Գլխաւոր լուրեր

Լիլիթ Գալստեան ԵԱՀԿ-ի Խորհրդարանական  Վեհաժողովի Պաշտօնեաներուն Նամակներ Ուղարկած Է`  Ներկայացնելով Հայաստանի Մէջ Ժողովրդավարութեան  Եւ Բռնաճնշումներու Պատկերը

Լիլիթ Գալստեան ԵԱՀԿ-ի Խորհրդարանական Վեհաժողովի Պաշտօնեաներուն Նամակներ Ուղարկած Է` Ներկայացնելով Հայաստանի Մէջ Ժողովրդավարութեան Եւ Բռնաճնշումներու Պատկերը

ՀՅԴ Բիւրոյի անդամ, Ազգային ժողովի «Հայաստան» խմբակցութեան անդամ Լիլիթ Գալստեան յայտարարեց, թէ դեկտեմբերի վերջաւորութեան, իբրեւ ԵԱՀԿ-ի Խորհրդարանական վեհաժողովի Ընկերվարականներու եւ ընկերվար-ժողովրդավարներու խմբակցութեան փոխնախագահ եւ ԵԱՀԿ Խորհրդարանական վեհաժողովին մէջ Հայաստանի պատուիրակութեան մնայուն/ընդդիմադիր անդամ, խորհրդարանական վեհաժողովի փոխնախագահ, շրջանի զեկուցող Լուիշ Կրացիային եւ ԵԱՀԿ Խորհրդարանական վեհաժողովի Մարդու իրաւունքներու հարցերով զեկուցող Քարինա Օտեպրինքին նամակներ ուղարկած է` ներկայացնելով Հայաստանի մէջ ժողովրդավարութեան եւ բռնաճնշումներու պատկերը: Ան...

Վարչապետարանին Մէջ  Սալամ-Հնգեակ Հանդիպում

Վարչապետարանին Մէջ Սալամ-Հնգեակ Հանդիպում

Վարչապետ Նաուաֆ Սալամ երէկ առաւօտեան վարչապետարանին մէջ ընդունեց Հնգեակ յանձնախումբի անդամ երկիրներու` Սէուտական Արաբիոյ, Միացեալ Նահանգներու, Ֆրանսայի, Քաթարի եւ Եգիպտոսի դեսպաններ Ուալիտ Պուխարին, Միշել Իսան, Սէուտ Պըն Ապտելռահման Ալ Թանին եւ Ալա Մուսան: Վերջինս հանդիպումէն ետք յայտնեց. «Քննարկեցինք շարք մը նիւթեր, որոնց կարեւորագոյնը կառավարութեան որդեգրած տնտեսական բարեկարգումները եւ կառավարութեան կողմէ խորհրդարանին ներկայացուած ելեւմտական բացի ծրագիրն էին»: «Անոր եւ լիբանանեան կառավարութեան...

Թրամփ. «Իրան Աննախադէպ Կերպով  Ազատութեան Կը Ձգտի, Եւ Ամերիկան Ամբողջովին  Պատրաստ Է Օգնելու»

Թրամփ. «Իրան Աննախադէպ Կերպով Ազատութեան Կը Ձգտի, Եւ Ամերիկան Ամբողջովին Պատրաստ Է Օգնելու»

Միացեալ Նահանգներու նախագահ Տանըլտ Թրամփ յայտարարեց. «Իրան աննախադէպ կերպով ազատութեան կը ձգտի, եւ Միացեալ Նահանգները ամբողջովին պատրաստ են օգնելու»: «Նիւ Եորք Թայմզ» օրաթերթը, մէջբերելով ամերիկացի պաշտօնատարներ, հաղորդեց, որ վերջին օրերուն Թրամփին ներկայացուած են Իրանի դէմ յարձակումներու շղթայազերծման նոր ընտրանքներ: «Թրամփ վերջնական որոշում չտուաւ, սակայն կը քննէ Իրանը հարուածելու հրաման տալը` առ ի պատասխան ցուցարարներու բռնաճնշման», կը նշէ օրաթերթը: Ամերիկեան ազդեցիկ...

