտք Է Իրենց Ժամկէտին Տեղի Ունենան, Որովհետեւ Արտերկրի Դիմաց Մեր Հաւաստիութիւնը Կ՛ամրապնդեն»

Հանրապետութեան նախագահ Ժոզեֆ Աուն երէկ ընդունեց պատուոյ հիւպատոսները` նախագահութեամբ Լիբանանի մէջ Սինկափուրի պատուոյ հիւպատոս Ժոզեֆ Հպէյսի: «Ձեզի կը վստահինք պարտականութիւնը Լիբանանի իսկական պատկերը փոխանցելու ձեր ներկայացուցած պետութիւններուն, եւ ոչ թէ այն պատկերը, զոր ոմանք դիտաւորեալ կերպով կ՛աղաւաղեն կամ անոր իրականութիւնը կը փոխեն», ըսաւ ան: «Ինչպէս արդէն ըսած եմ, Լիբանան ճիշդ ուղիի վրայ է` հակառակ մարտահրաւէրներուն եւ որոշ խնդիրներուն, սակայն ոչինչ...

Արամ Ա. Կաթողիկոս Ընդունեց  Հզպալլայի Ներկայացուցիչները

Արամ Ա. Կաթողիկոս Ընդունեց Հզպալլայի Ներկայացուցիչները

Երեքշաբթի, 20 յունուար 2026-ին, Հըզպալլան ներկայացնող պատուիրակութիւն մը այցելեց Արամ Ա. վեհափառ հայրապետին: Պատուիրակութեան մաս կը կազմէին պետական երեսփոխաններ եւ կուսակցութեան քաղաքական դիւանի անդամներ: Հանդիպման ներկայ էր նաեւ ՀՅԴ Բիւրոյի անդամ, Միջին Արեւելքի պատասխանատու եւ Հայկական երեսփոխանական պլոքի ներկայացուցիչ Յակոբ Բագրատունի: Հանդիպումը առիթ հանդիսացաւ ընդհանուր ակնարկ մը նետելու Լիբանանի ներքին կացութեան` իր քաղաքական ու տնտեսական երեսներով, եւ յատկապէս երկրի հարաւային...

Ըստ Սուրիոյ Ժողովրդավարական Ուժերուն.  Դամասկոսի Իշխանութիւններուն Պատկանող  Խմբաւորումներ Հալէպի Շէյխ Մաքսուտ Եւ Աշրաֆիէ  Շրջաններուն Մօտ Իրենց Պարեկութիւնը Աշխուժացուցած Են

Սուրիոյ Ժողովրդավարական Ուժերը Սուրիոյ, Քիւրտիստանի Եւ Եւրոպայի Քիւրտերուն Կոչ Կ՛ուղղեն` Դիմադրութեան Մասնակցելու

Սուրիոյ ժողովրդավարական ուժերու հրամանատարութիւնը «Սուրիոյ, Քիւրտիստանի հիւսիսի, հարաւի եւ արեւելքի, ինչպէս նաեւ Եւրոպայի բոլոր քիւրտերուն» կոչ ուղղեց` Սուրիոյ հիւսիսարեւելեան շրջաններուն դէմ «թրքական յարձակումներու մագլցումին լոյսին տակ», «միանալու Սուրիոյ մէջ դիմադրութեան շարքերուն: Սուրիոյ ժողովրդավարական ուժերը յայտնեցին, որ իրենց շրջաններն ու անոնց բնակչութիւնը 6 յունուարէն ի վեր յարձակումներու կ՛ենթարկուին` ընդգծելով, որ իրենց ուժերը կը շարունակեն «քաջաբար եւ մեծ զոհողութիւններով» կռուիլ` պաշտպանելու համար...

Արաբական Միացեալ Էմիրութիւններու  Նախագահն Ու Մարոքի Նախագահը Ընդունեցին  Խաղաղութեան Խորհուրդին Միանալու Թրամփի Հրաւէրը

Արաբական Միացեալ Էմիրութիւններու Նախագահն Ու Մարոքի Նախագահը Ընդունեցին Խաղաղութեան Խորհուրդին Միանալու Թրամփի Հրաւէրը

Արաբական Միացեալ Էմիրութիւններու արտաքին գործոց նախարարութիւնը յայտարարեց, թէ Արաբական Միացեալ Էմիրութիւններու նախագահ շէյխ Մոհամետ Պըն Զայետ Ալ Նահիանը ընդունած է Կազայի մէջ Խաղաղութեան խորհուրդին միանալու Միացեալ Նահանգներու հրաւէրը: Արաբական Միացեալ Էմիրութիւններու արտաքին գործոց նախարար շէյխ Ապտալլա Պըն Զայետ Ալ Նահիան աւելցուց, որ իր երկրին որոշումը կ՛արտացոլէ Միացեալ Նահանգներու նախագահ Տանըլտ Թրամփի Կազայի վերաբերեալ առաջարկած քսան կէտերէ բաղկացած խաղաղութեան ծրագիրը ամբողջութեամբ...

Ընդունելով Լիբանանի Մէջ Հաւատարմագրուած  Օտարերկրեայ Դեսպանները`  Նախագահ Աուն. «Զէնքի Մենաշնորհման Հարցին Մէջ  Իրականութիւնը Ձեր Տեսածն Է Եւ Ոչ Թէ Ձեր Լսածը»

Ընդունելով Լիբանանի Մէջ Հաւատարմագրուած Օտարերկրեայ Դեսպանները` Նախագահ Աուն. «Զէնքի Մենաշնորհման Հարցին Մէջ Իրականութիւնը Ձեր Տեսածն Է Եւ Ոչ Թէ Ձեր Լսածը»

Հանրապետութեան նախագահ Ժոզեֆ Աուն երէկ կէսօրէ առաջ Պաապտայի պալատին մէջ ընդունեց Լիբանանի մէջ հաւատարմագրուած օտարերկրեայ դեսպաններն ու միջազգային կազմակերպութիւններու ներկայացուցիչները: Ան դեսպաններուն առջեւ խօսք մը արտասանելով յայտնեց. «Մէկ տարի եւ տասը օր առաջ ես ստանձնեցի կառավարումը երկրի մը, որ խորապէս վիրաւորուած էր: Հակառակ անոր որ նախապէս կ՛ընդգծեմ, որ ես պատասխանատուութիւնը չեմ դներ անորոշ հասկացողութիւններու վրայ, ինչպիսիք են ծանր ժառանգութիւնը կամ...

Լաւրով. «Հայաստանը Չի Կրնար Միաժամանակ  ԵԱՏՄ-ի Եւ Եւրոպական Միութեան Անդամ Ըլլալ»

Լաւրով. «Հայաստանը Չի Կրնար Միաժամանակ ԵԱՏՄ-ի Եւ Եւրոպական Միութեան Անդամ Ըլլալ»

«Ոեւէ մարդ, որ ծանօթ է Եւրասիական տնտեսութեան միութեան (ԵԱՏՄ) եւ Եւրոպական Միութեան գործունէութեան սկզբունքներուն, տեղեակ է, որ կարելի չէ Եւրոպական Միութեան չափանիշերուն անցնելով ԵԱՏՄ-ի անդամ մնալ»: «Ազատութիւն» կը հաղորդէ, որ երէկ Մոսկուայի մէջ մամլոյ ասուլիսի ժամանակ յայտարարած է Ռուսիոյ արտաքին գործոց նախարար Սերկէյ Լաւրով` մեկնաբանելով Հայաստանի եւրոպական համարկման հեռանկարները: «Այս հարցը ես բազմիցս քննարկած եմ Հայաստանի արտաքին գործոց նախարար Արարատ...

Ակնարկ.  Պատմութեան Անցնելու Համար

Ակնարկ. Պատմութեան Անցնելու Համար

Կրինլանտի խնդիրի սրացումը տարբեր շարժառիթներ ունի: Նշենք սակայն, որ անոր ռազմագիտական դիրքի կարեւորութիւնը կամ հազուագիւտ մետաղներու հանքավայր ըլլալը նոր չէ, որ յայտնաբերուած են: Կրինլանտի նկատմամբ ամերիկեան պահանջին այսքան հնչեղութիւն ստանալը  ներկայ փուլին, այդ բոլորով հանդերձ, ունի յստակ աշխարհաքաղաքական էութիւն` յատկապէս Միացեալ Նահանգներ-Չինաստան-Ռուսիա յարաբերութիւններու չափազանցօրէն սրած իրավիճակին հետ: ՕԹԱՆ-ի կազմաքանդումը սեղանի վրայ դրուած է յայտարարողական մակարդակի վրայ: Ինքնավար Կրինլանտը, որ արդէն...

