Գլխաւոր լուրեր

Արամ Ա. Կաթողիկոսին Կողմէ «Նարեկ»  Աղօթամատեան Զետեղուեցաւ  Գէորգ Չաւուշի Շիրիմին Վրայ

Արամ Ա. Կաթողիկոսին Կողմէ «Նարեկ» Աղօթամատեան Զետեղուեցաւ Գէորգ Չաւուշի Շիրիմին Վրայ

Հինգշաբթի, 6 յունիս 2019-ին, խումբ մը ազգայիններ, առաջնորդութեամբ Մեծի Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկոսութեան Ազգային կեդրոնական վարչութեան ատենապետ Ստեփան Տէր Պետրոսեանի, այցելեցին Գէորգ Չաւուշի գերեզմանը: Անոնք իրենց յարգանքի տուրքը մատուցեցին անմահանուն հերոս Գէորգ Չաւուշին եւ այս առիթով, Արամ Ա. վեհափառ հայրապետին կողմէ, «Նարեկ» աղօթամատեան մը զետեղեցին անոր շիրիմին վրայ, եռագոյն դրօշի կողքին: Ծանօթ են մեր ժողովուրդին Գէորգ Չաւուշի` Սրբոց Առաքելոց վանքի եւ...

Մամլոյ Լսարան Թիւ 153.  «Սեւրի Համաձայնագիրի 100-ամեակին Ընդառաջ. Սահմաններ` Սեւրէն Առաջ Եւ Ետք. Հայաստան  Եւ Միջին Արեւելք» Նիւթով Քննարկում

Մամլոյ Լսարան Թիւ 153. «Սեւրի Համաձայնագիրի 100-ամեակին Ընդառաջ. Սահմաններ` Սեւրէն Առաջ Եւ Ետք. Հայաստան Եւ Միջին Արեւելք» Նիւթով Քննարկում

Երէկ` հինգշաբթի, 6 յունիս 2019-ին, երեկոյեան ժամը 7:00-ին, «Ազդակ»-ի «Փիւնիկ» սրահին մէջ տեղի ունեցաւ մամլոյ 153-րդ լսարանը` Սեւրի համաձայնագիրի 100-ամեակին ընդառաջ: Կլոր սեղան-քննարկումի բնոյթ կրող մամլոյ լսարանին նիւթն էր «Սահմաններ` Սեւրէն առաջ եւ ետք. Հայաստան եւ Միջին Արեւելք»: Քննարկումը վարեց Պէյրութի ամերիկեան համալսարանի դասախօս դոկտ. Ժան Կէօքճեան, իսկ օրուան զեկուցաբերներն էին` Միշիկըն-Տիրպոռն համալսարանի դասախօս դոկտ. Արա Սանճեան` «Հայաստան. սահմաններ եւ...

«Թորոս Ռոսլին» Կերպարուեստի Դպրոցի  Ամավերջի Աշակերտական Ցուցահանդէսն  Ու Վկայականաց Բաշխում

«Թորոս Ռոսլին» Կերպարուեստի Դպրոցի Ամավերջի Աշակերտական Ցուցահանդէսն Ու Վկայականաց Բաշխում

Հարցազրոյց` Դպրոցի Պատասխանատու Վազգէն Մուղալեանին Հետ Երէկ` հինգշաբթի, 6 յունիս 2019-ին, Համազգայինի «Լիւսի Թիւթիւնճեան» ցուցասրահին մէջ տեղի ունեցաւ Համազգայինի «Թորոս Ռոսլին» կերպարուեստի դպրոցի ամավերջի աշակերտական ցուցահանդէսն ու վկայականաց բաշխումը: Այս առիթով խօսք արտասանեց «Թորոս Ռոսլին» կերպարուեստի դպրոցի պատասխանատու Վազգէն Մուղալեան: Ան ըսաւ, թէ 31 տարիէ ի վեր կը գործէ «Թորոս Ռոսլին» կերպարուեստի դպրոցը, որ տարիներու ընթացքին տուած է արուեստագէտներ, որոնք...

