Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Մնացականեան Միացեալ Նահանգներու Հետ Կապերը Աշխուժ Կը Նկատէ

August 23, 2019
| Newsletter, Գլխաւոր լուրեր, Հայկական
0
Share on FacebookShare on Twitter

Հայաստանի արտաքին գործոց նախարար Զոհրապ Մնացականեան 22 օգոստոսին անդրադարձաւ վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանի Միացեալ Նահանգներ տալիք այցելութեան, խօսեցաւ Ազրպէյճանի հետ կապերուն, ինչպէս նաեւ հոն յայտնուած հայ զինուորին մասին:

Անդրադառնալով Փաշինեանի` Միացեալ Նահանգներ այցելութեան, ան ըսաւ, որ Հայաստանը բաւական աշխուժ յարաբերութիւններ ունի Միացեալ Նահանգներու հետ: «Նախագահ Թրամփի եւ արտաքին գործոց նախարար Փոմփէոյի հետ հանդիպում չենք ունեցած, բայց ատիկա պատճառ չէ, որ մեր երկխօսութիւնը նուազի Միացեալ Նահանգներուն հետ, այլ անիկա շատ աւելի աշխուժացած է», նշեց Մնացականեան եւ աւելցուց, որ Միացեալ Նահանգներու համակարգը իւրայատուկ է` բարդ կառուցուածքով, եւ երբ պահը ըլլայ նախագահ Թրամփի կամ նախարար Մայք Փոմփէոյի հետ հանդիպելու, տեսակցութիւնը կը կայանայ: Ատիկա օրակարգի վրայ է, եւ սխալ են այն զրոյցները, որ հանդիպումներ կարելի չէ յաջողցնել այս անձնաւորութիւններուն հետ:

Ան դիտել տուաւ, որ Հայաստանի եւ Ազրպէյճանի միջեւ ստեղծուած գործնական կապը բաւական կայուն կերպով կը շարունակուի:

Անդրադառնալով Ազրպէյճանի արտաքին գործոց նախարար Էլմար Մամետեարովի հետ նոր հանդիպման վերաբերող հարցումի մը` Մնացականեան ընդգծեց, որ հանդիպումները կը շարունակուին, բանակցային հոլովոյթը կանգ չէ առած, բայց եւ այնպէս ճշդուած պահուն այս մասին կը յայտարարուի:

Անոր համաձայն, Ազրպէյճանի սահմանը հատած հայ զինուոր Արայիկ Ղազարեանի հարցը կը շարունակէ բաւական մտահոգիչ մնալ: «Այս պահուն նորութիւն չունիմ, բայց նշեմ, թէ ե՛ւ Կարմիր խաչը, ե՛ւ պաշտպանութեան նախարարութիւնը, ե՛ւ անմիջական կապ ունեցող միւս կառոյցները կը հետապնդեն այս հարցը: Հարցը կը պահանջէ համակարգուած մօտեցում», շեշտեց Մնացականեան:

 

Նախորդը

Արծուիկ Մինասեան. «Ամուլսարի Հարցով Փորձաքննութեան Ժամկէտներու Ձգձգումը Մտահոգիչ Է»

Յաջորդը

Արմէն Սարգսեան. «Յատուկ Ջանքեր Պէտք Է Ներդնենք, Որպէսզի Բնութեան Վնաս Չտանք»

RelatedPosts

Ակնարկ.  Թեհրանի Ընտրած Պահը`  Շեշտակի Զգուշացնելու
Գլխաւոր լուրեր

Ակնարկ. Թեհրանի Ընտրած Պահը` Շեշտակի Զգուշացնելու

November 7, 2026
Վելայաթի Կը Զգուշացնէ Հայաստանը
Գլխաւոր լուրեր

Վելայաթի Կը Զգուշացնէ Հայաստանը

November 7, 2026
Փանքին. «Հայաստան Յաջորդ Շաբաթ Կրնայ  Զրկուիլ ՀԱՊԿ-ի Մէջ Քուէարկելու Իրաւունքէն»
Հայկական

Փանքին. «Հայաստան Յաջորդ Շաբաթ Կրնայ Զրկուիլ ՀԱՊԿ-ի Մէջ Քուէարկելու Իրաւունքէն»

November 7, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.