Գլխաւոր լուրեր

Ակնարկ.  Ոչ Միայն Ծովային, Այլ Նաեւ Ցամաքային Սահմանագծում. Պէյրութի Նախապայմանը

Ակնարկ. Ոչ Միայն Ծովային, Այլ Նաեւ Ցամաքային Սահմանագծում. Պէյրութի Նախապայմանը

Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործոց նախարարի օգնական եւ Միջին Արեւելքի բաժանմունքի պատասխանատու Տէյվիտ Սաթըրֆիլտի երկու շաբթուան ընթացքին Պէյրութ կատարած երրորդ այցելութիւնը  պարզ կը դարձնէ, որ Ուաշինկթընը Իսրայէլ-Լիբանան ծովային սահմանագծման գործընթացին համար լծուած է մագոգային դիւանագիտութեան: Վիճելի ջրային տարածքը 860 քառ. քմ տարածութիւն է, որուն սահմանագծումը նախապայման է օգտագործման գործընթացը մեկնարկելու եւ ատոր իբրեւ նախապատրաստութիւն բանակցութիւններ վարելու ձեւաչափերն ու գործիքակազմերը ճշդելու: Պէտք...

Նախագահ Սարգսեան. «Մենք Պէտք Է Ձեւաւորենք  Միասնական Ազգային Օրակարգ` Ընդհանուր  Կենսական Նշանակութիւն Եւ Կարեւորութիւն  Ունեցող Գերակայ Խնդիրներով»

Նախագահ Սարգսեան. «Մենք Պէտք Է Ձեւաւորենք Միասնական Ազգային Օրակարգ` Ընդհանուր Կենսական Նշանակութիւն Եւ Կարեւորութիւն Ունեցող Գերակայ Խնդիրներով»

Հանրապետութեան նախագահ Արմէն Սարգսեան ուղերձ յղած է Հանրապետութեան տօնին առիթով: Ստորեւ` ուղերձին բովանդակութիւնը. «Սիրելի՛ հայրենակիցներ, Ջերմօրէն կը շնորհաւորեմ Հանրապետութեան տօնին առիթով: Հայ ժողովուրդը այսօր կը նշէ դարերու պատմութիւն ունեցող իր պետականութեան վերականգնման տօնը` հայ ժողովուրդի պայքարն ու ձեռքբերումները, անկոտրում ոգիի յաղթանակը խորհրդանշող մեր Հանրապետութեան տօնը: Հայկական ինքնութեան ձեւաւորման, հայոց պետականութեան կերտման ու կայացման ընթացքին հայ ժողովուրդի անցած ուղին հերոսական է...

Վարչապետ Փաշինեան. «Հայաստանի  Ա. Հանրապետութեան Պետական Այրերու  Երազանքը Կ՛ապրի Եւ Պիտի Իրագործուի»

Վարչապետ Փաշինեան. «Հայաստանի Ա. Հանրապետութեան Պետական Այրերու Երազանքը Կ՛ապրի Եւ Պիտի Իրագործուի»

Հայաստանի առաջին Հանրապետութեան պետական այրերու գործը կենդանի է, անոնց երազանքը կ՛ապրի եւ պիտի իրագործուի: Սարդարապատի, Բաշ Ապարանի, Ղարաքիլիսէի հերոսներու արիւնը ի զուր չէ հեղուած: Այս մասին` Մայիս 28-ին Սարդարապատի յուշահամալիրին մէջ տեղի ունեցած պաշտօնական արարողութեան ընթացքին` իր ելոյթի ժամանակ ըսաւ Հայաստանի Հանրապետութեան վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան: «Այսօր կը տօնենք մեր հազարամեայ պատմութեան ամէնէն կարեւոր իրադարձութիւններէն մէկը` Ա. Հանրապետութեան հիմնադրութեան օրը: 1918-ի...

Միասնական Աշխատանքով  Հայրենիքի Զարգացման Նուիրուելու Պահն Է

Միասնական Աշխատանքով Հայրենիքի Զարգացման Նուիրուելու Պահն Է

Մայիս 28-ն մեր նորագոյն պատմութեան ամէնէն փառահեղ էջն է, այսօր Հայաստանի ու հայութեան տօնն է` երկար տարիներու կորուստէ ետք  վերականգնուեցաւ մեր պետութիւնը, եւ այդ վերականգնումին մէջ իր մեծ դերը ունի Դաշնակցութիւնը. Սարդարապատի յուշահամալիրին մէջ Հայաստանի Ա. Հանրապետութեան հիմնադիր, պետական քաղաքական գործիչ Արամ Մանուկեանի ծննդեան 140-ամեակին նուիրուած յուշակոթողի բացման արարողութենէն ետք «Երկիր»-ին հետ զրոյցի մը ընթացքին ըսաւ ՀՅԴ Բիւրոյի ներկայացուցիչ Յակոբ...

Յայտարարութիւն

ՀՅԴ Հայաստանի Գերագոյն Մարմինի Շնորհաւորական Ուղերձը

Այսօր Հայաստանի անկախութեան հռչակման 101-րդ տարեդարձն է: 101 տարի առաջ այս օրը յեղաշրջուեց հայ մարդու քաղաքական մտածողութիւնը, եւ սերունդների առջեւ բացուեց հայը` հայ ազգին պատկանելու իրականութիւնը: Հայ մարդու մէջ արմատաւորուեց ազգային միասնութեան ու պետականութեան վերականգնման համահայկական տեսլականը: 101 տարի առաջ հռչակուած հայոց Ա. հանրապետութիւնը եկաւ ապացուցելու աշխարհին, որ ցեղասպանութիւն տեսած հայի յաղթանակի գրաւականը սեփական ուժերին յենուելու եւ միասնական պայքարի մէջ...

ՀՅԴ-ի Նախաձեռնութեամբ Բացուած Է  Արամ Մանուկեանի Ծննդեան  140-ամեակին Նուիրուած Յուշակոթողը

ՀՅԴ-ի Նախաձեռնութեամբ Բացուած Է Արամ Մանուկեանի Ծննդեան 140-ամեակին Նուիրուած Յուշակոթողը

Սարդարապատի յուշահամալիրին մէջ, 28 մայիսին հանդիսաւոր արարողութեամբ բացումը կատարուեցաւ Հայաստանի Ա. Հանրապետութեան հիմնադիր, պետական եւ քաղաքական նշանաւոր գործիչ Արամ Մանուկեանի ծննդեան 140-ամեակին նուիրուած յուշակոթողին: ՀՅԴ-ի այս նախաձեռնութիւնը իրականացաւ համագործակցութեամբ Սարդարապատի հայոց ազգագրութեան եւ ազատագրական պայքարի պատմութեան թանգարանի տնօրէնութեան հետ: Ծրագիրը իրականացաւ ՀՅԴ Քանատայի կառոյցին հովանաւորութեամբ եւ Վարուժ Լափոյեանի (Թորոնթօ) մեկենասութեամբ: Յուշարձանը տեղադրուած է զանգաշտարակին մօտակայքը: Յուշարձանի խորհրդանիշներն են` սուրը, արծիւները,...

Խմբագրական.  Մեծ Նպատակի Կենսագործման Ուղիները

Խմբագրական. Մեծ Նպատակի Կենսագործման Ուղիները

(Ազատ, Անկախ Եւ Միացեալ Հայաստանի Յայտարարութեան 100-ամեակին Առիթով) Հայաստանի Հանրապետութեան հիմնադրման 101-ամեակի խուրհուրդը այս տարի կը կեդրոնանայ ազատ, անկախ եւ միացեալ Հայաստանի ազգային-քաղաքական առաջադրանքի բանաձեւման վրայ: Հարիւր տարի առաջ, ՀՅԴ 9-րդ Ընդհանուր ժողովը կ՛որոշէր համազգային նպատակը` համահայկական գաղափարախօսական առանցքի ճշդումով: Ամբողջական հայրենիքի կերտման այս առաջադրանքին նկատմամբ տասնամեակներ շարունակ կիրարկուեցաւ խիստ քաղաքականացուած  մօտեցում: Հայրենիքի խորհրդայնացումը հարուածեց նպատակի համահայկականացման հոլովոյթը: Ազգային տրամաբանութեամբ...

