Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Վարչապետ Փաշինեանի Շնորհաւորական Ուղերձը

January 4, 2020
| Newsletter, Գլխաւոր լուրեր, Հայկական
0
Share on FacebookShare on Twitter

Հայաստանի վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան Նոր տարուան եւ Ս. Ծննդեան տօներուն առիթով, Հանրապետութեան հրապարակին վրայ  հաւաքուածներուն ուղղեց շնորհաւորական խօսք մը:

Ան իր խօսքին մէջ ըսաւ, թէ ուրախ է փաստելով, որ տեսանելի ու շօշափելի բազմաթիւ արդիւնքներ արձանագրուած են անցնող տարուան ընթացքին:

Ըստ վարչապետ Փաշինեանի, Հայաստանի Հանրապետութեան քաղաքացիները կրնան տեսնել եւ զգալ տնտեսութեան մէջ տեղի ունեցած հետեւեալ փոփոխութիւնները.

«2019-ին Հայաստանի մէջ նորոգուած են այնքան ճամբաներ, որքան 2015, 2016 եւ 2017-ն միասին:

Բարձրացած են զինուորներու, փրկարարներու, ուսուցիչներու, անտառապահներու, բազմաթիւ աշխատողներու աշխատավարձերը, 1 յունուար 2020-էն սկսեալ կը բարձրանան բոլոր տեսակի կենսաթոշակները եւ նպաստները, կ՛աւելնայ նուազագոյն աշխատավարձը»:

Վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան յայտարարեց, որ ներկայիս Հայաստան կը գտնուի աղքատութեան ամէնէն ցած մակարդակին վրայ, Հայաստանի մէջ միջազգային պահեստները հասած են աննախադէպ ծաւալներու` գերազանցելով 2,8 միլիառ տոլարը, իսկ 2019-ի պետական պիւտճէի հարկային եկամուտները գերակատարուած են աւելի քան 100 միլիառ դրամով: Հայաստանի կառավարութիւնը կ՛իրականացնէ բազմաթիւ ծրագիրներ, որոնց միջոցով հազարաւոր ընտանիքներու կ՛աջակցի` աշխատանքով յաղթահարելու աղքատութիւնը եւ կառուցելու բարեկեցութիւն: Ըստ վարչապետին, մայիս 2018-էն սկսեալ ստեղծուած են շուրջ 84.000 նոր աշխատատեղեր եւ նուազած է անգործներուն թիւը:

«2020 թուականը պիտի դառնայ համազգային տրամադրութեան, ինքնավստահութեան ու հաւատի անհատականացման տարի: Նոր տարուան ընթացքին սեփական ուժերու եւ ապագայի նկատմամբ հաւատքով ու եռանդով պիտի համակուին նոյնիսկ թերահաւատները, եւ մենք իւրաքանչիւր քաղաքացիի պէտք է ուժ տանք, վստահութիւն, քաջալերանք, որ ինք կրնայ, ինք ունակ է, ինք ի վիճակի է ունենալու  յաջողութիւններ` կրթութեան, ասպարէզին մէջ, ձեռներէցութեան, արդար, ստեղծագործ, գրագէտ աշխատանքով արդիւնք ստեղծելու, հարստանալու եւ սեփական երկիրը հարստացնելու գործին մէջ»:

Հայաստանի վարչապետը խոստացաւ, որ 2020-ը պիտի ըլլայ «թերահաւատներու յուսավառուելու եւ հաւատաւորներու թռիչքի տարի»:

 

Նախորդը

Նախագահ Սահակեան. «2020-ը Արցախի Համար Պիտի Ըլլայ Նաեւ Քաղաքական Գործընթացներով Հարուստ Տարի»

Յաջորդը

Նախագահ Սարգսեան. «2020-ին Մեր Յոյսերը Պէտք Է Շարունակեն Դառնալ Գործնական Քայլեր Եւ Արդիւնքներ»

RelatedPosts

Կիլիկիա Վերլուծական Հարթակի Հերթական Առցանց Նիստ
Գաղութային

«Կիլիկիա Վերլուծական Հարթակ»ի հերթական առցանց նիստ

February 2, 2026
Թրամփ Յայտարարած Է, Որ Իրան Կը Բանակցի Միացեալ Նահանգներու Հետ
Գլխաւոր լուրեր

Թրամփ Յայտարարած Է, Որ Իրան Կը Բանակցի Միացեալ Նահանգներու Հետ

February 2, 2026
Միացեալ Նահանգներու Մասնակցութեամբ Ուքրանիոյ Եւ Ռուսիոյ Բանակցութիւնները Տեղի Պիտի Ունենան Յաջորդ Շաբաթ Ապու Տապիի Մէջ
Գլխաւոր լուրեր

Միացեալ Նահանգներու Մասնակցութեամբ Ուքրանիոյ Եւ Ռուսիոյ Բանակցութիւնները Տեղի Պիտի Ունենան Յաջորդ Շաբաթ Ապու Տապիի Մէջ

February 2, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.