Ռեզա Փահլաւի Իրանի Մէջ Ցուցարարներուն  Կոչ Ուղղեց` Քաղաքներու Կեդրոններուն  «Տիրելու Պատրաստուելու»

Ռեզա Փահլաւի Իրանի Մէջ Ցուցարարներուն Կոչ Ուղղեց` Քաղաքներու Կեդրոններուն «Տիրելու Պատրաստուելու»

Իրանի գահընկէց շահին որդին` Ռեզա Փահլաւի, որ Միացեալ Նահանգներ կը բնակի, Իրանի մէջ ապրուստի պայմաններու վատթարացման դէմ բողոքի ցոյցերու 14-րդ օրը իրանցի ցուցարարներուն կոչ ուղղեց` քաղաքներու կեդրոններուն «տիրելու պատրաստուելու»: «Մեր նպատակը այլեւս միայն փողոցներուն տիրելը չէ, նպատակը քաղաքներու կեդրոնները գրաւելով անոնց տիրելն է», նշեց Փահլաւի: Ան իրանցիներուն կոչ ուղղեց` շաբաթ եւ կիրակի գիշեր «փողոց դուրս գալու»: Իրանի շահի որդին յայտնեց,...

Քրտական Ուժերը Հեռացան Հալէպի Աշրաֆիէ  Եւ Շէյխ Մաքսուտ Թաղամասերէն

Քրտական Ուժերը Հեռացան Հալէպի Աշրաֆիէ Եւ Շէյխ Մաքսուտ Թաղամասերէն

Սուրիոյ ժողովրդավարական ուժերը յայտարարեցին, թէ սուրիական կառավարական ուժերուն հետ օրերու վրայ երկարած բուռն բախումներէ ետք, իրենց զինեալները հեռացած են Հալէպի Աշրաֆիէ եւ Շէյխ Մաքսուտ թաղամասերէն: «Զինադադարի հաստատման, նահատակներու, վիրաւորներու եւ Աշրաֆիէ ու Շէյխ Մաքսուտ թաղամասերուն մէջ մնացած քաղաքայիններու եւ զինեալներու Սուրիոյ հիւսիս-արեւելք տեղափոխման շուրջ փոխադարձ հասկացողութիւն գոյացուցինք», նշեցին քրտական ղեկավարութեամբ ուժերը: Սուրիոյ պետական ՍԱՆԱ լրատու գործակալութիւնը հաղորդեց, որ քիւրտ վերջին...

Պարրաք. «Թրամփ Կը Գիտակցի, Թէ Այս Պահը Նոր  Եւ Միացեալ Սուրիոյ Համար Առանցքային Առիթ Է»

Պարրաք. «Թրամփ Կը Գիտակցի, Թէ Այս Պահը Նոր Եւ Միացեալ Սուրիոյ Համար Առանցքային Առիթ Է»

Սուրիոյ հարցով ամերիկացի պատուիրակ Թամ Պարրաք յայտարարեց. «Այսօր յանուն Միացեալ Նահանգներու նախագահ Տանըլտ Թրամփի եւ արտաքին գործոց նախարար Մարքօ Ռուպիոյի Դամասկոսի մէջ հանդիպում ունեցայ Սուրիոյ նախագահ Ահմետ Շարհի, արտաքին գործոց նախարար Ասաատ Շիպանիի եւ անոնց խումբերուն հետ` քննարկելու համար Հալէպի մէջ արձանագրուած վերջին զարգացումները եւ Սուրիոյ պատմական շրջադարձին մէջ յառաջ ընթանալու ընդարձակ հոլովոյթը: «Թրամփ կը գիտակցի, թէ այս պահը նոր...

Նախագահ Աուն. «Զէնքի Մենաշնորհման Որոշումը  Ներքին Պահանջ Է Եւ Ոչ Թէ Արտաքին Պարտադրանք»

Նախագահ Աուն. «Զէնքի Մենաշնորհման Որոշումը Ներքին Պահանջ Է Եւ Ոչ Թէ Արտաքին Պարտադրանք»

Հանրապետութեան նախագահ Ժոզեֆ Աուն երէկ գիշեր ժամը 8:30-ին իր նախագահ ընտրութեան միամեակին առիթով Լիբանանի պետական պատկերասփիւռի կայանին հետ ունեցաւ յատուկ ուղիղ սփռուած հարցազրոյց մը: «Իշխանութեանս ճամբու քարտէսս երդման ճառս էր», ըսաւ հանրապետութեան նախագահը` աւելցնելով. «Ատիկա չմշակուեցաւ թուղթի վրայ մնալու համար»: Ան գոհունակութիւն յայտնեց անցնող տարի արձանագրուած ձեռքբերումներուն համար` նշելով, որ անոնք նպատակը չեն, եւ տակաւին հինգ տարիներ կան նպատակի իրագործման...

Ակնարկ.  Երկրորդ Ճակատի Բռնկումը Եւ Անկէ Բխած Հետեւութիւնները

Ակնարկ. Երկրորդ Ճակատի Բռնկումը Եւ Անկէ Բխած Հետեւութիւնները

Հալէպի մէջ արձանագրուող ռազմական բախումները զարգացման առումով անկանխատեսելիութեամբ հանդերձ, որոշ ուղղութեամբ մտածել կու տան կարգ մը հանգամանքներու մասին: Նախ պէտք է արձանագրել այն, որ գործող իշխանութիւնները չեն յաջողած տակաւին կեդրոնաձիգ, բրգաձեւ, միայն իրենց ենթակայ զինեալ ուժերու միաւորներ եւ համապատասխան ստորաբաժանումներ կայացնել: Ասիկա պարզ ընկալուող առաջադրանք է քաոսային վիճակէ դէպի կազմակերպուած պետութիւն անցում կատարող որեւէ ուժի համար: Այս ճանապարհին, ցեղախմբային կամ...

Քիւրտ Զինեալները Մերժեցին  Հեռանալ Հալէպէն

Քիւրտ Զինեալները Մերժեցին Հեռանալ Հալէպէն

Սուրիոյ պաշտպանութեան նախարարութիւնը Հալէպի Շէյխ Մաքսուտ, Աշրաֆիէ եւ Պանի Զէյտ թաղամասերուն մէջ երէկ կանուխ առաւօտեան ժամը 3:00-էն սկսեալ զինադադար յայտարարեց եւ զինեալներէն պահանջեց մինչեւ ուրբաթ առաւօտեան ժամը 9:00 հեռանալ թաղամասերէն` անոնց արտօնելով միայն անձնական թեթեւ զէնքեր կրել` աւելցնելով, որ սուրիական բանակը յանձն կ՛առնէ ուղեկցիլ եւ ապահովել անոնց անվտանգ անցումը դէպի երկրի հիւսիսարեւելեան շրջան: Իշխանութիւններուն կողմէ տրամադրուած փոխադրակառքեր ուղղուեցան նշեալ թաղամասեր`...

Բերիոյ Հայոց Թեմի Առաջնորդ Սրբազան Հայրը  Այցելեց Վեհափառ Հայրապետին

Բերիոյ Հայոց Թեմի Առաջնորդ Սրբազան Հայրը Այցելեց Վեհափառ Հայրապետին

Արամ Ա. վեհափառ հայրապետին այցելեց Բերիոյ հայոց թեմի առաջնորդ Մակար արք. Աշգարեան, չորեքշաբթի, 7 յունուար 2026-ի առաւօտեան: Մակար սրբազան վեհափառ հայրապետին զեկուցեց թեմի գործունէութեան մասին, յատկապէս Հալէպի, Ճեզիրէի, Դամասկոսի եւ այլ շրջաններու մէջ: Հանդիպման ընթացքին արծարծուեցաւ նաեւ Հալէպի մէջ ստեղծուած ապահովական ընդհանուր վիճակը: Վեհափառ հայրապետը իր գնահատանքը յայտնեց առաջնորդ սրբազան հօր եւ համայնքային պատասխանատուներուն, որոնք մօտէն կը հետեւին մեր ժողովուրդի...

Նախագահ Աուն. «Լիբանան Պատրաստ Է Իրանի Հետ  Տնտեսական Եւ Առեւտրական  Յարաբերութիւններու Ամրապնդման»

Նախագահ Աուն. «Լիբանան Պատրաստ Է Իրանի Հետ Տնտեսական Եւ Առեւտրական Յարաբերութիւններու Ամրապնդման»

Հանրապետութեան նախագահ Ժոզեֆ Աուն երէկ Պաապտայի պալատին մէջ ընդունեց Իրանի արտաքին գործոց նախարար Ապպաս Արաղչին եւ յայտնեց, որ Լիբանան պատրաստ է երկու երկիրներուն միջեւ տնտեսական եւ առեւտրական յարաբերութիւններու ամրապնդման` առաջարկելով միացեալ յանձնախումբերու ճամբով համակարգում կատարել արտաքին գործոց եւ տնտեսութեան ու առեւտուրի նախարարութիւններուն հետ: Աուն շեշտեց Տոհայի մէջ Իրանի նախագահ Մասուտ Փեզեշքիանի հետ հանդիպումի ընթացքին նախապէս նշածը, թէ Լիբանան նախանձնախնդիր է...