Նախագահ Արմէն Սարգսեան Հիւրընկալած Է ՀՅԴ-ի Ներկայացուցիչները

Նախագահ Արմէն Սարգսեան Հիւրընկալած Է ՀՅԴ-ի Ներկայացուցիչները

Հանրապետութեան նախագահ Արմէն Սարգսեան երէկ` 27 մայիս 2019-ին հիւրրընկալած է ՀՅԴ պատուիրակութիւնը` ՀՅԴ Բիւրոյի ներկայացուցիչ Յակոբ Տէր Խաչատուրեանի եւ ՀՅԴ Հայաստանի Գերագոյն մարմինի ներկայացուցիչ Իշխան Սաղաթէլեանի գլխաւորութեամբ: Հանդիպման ընթացքին, հիւրերուն խնդրանքով, անդրադարձ կատարուած է Հայաստանի նախագահ Արմէն Սարգսեանի նախաձեռնութեամբ յառաջիկային Հայաստանի մէջ կայանալիք հայաստանեան «Մտքերու գագաթնաժողովին» (Սամիթ աֆ մայնտզ), որ պիտի համախմբէ աշխարհի յայտնի վերլուծական կեդրոններու, նախկին ու ներկայ պետական...

Ամբողջական Ու Միացեալ Հայաստանի Տեսլականին Իրագործման Առաջին Քայլը Արցախի Միացումն Է Հայաստանին

Ամբողջական Ու Միացեալ Հայաստանի Տեսլականին Իրագործման Առաջին Քայլը Արցախի Միացումն Է Հայաստանին

Ստորեւ կը ներկայացնենք Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Արամ Ա. կաթողիկոսի պատգամը, զոր ան տուաւ Անթիլիասի մայր տաճարին մէջ,  Հանրապետական մաղթանքէն ետք: Կատարեցինք «Հանրապետական մաղթանք»` մեր եկեղեցւոյ դարաւոր աւանդութեան համաձայն: Այլ խօսքով, աղօթեցինք մեր հայրենիքի ապահովութեան, յառաջդիմութեան ու հզօրութեան համար` մաղթելով, որ հայրենի մեր ժողովուրդի ծառայութեան նուիրուած իշխանութիւնը եւ Հայաստանի պաշտպանութեան յանձնառու հայոց բանակը խոր հաւատքով ու ամբողջական նուիրումով լծուին իրենց հայրենաշէն...

100-ամեակ Միացեալ Հայաստանի Հռչակագիրին.  Միասնաբար Պիտի Վերականգնենք Մէկ Ազգ Եւ Միացեալ Ու  Ամբողջական Հայրենիք Տեսլականը

100-ամեակ Միացեալ Հայաստանի Հռչակագիրին. Միասնաբար Պիտի Վերականգնենք Մէկ Ազգ Եւ Միացեալ Ու Ամբողջական Հայրենիք Տեսլականը

Ս. ՄԱՀՍԷՐԷՃԵԱՆ Յաջորդաբար երկրորդ տարին ըլլալով, Հայաստանի քաղաքական կեանքն ու անոր եռեւեփումներով տարուած-կլանուած ողջ հայութիւնը կը գտնուին այնպիսի ուռուցիկ-ուռեցուած յորձանուտի մը մէջ, որ 28 ՄԱՅԻՍով մարմնաւորուած խորհուրդները կը թուին լուսանցքայնացուած ըլլալ ու հեռու քշուած` պետական ու ժողովրդային բեմերէն, մատնուած` լոկ արարողական յիշատակումի: Անցեալ տարի Հայաստանի Հանրապետութեան ծննդեան 100-ամեակը իրողապէս լուսանցքայնացուեցաւ, որովհետեւ ապրիլի վերջերուն ծայր տուած «թաւշեայ յեղափոխութիւն»-ը ողողեց ողջ հայութեան...