Փեսքով. «Փութին Միացեալ Նահանգներէն Հրաւէր  Ստացած Է Կազայի Խաղաղութեան  Խորհուրդին Միանալու»

Փեսքով. «Փութին Միացեալ Նահանգներէն Հրաւէր Ստացած Է Կազայի Խաղաղութեան Խորհուրդին Միանալու»

Ռուսիոյ նախագահ Վլատիմիր Փութին հրաւէր ստացած է միանալու Կազայի Խաղաղութեան խորհուրդին, եւ այդ կարելիութիւնը կ՛ուսումնասիրուի: ԹԱՍՍ լրատու գործակալութիւնը կը հաղորդէ, որ այս մասին լրագրողներուն յայտարարած է Ռուսիոյ նախագահի մամլոյ քարտուղար Տմիթրի Փեսքով: «Իսկապէս, նախագահ Փութին նոյնպէս դիւանագիտական ուղիներով առաջարկ ստացած է միանալու այս Խաղաղութեան խորհուրդին: Մենք ներկայիս կ՛ուսումնասիրենք այս առաջարկի բոլոր մանրամասնութիւնները: Յոյս ունինք կապ հաստատել ամերիկեան կողմին հետ` բոլոր...

Պարրաք Շարհ-Ապտի Համաձայնութիւնը  «Առանցքային Շրջադարձային Կէտ» Կը Նկատէ

Պարրաք Շարհ-Ապտի Համաձայնութիւնը «Առանցքային Շրջադարձային Կէտ» Կը Նկատէ

Սուրիոյ հարցով ամերիկացի պատուիրակ Թամ Պարրաք Սուրիոյ նախագահ Ահմետ Շարհի եւ Սուրիոյ ժողովրդավարական ուժերու ղեկավար Մազլում Ապտիի միջեւ կնքուած համաձայնութիւնը նկատեց «առանցքային շրջադարձային կէտ»: «Այս համաձայնութիւնն ու զինադադարը առանցքային շրջադարձային կէտեր կը ներկայացնեն, որովհետեւ նախկին հակառակորդները պառակտումի փոխարէն գործընկերութիւնը կ՛ընտրեն», ըսաւ ան: Ան բարձր գնահատեց երկու կողմերուն «շինիչ» մօտեցումը կնքելու համաձայնութիւն մը, որ «ճամբան կը հարթէ դէպի միացեալ Սուրիա առաջնորդող...

Հայաստան Շուտով Ռուսական Հեղուկ Կազ  Պիտի Ներածէ Երկաթուղիով`  Ազրպէյճանի Տարածքով

Հայաստան Շուտով Ռուսական Հեղուկ Կազ Պիտի Ներածէ Երկաթուղիով` Ազրպէյճանի Տարածքով

Հայաստան շուտով ռուսական հեղուկ կազ պիտի ներածէ երկաթուղիով` Ազրպէյճանի տարածքով, կը յայտնեն Հայաստանի տնտեսութեան նախարարութենէն: Թէ Ազրպէյճանի տարածքով հեղուկ կազի առաջին խմբաքանակը ե՞րբ Հայաստան պիտի հասնի եւ յստակ ո՞ր ընկերութիւնները պիտի ներածեն, նախարարութիւնը չի յայտներ: Վերջին օրերուն հեղուկ կազը կտրուկ սղած է: Ըստ կառավարութեան, Իրանէն այս պահուն վառելիք ներածել կարելի չէ, ռուսականի ներածումն ալ չի յաջողիր Վերին Լարսի ճամբուն փակման...

Պայրամովն Ու Ռուպիոն Քննարկած Են  Հայ-Ազրպէյճանական Յարաբերութիւններու  Կարգաւորման Գործընթացը

Պայրամովն Ու Ռուպիոն Քննարկած Են Հայ-Ազրպէյճանական Յարաբերութիւններու Կարգաւորման Գործընթացը

Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործոց նախարար Մարքօ Ռուպիօ երէկ հեռաձայնային հաղորդակցութիւն ունեցած է Ազրպէյճանի արտաքին գործոց նախարար Ճէյհուն Պայրամովի հետ: Ըստ ամերիկեան արտաքին գործոց նախարարութեան հաղորդագրութեան, Ռուպիօ բարձր գնահատած է Ազրպէյճանի կառավարութեան կողմէ Հայաստան վառելիքի մատակարարումները իբրեւ կարեւոր քայլ, որ ինչպէս կը նշուի հաղորդագրութեան մէջ, «ցոյց կու տայ Ազրպէյճանի յանձնառութիւնը Հայաստանի եւ Ազրպէյճանի միջեւ 8 օգոստոս 2025-ին Սպիտակ տան մէջ նախագահ...

