Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Ակնարկ. Պատերազմի Աշխարհագրութեան Երկրորդ Ուղղութիւնը

March 7, 2026
| Գլխաւոր լուրեր, Խմբագրական
0
Share on FacebookShare on Twitter

Միջին Արեւելքի պատերազմի աշխահագրութեան ընդլայնման հաւանականութիւնը առաջին հերթին կը բախէ հարաւային Կովկասի դռները։ Աշխուժ քաղաքականութիւն կը կիրարկուի ներիրանեան հասարակութիւնը երկփեղկելու եւ՝ արտաքին հարուածներուն առընթեր ներքին իրավիճակը պայթունավտանգ դարձնելով, վարչակարգի փոփոխութեան կամ երկրի մասնատման ծրագիրները իրականացնելու։

Քրտական գործօնը պարարտ ենթահող կը թուի ըլլալ այս քաղաքականութեան համար։ Ուաշինկթըն բացայայտ կը յայտարարէ քիւրտերուն օժանդակելու իր ծրագիրներուն մասին, մինչ Իսրայէլի համապատասխան սպասարկութիւններուն կը վերագրուի Իրանի քիւրտերուն ուղղութեամբ տարիներու շարունակ աշխատանք տարած ըլլալու տեսութիւնը։ Այստեղ ակներեւ է Անգարայի աշխուժացումը՝ կանխազգուշացման կամ իրանեան Քիւրտիստանի հեռանկարի չէզոքացման առումով, միաժամանակ այդ կանխարգելիչ գործողութիւններու առաջադրանքը կը թարգմանուի դէպի Իրան թափանցումի վարկածներով։

Անգարան սակայն միայն քրտական գործօնով չի պայմանաւորեր իր նեգրաւուածութիւնը այս բոլորին մէջ։ Թեհրանի հետ իր յարաբերութիւններու չ՛ուզեր սրել, սակայն պարզ է, որ Իրանի տկարացումը տարածաշրջանին մէջ Անգարայի հաշուարկներով Թուրքիոյ ուժեղացումն է կամ՝ Թեհրանի թողած դիրքերուն լրացումն է իր կողմէ։ Այդ պատճառով ալ Թուրքիոյ հռետորաբանութիւնը ոչ միայն զուսպ է, այլ նաեւ քննադատական Միացեալ Նահանգներու հասցէին պատերազմը սանձազերծած ըլլալնուն համար։ Շատ աւելի սուր՝ Իսրայէլի հասցէին, նախքան այս բռնկումներն իսկ Թէլ Աւիւի հետ լարուած յարաբերութիւններու խորապատկերին։

Անգարայի համար ուրեմն, տարածաշրջանին մէջ տկարացած Իրան մը, սակայն առանց ներքին քաոսի, ամէնէն նպատակայարմար կացութիւնը կրնայ ըլլալ՝ նկատի ունենալով իրանեան Քիւրտիստանի ծրագիրի սպառնալիքը։

Այստեղ սակայն չ՛աւարտիր Անգարայի վճռորոշ դերը։ Կայ Ազրպէյճանի զգայուն դիրքը եւ անոր վրայ Անգարայի ունեցած ազդեցութիւնը։ Նախիջեւանի օդակայանի հրթիռակոծումը որոշ առումով լուսաւորեց  այս հանգուցային յարաբերութիւնները։ Թուրքիան առանց հասցէականացնելու մեղադրեց արարքը, իսկ Պաքուն թեթեւ ակնարկ յղեց Իրանին։ Թեհրան կտրականապէս մերժեց հրթիռը իր կողմէ արձակած ըլլալու մեղադրանքները։ Պարզ է, որ կողմ մը խաղաթուղթերը խառնելու, աւելի ճիշդը՝ Իրանի դէմ նոր ճակատ բանալու փորձն էր,  որ կը կատարէ,  եւ այս առումով տեսականօրէն Իսրայէլի շահերէն կրնայ բխիլ այդ նոր ճակատի բռնկումը։

Հիմա գանք հայկական կողմին։ Յիշենք, որ Միացեալ Նահանգներու մեծագոյն դեսպանատուներէն մէկը կը գործէ Երեւանի մէջ։ Հայաստանի տարածքին չկան ամերիկեան ռազմակայաններ։ Իրան ցարդ կը հարուածէ այն տարածքները, որոնք կը ծառայեցուին իբրեւ Միացեալ Նահանգներու ռազմահարթակներ, ուրկէ կ՛իրականացուին Իրանի դէմ յարձակումներ։