«Միացեալ Հայաստանի Անկախութեան` 1919 Մայիս 28-ի Աքթը. Պատմութիւն Եւ Արդիականութիւն» Գիտաժողովի Արձագանգները

«Միացեալ Հայաստանի Անկախութեան` 1919 Մայիս 28-ի Աքթը. Պատմութիւն Եւ Արդիականութիւն» Գիտաժողովի Արձագանգները

Ճակատագրի բերումով, 4-րդ դարէն սկսած, մեր ժողովուրդը բաժնուած  եղած է արեւմտեան ու արեւելեան Հայաստաններու: Ցաւօք, այդ մէկը նաեւ 16-րդ դարուն կրկնուեցաւ, ու 17-րդ դարուն Հայաստանը կրկին վերաբաժնուեցաւ, այս անգամ` Սեֆեան Պարսկաստանի ու Օսմանեան կայսրութեան միջեւ. ՀՅ Դաշնակցութեան եւ Հայաստանի Հանրապետութեան Գիտութիւններու ազգային ակադեմիայի պատմութեան հիմնարկին կողմէ նախաձեռնուած «Միացեալ Հայաստանի անկախութեան` 1919 մայիս 28-ի աքթը. պատմութիւն եւ արդիականութիւն» գիտաժողովի ժամանակ «Երկիր»...

Հայաստանի Եւ Չինաստանի Արտաքին Գործոց  Նախարարներու Միջեւ Հանդիպման Ժամանակ  Բարձր Գնահատուած Է Չինաստանի Աջակցութիւնը  Լեռնային Ղարաբաղի Տագնապի Խաղաղ Լուծման

Հայաստանի Եւ Չինաստանի Արտաքին Գործոց Նախարարներու Միջեւ Հանդիպման Ժամանակ Բարձր Գնահատուած Է Չինաստանի Աջակցութիւնը Լեռնային Ղարաբաղի Տագնապի Խաղաղ Լուծման

26 մայիսին Հայաստանի Հանրապետութեան արտաքին գործոց նախարար Զոհրապ Մնացականեան հանդիպում ունեցաւ Չինաստանի Պետական խորհուրդի անդամ, արտաքին գործոց նախարար Վան Ինի հետ: Ողջունելով հիւրը` նախարար Մնացականեան շնորհաւորեց իր գործընկերը Չինաստանի ժողովրդական հանրապետութեան կազմաւորման 70-ամեայ յոբելեանին առիթով եւ ընդգծեց, որ դարերու խորքէն եկող հայ-չինական յարաբերութիւնները խարսխուած են երկու ժողովուրդներուն միջեւ խոր յարգանքի եւ փոխադարձ վստահութեան վրայ: Զրուցակիցները միտքեր փոխանակեցին երկկողմանի օրակարգի բազմաթիւ...

Մայիսեան Փառատօնով ՀՄԸՄ Վերահաստատեց Բարձր  Ոգիով, Հպարտ Ճակատով Եւ Հայակերտման Սրբազան  Առաքելութեան Կառչած Մնալով  Նոր Հարիւրամեակ Սկսելու Վճռակամութիւնը

Մայիսեան Փառատօնով ՀՄԸՄ Վերահաստատեց Բարձր Ոգիով, Հպարտ Ճակատով Եւ Հայակերտման Սրբազան Առաքելութեան Կառչած Մնալով Նոր Հարիւրամեակ Սկսելու Վճռակամութիւնը

Երէկ` 26 մայիս 2019-ի երեկոյեան ժամը 6:00-էն սկսեալ Պուրճ Համուտի քաղաքապետարանի դաշտին վրայ, ուր տեղի ունեցաւ աւանդական դարձած մայիսեան փառատօնը, որ հոգեպարար ու յուսադրիչ էր արտասանուած խօսքերով, հպարտալի, յուզիչ եւ խոստմնալից էր խրոխտ կեցուածքով, վճռական քայլերով, բարձր ճակատներով տողանցող տարազաւորներով, մարզիկներով, աշակերտներով ու միութենականներով, ուրախութիւն եւ խանդավառութիւն սփռող էր պաշտօնական բաժինէն ետք կայացած տօնակատարութեամբ:  Մայիսեան յաղթանակի ոգին կը թեւածէր հայութեան...

