Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Աւելի Քան 30 Ծերակուտականներ Կ՛աջակցին Արցախի Ֆինանսական Օժանդակութեան Յաւելման

April 29, 2020
| Newsletter, Գլխաւոր լուրեր, Հայկական
0
Share on FacebookShare on Twitter

Աւելի քան 30 ամերիկացի ծերակուտականներ միացած են Ներկայացուցիչներու տան 75 անդամներու` 2021 թուականին Արցախի ֆինանսաւորումը աւելցնելու նախաձեռնութեան: Այս մասին «Երկիր»¬ին կը յայտնեն Ամերիկայի Հայ դատի յանձնախումբէն` տեղեկացնելով, որ կ՛առաջարկուի ֆինանսական միջոցները ուղղել ականազերծման եւ անհրաժեշտ վերականգնողական ծառայութիւններուն:

Ծերակուտական Ռապըրթ Մենենտեզի կողմէ հրապարակուած նամակին մէջ յատկացումներու յանձնախումբի երկկուսակցական ղեկավարութեան կոչ կ՛ուղղուի 2021 ելեւմտական տարուան մէջ առնուազն 1,5 միլիոն տոլար յատկացնել Արցախի մէջ ամերիկեան մարդասիրական ծրագիրներուն: Կը նշուի նաեւ, թէ յղուած նամակը խնդրագիր կը պարունակէ Լեռնային Ղարաբաղի մէջ տարածքային վերականգնողական ծառայութիւններու զգալի ֆինանսաւորման մասին` անոնց համար, որոնք վիրաւորուած են ականներէն եւ ֆիզիքական կամ ճանաչողական խանգարումներ ունին:

Ծերակուտականներու նման նախաձեռնութեան առիթով Ամերիկայի Հայ դատի յանձնախումբի գործադիր տնօրէն Արամ Համբարեան ըսած է. «Ծերակոյտի նման աջակցութեան ցուցաբերումը ակնյայտօրէն կը հաստատէ, որ Քոնկրեսը մտադրութիւն ունի շարունակել Միացեալ Նահանգներու մարդասիրական օգնութիւնը Արցախին` հակառակ վարչակազմի այս կեանքը փրկող ծրագիրը սպաննելու փորձերուն»:

«Մենք կ՛ուզենք շնորհակալութիւն յայտնել ծերակուտական Մենենտեսին` այս հարցին մէջ իր առաջնորդութեան համար, եւ մենք կ՛ակնկալենք շարունակել մեր աշխատանքը Քոնկրեսի երկու պալատներուն մէջ` արցախեան օգնութեան ծրագիրը պաշտպանելու համար», աւելցուցած է ան:

 

 

 

Նախորդը

Թրիփոլին Իր Նահատակը Յանձնեց Հողին. Ամբողջ Օրուան Ընթացքին Լիբանանեան Տարբեր Շրջաններու Մէջ Ցուցարարները Քարկոծեցին Լիբանանեան Բանակը, Քանդեցին Ու Հրկիզեցին Զանազան Դրամատուներ

Յաջորդը

«Մենք Կը Յիշենք Այն Հայերը, Որոնք 105 Տարի Առաջ Նահատակուեցան», Կ՛ըսէ Նետերլանտներու Կրթութեան Նախարարը

RelatedPosts

Ակնարկ.  Ուրուագիծեր Դէպի Նոր Շրջափուլ
Գլխաւոր լուրեր

Ակնարկ. Ուրուագիծեր Դէպի Նոր Շրջափուլ

February 3, 2026
Մօտ Օրէն Ուաշինկթըն-Թեհրան Բանակցութիւններ
Գլխաւոր լուրեր

Մօտ Օրէն Ուաշինկթըն-Թեհրան Բանակցութիւններ

February 3, 2026
Թրամփ. «Կը Յուսանք Իրանի Հետ Գործարքի Հասնիլ
Գլխաւոր լուրեր

Թրամփ. «Կը Յուսանք Իրանի Հետ Գործարքի Հասնիլ

February 3, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.