Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան. «Ամուլսարի Հանքավայրի Աշխատանքները Պիտի Չդադրին»

August 20, 2019
| Newsletter, Գլխաւոր լուրեր, Հայկական
0
Share on FacebookShare on Twitter

Երէկ առաւօտեան, Երեւանի Ազատութեան հրապարակէն դէպի Բաղրամեան 26 հասած  Ամուլսարի հանքի շահագործման դէմ բողոքող ցուցարարները շարունակեցին իրենց բուռն ցոյցը` ընկերակցելով  Ջերմուկէն ինքնաշարժներով երթ կազմակերպած քաղաքացիներու:

Միւս կողմէ, զուգահեռաբար տեղի ունեցաւ վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանի հրաւիրած հանդիպումը, որուն մասնակցեցան  կառավարութեան անդամներ, շահագրգիռ նախարարութիւններու ղեկավարներ, Ջերմուկ համայնքի աւագանիի անդամները, Գորայք, Զառիթափ, Ջերմուկ համայնքներու բնակիչները, կրթական եւ առողջարանային հաստատութիւններու ներկայացուցիչներ, բնապահպաններ: Կառավարութեան հասարակութեան հետ կապերու վարչութեան համաձայն, վարչապետը ներկայացուց Ամուլսարի հանքի ծրագիրին առնչութեամբ յարուցուած քրէական գործի ծիրին մէջ իրականացուած աշխատանքները, անդրադարձաւ միջազգային փորձաքննութեան եզրակացութեան եւ անոր առնչուող վերլուծումին:

Աւելի ուշ «Քաղաքացիական պայմանագիր» կուսակցութեան գրասենեակին մէջ տեղի ունեցաւ հանդիպում վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանի եւ «Իմ քայլը» խմբակցութեան պատգամաւորներուն միջեւ:

Քննարկումէն երկու ժամ ետք վարչապետի մամլոյ բանբեր Վլատիմիր Կարապետեան լրագրողներուն հետ զրուցելով նշեց, որ վարչապետը ըսած է, թէ ներկայիս չկան հիմքեր, որ «Լիտիան» ընկերութիւնը դադրեցնէ հանքի շահագործումը: Պատասխանելով այն հարցումին, որ բնապահպանները չեն հաւատար կատարուած փորձաքննութեան արդիւնքներուն, արդեօք նոր քննութիւն պիտի կատարուի՞` Կարապետեան ըսաւ, թէ ներկայիս ատոր կարիքը չկայ:

Մինչ այդ խումբ մը քաղաքացիներ, բնապահպաններ ուզեցին մտնել Ազգային ժողով եւ քննարկում կատարել Ամուլսարի նիւթով, կացութիւնը հետզհետէ լարուեցաւ, եւ ոստիկանները դարպասները փակեցին ցուցարարներուն դիմաց, անկէ ետք ոստիկաններուն ու ցուցարարներուն միջեւ հրմշտուք տեղի ունեցաւ, ցուցարարները գետին նստան ու փակեցին ճամբան. ճամբան բանալու փորձի ընթացքին լարուած վիճակը  սրեցաւ, եւ 6 ցուցարարներ բերման ենթարկուեցան: «Ասիկա ո՛չ միայն Ջերմուկի, այլեւ ամբողջ Հայաստանի խնդիրն է, ասիկա համաժողովրդական խնդիր է: Այս ամէնը կը կատարուի հայ ժողովուրդին համար», պոռացին ցուցարարները:

Լրագրողներուն հետ զրոյցի մը ընթացքին ջերմուկցիները ըսին, որ եթէ Ամուլսարի խնդիրին լուծում չտրուի, կառավարութիւնը որոշէ, որ հանքը պիտի շահագործուի, իրենք պիտի չնահանջեն ու պիտի փակեն բոլոր ճամբաները: «Եթէ Նիկոլը մերժեց Սերժին, ուրեմն ինքնաբերաբար պէտք է մերժէ Սերժին կողմէ եկած բոլոր բացասական ծրագիրները», ըսաւ ցուցարարներէն մէկը:

Երեկոյեան, Հայաստանի վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան շուրջ 1 ժամ 17 վայրկեան տեւած ֆէյսպուքեան ուղիղ հեռարձակման աւարտին յայտարարեց, որ նպատակայարմար կը գտնէ շարունակել հանքին շահագործումը:

«Մեր կառավարութեան, պետութեան, ժողովուրդի, երկրի շահերէն է, որ մենք օրինական, մեր կողմէ առաջադրուած պայմանը եւ ժողովուրդին  վստահութեան քուէն ստացած պայմանը բաւարարենք, այսինքն` առիթ տանք, որ Ամուլսարի հանքը շահագործուի», յայտնեց Փաշինեան` նշելով, որ այդ եզրակացութեան հասաւ ներկայ դրութեամբ իր մօտ առկայ տեղեկատուութեամբ:

Հեռարձակման ընթացքին ներկայացնելով Ամուլսարի ոսկիի հանքին շուրջ ստեղծուած իրավիճակին ամբողջ նախապատմութիւնը, իրեն ներկայացուած փաստերը, փորձագիտական գնահատականները եւ յիշեցնելով նախապէս կատարած իր յայտարարութիւնները եւ տուած գնահատականները, Փաշինեան վստահեցուց, որ այս պահու դրութեամբ կառավարութեան ունեցած տեղեկատուութիւնը յստակ է` հանքի շահագործումը չի վնասեր Սեւանին եւ Ջերմուկին:

Ըստ վարչապետին, Ամուլսարի հանքը պիտի փակուի, եթէ պարզուի, որ անիկա վնաս կը հասցնէ Սեւանայ լիճին, Ջերմուկի ջուրերուն եւ բնութեան այլ տարրերուն:

Վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան ուղիղ եթերի ընթացքին մէջբերեց Քննչական կոմիտէի նախագահ Հայկ Գրիգորեանի յայտարարութիւնը, որուն համաձայն, Ամուլսարի շահագործումը պիտի չվնասէ Սեւանայ լիճին, Ջերմուկի ջուրերուն, Դարբ, Արփի եւ Որոտան գետերուն:

Նախորդը

Արայիկ Ղազարեանի Հարցով Հանդիպում Կարմիր Խաչի Պատասխանատուին Հետ Եւ Քննութիւն` Անոր Զօրամասին Մէջ

Յաջորդը

Պուրճ Համուտի Քաղաքապետութեան Կազմակերպութեամբ. Հանդիպում – Քննարկում Կոյաջուրերու Զտարանին Ունենալիք Կենսոլորտային Ազդեցութեան Եւ Հետեւանքներուն Մասին

RelatedPosts

Արամ Ա. Վեհափառ Հայրապետին Հետ  Զրոյց-Հանդիպում Լիբանանի Ազգային Առաջնորդարանին Մէջ
Գաղութային

Արամ Ա. Վեհափառ Հայրապետին Հետ Զրոյց-Հանդիպում Լիբանանի Ազգային Առաջնորդարանին Մէջ

October 30, 2026
Ազգային Ժողովին Մէջ Բուռն Ծեծկռտուք`  Իշխանական Եւ Ընդդիմադիր  Պատգամաւորներու Միջեւ
Գլխաւոր լուրեր

Ազգային Ժողովին Մէջ Բուռն Ծեծկռտուք` Իշխանական Եւ Ընդդիմադիր Պատգամաւորներու Միջեւ

October 30, 2026
Լեւոն Մնացականեան Պաքուի Դատարանին Մէջ Հերքած Է Ազրպէյճանցիի Մեղադրանքը
Հայկական

Ըստ Հայաստանի Իշխանութիւններուն Գերիներու Հարցի Լուծման Ուղին Կ՛անցնի Ազրպէյճանի Հետ Երկխօսութեան Ընդմէջէն

October 30, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.