Գլխաւոր լուրեր

Այցելութիւն Ներքին  Գործոց Նախարար Ռայա Հասանի

Այցելութիւն Ներքին Գործոց Նախարար Ռայա Հասանի

ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական կոմիտէն ներկայացնող պատուիրակութիւն մը, որուն մաս կը կազմէին  երեսփոխան Յակոբ Բագրատունի եւ զբօսաշրջութեան  նախարար Աւետիս Կիտանեան, այցելեց ներքին գործոց նախարար Ռայա Հասանի, որուն հետ քննարկեց երկրի ապահովութեան ընդհանուր կացութիւնը, քաղաքապետութեանց հետ առնչուող խնդիրները, ինչպէս նաեւ պետական ամավարկին առնչուող հարցեր: Անդրադարձ կատարուեցաւ նաեւ հայահոծ շրջաններու կապուած կարգ մը խնդիրներու, որոնց գծով նախարար Հասան անմիջական լուծումներու նախաձեռնեց: Նաեւ` Զինուորական...

ՀՅ Դաշնակցութիւնը Բազմամարդ Հանրահաւաքով  Մեկնարկը Յայտարարեց Իշխանութիւնները  Յանուն Երկրի Լրջանալու  Եւ Զգաստութեան Հրաւիրելու Շարժումին

ՀՅ Դաշնակցութիւնը Բազմամարդ Հանրահաւաքով Մեկնարկը Յայտարարեց Իշխանութիւնները Յանուն Երկրի Լրջանալու Եւ Զգաստութեան Հրաւիրելու Շարժումին

Երէկ` 23 մայիսին, ժամը 19:00-ին (Հայաստանի ժամանակացոյցով) Երեւանի Ազատութեան հրապարակին վրայ համախմբուած էին մեծաթիւ հայորդիներ` ընդառաջելով ՀՅԴ Հայաստանի Գերագոյն մարմինի կոչին` համախմբուելու եւ  վերջին օրերուն երկրին մէջ ստեղծուած իրավիճակին նկատմամբ իրենց մտահոգութիւնները յայտնելու, յատկապէս դատաիրաւական համակարգին վերաբերեալ վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանի մօտեցումներուն լոյսին տակ, որոնք կրկին հանրային-պետական կեանքի ալեկոծման պատճառ դարձան: «#Լրջացէք #Յանուն Երկրի» կարգախօսը կրող հանրահաւաքին ընթացքին խօսքեր արտասանեցին եւ...

Բագրատունի Ընդունեց Քուպայի Դեսպանը

Բագրատունի Ընդունեց Քուպայի Դեսպանը

ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական կոմիտէի եւ Հայկական երեսփոխանական պլոքի ներկայացուցիչ Յակոբ Բագրատունի, «Շաղզոյեան» կեդրոնի իր գրասենեակին մէջ ընդունեց Լիբանանի մէջ Քուպայի դեսպան Ալեքսանտր Փիլիքըր Մորական, որուն հետ քննարկեց Լիբանանի եւ Քուպայի միջեւ քաղաքական եւ տնտեսական յարաբերութիւններն ու զանոնք զարգացնելու կարելիութիւնները: Այցելութեան ընթացքին դեսպանին առաջարկով երեսփոխան Բագրատունի լայնօրէն անդրադարձաւ Լիբանանի հայութեան իրավիճակին, ՀՅ Դաշնակցութեան անցեալին եւ դերակատարութեան: Անդրադարձ կատարուեցաւ նաեւ շրջանային կացութեան:

Ակնարկ.  Եւրոպայի Բազմերանգ Ուղերձները Երեւանին

Ակնարկ. Եւրոպայի Բազմերանգ Ուղերձները Երեւանին

Քաղաքականօրէն ակնկալելի էր, որ դատական համակարգի արմատական բարեփոխումներու գործողութիւններու մեկնարկի պաշտօնական յայտարարութիւնը տեղի տար միջազգային իրաւաքաղաքական կեդրոններու արձագանգին: Այս պարագային դիտարժան հանգամանք կը ներկայացնէ եւրոպական միջավայրը` նկատի ունենալով Երեւան - Պրիւքսել համաձայնագիրի վաւերացման ընթացակարգն ու ընդհանրապէս համագործակցութեան խորացման եւ աշխուժացման ուղղութեամբ երկկողմանի յայտարարութիւնները: Դէպի Եւրոպա ուղղութիւնը իրերայաջորդ վարչակարգերու համար կը շարունակէ մնալ արտաքին քաղաքականութեան գերակայ օրակարգ. հետեւաբար ներքին բարեփոխման թէ...