ՀՅԴ Բիւրոյի Ներկայացուցիչ Յակոբ Տէր Խաչատուրեանի  Այցելութիւններն Ու Հանդիպումները Հալէպի Մէջ

ՀՅԴ Բիւրոյի Ներկայացուցիչ Յակոբ Տէր Խաչատուրեանի Այցելութիւններն Ու Հանդիպումները Հալէպի Մէջ

Յակոբ Տէր Խաչատուրեանի Հանդիպումը Բերիոյ Հայոց Թեմի Ազգային Մարմիններուն Եւ Ուղեկից Միութիւններու Ներկայացուցիչներուն Հետ Կիրակի, 2 յունիս 2019-ի առաւօտեան ժամը 10:00-ին, Սրբոց Քառասնից Մանկանց մայր եկեղեցւոյ մէջ տեղի ունեցած Ս. պատարագին ներկայ գտնուեցաւ ՀՅԴ Բիւրոյի ներկայացուցիչ Յակոբ Տէր Խաչատուրեան: Օրուան պատարագիչն էր Մեծի Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկոսութեան ներկայացուցիչ Յովակիմ աբղյ. Բանճարճեան, ներկայ էին Բերիոյ հայոց թեմի ազգային մարմիններու, պատկան մարմինի անդամներ,...

Արցախի Արտաքին Գործոց Նախարարութիւն.  «Ազրպէյճան Յամառօրէն Կը Փորձէ 1993-ի Արցախի  Վերաբերեալ ՄԱԿ-ի Ապահովութեան Խորհուրդի  Բանաձեւերը Ներկայացնել  Իբրեւ Տագնապի Լուծման Իրաւական Հիմք»

Արցախի Արտաքին Գործոց Նախարարութիւն. «Տագնապի Գօտիին Մէջ Վերահսկող Միջազգային Մեքանիզմներու Ներդրումը Անյետաձգելի Է»

1 յունիսին Ազրպէյճանը կոպտօրէն խախտած է զինադադարի դրութիւնը, այդ պատճառով ալ Արցախի պաշտպանութեան բանակի զինուոր մը նապատակուած է: Այս մասին նշուած է Արցախի արտաքին գործոց նախարարութեան յայտարարութեան մէջ: Յայտարարութիւնը կը ներկայացնենք ստորեւ. «Այդ կանխամտածուած սպանութեանը նախորդել է արցախեան կողմի հասցէին մտացածին մեղադրանքներով ապատեղեկատուական արշաւը, թէ իբր Արցախի կողմից ազրպէյճանական բանակի դիրքերի գնդակոծութեան արդիւնքով ազրպէյճանցի զինուոր սպաննուած է: Այդ կապակցութեամբ անհրաժեշտ...

ՀՅԴ Քանատայի Հայ Դատի Յանձնախումբի  Արեւմտեան Շրջանի Ներկայացուցիչը Հանդիպում  Ունեցած Է Քանատայի Վարչապետին Հետ

ՀՅԴ Քանատայի Հայ Դատի Յանձնախումբի Արեւմտեան Շրջանի Ներկայացուցիչը Հանդիպում Ունեցած Է Քանատայի Վարչապետին Հետ

1 յունիսին ՀՅԴ Քանատայի Հայ դատի յանձնախումբի Արեւմտեան շրջանի ներկայացուցիչ Յակոբ Տէր Յակոբեան Քանատայի Ազատական կուսակցութեան պատգամաւոր Թերի Պիչի հրաւէրով մասնակցած է վերջինիս նորաբաց գրասենեակին մէջ տեղի ունեցած «Բարեկամներու եւ աջակիցներու հաւաքին», ուր ներկայ էր նաեւ Քանատայի վարչապետ Ճասթին Թրուտոն: Հաւաքին Տէր Յակոբեան զրոյց ունեցած է վարչապետ Թրուտոյին հետ եւ շնորհակալութիւն յայտնած Հայաստան կատարած այցելութեան, Հայաստանի մէջ ժողովրդավարութեան հաստատման ուղղուած...

