ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական կոմիտէի եւ Հայկական երեսփոխանական պլոքի ներկայացուցիչ, երեսփոխան Յակոբ Բագրատունի երէկ` ուրբաթ, 3 յունուար 2020-ին, կէսօրէ ետք ժամը 3:00-ին, հարցազրոյց մը ունեցաւ «Վանայ ձայն»-ի արաբերէնով սփռուող յայտագիրէն:
Հարցազրոյցին ընթացքին երեսփոխան Բագրատունի դատապարտեց Իրանի Յեղափոխական պահակագունդի «Քուտս» ջոկատի հրամանատար Քասեմ Սիւլէյմանին եւ Ժողովրդային աշխարհազօրի փոխնախագահ Ապու Մեհտի Մուհանտեսի սպանութիւնը` զայն նկատելով Իրաքի գերիշխանութեան դէմ գործուած ոտնձգութիւն, ինչպէս նաեւ միջազգային սկզբունքներուն հակադրուող անարգ արարք մը:
Ան անդրադարձաւ նաեւ լիբանանեան տագնապի ներքին եւ արտաքին ծալքերուն` յուսադրելով, որ պէտք է դիմանալ եւ տոկուն մնալ` դիմագրաւելու համար այս տագնապը:
Հարցազրոյցին ամբողջութիւնը պիտի հրապարակուի յաջորդիւ:



