Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Իշխան Սաղաթէլեան. «Ստեղծուած Լարուածութեան Պատճառը Իշխանութիւններուն Հակասական, Չկշռադատուած Գործողութիւններն Են»

August 22, 2019
| Newsletter, Գլխաւոր լուրեր, Հայկական
0
Share on FacebookShare on Twitter

ՀՅԴ Հայաստանի Գերագոյն մարմինի ներկայացուցիչ Իշխան Սաղաթէլեան «Թերթ»-ին հետ ունեցած զրոյցի մը ընթացքին յայտնեց, թէ Դաշնակցութիւնը այն կարծիքին է, որ Ամուլսարի հանքի շահագործման հարցին շուրջ ստեղծուած լարուածութեան պատճառը իշխանութիւններուն հակասական, չկշռադատուած գործողութիւններն են, որոնց իբրեւ արդիւնք հասարակութեան մօտ մեծ ակնկալութիւններ ձեւաւորուած էին, սակայն անոնք չկրցան իրականացնել սպասուածը:

«Հարցին հանրային մեծ հնչեղութիւնը հաշուի առնելով` կը կարծենք, որ պէտք է լրացուցիչ ուսումնասիրութիւններ իրականացուին, եւ հարցը լուծուի հանրաքուէի միջոցով: Բերուած փաստարկները համոզիչ չեն, պէտք է ունենանք մասնագիտական խումբերու լրացուցիչ երկխօսութիւն եւ հարցը լուծենք հանրաքուէի միջոցով. թող մեր ժողովուրդը ի՛նք որոշէ` պէ՞տք է հանքի շահագործումը մեզի, թէ՞ ոչ», ըսաւ ան:

Սաղաթէլեան յիշեցուց, որ իշխանութիւնները միշտ կը շեշտեն, որ ժողովուրդը պէտք է որոշէ եւ ըսէ, թէ ի՛նչ պէտք է ընեն իրենք:

Պատասխանելով այն հարցումին, թէ ինչո՞ւ համոզիչ չեն բերուած հիմնաւորումները եւ արդեօք ճնշումներ կա՞ն կառավարութեան ուղղուած` ՀՅԴ Հայաստանի Գերագոյն մարմինի ներկայացուցիչը նշեց, որ մէկ տարի առաջուընէ կառավարութիւնը պէտք չէ նման սպասումներ ձեւաւորէր հասարակութեան մօտ, որ Ամուլսարի հանքը պիտի չշահագործուի: «Ըստ էութեան, այդ ուղղութեամբ կը կատարուէր ամէն բան: Մէկ տարի ինչո՞ւ աշխատանքները դադրեցուցին: Յստակ տեղեկութիւն չունինք`  ճնշումներ կա՞ն, թէ՞ չկան, փաստեր չունինք, բայց ակնյայտ է, որ բերուած հիմնաւորումները, փաստարկները համոզիչ չեն, եւ ասիկա առիթ պէտք չէ հանդիսանայ, որ հասարակութիւնը լրացուցիչ բեւեռացուի կամ մեր հասարակութեան պառակտուածութիւնը աւելի խորանայ: Պէտք է համոզիչ փաստարկներ բերեն, եւ գտնենք ճիշդ լուծումներ», դիտել տուաւ Սաղաթէլեան:

«Թերթ»-ին լրագրողը հարցուց, թէ կրնա՞ն քաղաքական շրջադարձներ արձանագրուիլ այս առումով` Սաղաթէլեան պատասխանեց. «Այն, որ այս հարցը շատ «ջուր կը վերցնէ» եւ պիտի շարունակէ մնալ քաղաքական-հասարակական օրակարգի վրայ` ատիկա  ակնյայտ է»:

 

 

Նախորդը

Արմէն Ռուստամեան Հանդիպում Ունեցաւ Արցախի Կեդրոնական Կոմիտէին Հետ

Յաջորդը

ՀՅԴ Հայաստանի Գերագոյն Մարմինի Յայտարարութիւնը` Ամուլսարի Հարցին Վերաբերեալ

RelatedPosts

Ակնարկ.  Թեհրանի Ընտրած Պահը`  Շեշտակի Զգուշացնելու
Գլխաւոր լուրեր

Ակնարկ. Թեհրանի Ընտրած Պահը` Շեշտակի Զգուշացնելու

November 7, 2026
Վելայաթի Կը Զգուշացնէ Հայաստանը
Գլխաւոր լուրեր

Վելայաթի Կը Զգուշացնէ Հայաստանը

November 7, 2026
Փանքին. «Հայաստան Յաջորդ Շաբաթ Կրնայ  Զրկուիլ ՀԱՊԿ-ի Մէջ Քուէարկելու Իրաւունքէն»
Հայկական

Փանքին. «Հայաստան Յաջորդ Շաբաթ Կրնայ Զրկուիլ ՀԱՊԿ-ի Մէջ Քուէարկելու Իրաւունքէն»

November 7, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.