Բացում` Պէյրութի Միջազգային Օդակայանի  Ընդարձակուած Բաժինի Առաջին Փուլին

Բացում` Պէյրութի Միջազգային Օդակայանի Ընդարձակուած Բաժինի Առաջին Փուլին

Հանրօգուտ շինութեանց նախարար Եուսեֆ Ֆինիանոս եւ զբօսաշրջութեան նախարար Աւետիս Կիտանեան երէկ` 3 յունիսին, բացումը կատարեցին Պէյրութի միջազգային օդակայանի մեկնողներու բաժինի ընդարձակուած սրահներուն առաջին փուլին` ներկայութեամբ օդակայանի պատասխանատուներուն եւ ապահովական կառոյցներու պետերուն: Նախարարները շրջագայեցան օդակայանի այն բաժինին մէջ, ուր բարեփոխումներ կատարուած են, ապա տուին մամլոյ ասուլիս մը: Նախարար Կիտանեան յայտնեց, որ երբ որոշեց իր գրասենեակը փոխադրել օդակայան, տուեալներ ունէր, թէ այս...

Հայաստանի Արտաքին Գործոց Նախարարութիւն.  «Հայաստանը Կտրականապէս Կը Դատապարտէ  Իրավիճակի Սրման Ուղղութեամբ Վերջին  Երեք Օրերուն Ընթացքին Ազրպէյճանի Կողմէ  Ձեռնարկուած Միտումնաւոր Քայլերը»

Հայաստանի Արտաքին Գործոց Նախարարութիւն. «Հայաստանը Կտրականապէս Կը Դատապարտէ Իրավիճակի Սրման Ուղղութեամբ Վերջին Երեք Օրերուն Ընթացքին Ազրպէյճանի Կողմէ Ձեռնարկուած Միտումնաւոր Քայլերը»

Հայաստանի արտաքին գործոց նախարարութիւնը շաբաթավերջին հրապարակեց յայտարարութիւն մը` վերջերս իրավիճակի սրումին գծով Ազրպէյճանի կողմէ ձեռնարկուած քայլերուն գծով: Հայաստանը կտրականապէս կը դատապարտէ իրավիճակի սրման ուղղութեամբ վերջին երեք օրերու ընթացքին Ազրպէյճանի կողմէ  ձեռնարկուած միտումնաւոր քայլերը, ինչ որ դրսեւորուած է սեփական կորուստներու վերաբերեալ կեղծ տեղեկատուութեան տարածումով, Հայաստանի ղեկավարներու հասցէին ֆիզիքական բռնութեան վերաբերեալ Ազրպէյճանի խորհրդարանին մէջ իշխող կուսակցութեան ներկայացուցիչներուն կողմէ հրապարակայնօրէն հնչած ուղղակի կոչերով...

Հալէպի Մէջ.  Յակոբ Տէր Խաչատուրեան. «Համախմբուինք  Մեր Պետականութեան Շուրջ` Իրականացած  Տեսնելու Համար Մեր Ազգային Իղձերը»

Հալէպի Մէջ. Յակոբ Տէր Խաչատուրեան. «Համախմբուինք Մեր Պետականութեան Շուրջ` Իրականացած Տեսնելու Համար Մեր Ազգային Իղձերը»

«Գանձասար» կը հաղորդէ, որ շաբաթ, 1 յունիս 2019-ին, Հալէպի «Գ. Եսայեան» սրահին մէջ արժանավայել հանդիսութեամբ յիշատակուեցաւ Հայաստանի անկախութեան 101-ամեակը` կազմակերպութեամբ Հայ երիտասարդական միութեան: Սոյն ձեռնարկին ներկայ էին ՀՅԴ Բիւրոյի ներկայացուցիչ Յակոբ Տէր Խաչատուրեան, Մեծի Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկոսութեան ներկայացուցիչ Յովակիմ աբղյ. Բանճարճեան, հայ կաթողիկէ համայնքի ներկայացուցիչ տէր Կոմիտաս Տատաղլեան, Սուրիոյ Հայ աւետարանական համայնքի պետ վեր. Յարութիւն Սելիմեան, Հալէպի մէջ Հայաստանի Հանրապետութեան...

Մայիսեան Յաղթանակներուն Նուիրուած  Ժողովրդային Փառատօն

Մայիսեան Յաղթանակներուն Նուիրուած Ժողովրդային Փառատօն

«ՀՅԴ-ն Կոչ Ուղղեց Բոլորին` Համախմբուելու, Սարդարապատեան Ոգիին Վերստին Հաղորդակից Դառնալով Դիմագրաւելու Արտաքին Ամէն Տեսակի Մարտահրաւէր» Ըսաւ Տոքթ. Էլի Թաշճեան Կազմակերպութեամբ ՀՅԴ  «Սարդարապատ»  կոմիտէի  քարոզչական յանձնախումբին, նախագահութեամբ Մարաշի հայրենակցական միութեան, երէկ` կիրակի 2 յունիս 2019-ին, երեկոյեան ժամը 8:30-ին,  Պուրճ Համուտի «Աբրահամ Աշճեան» փողոցի «Արին» կեդրոնին կից  տեղի ունեցաւ մայիսեան յաղթանակներուն նուիրուած ժողովրդային փառատօն, որուն ընթացքին արտասանուած խօսքերուն մէջ շեշտը դրուեցաւ կերտուած...

Թեհրանի Եւ Ուաշինկթընի Միջեւ  Միջնորդութեան Զուիցերիական Փորձ

Թեհրանի Եւ Ուաշինկթընի Միջեւ Միջնորդութեան Զուիցերիական Փորձ

Փոմփէօ. «Իրան Պէտք Է Հըզպալլան Ֆինանսաւորելէ Եւ Սուրիական Պատերազմին Միջամտելէ Դադրի» Զուիցերիոյ արտաքին գործոց նախարար Իկնազիօ Քասիսի երէկ Զուիցերիոյ մէջ Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործոց նախարար Մայք Փոմփէոյի հետ իր հանդիպումէն ետք տրուած միացեալ մամլոյ ասուլիսի ընթացքին յայտնեց, որ իր երկիրը աշխատանք կը տանի Ուաշինկթընի եւ Թեհրանի միջեւ միջնորդութիւն կատարելու` աւելցնելով, որ Փոմփէոյի հետ քննարկած է «այն դերը, որ կրնայ Զուիցերիան կատարել...

Յայտարարութիւն

ՀՅԴ Հայաստանի Գերագոյն Մարմինի Յայտարարութիւն

Հայաստանի կառավարութիւնը Ազգային ժողով է ներկայացրել Հարկային օրէնսգրքում փոփոխութիւններ եւ լրացումներ կատարելու մասին օրինագիծ, որով առաջարկւում է եկամտային հարկի յառաջատուական  դրոյքաչափերու հարկման համակարգը փոխարինել համահարթ (մէկ միասնական) դրոյքաչափով: Առաջարկութիւնը հակասում է ընկերային շուկայական տնտեսական կարգ ունենալու, սերունդների միջեւ հանրային համերաշխութեան ապահովման, ընկերային պետութեան սահմանադրական պահանջներին: Այն հակասում է նաեւ երկրի առաջ ծառացած աղքատութիւնը յաղթահարելու, աշխատանքը խրախուսելու, արժանապատիւ վարձատրութեան համակարգ ներդնելու`...

ՀՅԴ ՀԵՄ-ի «Ահազանգ» Նախաձեռնութեան  Բողոքի Ցոյցը` Ընդդէմ Եկամտային  Հարկի Համահարթեցման Ծրագիրին

ՀՅԴ ՀԵՄ-ի «Ահազանգ» Նախաձեռնութեան Բողոքի Ցոյցը` Ընդդէմ Եկամտային Հարկի Համահարթեցման Ծրագիրին

ՀՅԴ Հայաստանի երիտասարդական միութեան «Ահազանգ» նախաձեռնութեան անդամները բողոքի ցոյց կազմակերպեցին Ազգային ժողովի բակին մէջ: Անոնք պահանջեցին չեղեալ նկատել եկամտային հարկի համահարթեցման ծրագիրը եւ դէմ քուէարկել Հարկային օրէնսգիրքի փոփոխութիւններու նախագիծին: «Նախագիծին կողմ արտայայտուող իւրաքանչիւր պատգամաւոր պէտք է յստակ գիտակցի, որ ինք անձամբ պատասխանատու պիտի ըլլայ բնակչութեան մեծամասնութեան կեանքի որակի վատթարացման համար», նշեցին բողոքի ցոյցին մասնակիցները: Նախաձեռնութեան անդամները կը պահանջէին Ազգային ժողովի...