Սուրիական Բանակը Դէպի Ռաքքա Կը Յառաջանայ Զինադադարի Նոր Համաձայնութիւն

Սուրիական Բանակը Դէպի Ռաքքա Կը Յառաջանայ Զինադադարի Նոր Համաձայնութիւն

Սուրիական բանակը կայծակնային յարձակումով Եփրատ գետին վրայ հիւսիսային ռազմավարական Թապքա քաղաքն ու անոր ռազմական օդակայանը գրաւեց: Կառավարական ուժերը նաեւ գրաւեցին Ռաքքա քաղաքէն շուրջ 40 քիլոմեթր արեւմուտք գտնուող Եփրատի ջրամբարը եւ Ռաքքա նահանգին մէջ ծանր զէնքեր եւ ուժեր կուտակեցին: Կառավարական ուժերը Հիւսիսարեւելեան Սուրիոյ ինքնավար մարզի ապահովական ու ոստիկանական ուժերու Մարքատա քաղաքին մէջ գտնուող կեդրոնները գրաւեցին, իսկ անոնց դաշնակից ցեղախումբերու զինեալները գրաւեցին...

Սուրիոյ Քիւրտերը Իրենց Իրաւունքներուն Շուրջ  Նախագահական Հրամանագիրը «Սուրիացի Ժողովուրդի  Ձգտումները Չբաւարարող» Կը Նկատեն

Սուրիոյ Քիւրտերը Իրենց Իրաւունքներուն Շուրջ Նախագահական Հրամանագիրը «Սուրիացի Ժողովուրդի Ձգտումները Չբաւարարող» Կը Նկատեն

Քրտական ինքնակառավարման մարմինը Սուրիոյ նախագահ Ահմետ Շարհի` քիւրտերու իրաւունքներուն վերաբերեալ հրապարակած հրամանագիրը նկատեց «առաջին քայլ» մը, սակայն անիկա «սուրիացի ժողովուրդին ձգտումները չի բաւարարեր»: Սուրիոյ հիւսիսի եւ արեւելքի ինքնավարութեան մարմինը, մեկնաբանելով Շարհի` քրտերէնը «ազգային լեզու», Նովրուզի տօնը «ազգային տօն» նկատելը, մեծամասնութեամբ քիւրտերով բնակուած շրջաններուն մէջ դպրոցներու մէջ քրտերէնով ուսուցում արտօնելը եւ Սուրիա բնակող քիւրտերուն երկրի քաղաքացիութիւն տալը, նշեց. «Իրաւունքները ժամանակաւոր հրամանագիրներով...

«Հայաստան» Խմբակցութիւնը  Հանդիպումներու Շարքի Մը Սկսած Է

«Հայաստան» Խմբակցութիւնը Հանդիպումներու Շարքի Մը Սկսած Է

«Հայաստան» խմբակցութիւնը քաղաքացիներու հետ հանդիպումներու շարքի մը սկսած է: Այս մասին յայտնած է ՀՅԴ Հայաստանի Գերագոյն մարմինի ներկայացուցիչ, «Հայաստան» խմբակցութեան պատգամաւոր Իշխան Սաղաթէլեանը: «Այսօրուընէ կը սկսինք պարբերական այցելութիւններ` Հայաստանի մարզեր: Առաջին հանդիպումը Գեղարքունիքի մարզին մէջ էր: Տպաւորիչ հանդիպում ունեցանք Մարտունիի մէջ, շուտով պիտի հանդիպինք միւս բնակավայրերուն մէջ` քննարկելու մեր մօտեցումներն ու ընելիքները», նշած է Իշխան Սաղաթէլեան:

Քասեմ. «Ռաժժին Քաղաքացիական Խաղաղութեան  Հետ Կը Խաղայ. Պատասխանատուութիւնը  Կառավարութիւնը Կը Կրէ»

Քասեմ. «Ռաժժին Քաղաքացիական Խաղաղութեան Հետ Կը Խաղայ. Պատասխանատուութիւնը Կառավարութիւնը Կը Կրէ»

Հըզպալլայի ընդհանուր քարտուղար շէյխ Նայիմ Քասեմ շաբաթ օր պատկերասփռուած ուղերձի ընթացքին յայտնեց. «Ապահովական անկայունութեան պայմաններուն մէջ որքա՛ն ալ ձեռքբերումներ արձանագրուին, քաղաքական կայունութիւն չ՛իրագործուիր: Մենք մեծ պատասխանատուութեամբ մասնակցեցանք պետութեան կառուցման ամէն քայլի»: «Համաձայնութեան մէջ փուլեր չկան. կա՛մ կը գործադրուի, կա՛մ ալ չի գործադրուիր», ըսաւ ան` աւելցնելով. «1701-ը բացառապէս լիբանանեան հարց է, նոյնպէս զէնքի մենաշնորհումն ու ազգային անվտանգութեան ռազմավարութիւնը եւս լիբանանեան հարցեր...

