Սուրիոյ Մէջ Մարդասիրական Առաքելութիւն Կատարողներու Առաջին Խումբը Տեսակցած Է Վարչապետին Հետ
Վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան 1 յուլիսին հիւրընկալած է Սուրիոյ մէջ մարդասիրական առաքելութիւն կատարած Հայաստանի մասնագէտներու առաջին խումբի անդամները: Վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան ողջունած է մարդասիրական առաքելութիւն կատարող խումբի անդամները եւ շնորհակալութիւն յայտնած անոնց` առաքելութիւնը բարեյաջող կատարելնուն համար: «Այս տարուան փետրուարին Հայաստանի կառավարութիւնը Սուրիա մարդասիրական առաքելութիւն ուղարկելու վերաբերեալ շատ կարեւոր որոշում տուաւ, որ, վստահաբար, բազում քննարկումներու առիթ դարձաւ` ներքաղաքական, արտաքին քաղաքական, աշխարհաքաղաքական: Բայց,...




