Տօնոյեան. «ԵԱՀԿ Մինսքի Խմբակը Արձագանգած Է  Ազրպէյճանի Չյայտարարուած Ռազմափորձին Մասին  Հայկական Կողմի Տեղեկացման»

Տօնոյեան. «ԵԱՀԿ Մինսքի Խմբակը Արձագանգած Է Ազրպէյճանի Չյայտարարուած Ռազմափորձին Մասին Հայկական Կողմի Տեղեկացման»

1 յունիսէն պայմանագրային զինուորներու յաւելավճարներու տրամադրման հոլովոյթին մէջ պիտի հաշուարկուին յատուկ պայմանները, միաժամանակ` յաւելավճարը պիտի բարձրանայ`  ծառայութեան հիման վրայ: Այս մասին պաշտպանութեան նախարարութեան բակին մէջ լրագրողներու հետ զրոյցի մը ընթացքին  ըսաւ պաշտպանութեան նախարար Դաւիթ Տօնոյեան` անդրադառնալով կառավարութեան որոշումին, որով զինուորներու վարձատրութեան չափերը պիտի բարձրանան 10-20 առ հարիւրով: Մեկնաբանելով Պաքուի մէջ Մինսքի խմբակի համանախագահներու  հանդիպումն ու կատարուած յայտարարութիւնը` նախարարը ըսաւ, թէ...

Ազգային Իշխանութեան  Ուսումնական Խորհուրդ.  «Մհեր Ջուլհաճեան» Շարադրական  Մրցանքի Մրցանակաբաշխութիւն

Ազգային Իշխանութեան Ուսումնական Խորհուրդ. «Մհեր Ջուլհաճեան» Շարադրական Մրցանքի Մրցանակաբաշխութիւն

Հովանաւորութեամբ Լիբանանի հայոց թեմի առաջնորդ Նարեկ արքեպիսկոպոսի, կազմակերպութեամբ Ազգային իշխանութեան Ուսումնական խորհուրդին, երէկ` ուրբաթ, 31 մայիս 2019-ի երեկոյեան ժամը 7:00-ին, Ազգային առաջնորդարանի «Երջօ Սամուէլեան-Եռագոյն» սրահին մէջ կատարուեցաւ 2 մարտ 2019-ին տեղի ունեցած «Մհեր Ջուլհաճեան» միջդպրոցական շարադրական մրցանքի մրցանակաբաշխութիւնը` ներկայութեամբ կրթական պատասխանատուներու, տնօրէններու, ուսուցիչներու, աշակերտներու, ծնողներու եւ արցախեան ազատագրական պայքարի նահատակ Մհեր Ջուլհաճեանի հարազատներուն ու ընտանեկան պարագաներուն: Ձեռնարկը սկսաւ Լիբանանի եւ...

Ընկերական Հանդիպում` ՀՅԴ Բիւրոյի  Եւ Հայաստանի Գերագոյն Մարմինի  Ներկայացուցիչներուն Հետ

Ընկերական Հանդիպում` ՀՅԴ Բիւրոյի Եւ Հայաստանի Գերագոյն Մարմինի Ներկայացուցիչներուն Հետ

30 մայիսին «Արամ Մանուկեան» կեդրոնին մէջ, ՀՅԴ Հայաստանի Գերագոյն մարմինի նախաձեռնութեամբ, ՀՅԴ Բիւրոյի ներկայացուցիչ Յակոբ Տէր Խաչատուրեանը եւ ՀՅԴ Հայաստանի Գերագոյն մարմինի ներկայացուցիչ Իշխան Սաղաթէլեանը հանդիպում ունեցան ՀՅԴ Երեւանի կառոյցի ընկերներուն հետ: Հանդիպումի ընթացքին քննարկուեցան կազմակերպական,  ներքաղաքական, համահայկական եւ աշխարհաքաղաքական հարցեր: ՀՅԴ Բիւրոյի ներկայացուցիչը խօսեցաւ ՀՅԴ նախաձեռնութեամբ Ստեփանակերտի մէջ կազմակերպուած «Հայաստան-Արցախ ռազմավարական դաշինք» ֆորումի մասին: ՀՅԴ Բիւրոյի եւ ՀՅԴ Հայաստանի...

Նախագահ Սարգսեան Ընդունած Է  Համահայկական  Խաղերու Համաշխարհային  Կոմիտէի Պատուիրակութիւնը

Նախագահ Սարգսեան Ընդունած Է Համահայկական Խաղերու Համաշխարհային Կոմիտէի Պատուիրակութիւնը

Հայաստանի Հանրապետութեան նախագահ Արմէն Սարգսեան ընդունած է Համահայկական խաղերու համաշխարհային կոմիտէի պատուիրակութիւնը: Ինչպէս կը յայտնեն Հայաստանի Հանրապետութեան նախագահի մամլոյ ծառայութենէն, Հանրապետութեան նախագահը ողջունած է համահայկական խաղերու իրականացումն ու ընդհանրապէս համահայկական այդ նախաձեռնութեան գաղափարը` նշելով, որ խաղերու միաւորող ոգին պէտք է օգտագործուի նաեւ Հայաստան-Արցախ-սփիւռք կապերը աւելի սերտացնելու համար: Համահայկական խաղերու համաշխարհային կոմիտէի նախագահ Իշխան Զաքարեան նախագահին ներկայացուցած է խաղերու ծրագիրն ու...

Վարչապետ Փաշինեան. «Այսօր Այս Կազմով  Կառավարութեան Վերջին Նիստն Է»

Վարչապետ Փաշինեան. «Այսօր Այս Կազմով Կառավարութեան Վերջին Նիստն Է»

Երէկ տեղի ունեցած կառավարութեան նիստին սկիզբը Հայաստանի վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան յայտարարեց, որ արդէն ուժի մէջ կը մտնէ  կառավարութեան կառուցուածքի վերաբերեալ նոր օրէնքը, եւ ասիկա  գործադիրի վերջին նիստն է այս կազմով: Վարչապետը շնորհակալութիւն յայտնեց գործընկերներուն, նաեւ անոնց,  որոնց հետ այլեւս պիտի չշարունակէ աշխատիլ: «Մենք համոզուած ենք, որ ատիկա ճիշդ որոշում էր, եւ համոզուած եմ, որ ճիշդ որոշումին շնորհիւ մենք պիտի ունենանք...

Դաւիթ Իշխանեան. «Կոչ Կ՛ուղղենք Բոլորին  Ցուցաբերելու Իրարու Նկատմամբ  Հանդուրժողականութիւն Ու Գիտակցուած  Քաղաքական Գործունէութիւն»

Դաւիթ Իշխանեան. «Կոչ Կ՛ուղղենք Բոլորին Ցուցաբերելու Իրարու Նկատմամբ Հանդուրժողականութիւն Ու Գիտակցուած Քաղաքական Գործունէութիւն»

Արցախի Հանրապետութեան Ազգային ժողովի «Դաշնակցութիւն» խմբակցութեան պատգամաւոր Դաւիթ Իշխանեան 30 մայիս 2019-ին տեղի ունեցած Ազգային ժողովի լիագումար նիստին ունեցած է ելոյթ մը, որուն ընթացքին անդրադարձած է վերջին շրջանին տեղի ունեցած անցուդարձերուն` ըսելով, որ հանրութեան մօտ առկայ  մտահոգութիւններու շարքը «համալրուեցաւ» մեր միասնականութեան նկատմամբ աստիճանաբար խորացող անվստահութեան բաղադրիչներով: Դաւիթ Իշխանեան ըսած է. «Միասնականութիւն, որ եղած է, կայ ու կը մնայ իբրեւ մեր...

Page 488 of 797 1 … 487 488 489 … 797

Արխիւներ