Հաղորդագրութիւն ՀՄԸՄ-ի Կեդրոնական  Վարչութեան Դ. Լիագումարի

Հաղորդագրութիւն ՀՄԸՄ-ի Կեդրոնական Վարչութեան Դ. Լիագումարի

ՀՄԸՄ-ի Կեդրոնական վարչութեան քառամեայ նստաշրջանի (2015-2019) Դ. լիագումար նիստերը տեղի ունեցան 8 եւ 9 մայիս 2019-ին, Աթէնքի մէջ, Յունաստան: Լիագումարը ծանրացաւ միութեան 100-ամեակի կեդրոնական ձեռնարկներուն արժեւորման վրայ` շեշտելով իրագործուած ձեռնարկներուն պատմական տարողութիւնն ու ապագայի իմաստով փորագրուած դրոշմին իրողութիւնը: Արդարեւ, միութեան 100-ամեակի կեդրոնական ձեռնարկին զոյգ վեհափառ հայրապետներուն հովանաւորութիւնը եւ անոնց ներկայացուցիչներուն ներկայութիւնը, ինչպէս նաեւ Հայաստանի Հանրապետութեան նախագահին շնորհած նախագահութիւնն ու իր...

Մայիս 28-ի Նշում` Անթիլիասի Մայրավանքին Մէջ.  «Ամբողջական Ու Միացեալ Հայաստանի  Տեսլականին Առաջին Իրագործումը  Արցախի Միացո՛Ւմն Է Հայաստանին»  Շեշտեց Արամ Ա. Կաթողիկոս

Մայիս 28-ի Նշում` Անթիլիասի Մայրավանքին Մէջ. «Ամբողջական Ու Միացեալ Հայաստանի Տեսլականին Առաջին Իրագործումը Արցախի Միացո՛Ւմն Է Հայաստանին» Շեշտեց Արամ Ա. Կաթողիկոս

Հայաստանի Ա. Հանրապետութեան անկախութեան տօնին խորհրդանիշը ո՛չ միայն իր էութեան մէջ է, այլ նաեւ այն յատկութեան, որ այս անկախութիւնը ընդելուզուած է մեր ազգային ու հոգեւոր ինքնութեան հետ, որուն համար մեր եկեղեցիներուն մէջ կը կատարուի Հանրապետական մաղթանք: Այս արարողութեամբ, եկեղեցին աղօթք կը բարձրացնէ առ բարձրեալն Աստուած Հայաստանի իշխանաւորներէն անդին ու վեր հայրենիքին համար, որ հողին ու ժողովուրդին անքակտելի ամբողջութիւնն է: Իսկ...

Յարգանք` Հայաստանի Հանրապետութեան  Հիմնադիրներէն Լիբանան  Թաղուածներուն Յիշատակին

Յարգանք` Հայաստանի Հանրապետութեան Հիմնադիրներէն Լիբանան Թաղուածներուն Յիշատակին

ՀՄԸՄ-ի Լիբանանի Շրջանային վարչութիւնը ներկայացնող պատուիրակութիւն մը կիրակի, 26 մայիս 2019-ին,  կէսօրէ առաջ ժամը 11:00-ին, այցելեց Պուրճ Համուտի եւ Ֆըրն Շըպպեքի գերեզմանատուները, ուր կը ննջեն 101-ամեայ Հայաստանի Հանրապետութեան հիմադիրներէն 9-ը: Վարչութեան անդամները ծաղկեպսակներ զետեղեցին Նիկոլ Աղբալեանի, Լեւոն Շանթի,   Բարսեղ Կանաչեանի Սիմոն Վրացեանի, Հրաչ Փափազեանի, Կարօ Սասունիի, Աւետիք Սահակեանի, Արշակ Յովհաննէսեանի եւ Լոլա Սասունիի  շիրիմներուն: Մայիսեան յաղթանակներու ծիրին մէջ մասնաւորապէս Լիբանանի...

Ակնարկ.  Հրամայական Են Արտախորհրդարանական  Հակակշռումի Գործողութիւնները

Ակնարկ. Հրամայական Են Արտախորհրդարանական Հակակշռումի Գործողութիւնները

Երէկուան հանրահաւաքը, ըստ էութեան, զուտ պետական դիտանկիւնէ ` անհրաժեշտ գործողութիւն էր երկրին մէջ կառուցողական ընդդիմութեան բանաձեւ ձեւաւորելու ուղղութեամբ: Կայուն մեծամասնութեամբ գոյացած խորհրդարանով, միակուսակցականութեամբ ընդգծուած կառավարութեամբ եւ այժմ զտման գործընթացէ անցնելու նախաշեմին գտնուող դատական համակարգով ղեկավարուող երկրին մէջ արտախորհրդարանական ընդդիմութեան անհրաժեշտութիւնը կը զգացուի: Գործող սահմանադրութիւնը ընդդիմութեան չափաբաժինները, իրաւասութիւններն ու լիազօրութիւնները ընդլայնելով խորքին մէջ կը միտէր  հակակշիռ գործիքակազմը հաստատութենական հիմունքի վրայ տեղադրել:...

