Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Ակնարկ. Կառավարութեան Դիրքորոշումներուն Ամբողջական Ընկալումը

March 11, 2026
| Գլխաւոր լուրեր, Խմբագրական
0
Share on FacebookShare on Twitter

Արտաքին ճնշումներու ուժեղացման առընթեր պաշտօնական Պէյրութի հռետորաբանութիւնը եւս հետզհետէ աւելի համարձակ պահանջներ կը ներառէ Դիմադրութեան ապազինման կամ անոր զինուորական գործունէութեան արգելակման ուղղութեամբ:

Անշուշտ յայտարարութիւնները մէկ բան, գետնի վրայ արձանագրուող իրադարձութիւնները` այլ: Ի տարբերութիւն պատերազմական նախորդ արարներուն, պետութեան եւ Դիմադրութեան մօտեցումներն ու դիրքորոշումները տարբեր են: Սակայն կան հանգամանքներ, որոնք անպայման պէտք է նկատի ունենալ այս հակասութիւնները դիտարկելու ընթացքին:

Կառավարութեան համապատասխան որոշումներն ու անոնց առընթեր հնչող յայտարարութիւնները պարզ է, որ արտաքին պահանջով են: Կար անշուշտ ընդհանուր գործընթաց, հրադադարի համաձայնութեան յարգումի թէ միջազգային ընտանիքի համապատասխան որոշումներու իրականացման առումով: Սակայն այդ պայմանաւորուածութիւններու միայն լիբանանեան կողմի ստանձնած պարտաւորութիւններն են, որոնք կ՛ուզէին յարգուին` շրջանցելով իսրայէլեան ռազմական յանցագործութիւնները:

Պէյրութի պաշտօնական դիրքորոշումը սակայն միայն Դիմադրութեան զինաթափման կամ զինուորական գործունէութեան դադրեցումին չի վերաբերիր: Որոշումներուն եւ դիմումներուն մէջ կան այլ  բաղադրիչներ եւ ուղղութիւններ, որոնք կ՛անտեսուին: Լիբանան իր դիւանագիտական ամբողջ համակարգը աշխուժացուցած է, որպէսզի միջազգային ընտանիքը ճնշում բանեցնէ Իսրայէլի վրայ` դադրեցնելու իր յարձակումները Լիբանանի վրայ:

Լրատուութիւններուն համաձայն, Ֆրանսայի միջնորդական փորձը կրակը դադրեցնելու բախած է Թել Աւիւի մերժումին, իսկ Ուաշինկթըն որեւէ քայլ առնելու համար անվերջ կը յիշեցնէ լիբանանեան կողմէն իր ակնկալածը` Դիմադրութիւնը զինաթափելու:

Այս բոլորին մէջ կայ սակայն խորքային խնդիր: Իսրայէլ առաջադրած է ստեղծել անվտանգութեան գօտի, ինչ որ կ՛ենթադրէ լիբանանեան տարածքներու իրողական բռնակցում: Լիբանանեան բանակը ինքնուրոյն դժուար թէ կարենայ դիմակայել նման սպառնալիք մը երկրի տարածքային ամբողջականութեան դէմ ուղղուած: Առաջարկուող բանակցութիւնները կամ հաստատուելիք թէական խաղաղութիւնը ուժերու հաւասարութիւն կ՛ենթադրէ: Այդ մէկը իր հերթին լիբանանեան բանակի հզօրացում, բնականաբար սպառազինութիւն յատկապէս ներկայ արհեստագիտութեան ամէնէն նորարար համակարգերով: Լիբանանեան բանակէն իր գործառոյթներու գործադրում եւ զէնքի մենաշնորհում ակնկալող արտաքին ուժերը եթէ չսպառազինեն բանակը ա՛յդ մակարդակով, Լիբանանը կը մնայ բռնագրաւուած եւ իսրայէլեան ոտնձգութիւններու ենթակայ երկիր:

Առանց ուժերու հաւասարակշռութեան, մէկ կողմը զինուորական առումով որեւէ պահու կը պարտադրէ ինքզինք միւս կողմին վրայ:

Այս հանգամանքները խիստ տարակուսելի կը դարձնեն լիբանանեան կողմին պաշտպանողականութիւնը տարածքային ամբողջականութիւն վերականգնելու կամ  իսրայէլեան յարձակողապաշտութիւնը սանձելու առումներով:

Այս  հանգամանքները անպայման նկատի պէտք է ունենալ եւ պաշտօնական Պէյրութի որոշումներուն ամբողջականութիւնը պէտք է ընկալել Դիմադրութեան ապազինման, զէնքի մենաշնորհումի սկզբունքային կեցուածքները ընկալելու ընթացքին: Ճիշդ գնահատելու համար Լիբանանի տարածքային ամբողջականութեան վերականգնման եւ ուժային հաւասարակշռութեան ձեւաւորման հրամայականը եւ դիմակայելու` անհամեմատ սպառազինութեամբ օժտուած պետութեան ներխուժման գործողութիւնները:

«Ա.»

Նախորդը

Պալապանեան. «Կը Հաւատանք, Որ Արտասահմանի Լիբանանահայերը Պիտի Ընդառաջեն Օժանդակութեան Որեւէ Առաջարկի»

Յաջորդը

Յայտարարութիւններ (11 Մարտ 2026)

RelatedPosts

Թրամփ. «Կը Մտածենք Իրանի Վրայ Յարձակում  Գործելու Մասին, Եւ Թերեւս  Ատիկա Վաղը Տեղի Ունենայ»
Գլխաւոր լուրեր

Թրամփ. «Կը Մտածենք Իրանի Վրայ Յարձակում Գործելու Մասին, Եւ Թերեւս Ատիկա Վաղը Տեղի Ունենայ»

October 26, 2026
Ուշաքով. «Ռուսիան Պատրաստ Է 4 Նոյեմբերէն Ետք  Վերսկսելու Ուքրանիոյ Շուրջ Բանակցութիւնները»
Գլխաւոր լուրեր

Ուշաքով. «Ռուսիան Պատրաստ Է 4 Նոյեմբերէն Ետք Վերսկսելու Ուքրանիոյ Շուրջ Բանակցութիւնները»

October 26, 2026
Թրիփոլի Այցելելով.  Աուն. «Լիբանանը Ո՛չ Մէկ Խումբով, Ո՛չ Մէկ Շրջանով,  Ո՛չ Ալ Միայն Մէկ Համայնքով Ոտքի Կը Կանգնի,  Այլ Միայն Երբ Անոր Ժողովուրդը Միաւորուի  Պետութեան Ծրագիրին Շուրջ»
Գլխաւոր լուրեր

Թրիփոլի Այցելելով. Աուն. «Լիբանանը Ո՛չ Մէկ Խումբով, Ո՛չ Մէկ Շրջանով, Ո՛չ Ալ Միայն Մէկ Համայնքով Ոտքի Կը Կանգնի, Այլ Միայն Երբ Անոր Ժողովուրդը Միաւորուի Պետութեան Ծրագիրին Շուրջ»

October 26, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.