Վարչապետ Սաատ Հարիրի երէկ կէսօրին Ուաշինկթընէն վերադարձաւ Պէյրութ:
Նախքան օդակայանէն դուրս գալը, Հարիրի Պէյրութի միջազգային օդակայանի ընդարձակուած բաժինին բացման արարողութիւնը կատարեց` ներկայութեամբ զբօսաշրջութեան նախարար Աւետիս Կիտանեանի, հանրօգուտ շինութեանց եւ փոխադրութեան հարցերու նախարար Եուսեֆ Ֆընիանոսի, ներքին գործոց նախարար Ռայա Հասանի եւ տեղեկատուութեան նախարար Ժամալ Ժարրահի:
Այս առիթով վարչապետ Հարիրի յոյս յայտնեց, որ ճամբորդներուն համար յաւելեալ դիւրութիւններ կը ստեղծուին` կառավարութեան որդեգրած այս նոր քայլերուն շնորհիւ:
Ան հաստատեց, որ կառավարութիւնը տարբեր նախարարութիւններու միջեւ գործակցութեամբ յաւելեալ աշխատանքներու ալ պիտի դիմէ, որպէսզի ճամբորդութեան աւելի մատչելի պայմաններ ստեղծէ Լիբանան այցելողներուն համար: «Թէեւ ուշացանք օդակայանին մէջ նման դիւրութիւններ ստեղծելու առումով, սակայն նախարարներուն աշխատանքը ողջունելի է, եւ կը մաղթենք, որ բոլոր ճամբորդները հանգիստ կատարեն իրենց ճամբորդութիւնը` առանց խճողումներու դէմ յանդիման գտնուելու», ըսաւ ան:
Պատասխանելով Հըզպալլայի զօրակից քաղաքական ուժերու դէմ պարտադրուելիք ամերիկեան պատժամիջոցներու հաւանականութեան մասին հարցումի մը` Հարիրի ըսաւ. «Ամերիկեան պատժամիջոցները ես չեմ պարտադրեր, իսկ այս իմաստով Ուաշինկթընի մօտեցումը յստակ է»:
Անդրադառնալով Լիբանանի տնտեսական իրավիճակին մասին կատարուելիք արժեւորումին` վարչապետ Հարիրի ըսաւ, թէ այդ իմաստով կառավարութիւնը իր բոլոր պարտականութիւնները կատարեց: Ան աւելցուց, որ 2019-ի պետական ամավարկը եւս այս իմաստով լաւ արդիւնք մը ունեցաւ: «Անհրաժեշտ է, որ 2020-ի պետական ամավարկը եւս սահմանադրական ժամկէտին վաւերացնենք, որովհետեւ անիկա դրական տպաւորութիւն կը ձգէ երկրին տնտեսական կացութեան արժեւորումին վրայ», ըսաւ ան:
Վարչապետ Հարիրի յայտնեց, որ քաղաքական որեւէ ուժի դէմ ցեխարձակում կատարողը` Մուսթաքպալ հոսանքին դէմ յարձակած կ՛ըլլայ, իսկ ո՛վ որ Ընկերվար յառաջդիմական կուսակցութեան ղեկավար Ուալիտ Ժոմպլաթին դէմ կը յարձակի, երկրին բոլոր քաղաքական ուժերուն դէմ յարձակած կ՛ըլլայ», ըսաւ ան:
Աղբահանումի տագնապին մասին հարցումի մը պատասխանելով` վարչապետ Հարիրի շեշտեց, որ ո՛չ իսլամը պատրաստ է ընդունելու քրիստոնեաներուն աղբը եւ ո՛չ ալ հակառակը: «Ասիկա տեղայնական ցեղապաշտութեան նշան է եւ ամօթալի երեւոյթ, որմէ պէտք է ամչնալ», ըսաւ ան:
Վարչապետարանին Մէջ Նախարարական Յանձնախումբի Նիստ
Երեկոյեան ժամը 5:30-ին, վարչապետ Հարիրի նախագահեց նախարարական յանձնախումբի նիստի մը, որուն ընթացքին քննարկուեցաւ աղբահանումի տագնապի լուծման հարցը:
Նիստէն ետք կենսոլորտի նախարար Ֆատի Ժրայսաթի յայտնեց, որ համաձայնութիւն գոյացած է յառաջիկայ երեքշաբթի օր աղբահանումի թղթածրարին վերաբերող կառավարութեան ճակատագրական նիստ մը գումարել:




