Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Տարեվերջի Խմբագրական Նիւթեր (Դ. Եւ Վերջ). Նիւթական

Դեկտեմբեր 31, 2019
| Newsletter, Գլխաւոր լուրեր, Խմբագրական
0
Share on FacebookShare on Twitter

Լիբանանը հարուածած ֆինանսատնտեսական աննախադէպ ճգնաժամը բնականաբար իր ազդեցութիւնը ունեցաւ ինչպէս բոլոր հաստատութիւններուն, այնպէս նաեւ թերթերուն վրայ: Մանաւանդ` թղթային մամուլին:

Տպագիր մամուլը, առանց վերջին տագնապին ալ արդէն գոյատեւման պայքարի մէջ էր, լիբանանեան, թէ ընդհանրապէս միջազգային մակարդակներու վրայ: Հայ թերթը եւս չէր կրնար չազդուիլ մեծ տարողութիւն ստացած ալիքէն:

Նիւթական առումով իբրեւ պաշտօնաթերթ ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական կոմիտէն կը շարունակէ մնալ հիմնական հոգատարը թերթին: Այս գլխաւոր աջակցութեան առընթեր «Ազդակ» ունի եկամուտի երեք կարեւոր աղբիւր: Առաջինը իր բաժանորդներն են, որոնց կայուն թիւի պահպանումը հասկնալի պատճառներով դանդաղ անկում կ՛արձանագրէ: Երկրորդը, որ աւելի կտրուկ նահանջի երեւոյթ կը պարզէ գովազդային եւ ծանուցողական շուկան է, որ սերտօրէն առնչուած ըլլալով երկրի անմխիթար իրավիճակ պարզող շուկային, պարզապէս նախկին մուտքերը չի կրնար ապահովել: Եւ երրորդը զօրակցական բնոյթի, բայց նաեւ ընթացիկ առիթներու կատարուող նուիրատուութիւններն են: Երկրին պարզած կացութենէն կ՛ազդուին երկու ուղղութիւններն ալ շատ տրամաբանօրէն:

Ձեռնածալ մնալը մեր աւանդական գործելաձեւին հետ որեւէ աղերս չունի: Ճգնաժամին դիմաց պիւտճէական կրճատումի միջոցները ամէնէն դիւրինն են: Կրճատումները եւս յատկապէս մարդուժի առումով մաս չեն կազմեր մեր աւանդական ըմբռնողութեան: Հոսանքին դէմ թիավարելու, մկանները պրկելու եւ յաւելեալ աշխատանքի ձեռնարկելը նման պայմաններու մէջ պարզապէս պարտադիր է:

Առաջին հերթին դիմեցինք մեր արտասահմանեան ընթերցողներուն: Եղան արագ արձագանգումներ, նոյնիսկ ինքնաբուխ քայլեր: Զուգահեռ փորձեցինք թափ տալ «Ազդակ»-ի թուայնացուած հաւաքածոյի վաճառքի ծրագիրին: Բոլոր անոնք, որոնք ընդառաջեցին մեր դիմումին, մենք ընկալեցինք ո՛չ միայն արխիւային գանձարանով մը օժտուելու մղումով, այլ նաեւ «Ազդակ»-ին նեղ պայմաններուն նեցուկ կանգնելու փաստով:

Արամ Ա. վեհափառ հայրապետի եւ «Հայաստան» համահայկական հիմնադրամին նուիրատուութիւնները աւելի քան խորհրդանշական էին. կը սպասէինք, որ ուրիշ կեդրոններ եւս հետեւէին այս օրինակներուն:

Յատկանշական էր, եւ մեզի համար ոգեւորիչ էր, որ Զաւարեան ուսանողական միութիւնը յատուկ նախագիծ պատրաստեց յատկապէս առցանց նուիրատուութիւններ ապահովելու հեռանկարով: Այժմ թեքնիք դժուարութիւններ լուծելու փուլին մէջն ենք: Կը գիտակցինք, եւ վարչութեան հետ մեր քննարկումներուն այն եզրակացութեան հասած, որ առցանցը գերաշխուժացնելու բոլոր առարկայական պատճառները կը կուտակուին եւ կը մղեն մեզ այդ դաշտին մէջ աւելի ներգործօն աշխատելու:

«Ազդակ»-ի ամանորեան բացառիկը հրատարակել թէ չհրատարակելը լուրջ երկմտանք յառաջացուցած էր տնօրէնութեան եւ խմբագրական թէ վարչական բաժիններուն մօտ: Նման պայմաններու մէջ հատորի մը հրատարակութիւնը կը պայմանաւորուէր ծանուցումներով: Թէ՛ ամէն տարուան հովանաւորին գօտեպնդիչ աջակցութիւնը եւ թէ՛ ծանուցողներուն համար բացառիկ զեղչերով առաջարկուող գովազդային գիները եւ անոնց ընդառաջումը շօշափելի դարձուցին աւանդութենէն չշեղիլը:

Արտակարգ դրութեան մէջ առնուող նախաձեռնութիւններ, «Հայ մամուլի տարուան» առիթով կատարուած քաջալերական եւ գնահատական յատկացումներ, բացառիկ գիներով ծանուցումներ, արտասահմանեան նուիրատուութիւններ պիտի շարունակուին` նկատի ունենալով Լիբանանի տնտեսական կացութեան երկարաձգման միտումները: Այդ բոլորը ճիգեր են ներկայ պայմաններուն մէջ մուտքեր ապահովելու: Հիմնական տիրութիւնը կատարողը անշուշտ Կեդրոնական կոմիտէն է, որ վճռած է հակառակ բոլոր տեսակի դժուարութիւններուն անխափան երթ ապահովել «Ազդակ»-ին:

«Ա.»

Նախորդը

Արցախի Նախագահը Այցելած Է Սահմանագիծ

Յաջորդը

Սփիւռքի Գործերի Գլխաւոր Յանձնակատարի Ամանորեան եւ Ս. Ծննդեան Ուղերձը

RelatedPosts

Ակնարկ.  Սիւնիքը` Ապու Տապիի Տաք Կէտ
Գլխաւոր լուրեր

Ակնարկ. Սիւնիքը` Ապու Տապիի Տաք Կէտ

Յուլիս 12, 2025
Սաղաթէլեան. «Մեզ Լռեցնել Չեն Կրնար»
Գլխաւոր լուրեր

Սաղաթէլեան. «Մեզ Լռեցնել Չեն Կրնար»

Յուլիս 12, 2025
Պրուսօ. «Միացեալ Նահանգներ Կ՛աջակցին  Ազրպէյճանի Եւ Հայաստանի Միջեւ Խաղաղութեան Ձգտման»
Գլխաւոր լուրեր

Պրուսօ. «Միացեալ Նահանգներ Կ՛աջակցին Ազրպէյճանի Եւ Հայաստանի Միջեւ Խաղաղութեան Ձգտման»

Յուլիս 12, 2025
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?