Անդրադառնալով Ազգային Համաձայնութեան  Կառավարութիւնը Լքելու Մասին Լուրերուն`  «Ասիկա Հերթական Ապատեղեկատուութիւնն Է»  Կ՛ըսէ Արսէն Համբարձումեան

Արսէն Համբարձումեան. «Իշխանութիւնը Լաւ Չ՛աշխատիր Եւ «Դեղին Քարտ»-ի Պէտք Է Արժանանայ»

«Փոլիթիք» կայքին հետ ունեցած զրոյցին ընթացքին ՀՅԴ Բիւրոյի անդամ Արսէն Համբարձումեան խօսած է Հայաստանի վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանի` դատարանները շրջափակելու կոչին եւ դատական համակարգի բարեփոխումներ սկսելու վերաբերեալ ՀՅ Դաշնակցութեան կեցուածքին` դիտել տալով, որ Դաշնակցութիւնը իր տեսակէտը արդէն յստակօրէն արտայայտած է` նշելով միաժամանակ, որ դատական համակարգի բարեփոխումները անհրաժեշտ են: Ան զարմանալի նկատած է քանի մը հանգամանք. «Առաջինը` ինչո՞ւ միայն հիմա կը խօսուի...

Արթուր Խաչատրեան. «Նպատակը Կ՛արդարացնէ  Միջոցները» Մօտեցումը Մեզի Համար Ընդունելի Չէ»

Արթուր Խաչատրեան. «Նպատակը Կ՛արդարացնէ Միջոցները» Մօտեցումը Մեզի Համար Ընդունելի Չէ»

Այսօր` 23 մայիսին Ազատութեան հրապարակին վրայ պիտի կայանայ Դաշնակցութեան հանրահաւաքը` «Լրջացէ՛ք» կարգախօսով: «Երկիր»-ին հետ ունեցած զրոյցին ընթացքին ՀՅԴ Հայաստանի Գերագոյն մարմինի անդամ, գիւղատնտեսութեան նախկին նախարար Արթուր Խաչատրեան յիշեցուցած է, որ Դաշնակցութիւնը աջակցեցաւ մէկ տարի առաջ տեղի ունեցած ժողովրդական շարժման` անսալով քաղաքական իշխանութիւններուն կոչին, մաս կազմեց կառավարութեան, աշխատեցան մօտ 4,5 ամիս` իրենց գիտելիքներն ու կարողութիւնը ներդնելով, որ կառավարութիւնը յաջողի, սակայն յետոյ...

Արմենուհի Կիւրեղեան. «Փոփոխութիւններու  Լաւագոյն Ուղին Սահմանադրականն Է»

Արմենուհի Կիւրեղեան. «Փոփոխութիւններու Լաւագոյն Ուղին Սահմանադրականն Է»

Վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանի կոչը` փակելու դատարաններուն մուտքերն ու ելքերը, խնդրայարոյց է Հայ յեղափոխական դաշնակցութեան համար: Հանրութեան համար անորոշ էր, թէ ինչի՛ համար այս բոլորը կը կատարուի: «Թերթ»-ին հետ ունեցած զրոյցին ընթացքին այս հաստատումը կատարած է ՀՅԴ Հայաստանի Գերագոյն մարմինի անդամ Արմենուհի Կիւրեղեան: Ըստ անոր, տեղի ունեցածը սահմանադրական կարգի տապալման փորձ էր: «Ասիկա առաջին դէպքը չէր. 2 հոկտեմբերին կատարուեցաւ նոյն բանը:...

Պաքու. «Հայաստանը Ցոյց Տուաւ,  Որ Տրամադիր Չէ Իր Ժողովուրդը  Խաղաղութեան Նախապատրաստելու»

Պաքու. «Հայաստանը Ցոյց Տուաւ, Որ Տրամադիր Չէ Իր Ժողովուրդը Խաղաղութեան Նախապատրաստելու»

Երեքշաբթի օր յայտնի դարձաւ, որ, Արսենալի որոշումով, Հայաստանի ֆութպոլի հաւաքականի կիսապաշտպան, անգլիական խումբի անդամ Հենրիխ Մխիթարեան պիտի չմեկնի Պաքու: Ազրպէյճանի արտաքին գործոց նախարարութիւնը, սակայն, մեղադրած է Հայաստանի արտաքին գործոց նախարարութիւնը: Ըստ «Հաքքին» կայքին, նախարարութեան բանբեր Լէյլա Ապտուլայեւա յայտարարած է, թէ Հայաստան Մխիթարեանը կ՛օգտագործէ իր սադրիչ նպատակներուն համար: «Ցաւօք, այդ քայլերը անգամ մը եւս ցոյց տուին, որ Հայաստան տրամադիր չէ իր...

