Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Կարօ Փայլան Եւ Էպրու Կիւնայ ՀՅԴ Հարաւային Ամերիկայի Ղեկավարութեան Հետ Տեսնուեցան

Օգոստոս 21, 2019
| Newsletter, Գլխաւոր լուրեր, Հայկական
0
Share on FacebookShare on Twitter

Ուրբաթ, 16 օգոստոսին, Թուրքիոյ Ազգային ժողովին մէջ Ժողովուրդի ժողովրդավարական կուսակցութեան երեսփոխաններ Կարօ Փայլան եւ Էպրու Կիւնէյ, որոնք շրջապտոյտի ելած են Հարաւային Ամերիկա, այցելեցին Պուենոս Այրէսի մէջ ՀՅԴ Հարաւային Ամերիկայի Կեդրոնական կոմիտէի կեդրոնատեղի: Զիրենք ընդունեցին ՀՅԴ Հաւարային Ամերիկայի Կեդրոնական կոմիտէի անդամներ, ուղեկից կազմակերպութիւններու` ՀՕՄ-ի, ՀՄԸՄ-ի եւ Համազգայինի, շրջանային թէ տեղական ղեկավարներ, երիտասարդական կազմակերպութեան եւ սկաուտներու ներրկայացուցիչներ: Հանդիպումին իր մասնակցութիւնը բերաւ Ընկերվար միջազգայնականի մէջ ՀՅԴ ներկայացուցիչ Մարիօ Նալպանտեան:

Հիւրերուն բարի գալուստի խօսքով հանդէս եկաւ ՀՅԴ Հարաւային Ամերիկայի Կեդրոնական կոմիտէի ներկայացուցիչ Ջանիկ Քէչեան, որ կուսակցութեան Հարաւային Ամերիկայի կառոյցին եւ ուղեկից կազմակերպութիւններուն անունով ամբողջական զօրակցութիւն յայտնեց իրենց առաքելութեան: Ելոյթ ունեցան Կիւնայ եւ Փայլան, որոնք հակիրճ ձեւով ներկայացուցին Թուրքիոյ մէջ այսօր տիրող շատ մտահոգիչ իրավիճակը, իրենց պայքարն ու մասնաւորաբար կիներու դերակատարութիւնը: Անոնք անդրադարձան նաեւ շրջան իրենց այցելութեան, որ իր տեսակին մէջ առաջինն էր` գոհունակութիւն յայտնելով իրենց ունեցած քաղաքական հանդիպումներուն, ինչպէս նաեւ մամլոյ անդրադարձին մասին: Մեր նպատակը, ըսաւ մասնաւորաբար Փայլան, Հարաւային Ամերիկայի հանրային կարծիքին ներկայացնելն է Էրտողանի հալածական քաղաքականութեան սպառնալիքը, որ կրնայ նոր ցեղասպանութեան յանգիլ: Թուրքիոյ ժողովրդավարացման համար մեր պայքարը ձեր ալ պայքարն է, ըսաւ ան` դիմելով ներկաներուն, որոնց կոչ ուղղեց նոր սերունդին սորվեցնելու, որ Արեւմտեան Հայաստանը նոյնքան իրենց հայրենիքն է, որքան Հայաստանի Հանրապետութիւնը, եւ համոզում յայտնեց, որ Թուրքիոյ ժողովրդավարացումով եւ ազգայնականութեան վերացումով Հայոց ցեղասպանութիւնը պիտի ճանչցուի:

Տեղի ունեցաւ հարցուպատասխան, որուն ընթացքին ներկաները հետաքրքրուեցան Թուրքիոյ մէջ հայ համայնքին իրավիճակով, ինչպէս նաեւ` Հարաւային Ամերիկայի իրենց այս շրջապտոյտէն իրենց ունեցած սպասումներուն մասին:

Հանդիպման վերջաւորութեան ՀՄԸՄ-ի Արարատ սկաուտական խումբի ղեկավարները Կիւնային եւ Փայլանին նուիրեցին փողկապներ, որով, ինչպէս Կեդրոնական կոմիտէի անդամներէն մէկը փակման խօսքին մէջ ըսաւ, կը վերանորոգուի միասնական պայքարի ուխտը:

 

Նախորդը

Վարչապետ Հարիրի Բացումը Կատարեց Պէյրութի Միջազգային Օդակայանի Ընդարձակուած Բաժինին

Յաջորդը

Ըստ Ամերիկայի Հայ Դատի Յանձնախումբին. Ամերիկայի Կողմէ Արցախին Տրուող Նպաստին Դադրեցումը Սխալ Ազդանշան Է Ալիեւի Վարչակազմին

RelatedPosts

Ակնարկ.  Սիւնիքը` Ապու Տապիի Տաք Կէտ
Գլխաւոր լուրեր

Ակնարկ. Սիւնիքը` Ապու Տապիի Տաք Կէտ

Յուլիս 12, 2025
Սաղաթէլեան. «Մեզ Լռեցնել Չեն Կրնար»
Գլխաւոր լուրեր

Սաղաթէլեան. «Մեզ Լռեցնել Չեն Կրնար»

Յուլիս 12, 2025
Պրուսօ. «Միացեալ Նահանգներ Կ՛աջակցին  Ազրպէյճանի Եւ Հայաստանի Միջեւ Խաղաղութեան Ձգտման»
Գլխաւոր լուրեր

Պրուսօ. «Միացեալ Նահանգներ Կ՛աջակցին Ազրպէյճանի Եւ Հայաստանի Միջեւ Խաղաղութեան Ձգտման»

Յուլիս 12, 2025
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?