Արամ Ա․ Վեհափառ Հայրապետը Ընդունեց ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական Կոմիտէի Կազմը

Արամ Ա․ Վեհափառ Հայրապետը Ընդունեց ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական Կոմիտէի Կազմը

Արամ Ա․ վեհափառ հայրապետը այսօր՝ 17 յունուարի առաւօտուն ընդունեց ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական կոմիտէի կազմը՝ գլխաւորութեամբ Կեդրոնական կոմիտէի ներկայացուցիչ Ալպեր Պալապանեանի։ Ա. Պալապանեան կաթողիկոսին փոխանցեց զեկուցում, յատկապէս լիբանանահայութեան վերաբերող հիմնական խնդիրներուն ընդառաջ մշակուած ծրագիրներուն եւ կատարուած աշխատանքներուն մասին։ Վեհափառը գնահատեց տարուող աշխատաքները եւ շեշտեց յատկապէս երկրի դիմագրաւած ճգնաժամային ներկայ պայմաններուն մէջ համախմբուած աշխատելու եւ լիբանանահայ բոլոր կառոյցներուն միջեւ համագործակցութիւնը ընդլայնելու հրամայականը։...

Ակնարկ.  Հեռու` Տեղեկատուական Աղմուկէ

Ակնարկ. Հեռու` Տեղեկատուական Աղմուկէ

Արցախի պատերազմի 4 ռազմագերիներու վերադարձը քաղաքական որոշ դիտարկումներու կ՛առաջնորդէ: Կանխատեսումները շատ էին, որ փուլային ձեւով Ազրպէյճան ազատ պիտի արձակէ իր մօտ գտնուող ռազմագերիները: Խաղաղութեան պայմանագիրի նախաստորագրուած տարբերակը իր բովանդակութեան մէջ նման կէտ չէր պարփակած, այդուհանդերձ առանց ժամկէտներու ճշդումի, անոնց ազատ արձակումը կը կապուէր նախաստորագրութենէ դէպի ստորագրութիւն ենթադրաբար գացող ժամանակահատուածին կայանալիք փուլային ազատ արձակման արարներու: Այս փուլին ներառուած էր նաեւ լիբանանահայ...

Թրամփ Կազայի Մէջ Խաղաղութեան  Խորհուրդի Ստեղծումը Յայտարարեց

Թրամփ Կազայի Մէջ Խաղաղութեան Խորհուրդի Ստեղծումը Յայտարարեց

Միացեալ Նահանգներու նախագահ Տանըլտ Թրամփ Կազայի մէջ պատերազմին վերջ տալու ամերիկեան ծրագիրին մէջ նշուած «խաղաղութեան խորհուրդ»-ի ստեղծումը յայտարարեց: «Ինծի համար մեծ պատիւ է յայտարարել, որ խաղաղութեան խորհուրդը կազմուեցաւ: Անոր անդամներուն ցուցակը շուտով պիտի հրապարակուի», յայտնեց Թրամփ: «Կրնամ հաստատել, որ անիկա որեւէ ժամանակի եւ վայրի մէջ ձեւաւորուած մեծագոյն եւ ամէնէն հեղինակաւոր խորհուրդն է», աւելցուց ան: Կարճ ժամանակ առաջ յայտարարուած էր պատերազմէն...

Սպիտակ Տուն. «Կրինլանտի Մէջ Եւրոպական  Ուժերու Ներկայութիւնը Թրամփի  Դիրքորոշումը Պիտի Չփոխէ»

Սպիտակ Տուն. «Կրինլանտի Մէջ Եւրոպական Ուժերու Ներկայութիւնը Թրամփի Դիրքորոշումը Պիտի Չփոխէ»

Սպիտակ տունը շեշտեց, թէ ամերիկացի պաշտօնատարներու Դանիոյ եւ Կրինլանտի ներկայացուցիչներուն հետ ժողովը արդիւնաւէտ էր, եւ զգուշացուց, թէ եւրոպական ուժերու Կրինլանտ ուղարկումը պիտի չազդէ շրջանին նկատմամբ Միացեալ Նահանգներու նախագահ Տանըլտ Թրամփի դիրքորոշումին վրայ: Սպիտակ տան բանբեր Քարոլայն Լեւիթ մամլոյ ասուլիսի ընթացքին յայտարարեց. «Չեմ կարծեր, որ Եւրոպայի ուժերը պիտի ազդեն նախագահին մօտ որոշումի մշակման հոլովոյթին վրայ, անոնք բացարձակապէս չեն ազդեր Կրինլանտը ձեռք...

Page 49 of 795 1 … 48 49 50 … 795

Արխիւներ