Աուն-Ֆոն Տեր Լեյեն-Քոսթա Բանակցութիւններ

Աուն-Ֆոն Տեր Լեյեն-Քոսթա Բանակցութիւններ

Հանրապետութեան նախագահ Ժոզեֆ Աուն երէկ Պաապտայի պալատին մէջ ընդունեց Եւրոպական յանձնաժողովի նախագահ Ուրսուլա Ֆոն Տեր Լեյենն ու Եւրոպական խորհուրդի նախագահ Անթոնիօ Քոսթան: Նախագահ Աուն հանդիպումի ընթացքին անհրաժեշտ նկատեց, որ Իսրայէլ յարգէ թշնամական արարքներու դադրեցման համաձայնութեան տակ դրած իր ստորագրութիւնը եւ հեռանայ իր բռնագրաւած շրջաններէն, որպէսզի լիբանանեան բանակը ամբողջացնէ մինչեւ միջազգային սահման իր տեղակայումը: Հանրապետութեան նախագահը շեշտեց լիբանանեան բանակին եւ ընդհանրապէս...

Ակնարկ.  Վենեզուելան Ռազմահարթակ` Միացեալ  Նահանգներու Եւ Չինաստանի Միջեւ

Ակնարկ. Վենեզուելան Ռազմահարթակ` Միացեալ Նահանգներու Եւ Չինաստանի Միջեւ

Վենեզուելայի նախագահին առեւանգումը Միացեալ Նահանգներու ուժերուն կողմէ, ռազմարշաւի նոր ոճի գործադրութեան մեկնարկին մասին կը յուշէ: Ամերիկեան ընկալումով վիրահատական գործողութիւն, սպառնալիք երկիր մը վնասազերծելու համար այն բոլոր հետեւանքներէն, որոնք պիտի կրեն Միացեալ Նահանգները: Դարձեալ շրջանառութեան մէջ դրուած են ահաբեկչութեան դէմ պայքարի, թմրամիջոցներու արտահանումը կասեցնելու, փտած համակարգը վերացնելու կամ բռնատիրութեան վերջ տալու գեղեցիկ կարգախօսները: Բնականաբար այդ բոլոր երեւոյթները գոյութիւն ունին թիրախ ընտրուած...

Բուռն Բախումներ Հալէպի Կարգ Մը  Թաղամասերու Մէջ

Բուռն Բախումներ Հալէպի Կարգ Մը Թաղամասերու Մէջ

Երէկ առտու կանուխ, Հալէպի մէջ տեղի ունեցող բախումներուն հետեւանքով Շէյխ Թահա եւ Վիլլաներ հայաբնակ շրջաններուն մէջ հրասանդներէ արձակուած ռումբերու հետեւանքով վնասներ արձանագրուեցան: Վնասները նիւթական էին: Սուրիոյ ժողովրդավարական ուժերու տեղեկատուական գրասենեակը յայտնեց. «Սուրիոյ կառավարութեան յարձակումը 10 ապրիլի համաձայնութեան խախտում է, եւ թշնամական գործելաոճի շարունակումը վտանգաւոր հետեւանքներու պիտի յանգեցնէ»: Սուրիոյ կառավարական ուժերը Շէյխ Մաքսուտի եւ Աշրաֆիէի բնակիչներուն մինչեւ ժամը 13:00 առիթ տուին...

Սուրիա – Իսրայէլ Համաձայնութիւն

Սուրիա – Իսրայէլ Համաձայնութիւն

Սուրիա եւ Իսրայէլ Փարիզի մէջ երկօրեայ բանակցութիւններէ ետք համաձայնեցան ստեղծելու ամերիկեան հսկողութեամբ «միաձուլման» բջիջ մը` համակարգելու համար հետախուզական տեղեկութիւններու փոխանակումը, զինուորական լարուածութեան մեղմացումը, դիւանագիտական կապի հաստատման եւ առեւտրական գործակցութեան առիթներու ամրապնդումը: Ժողովը գումարուեցաւ Սուրիոյ հարցով ամերիկացի պատուիրակ Թամ Պարրաքի միջնորդութեամբ: Ժողովէն ետք Միացեալ Նահանգներ-Իսրայէլ-Սուրիա միացեալ հաղորդագրութիւն մը նշեց. «Այս գործիքակազմը պիտի ծառայէ որեւէ վէճ շուտով կարգաւորելու եւ սխալ հասկացողութիւններու կանխարգիլման...