Կան սակայն այլ հանգամանքներ։ Արցախի պատերազմին Իսրայէլ աշխուժօրէն ներգրաւուած էր Թուրքիոյ կողքին։ Արցախեան ազատագրուած տարածքներու վրայ կան իսրայէլեան յենակետէր, որոնք տարբեր փուլերու ենթակայ եղած են իրանեան սպառնալիքներու։ 12-օրեայ պատերազմի օրերուն կար լրատուութիւն, ըստ որուն, Իսրայէլ հեռացուցած է իր ուժերը այդ տարածքներէն՝ հետեւելով Պաքուի ցուցմունքներուն, առ ի հետեւումն  իրանեան սպառնալիքներուն՝ իսրայէլեան ուժերը  հեռացնելու իրանամերձ շրջաններէն։

Եթէ չկայ ամերիկեան ռազմակայան, կայ սակայն  ամերիկեան նախագիծ Սիւնիքի մէջ․ այլ խօսքով՝ Հայաստան-Իրան սահմանին։ Եթէ «Թրամփի ուղի»-ն ռազմական տեսք ունենար այսօր, կը վերածուէր պատերազմող կողմերու բախման կէտի։ Հայաստանի մէջ Իրանի դեսպանը այս թէժ օրերուն իսկ կը շարունակէ ընդգծել, որ իր երկիրը ամրօրէն զօրավիգ է Հայաստանի գերիշխանութեան եւ տարածքային ամբողջականութեան։

Միացեալ Նահանգներու կողմէ Իրանի հասարակութիւնը վարչակարգին դէմ հանելու քաղաքականութեան մեծագոյն խաղաթուղթը տեսականօրէն ազերի ծագումով զանգուածը կրնայ ըլլալ։ Առաջնայինը սակայն, կը թուի, թէ Իրանի քիւրտերուն ուղղութեամբ աշխատանքն է։ Երկրորդը կրնայ լուրջ դժուարութիւններու հանդիպիլ՝ նկատի ունենալով անոնց մօտ ինքնութեան առումով իրանեան պատկանելիութեան գիտակցութիւնը։ Յամենայնդէպս, ծագումնային խաղաթուղթի օգտագործման համար Ազրպէյճանին դեր կրնայ տրուիլ։  Իսկ նման  հաւանականութիւն մը ճակատագրորոշ կրնայ ըլլալ այս պարագային բացի Միջին Արեւելքէն, այլ տարածաշրջանի մը համար եւս։ Տակաւին կան զսպիչ գործօններ այս առումով աշխարհագրական անցում չկատարելու։

«Ա.»

Նախորդը

Յակոբ Բագրատունի. «Պատերազմը Անմիջականօրէն Դադրեցնելու Շատ Յոյսեր Չկան»

Յաջորդը

Աղեղնաբառ Թիւ 238-ի Լուծում

RelatedPosts

Խմբագրական.  Նախապայմաններ Եւ Բախումներ
Գլխաւոր լուրեր

Խմբագրական. Նախապայմաններ Եւ Բախումներ

October 31, 2026
Վանս. «Ներկայիս Ուաշինկթընի Թիւ  Մէկ Առաջնահերթութիւնը Միջազգային  Տնտեսութեան Ուժանիւթի Մատակարարման  Շարունակութիւնն Է, Իսկ Իրանին Հիւլէական Զէնք Ձեռք Ձգել Արգիլելը` Երկրորդը»
Գլխաւոր լուրեր

Վանս. «Թրամփ Իրանի Հետ Երկարատեւ Պատերազմ Մը Պիտի Չարտօնէ»

October 31, 2026
Լաւրով Միացեալ Նահանգներ Կ՛այցելէ`  Մասնակցելու Համար Քսաններու Խմբակի  Նախարարներու Հանդիպումին
Գլխաւոր լուրեր

Լաւրով Միացեալ Նահանգներ Կ՛այցելէ` Մասնակցելու Համար Քսաններու Խմբակի Նախարարներու Հանդիպումին

October 31, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.