Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Իշխան Սաղաթէլեան. «Փուլային Տարբերակով Լեռնային Ղարաբաղի Տագնապի Լուծումը Անընդունելի Է»

April 29, 2020
| Newsletter, Գլխաւոր լուրեր, Հայկական
0
Share on FacebookShare on Twitter

ՀՅԴ Բիւրոն սկիզբէն յայտարարութիւն տարածած է Ռուսիոյ արտաքին գործոց նախարար Սերկէյ Լաւրովի` Լեռնային Ղարաբաղի տագնապի խաղաղ լուծման վերաբերեալ կատարուած յայտարարութեան մասին` շատ յստակ նշելով, թէ Հայաստանի ղեկավարութիւնը պէտք է յայտարարէ, որ բանակցային սեղանին չկայ փուլային լուծման առաջարկ եւ անոնց շուրջ իրենք չեն բանակցիր, չկայ միջազգային ճնշում Հայաստանի վրայ` այդ առաջարկին շուրջ բանակցելու: «Թերթ»-ին հետ զրոյցի մը ընթացքին նման նշում մը կատարեց ՀՅԴ Հայաստանի Գերագոյն մարմինի ներկայացուցիչ Իշխան Սաղաթէլեանը:

«Մենք կը կարծենք, թէ անընդունելի է տագնապի լուծումը փուլային տարբերակով, եւ երբեք կարելի չէ բանակցիլ անոր շուրջ», ըսաւ ան:

Յիշեցնենք, որ Ռուսիոյ արտաքին գործոց նախարար Սերկէյ Լաւրովը յայտարարած էր, որ հիմա Լեռնային Ղարաբաղի տագնապի բանակցային սեղանին կայ եւ կը քննարկուի լուծման փուլային տարբերակը:

Հայաստանի արտաքին գործոց նախարար Զոհրաբ Մնացականեանը,  անոր ի պատասխան, նշած էր, որ հայկական կողմերուն համար ընդունելի չէ լուծման որեւէ տարբերակ, որ չի նախատեսեր Արցախի ինքնորոշման իրաւունքի` առանց որեւէ սահմանափակման իրականացումը եւ կրնայ վտանգել Արցախի ժողովուրդին  անվտանգութիւնը:

«Հայաստանի համար ընդունելի չեն տակաւին մինչեւ 2018 ներկայացուած եւ ղարաբաղեան խաղաղ լուծման փուլային տարբերակ ենթադրող առաջարկները: Աւելին, 2018-էն ի վեր Հայաստան չի վարեր բանակցութիւններ, որոնք հիմնուած ըլլան փուլային լուծման վրայ», հարցազրոյցի մը ընթացքին ըսած էր Հայաստանի արտաքին գործոց նախարարութեան մամլոյ բանբեր Աննա Նաղդալեան:

ՀՅԴ Գերագոյն մարմնի ներկայացուցիչ Իշխան Սաղաթէլեանի համաձայն, պաշտօնական Երեւանի հաստատումները, որ չեն բանակցիր, իրենց մտահոգութիւնները չեն փարատեր եւ վստահութիւն չեն ստեղծեր: «Նախապէս ալ եղած են փուլային լուծման շուրջ քննարկումներ, եւ մենք նախապէս ալ շատ խիստ քննադատած ենք այդ ընթացքը», ըսաւ ան:

Ան նշեց, որ բանակցութիւններու հիմնական բաժինը պէտք է ըլլայ Արցախի կարգավիճակի հարցը, նաեւ 1991-ի Արցախի հանրաքուէով եւ անկէ ետք տեղի ունեցած սահմանադրական հանրաքուէներու  կամարարտայայտման սկզբունքները: «Հարցը պէտք է լուծուի ամբողջապէս: Հակառակ պարագային խօսիլ հարցի փուլային տարբերակով լուծման մասին` տարբեր երաշխիքներու հիման վրայ, անընդունելի է», ըսաւ ան:

Իշխան Սաղաթէլեանի խօսքով` նախ պէտք է հասկնանք, թէ Ազրպէյճանի զիջումը ինչ պէտք է ըլլայ: «Մենք այս պահուն Ազրպէյճանի տիրապետութեան տակ գտնուող տարածքներ ունինք: Արցախի մասին այսպէս խօսելու եւ մեր պահանջները դնելու իրաւունքը մենք մեր կենսագրութեամբ վաստակած ենք: Որեւէ զիջողական տրամադրութիւն` մեր կողմէ, անընդունելի է, դատապարտելի է», ըսաւ ան` շեշտելով, որ  հարցը պէտք է լուծուի համաժամանակեայ եւ համարժէք. «Այսինքն` մենք կարիք չունինք խօսելու փոխզիջումներու մասին, քանի տակաւին չենք գիտեր, թէ դիմացինը ի՛նչ կը զիջի»:

Հարցումին` եթէ Ազրպէյճանը, ըստ անոր, պատրաստ չէ փոխզիջումի, ինչո՞ւ պէտք է Հայաստանը զիջի, Սաղաթէլեանը պատասխանեց. «Ով որ կը կարծէ, թէ Հայաստանը պատրաստ է, կը սխալի: Մեր գլխաւոր կարգախօսն ու բանաձեւ հետեւեալն է` Հայաստանն ու Արցախը պէտք է զարգանան` առանց զիջումներու: Գաղտնիք չէ, որ կան շրջանակներ, որոնք այլ գաղափարախօսութիւն ունին, բայց ի ուրախութիւն մեզ` պէտք է ըսեմ, որ անոնք շատ չնչին փոքրամասնութիւն են մեր երկրին մէջ: Արցախը մենք ձեռք ձգած  ենք մեր արեան գնով եւ պէտք է պահպանենք, պաշտպանենք եւ շէնացնենք», ըսաւ ան:

Պատասխանելով դիտարկման, թէ արդեօք այն, որ Ռուսիոյ  արտաքին գործոց նախարարը խօսած է փուլային լուծման տարբերակին մասին, նաեւ անդրադարձած է հայ-ռուսական յարաբերութիւններուն մէջ առկայ խնդիրներու մասին, չի՞ նշանակեր, որ կայ ճնշում ռուսական կողմէն, Իշխան Սաղաթելեանը նշեց. «Ակնյայտ է, որ հայ-ռուսական յարաբերութիւններուն մէջ այսօր կան ոչ հարթ իրավիճակներ, եւ ատիկա շատ յաճախ պայմանաւորուած է մեր վարած արտաքին քաղաքականութեան չմտածուած քայլերով եւ գործողութիւններով: Բայց ատիկա չի նշանակեր, որ ըլլայ ռուսական, թէ որեւէ այլ կողմ, ունի իրաւասութիւն այս հարցով մեր պետութեան վրայ ճնշում գործադրելու: Ասիկա մեզի համար համահայկական, համազգային նշանակութեան խնդիր է: Եթէ կայ նման խնդիր, մենք պէտք է բոլորս միասնաբար դիմադրենք անոր»:

Իշխան Սաղաթէլեան աւելցուց. «Հայկական կողմը պէտք է իր օրակարգով յստակ յառաջ երթայ: Կ’ըլլան ճնշումներ, սպառնալիքներ, տարբեր մօտեցումներ, չեմ բացառեր, բայց ճիշդ քաղաքականութեան շնորհիւ պէտք է սխալ ճամբէն դուրս գանք»:

 

 

 

 

Նախորդը

Փաշինեան Եւ Ռուհանի Կարեւոր Նկատեցին Միջազգային Եւ Երկկողմանի Գործակցութիւնը` «Քորոնա»-ի Դէմ Պայքարին Մէջ

Յաջորդը

Ծիծեռնակաբերդի Հնչող Պատգամը. Գորիսցի Արտուշ Պապիկին Անխախտ Կամքն Ու Կորովը` Նոր Սերունդի Ներշնչարան

RelatedPosts

Թրամփ Իրանի Հետ Զինադադարը  «Ժամանակի Վատնում» Կը Նկատէ
Գլխաւոր լուրեր

Թրամփ Իրանի Հետ Զինադադարը «Ժամանակի Վատնում» Կը Նկատէ

October 28, 2026
Իսրայէլի Մէջ Տեղի Ունեցան  Խորհրդարանական Ընտրութիւններ
Գլխաւոր լուրեր

Իսրայէլի Մէջ Տեղի Ունեցան Խորհրդարանական Ընտրութիւններ

October 28, 2026
Հակադարձելով Քարաքի Եկեղեցւոյ  Վրայ Յարձակումին`  Յորդանանեան Բանակը Հարաւային Սուրիոյ Մէջ  Ծայրայեղական Խմբաւորումներու Դիրքեր Հարուածեց
Գլխաւոր լուրեր

Հակադարձելով Քարաքի Եկեղեցւոյ Վրայ Յարձակումին` Յորդանանեան Բանակը Հարաւային Սուրիոյ Մէջ Ծայրայեղական Խմբաւորումներու Դիրքեր Հարուածեց

October 28, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.