Ս. Էջմիածինի Մէջ Հայրապետական Սուրբ Պատարագ` Սուրբ Ծննդեան Եւ Աստուածայայտնութեան Տօնին Առիթով

Ս. Էջմիածինի Մէջ Հայրապետական Սուրբ Պատարագ` Սուրբ Ծննդեան Եւ Աստուածայայտնութեան Տօնին Առիթով

6 յունուարին Մայր աթոռ Ս. Էջմիածինի մէջ մեծ հանդիսաւորութեամբ նշուեցաւ մեր Տէր եւ Փրկիչ Յիսուս Քրիստոսի Սուրբ Ծննդեան եւ Աստուածայայտնութեան տօնը: Տօնին առիթով Միածնաէջ մայր տաճարին մէջ Գարեգին Բ. ծայրագոյն պատրիարք եւ Ամենայն հայոց կաթողիկոսը մատուցեց սուրբ եւ անմահ պատարագ: Հայրապետական սուրբ պատարագին ներկայ էին Գերագոյն հոգեւոր խորհուրդի անդամներ, Մայր աթոռի բարերարներ, քաղաքական-հասարակական գործիչներ եւ ուխտաւոր հայորդիներ: Հայրապետական խաչվառազարդ թափօրը...

Անթիլիասի Մայրավանքին Մէջ Հայրապետական  Պատարագով Նշուեցաւ Յիսուս Քրիստոսի  Ծննդեան Ու Աստուածայայտնութեան Տօնը

Անթիլիասի Մայրավանքին Մէջ Հայրապետական Պատարագով Նշուեցաւ Յիսուս Քրիստոսի Ծննդեան Ու Աստուածայայտնութեան Տօնը

Մեր Տիրոջ եւ Փրկիչին` Յիսուս Քրիստոսի Սուրբ Ծնունդի եւ Աստուածայայտնութեան տօնը հանդիսաւորապէս նշուեցաւ Անթիլիասի մայրավանքին մէջ: Արդարեւ, երեքշաբթի, 6 յունուար 2026-ի առաւօտեան ժամը 10:00-ին, մայրավանքի Սուրբ Գրիգոր Լուսաւորիչ մայր տաճարին մէջ, Արամ Ա. վեհափառ հայրապետը մատուցեց սուրբ եւ անմահ պատարագ, կատարեց Քրիստոսի մկրտութիւնը խորհրդանշող ջրօրհնէքի արարողութիւն եւ համայն հայութեան յղեց իր հայրապետական պատգամը: Սուրբ պատարագին, վեհափառ հայրապետին առընթերակայ եպիսկոպոսներն էին...

ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական կոմիտէն կը շնորհաւորէ ձեր Ս. Ծնունդը։ Քրիստոս Ծնաւ եւ Յայտնեցաւ Ձեզի Մեզի Մեծ Աւետիս #ՀՅԴԼԻԲԱՆԱՆ

Մարդկային Միտքի Վերանորոգման Տարի

Բեթղեհէմի Պատգամը` «Եղէք Նոր Մարդ»

Եփեսացիներուն ուղղած իր նամակին մէջ, Պօղոս առաքեալ, խօսելով մարդուն հին ինքնութիւնը իր կենցաղակերպով ու մտածելակերպով մոռնալու եւ Քրիստոսով վերանորոգուելու հրամայականին մասին, կոչ կ՛ուղղէ ըսելով` «Եղէ՛ք նոր մարդ» (4.24): Այս կոչին մէջ է խտացած Աստուծոյ Որդւոյն մարդեղութեան իմաստն ու խորհուրդը եւ իր երկրաւոր առաքելութեան նպատակը: Քրիստոս աշխարհ եկաւ, որպէսզի իր աստուածային պատկերը եղծած մարդուն մէջ վերականգնէ Աստուծոյ պատկերը: Քրիստոս մարդեղացաւ, որպէսզի...

«Տէ՜ր Իմ Եւ Աստուա՜ծ Իմ»

Կարիքը Ունինք Երկնային Աջակցութեան, Որպէսզի Աստուծմով Փարատի Մեր Ազգին Կեանքը Պղտորող Խաւարը

«Համերաշխութեամբ եւ խաղաղութեա՛մբ ապրեցէք իրարու հետ, եւ այն ատեն խաղաղութեան ու սիրոյ Աստուածը ձեզի հետ պիտի ըլլայ»: Բ. Կորնթացիս 13:11 Տեառն մերոյ Յիսուսի Քրիստոսի Ս. Ծննդեան բարեբաստիկ տօնին առիթով, սրտագինս կ՛ողջունենք լիբանանահայ մեր ժողովուրդի զաւակները` մաղթելով, որ Նոր տարուան մը պայմաններուն մէջ, հաւատքով նորոգուած, միահամուռ ճիգով ձգտինք նոր առաքինութիւններու տանիլ մեր կեանքը: Ս. Ծնունդը տօնն է կեանքի նորոգութեան: Այսօր, մեր...

Page 51 of 795 1 … 50 51 52 … 795

Արխիւներ