Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Նախագահ Սահակեան. «2020-ը Արցախի Համար Պիտի Ըլլայ Նաեւ Քաղաքական Գործընթացներով Հարուստ Տարի»

Յունուար 4, 2020
| Newsletter, Գլխաւոր լուրեր, Հայկական
0
Share on FacebookShare on Twitter

Արցախի նախագահ Բակօ Սահակեան յղեց շնորհաւորական ուղերձ մը Նոր տարուան առիթով` հաստատելով, որ բոլորս նոր յոյսերով, բարի ցանկութիւններով եւ ակնկալութիւններով կը դիմաւորենք 2020 թուականը:

«Բնական է, որ մեր ժողովուրդը առաջին հերթին կը ցանկայ խաղաղութիւն, ապրիլ, արարել, ստեղծագործել, շէնացնել, զարգացնել ու զօրացնել հարազատ երկիրը: Մեզմէ իւրաքանչիւրը կ՛ուզէ երջանիկ ու առողջ տեսնել իր հարազատներն ու բարեկամները:

Այս ամէնը իրականութիւն դարձնելու կարեւորագոյն գրաւականը մեր յաղթական պաշտպանութեան բանակն է, որուն քաջ զինուորներն ու հրամանատարները ամէն վայրկեան, այդ կարգին նաեւ այս պահուն կանգնած են դիրքերուն վրայ եւ խրամատներուն մէջ, կ՛ապահովեն մեր պետութեան ու հայրենիքի անվտանգութիւնը եւ անկախութիւնը, անոր  սահմաններուն անառիկութիւնը:

Այս տօնական օրով կ՛ուզեմ նախ եւ առաջ շնորհաւորել մեր զինուորները` շարքայինէն մինչեւ հրամանատար, մաղթել անոնց բարի ծառայութիւն, քաջառողջութիւն եւ յաջողութիւններ:

Կ՛ուզեմ յիշել բոլոր անոնք, որոնք նահատակուած են հայրենիքի պաշտպանութեան համար, որոնք այսօր ֆիզիքապէս ներկայ չեն իրենց օճախներուն եւ ընտանիքներուն մէջ: Թող Աստուած լուսաւորէ մեր բոլոր նահատակներուն հոգիները», նշեց նախագահը:

Նախագահ Բակօ Սահակեան յայտնեց, որ 2019-ը, ընդհանուր առմամբ, յաջող տարի էր Արցախի ընկերային-տնտեսական զարգացման տեսանկիւնէն: Գրեթէ բոլոր ոլորտներուն մէջ պահպանուած է վերջին տարիներուն արձանագրուած զարգացման թափը:

«Բնական է` կան նաեւ շատ անելիքներ: Գալիք տարուան ընթացքին մեր ժողովուրդի բարեկեցութեան աստիճանի բարձրացման ուղղութեամբ պիտի իրականացուին շարք մը կարեւոր ծրագիրներ բնակարանաշինութեան, գիւղատնտեսութեան, առողջապահութեան, կրթութեան ու գիտութեան, մշակոյթի, ենթակառուցուածքներու եւ այլ ոլորտներու մէջ: 2020-ը Արցախի համար պիտի ըլլայ նաեւ քաղաքական գործընթացներով հարուստ տարի, տեղի պիտի ունենան համապետական նշանակութեան իրադարձութիւններ, մասնաւորապէս` նախագահական եւ խորհրդարանական ընտրութիւններ, պիտի ընտրուին նոր նախագահ եւ Ազգային ժողով:

Ես աւելի քան վստահ եմ, որ մեր ժողովուրդը, ինչպէս միշտ, պիտի ցուցաբերէ քաղաքացիական բարձր պատասխանատուութիւն, եւ ընտրութիւնները պիտի ըլլան արդար, թափանցիկ, ժողովրդավարական սկզբունքներուն համահունչ: Այս բոլորին զուգահեռ պէտք է ապահովուի պետութեան բնականոն զարգացումը, նախանշուած ծրագիրներու եւ խնդիրներու արդիւնաւէտ լուծումը: Համոզուած եմ, որ այդպէս ալ պիտի ըլլայ:

Թող 2020 թուականը մեր ժողովուրդին եւ հայրենիքին համար ըլլայ յաջողութիւններով լի տարի, եւ իրականանան բոլոր նուիրական իղձերն ու ցանկութիւնները, մեր ընտանիքներուն մէջ տիրէ սէր ու ջերմութիւն», իր ուղերձի աւարտին յայտնեց Արցախի նախագահը:

Նախորդը

Հայաստանի Արտաքին Գործոց Նախարարութիւնը Մտահոգ Է Պաղտատի Մէջ Տեղի Ունեցած Զարգացումներով

Յաջորդը

Վարչապետ Փաշինեանի Շնորհաւորական Ուղերձը

RelatedPosts

Ակնարկ.  Կարմիր Գիծէն Անցում Դէպի Մտահոգութիւն
Գլխաւոր լուրեր

Ակնարկ. Կարմիր Գիծէն Անցում Դէպի Մտահոգութիւն

Հոկտեմբեր 24, 2025
ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական Կոմիտէի Պատուիրակութիւնը Այցելեց Վահան Թէքէեան Եւ Հայ Կաթողիկէ Ս. Խաչ-Հարպոյեան Բարձրագոյն Վարժարաններ
Գաղութային

ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական Կոմիտէի Պատուիրակութիւնը Այցելեց Վահան Թէքէեան Եւ Հայ Կաթողիկէ Ս. Խաչ-Հարպոյեան Բարձրագոյն Վարժարաններ

Հոկտեմբեր 24, 2025
Թրամփ. «Փութինի Հետ Հանդիպումս Ջնջեցի»
Գլխաւոր լուրեր

Թրամփ. «Փութինի Հետ Հանդիպումս Ջնջեցի»

Հոկտեմբեր 24, 2025
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?