«Լիբանան Կարիքը Ունի Նման  Նախաձեռնութիւններու, Որոնք Կը Միտին  Պահպանել Կենսոլորտը  Եւ Ծառայել Ընկերութեան»  Շեշտեց Նախարար Կիտանեան

Նախարար Կիտանեան. «Պետական Ամավարկը Համեստ Դասակարգի Եկամուտին Ոչ Մէկ Ձեւով Պիտի Դպչի»

Զբօսաշրջութեան նախարար Աւետիս Կիտանեան երէկ հարցազրոյցի մը ընթացքին զարմանք յայտնեց երկրին մէջ կատարուած գործադուլներուն մասին, որոնք անտեղի էին եւ հիմնուած` անճիշդ տեղեկութիւններու վրայ: Ան նշեց, որ պետական ամավարկին մասին կան տարբեր տեսակէտներ, սակայն այդ իմաստով կառավարութիւնը գրեթէ վերջնական տարբերակի մը կրցած է յանգիլ եւ նկատի ունենալ այդ մասին արտայայտուած քաղաքական բոլոր ուժերուն կեցուածքները: Նախարար Կիտանեան շեշտեց, որ իրենք պետական ամավարկի...

Յայտարարութիւն

ՀՅԴ Հայաստանի Գերագոյն Մարմինի Յայտարարութիւնը

«Համախմբուելու եւ այս անհեռանկար ընթացքը կասեցնելու ժամանակն է» Վերջին օրերին երկրում ընթացող զարգացումները եւ, յատկապէս, դատաիրաւական համակարգի վերաբերեալ վարչապետ Ն. Փաշինեանի մօտեցումները կրկին մեր հանրային-պետական կեանքի ալեկոծման պատճառ են դարձել: Այս կապակցութեամբ հարկ ենք համարում կատարել հետեւեալ արձանագրումները. - Տարբեր հարցերի վերաբերեալ իշխանութիւնների չկշռադատուած, խնդրայարոյց եւ տարակուսանքի տեղիք տուող որոշումները, այլակարծութեան ակրեսիւ մերժումը թշնամանքի եւ անհանդուրժողականութեան մթնոլորտ են ստեղծում, ինչը...

Հանրային Խորհուրդ. «Նման Գործելաոճ Չի Բխիր  Իրաւական Պետութիւն Կառուցելու Եւ Խնդիրները  Բացառապէս Օրէնքով Լուծելու Սկզբունքներէն»

Հանրային Խորհուրդ. «Նման Գործելաոճ Չի Բխիր Իրաւական Պետութիւն Կառուցելու Եւ Խնդիրները Բացառապէս Օրէնքով Լուծելու Սկզբունքներէն»

Հանրային խորհուրդը մայիս 20-ին գումարած է արտակարգ նիստ` քննարկելու Հայաստանի դատական համակարգին շուրջ ստեղծուած իրավիճակը: Այս մասին կը տեղեկացնէ Հանրային խորհուրդի մամլոյ ծառայութիւնը: Խորհուրդի անդամները նախ անդրադարձած են վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանի` հանրապետութեան բոլոր դատարաններու ելքերն ու մուտքերը փակելու կոչին: Արտայայտուած են տարբեր կարծիքներ ու դիրքորոշումներ, սակայն շատեր լուրջ մտահոգութիւն յայտնած են այդ երեւոյթին վերաբերեալ` նշելով, որ նման գործելաոճ չի բխիր...

ԵԽԽՎ-ն Մտահոգութիւն Յայտնած Է Փաշինեանին`  Դատարաններու Մուտքերը  Փակելու Կոչին Առնչութեամբ

ԵԽԽՎ-ն Մտահոգութիւն Յայտնած Է Փաշինեանին` Դատարաններու Մուտքերը Փակելու Կոչին Առնչութեամբ

Եւրոպական խորհուրդի խորհրդարանական վեհաժողովը անդրադարձած է Հայաստանի ներքաղաքական դաշտին մէջ արձանագրուած վերջին զարգացումներուն, մասնաւորաբար վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանի` դատարաններու մուտքերը արգելափակելու վերաբերեալ կոչին: ԵԽԽՎ-ի Հայաստանի մշտադիտարկման խումբի համազեկուցողներ Եուլիա Լուվոչքինան եւ Անտրէյ Շիրցել, մեկնաբանելով Փաշինեանի` 19 մայիսին իր աջակիցներուն ուղղած կոչը, նշած են, թէ իշխանութիւնները պէտք է զերծ մնան այնպիսի գործողութիւններէ եւ յայտարարութիւններէ, որոնք կրնան ընկալուիլ իբրեւ ճնշում դատական համակարգին վրայ:...

