Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

«Բարեփոխումները Պէտք Է Ըլլան Սահմանադրութեան Եւ Գործող Օրէնքներու Շրջանակներուն Մէջ» Կ՛ըսէ Լիլիթ Գալստեան

Յուլիս 26, 2019
| Newsletter, Գլխաւոր լուրեր, Հայկական
0
Share on FacebookShare on Twitter

Քաղաքական 7 ուժեր` Ազատութիւն կուսակցութիւնը, Ազգային օրակարգ կուսակցութիւնը, Երկիր ծիրանի կուսակցութիւնը, Հայաստանի դեմոկրատական կուսակցութիւնը, ՀՅ Դաշնակցութիւնը, Մէկ Հայաստան կուսակցութիւնը եւ Ռամկավար ազատական կուսակցութիւնը, Հայաստանի մէջ դատարաններու շուրջ ծաւալած իրադարձութիւններուն վերաբերեալ տարածած են յայտարարութիւն մը, որուն մէջ նշուած է, թէ ներկայիս քաղաքական իշխանութիւնը, ժողովրդաիշխանութեան եւ փտածութեան դէմ պայքարի անուան տակ շահարկելով դատաիրաւական համակարգին մէջ առկայ եւ տարիներու ընթացքին կուտակուած խնդիրներն ու արատաւոր երեւոյթները, ըստ էութեան, ձեռնամուխ եղած է ծայրայեղ գործողութեան` դատական իշխանութեան իւրացման:

Թերեւս, բոլորիս յայտնի է, որ դատական իշխանութիւնը իւրացուած է վերջին 25 տարիներու ընթացքին նախորդ իշխանութիւններուն կողմէ, իսկ ժամանակին այդ իշխանութեան մաս կազմած է նաեւ ՀՅԴ-ն: Այն ժամանակ ինչո՞ւ ՀՅԴ-ն անհանգստութիւն չէր յայտներ եւ յայտարարութիւններով հանդէս չէր գար «Առաջին լրատուական»-ի հարցումին ՀՅԴ Հայաստանի Գերագոյն մարմինի անդամ Լիլիթ Գալստեան պատասխանեց7 «Բացարձակապէս ատիկա այդպէս չէ: Այո, անցած 20 տարիներուն ընթացքին ժամանակ առ ժամանակ մենք եղած ենք համաձայնական կառավարութիւններու անդամ, բայց մենք չենք ունեցած  ամբողջական պատասխանատուութիւն եւ հաւասարապէս չենք կիսած պատասխանատուութիւնը, եւ չէինք կրնար ամբողջական ազդեցութիւն ունենալ երկրի զարգացման փիլիսոփայութեան, կառավարման որակներու եւ այլնի վրայ:

«Ասիկա չի նշանակեր, որ ես ամբողջութեամբ պատասխանատուութեան դաշտէն դուրս կու գամ: Ո՛չ, մենք այն քաղաքական ուժն ենք, որ ունի քաղաքական քաջութիւն` ո՛չ միայն տեսնելու այդ սխալները, այլ նաեւ բարձրաձայնելու: Դաշինքի մաս կազմելով` մենք միշտ առանձնացուցած ենք իշխանութեան ճիւղերուն միջեւ տարանջատման եւ փոխադարձ վերահսկելիութեան ոսկէ կանոնը»:

«Այն, որ դատական համակարգը խոր վերափոխման անհրաժեշտութիւն ունէր, տակաւին այն ժամանակ կը գիտակցուէր: Այնուամենայնիւ, նախորդ իշխանութիւններուն օրերուն, եւրոպական ընտանիքի աջակցութեամբ, դատական բարեփոխումներու որոշակի ընթացք Հայաստանի մէջ կատարուած է: Ըսել, որ անցած 30 տարիներուն ընթացքին Հայաստանի մէջ դատական համակարգը յառաջընթաց չէ ապրած, ատիկա բացարձակապէս իրականութեան չի համապատասխաներ»,  աւելցուց Լիլիթ Գալստեան:

 

 

Նախորդը

ՀՅԴ Երիտասարդական Կառոյցներու Պատասխանատուները Հանդիպում Ունեցած Են Սփիւռքի Գործերու Ընդհանուր Յանձնակատար Զարեհ Սինանեանի Հետ

Յաջորդը

Նախարար Մնացականեան Հանդիպում Ունեցած Է Վրաստանի Խորհրդարանի Նախագահին Հետ

RelatedPosts

Ակնարկ.  Կարմիր Գիծէն Անցում Դէպի Մտահոգութիւն
Գլխաւոր լուրեր

Ակնարկ. Կարմիր Գիծէն Անցում Դէպի Մտահոգութիւն

Հոկտեմբեր 25, 2025
«Վենետիկի Յանձնաժողովը Արձանագրած Է Քրէական Շարք Մը Գործերու Ապօրինութիւնը» Նիւթով Մամլոյ Ասուլիս
Գլխաւոր լուրեր

«Վենետիկի Յանձնաժողովը Արձանագրած Է Քրէական Շարք Մը Գործերու Ապօրինութիւնը» Նիւթով Մամլոյ Ասուլիս

Հոկտեմբեր 25, 2025
«Հայաստան» Խմբակցութեան Պատգամաւորները Եւրոպական Միութեան Դեսպան Վասիլիս Մարակոսի Հետ Հանդիպում Ունեցան
Գլխաւոր լուրեր

«Հայաստան» Խմբակցութեան Պատգամաւորները Եւրոպական Միութեան Դեսպան Վասիլիս Մարակոսի Հետ Հանդիպում Ունեցան

Հոկտեմբեր 25, 2025
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?