Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Նախարար Զոհրաբ Մնացականեանը Հեռաձայնային Հաղորդակցութիւն Ունեցաւ Եւրոպական Միութեան Յատուկ Ներկայացուցիչ Թոյվօ Քլաարին Հետ

April 30, 2020
| Newsletter, Գլխաւոր լուրեր, Հայկական
0
Share on FacebookShare on Twitter

29 ապրիլին Հայաստանի արտաքին գործոց նախարար Զոհրաբ Մնացականեանը հեռաձայնային հաղորդակցութիւն ունեցաւ Հարաւային Կովկասի եւ Վրաստանի ճգնաժամի հարցերով Եւրոպական Միութեան յատուկ ներկայացուցիչ Թոյվօ Քլաարին հետ: Այս մասին «Երկիր»-ին կը տեղեկացնեն Հայաստանի արտաքին գործոց նախարարութենէն:

Զրուցակիցները քննարկեցին «Քորոնա» ժահրի տարածման լոյսին տակ ստեղծուած մարտահրաւէրները եւ անոնց դիմագրաւման վերաբերող քայլերը:

Զրուցակիցները անդրադարձան շրջանային վերջին զարգացումներուն: Արցախի մէջ տեղի ունեցած նախագահական եւ խորհրդարանական ընտրութիւններու ծիրին մէջ նախարար Մնացականեան ընդգծեց Արցախի մէջ ժողովրդավարական չափանիշներուն համապատասխան ընտրութիւններու կարեւորութիւնը` մարդու իրաւունքներու իրացման, Արցախի ժողովուրդի անվտանգութեան ապահովման եւ խաղաղ լուծման  գործընթացի արդիւնաւէտ զարգացման առումով:

Հանդիպումին անդրադարձ կատարուեցաւ նաեւ ԵԱՀԿ-ի Մինսքի խմբակի համանախագահներու միջնորդութեամբ եւ մասնակցութեամբ 21 ապրիլին Հայաստանի եւ Ազրպէյճանի արտաքին գործոց նախարարներու միջեւ տեղի ունեցած առցանց հանդիպումին, որուն իբրեւ արդիւնք որդեգրուեցաւ  միացեալ հնգակողմանի յայտարարութիւն: Այս առնչութեամբ երկուստեք առանձնայատուկ ընդգծուեցաւ «Քորոնա» ժահրին դէմ մղուող միջազգային պայքարի պայմաններուն մէջ զինադադարի դրութեան անվերապահ պահպանման եւ ամրապնդման ուղղութեամբ քայլերու ձեռնարկման անհրաժեշտութիւնը:

 

 

Նախորդը

«Քորոնա» Ժահրը Հայաստանի Մէջ

Յաջորդը

Հանդիպում Քաղաքական Ուժերու Ներկայացուցիչներուն Հետ

RelatedPosts

Թրամփ Իրանի Հետ Զինադադարը  «Ժամանակի Վատնում» Կը Նկատէ
Գլխաւոր լուրեր

Թրամփ Իրանի Հետ Զինադադարը «Ժամանակի Վատնում» Կը Նկատէ

October 28, 2026
Իսրայէլի Մէջ Տեղի Ունեցան  Խորհրդարանական Ընտրութիւններ
Գլխաւոր լուրեր

Իսրայէլի Մէջ Տեղի Ունեցան Խորհրդարանական Ընտրութիւններ

October 28, 2026
Հակադարձելով Քարաքի Եկեղեցւոյ  Վրայ Յարձակումին`  Յորդանանեան Բանակը Հարաւային Սուրիոյ Մէջ  Ծայրայեղական Խմբաւորումներու Դիրքեր Հարուածեց
Գլխաւոր լուրեր

Հակադարձելով Քարաքի Եկեղեցւոյ Վրայ Յարձակումին` Յորդանանեան Բանակը Հարաւային Սուրիոյ Մէջ Ծայրայեղական Խմբաւորումներու Դիրքեր Հարուածեց

October 28, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.