«Եւրոպական Միութիւն – Հայաստան  Խորհրդարանական Գործընկերութեան  Յանձնախումբ»-ը Մտահոգութիւն Կը Յայտնէ

«Եւրոպական Միութիւն – Հայաստան Խորհրդարանական Գործընկերութեան Յանձնախումբ»-ը Մտահոգութիւն Կը Յայտնէ

Եւրոպական խորհրդարանի «Եւրոպական Միութիւն-Հայաստան խորհրդարանական գործընկերութեան յանձնախումբ»-ի պատուիրակութեան ղեկավար Սաճատ Քարիմ յայտարարութիւն հրապարակած էր Հայաստանի մէջ տեղի ունեցած վերջին զարգացումներուն առնչութեամբ` մտահոգութիւն յայտնելով վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանի կողմէ իր աջակիցներուն ուղղուած կոչին գծով` մայիս 20-ին հայաստանեան բոլոր դատարաններուն ելումուտը փակելու: «Մեր մտահոգութիւնը կը յայտնենք նաեւ պարտադիր եւ ընդհանուր «վեթինկ»-ի գաղափարին առնչութեամբ, որ պէտք է վերաբերի անխտիր բոլոր դատաւորներուն: Մենք կը հասկնանք,...

Ըստ Եւրոպական Ժողովրդական  Կուսակցութեան Նախագահին.  Հայաստանի Իշխանութիւնները Պէտք Է  Երաշխաւորեն Դատական Համակարգի Անկախութիւնը

Ըստ Եւրոպական Ժողովրդական Կուսակցութեան Նախագահին. Հայաստանի Իշխանութիւնները Պէտք Է Երաշխաւորեն Դատական Համակարգի Անկախութիւնը

Եւրոպական ժողովրդական կուսակցութեան (ԵԺԿ) նախագահ Ժոզեֆ Տոլ «Թուիթըր»-ի իր էջին վրայ հետեւեալ գրառումը կատարած է Հայաստանի մէջ դատական համակարգի բարեփոխումներուն վերաբերեալ. «Հայաստանի իշխանութիւնները պէտք է երաշխաւորեն, որ որեւէ բարեփոխման պարագային առաջնահերթ ըլլայ դատական համակարգի անկախութիւնը` իբրեւ ժողովրդավարական հասարակութեան առանցք: Պէտք է յարգել օրէնքի գերակայութիւնը եւ իշխանութիւններու տարանջատումը», գրած է ան:

Հայաստանի Ազգային Ժողովը Ընդունեց  «Զինուորական Ծառայութեան Եւ Զինուորի  Կարգավիճակի Մասին» Օրէնքի Նախագիծը

Խմբագրական. Ազգային Ժողովն Է Դատական Բարեփոխումներու Միակ Միջավայրը

Վարչապետ Փաշինեանի կոչը` դատարաններու ելքն ու մուտքը արգելակելու, ազդարարեց յեղափոխութեան երկրորդ փուլի իրականացման մեկնարկը: Յանկարծակի այս որոշումը ուշագրաւ է այն առումով, որ կը փոխարինէ երկրորդ փուլի նախապէս յայտարարուած բնոյթը: Խօսքը տնտեսական յեղափոխութեան մասին է, որ յայտարարուած էր վարչապետին եւ գործող մեծամասնութեան կողմէ` օրէնսդիր եւ գործադիր հաստատութիւններու արմատական իշխանափոխութենէն ետք: Երկրորդ փուլի անուանակարգային փոփոխութիւնը եւ մանաւանդ անոր յայտարարուած քաղաքական պահը անմիջապէս...

ՀՅԴ-ի Ներկայացուցիչները Հանդիպում  Ունեցած Են Հայաստանի Մէջ Իրանի Դեսպանին Հետ

Դաշնակցութիւնը Հանրահաւաք Պիտի Կատարէ Ազատութեան Հրապարակին Վրայ

Հայ յեղափոխական դաշնակցութիւնը մայիս 23-ին, ժամը 19:00-ին (Հայաստանի ժամանակացոյցով) Ազատութեան հրապարակին վրայ կը կատարէ հանրահաւաք: Դիմատետրի իր էջին վրայ այս մասին գրած է ՀՅԴ Հայաստանի Գերագոյն մարմինի ներկայացուցիչ Իշխան Սաղաթէլեան, որ նաեւ ՀՅԴ  Գերագոյն մարմինի գոհունակութիւնը յայտնած է ՀՅԴ Հայաստանի կառոյցի բոլոր ընկերներուն եւ համակիրներուն իրենց զգօն, գիտակից եւ պատրաստակամ կեցուածքին համար:

Լիլիթ Գալստեան. «Քաոսային Վիճակը Կը Խախտէ  Հայաստանի Պետականութեան Հիմերը»

Լիլիթ Գալստեան. «Քաոսային Վիճակը Կը Խախտէ Հայաստանի Պետականութեան Հիմերը»

«Երեւան թուտէյ»-ը վերջին քանի մը օրերու իրադարձութիւններուն մասին հարցազրոյց  կատարած է ՀՅԴ Հայաստանի Գերագոյն Մարմնի անդամ Լիլիթ Գալստեանի հետ, որ ըսած է, թէ ամբողջ հասարակութիւնը զարմացած է, թէ ի՛նչ պատահած է. «Մենք բախում ունեցանք քաղաքական եւ իրաւական անհեթեթութեան հետ: Երկրի թիւ մէկ քաղաքական պատասխանատուն իշխանութեան ճիւղերէն մէկուն նկատմամբ հանդէս եկաւ ճնշումներու կոչով: Որքան փորձեցի այսօրուան նման միջադէպ աշխարհի մէջ գտնել`...

Փաշինեան. «Հասած Է Դատական Համակարգին Մէջ  Վիրահատական Միջամտութիւններ Կատարելու Ժամանակը»

Փաշինեան. «Հասած Է Դատական Համակարգին Մէջ Վիրահատական Միջամտութիւններ Կատարելու Ժամանակը»

Հետեւելով վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանի 19 մայիսի երեկոյեան ուղղած կոչին` Հայաստանի քաղաքացիներ 20 մայիսի առաւօտուն փակած են դատարաններու շէնքերու մուտքերը, զորս կրկին բանալու կոչ ուղղած է ան քանի մը ժամ ետք, կառավարութեան նիստին իր արտասանած խօսքէն ետք: Վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան յայտարարած է, որ ժողովուրդին վստահութիւնը չվայելող դատական իշխանութեան գործունէութիւնը միշտ ալեկոծումներ կը յառաջացնէ հանրութեան մէջ, ուստի ան սպառած նկատած է դատական...

Վարչապետ Փաշինեան Եւ Արամ Ա. Վեհափառ Հայրապետը Ունեցան Հեռաձայնային Զրոյց

Վարչապետ Փաշինեան Եւ Արամ Ա. Վեհափառ Հայրապետը Ունեցան Հեռաձայնային Զրոյց

Հայաստանի պաշտօնական լրահոսը հաղորդեց, որ Հայաստանի Հանրապետութեան վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան հեռաձայնային զրոյց  ունեցած է Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Արամ Ա. վեհափառ հայրապետին հետ: Լրատուութիւնը հիմնուած էր վարչապետին դիմատետրեան գրառումին վրայ, ուր բառացիօրէն կ՛ըսուէր. «Նրան ներկայացրի Հայաստանում ընթացող գործընթացները` արձանագրելով, որ տեղի են ունենում ժողովրդի, այսինքն` սահմանադրական իշխանութեան ամրապնդման` մասնաւորապէս անկախ եւ անաչառ դատարան ունենալուն ուղղուած գործընթացներ, որոնց էութեան եւ բովանդակութեան մասին...

Հայաստանի Ներքաղաքական Լարուածութիւնը Բարձր Նշաձող Կ՛արձանագրէ

Հայաստանի Ներքաղաքական Լարուածութիւնը Բարձր Նշաձող Կ՛արձանագրէ

Վարչապետը Կոչ Ուղղեց Արգելակելու Դատական Համակարգը Համատարած Դատապարտում`  Հրանդ Մարգարեանի Դէմ Կատարուած  Յարձակումին Շաբաթավերջը բաւական թէժ էր հայաստանեան ներքաղաքական իրադարձութիւններուն առումով: Նախապէս ալ արդէն Հայաստանի նախկին նախագահ Ռոպերթ Քոչարեանի դատավարութեան հոլովոյթը հասարակական մեծ լարուածութիւն ստեղծած էր, բայց շաբաթ օր Երեւանի Աւան եւ Նոր Նորք վարչական շրջաններու ընդհանուր իրաւասութիւններու դատարանի վճիռը` Քոչարեանի խափանման միջոցը փոխելու գծով, աւելի եւս շիկացուց մթնոլորտը: Այդ...

Page 490 of 797 1 … 489 490 491 … 797

Արխիւներ