Կիրօ Մանոյեան. «Անհրաժեշտ Է Պետականօրէն  Նշել Իրաւական Հռչակագիրներուն 100-ամեակները»

Կիրօ Մանոյեան. «Անհրաժեշտ Է Պետականօրէն Նշել Իրաւական Հռչակագիրներուն 100-ամեակները»

Միացեալ Հայաստանի Անկախութեան Հռչակման 100-ամեակին Նուիրուած Գիտաժողով Մայիս 24-ին Հայաստանի Գիտութիւններու ազգային ակադեմիային (ԳԱԱ) մէջ տեղի ունեցաւ Դաշնակցութեան եւ  ԳԱԱ-ի պատմութեան հիմնարկին նախաձեռնած «Միացեալ Հայաստանի անկախութեան` 28 մայիս 1919-ի հռչակագիրը. պատմութիւն եւ արդիականութիւն» խորագրեալ գիտաժողովը, որ նուիրուած է անկախ, միացեալ Հայաստանի հռչակման 100-ամեակին: Գիտաժողովին ընթացքին քննարկուեցաւ հռչակագիրին պատմական կարեւորութիւնը, վեր առնուեցան անոր քաղաքական նշանակութիւնը, հեռանկարները եւ այլն: ՀՅԴ Բիւրոյի ողջոյնի...

Լիլիթ Գալստեան. «Անցումային  Արդարադատութիւնը Պէտք Չէ Քաղաքական  Վրէժխնդրութեան Գործիք Դառնայ»

Լիլիթ Գալստեան. «Անցումային Արդարադատութիւնը Պէտք Չէ Քաղաքական Վրէժխնդրութեան Գործիք Դառնայ»

Երէկ խորհրդարանին մէջ կայացող անցումային արդարադատութեան մասին լսումներուն ընթացքին խօսք առաւ ՀՅԴ Հայաստանի Գերագոյն մարմինի անդամ Լիլիթ Գալստեան` շեշտելով, որ անցումային արդարադատութիւնը խիստ վիրահատական եւ ցաւոտ երեւոյթ մըն է, որ սակայն կարելի է տեղաւորել շատ վիպապաշտական բնորոշման մէջ` ճշմարտութեան եւ արդարութեան որոնումի: «Նպատակը ինքնին լաւ է, բայց հարց կը ծագի` ի՞նչ գործիքակազմով պէտք է անոր հասնիլ», հարցուց ան: Գալստեան դիտել...

Գագիկ Յարութիւնեան Հրաժարած Է Բարձրագոյն  Դատական Խորհուրդի Նախագահի Պաշտօնէն.  Արամ Սիմոնեան` Երեւանի Պետական  Համալսարանի Նախագահութենէն

Գագիկ Յարութիւնեան Հրաժարած Է Բարձրագոյն Դատական Խորհուրդի Նախագահի Պաշտօնէն. Արամ Սիմոնեան` Երեւանի Պետական Համալսարանի Նախագահութենէն

Բարձրագոյն դատական խորհուրդի (ԲԴԽ) նախագահ Գագիկ Յարութիւնեան հրաժարականի դիմում ներկայացուցած է: Այս մասին Դիմատետրի իր էջին վրայ գրած է ԲԴԽ-ի մամլոյ քարտուղար Արման Խաչատրեան: «Նկատի ունենալով դատական իշխանութեան եւ դատաւորներուն առնչութեամբ ընթացող զարգացումները եւ այդ առիթով մայիս 20-ին մամուլով իմ արտայայտած մտահոգութիւններս` այլեւս նպատակայարմար չեմ նկատեր իմ հետագայ աշխատանքս Բարձրագոյն դատական խորհուրդի նախագահի եւ խորհուրդի անդամի կարգավիճակներուն մէջ», իր դիմումին...

Page 489 of 797 1 … 488 489 490 … 797

Արխիւներ