Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Սաղաթէլեան. «Եթէ Սահմանադրութեան Փոփոխութիւններ Ըլլան, Նախ Եւ Առաջ Պէտք Է Վարչապետի Լիազօրութիւնները Կրճատուին»

Յունուար 22, 2020
| Newsletter, Գլխաւոր լուրեր, Հայկական
0
Share on FacebookShare on Twitter

«Թերթ»-ին հետ ունեցած զրոյցին ընթացքին ՀՅԴ Հայաստանի Գերագոյն մարմինի ներկայացուցիչ Իշխան Սաղաթէլեան` անդրադառնալով Սահմանադրական բարեփոխումներու մասնագիտական յանձնախումբ ստեղծելուն, ըսաւ, որ եթէ սահմանադրական փոփոխութիւններ ըլլան, նախ եւ առաջ պէտք է վարչապետին լիազօրութիւնները կրճատուին, բայց հաշուի առնելով այս իշխանութիւններուն ձեռագիրը` իրենց փոփոխութիւնները միտուած պիտի ըլլան իշխանութեան յաւելեալ ամրապնդման:

Պատասխանելով այն հարցումին, որ ի՞նչ է նպատակը Սահմանադրական փոփոխութիւններուն համար յանձնախումբի ստեղծման` Սաղաթէլեան ըսաւ. «Քանի որ իշխանութիւնը չէ յայտարարած իր նպատակի մասին, չէ յայտարարած, թէ ատիկա ընելով ի՛նչ խնդիր կ՛ուզէ լուծել, չեմ կրնար կարծիք յայտնել: Մէկ բան մեզի համար շատ յստակ է` նախկինին վերադարձ չկայ. երկրի կառավարման ձեւը` խորհրդարանական համակարգէն կրկին անցում կիսանախագահական կամ նախագահական համակարգին, մենք կը բացառենք»:

Ըստ Սաղաթէլեանի, Սահմանադրութեան փոփոխութեան համար պէտք է երկու կարեւոր պատճառ գոյութիւն ունենայ: «Պէտք է հասարակական պահանջ ըլլայ եւ երկրորդ` հիմնաւորում, թէ այսօրուան Սահմանադրութեան ո՛ր յօդուածները խնդիրներ կը ստեղծեն երկրի անվտանգութեան, զարգացման կարելիութիւններուն համար: Երբ կը կողմնորոշուին, կը յայտարարեն իրենց Սահմանադրական փոփոխութիւններու յանձնախումբ ստեղծելու նպատակը եւ կը յայտարարեն, թէ այդ յանձնախումբը ի՛նչ փոփոխութիւններով եւ առաջարկներով պիտի ներկայանայ, այդ ժամանակ ալ մենք մեր դիրքորոշումները յստակ կ՛ըսենք, որովհետեւ մեզի համար շատ սկզբունքային է խորհրդարանական կառավարման համակարգը», նշեց ան:

Արձագանգելով այն դիտարկման, որ վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան յայտարարած էր, որ այս գործող Սահմանադրութեամբ աւելի դիւրին է իշխանափոխութիւն իրականացնել, հիմա Սահմանադրութեան փոփոխութիւններու յանձնախումբ ստեղծելը ի՞նչ կ՛ենթադրէ` Սաղաթէլեանն արձագանգեց. «Եթէ Սահմանադրութեան փոփոխութիւններ ըլլան, նախ եւ առաջ պէտք է վարչապետի լիազօրութիւնները կրճատուին»:

Սաղաթէլեան յիշեցուց, որ այս իշխանութիւնները, մասնաւորապէս երկրի ղեկավարը, Սահմանադրութեան փոփոխութենէն ետք կը քննադատէին «սուփըրվարչապետական» համակարգը: «Ուստի նախ եւ առաջ այս սուփըրվարչապետական համակարգէն պէտք է ազատիլ, սակայն, բնականաբար, հաշուի առնելով այս իշխանութիւններու ձեռագիրը, իրենց փոփոխութիւնները միտուած պիտի ըլլան իշխանութիւնը ալ աւելի ամրապնդելուն: Հաշուի առնելով իշխանութեան գործելաոճը` կարելի է նման ենթադրութիւն ընել, բայց թող հանդէս գան իրենց պատճառաբանութիւններով, առաջարկներով, մենք ալ համապատասխան դիրքորոշում կը յայտնենք», շեշտեց ան:

 

Նախորդը

Հայաստանի Կառավարութեան Եւ Վարչապետին Ենթակայ Մարմիններուն Լիազօրութիւնները Կ՛ընդարձակուին

Յաջորդը

Նախագահ Արմէն Սարգսեան Մասնակցեցաւ Տաւոսի Համաշխարհային Տնտեսական Համաժողովի Բացման

RelatedPosts

«Անկախներ Լիբանանի Համար» Հանդիպման Պատուիրակութիւնը Կ՛այցելէ «Շաղզոյեան» Կեդրոն
Գաղութային

«Անկախներ Լիբանանի Համար» Հանդիպման Պատուիրակութիւնը Կ՛այցելէ «Շաղզոյեան» Կեդրոն

Հոկտեմբեր 16, 2025
Կալուզին. «Չի Բացառուիր, Որ Լեռնային Ղարաբաղէն  Հեռացածները Որոշ Փուլի Որոշեն Վերադառնալ.  Խաղաղապահներու Ներկայութիւնը Այս Մարդոց Համար  Պիտի Դառնայ Հանգստութեան Լրացուցիչ Գործօն»
Հայկական

Կալուզին. «Պաքուի Եւ Երեւանի Միջեւ Վերջնական Հաշտութիւնը Պէտք Է Ստորագրուի Մոսկուայի Մէջ»

Հոկտեմբեր 16, 2025
Ձերբակալուեցան Արագածոտնի Թեմի Առաջնորդը Եւ Խումբ Մը Հոգեւորականներ
Գլխաւոր լուրեր

Ձերբակալուեցան Արագածոտնի Թեմի Առաջնորդը Եւ Խումբ Մը Հոգեւորականներ

Հոկտեմբեր 16, 2025
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?