Գլխաւոր լուրեր

ՀՅԴ Հայ Դատի Կեդրոնական Խորհուրդը  Կ՛ողջունէ Սուրիոյ Խորհրդարանին`  Հայոց Ցեղասպանութեան Բանաձեւի Որդեգրումը

Հաղորդագրութիւն. Աւարտեցաւ Հայ Դատի Յանձնախումբերու Եւ Գրասենեակներու Հնգօրեայ Համաժողովը

24-28 փետրուար 2020 Երեւանի եւ Ստեփանակերտի մէջ գումարուեցաւ ՀՅԴ Հայ դատի յանձնախումբերու եւ գրասենեակներու համաժողովը: Համաժողովին մասնակցեցան Հայ դատի աւելի քան 20 յանձնախումբերէն եւ գրասենեակներէն եւ ՀՅԴ կուսակցական մարմիններէն մօտ 50 ներկայացուցիչներ: Համաժողովը քննարկեց Հայ դատի աշխատանքներու ընթացքը 2019-ի յունուարէն առ այսօր: Լսեց զեկոյցներ` Հայաստանի Հանրապետութեան արտաքին քաղաքականութեան մարտահրաւէրներու եւ Հայաստանի ներքաղաքական իրավիճակի մասին: Խորհրդաժողովի օրակարգին հիմնական կէտերն էին. -...

Դաւիթ Իշխանեան. «Յաղթանակի Ակնկալիքով Կը Մասնակցիմ Ընտրապայքարին»

Դաւիթ Իշխանեան. «Մենք Արցախի Մէջ Ունինք Մեր Կայուն Ընտրազանգուածը Եւ Մեր Արժանի Տեղը Պէտք Է Ունենանք Արցախի Խորհրդարանին Մէջ»

«Մենք «զերօ» քաղաքական նշանակութիւն ունեցող կուսակցութիւն չենք Արցախի մէջ եւ, յատկապէս, Արցախեան տագնապին կապուած ունինք լուրջ դերակատարութիւն: Ասոր կը կարծեմ, կը գիտակցին նաեւ Հայաստանի պաշտօնական շրջանակները», հաստատեց ՀՅԴ Արցախի Կեդրոնական կոմիտէի ներկայացուցիչ, Արցախի նախագահական թեկնածու Դաւիթ Իշխանեանը` «Թերթ»-ին հետ ունեցած զրոյցին ընթացքին: Ան կը պատասխանէր լրագրողին այն հարցումին, որ արդեօք Դաշնակցութիւնը մտահոգ չէ՞, որ այս անգամ կրնայ դուրս մնալ Արցախի...

Պէյրութի Մէջ.   Դեսպան Աթաբէկեան Եւ Արամ Անանեան Այցելեցին  Ազգային Լրատու Գործակալութեան Կեդրոն

Պէյրութի Մէջ. Դեսպան Աթաբէկեան Եւ Արամ Անանեան Այցելեցին Ազգային Լրատու Գործակալութեան Կեդրոն

Լիբանանի մէջ Հայաստանի դեսպան Վահագն Աթաբէկեան, ընկերակցութեամբ «Արմէնփրես» լրատու գործակալութեան տնօրէն Արամ Անանեանի, երէկ այցելեց Լիբանանի Ազգային լրատու գործակալութեան կեդրոն, ուր անոնք հանդիպում ունեցան Ազգային լրատու գործակալութեան տնօրէն Զիատ Հարֆուշի հետ: Հանդիպումին ընթացքին քննարկուեցան երկու լրատու գործակալութիւններուն աշխատանքներն ու իւրաքանչիւրին գործելաոճը, ինչպէս նաեւ երկկողմանի գործակցութեան եւ լուրերու փոխանակման առումով գործակցութեան համաձայնագիր մը ստորագրելու հեռանկարները: Քննարկուեցան նաեւ տեղեկատուութեան մարզին վերաբերող արհեստագիտական...

ՀՄԸՄ-ի Լիբանանի Շրջանային Սկաուտական Խորհուրդին Եւ Շրջանային Խմբապետութեան Այցելութիւնը` Նախարար Վարդինէ Օհանեան-Գէորգեանին

ՀՄԸՄ-ի Լիբանանի Շրջանային Սկաուտական Խորհուրդին Եւ Շրջանային Խմբապետութեան Այցելութիւնը` Նախարար Վարդինէ Օհանեան-Գէորգեանին

Երկուշաբթի, 2 մարտ 2020-ին ՀՄԸՄ-ի Լիբանանի Շրջանային Սկաուտական խորհուրդէն եւ Շրջանային խմբապետութենէն պատուիրակութիւն մը շնորհաւորական հանդիպում ունեցան Լիբանանի նոր կառավարութեան մէջ հայ համայնքը ներկայացնող` երիտասարդութեան եւ մարմնակրթութեան նախարար Վարդինէ Օհանեան- Գէորգեանին հետ: Հանդիպումը առիթ հանդիսացաւ ընդհանուր ակնարկով մը անդրադառնալու ՀՄԸՄ-ի Շրջանային Սկաուտական խորհուրդին ու Շրջանային խմբապետութեան աշխատանքներուն: Պատուիրակութեան անունով Շրջանային Սկաուտական խորհուրդի ատենապետ Ժան Քէչէճեան եւ Շրջանային ընդհանուր խմբապետուհի Ալիք...

Համակարգող Խորհուրդը Կ՛ազդարարէ  Համախմբման Աշխատանքներու Վերամեկնարկը

Համակարգող Խորհուրդը Կ՛ազդարարէ Համախմբման Աշխատանքներու Վերամեկնարկը

Լրագրողներու համահայկական համաժողովները համակարգող խորհուրդի նիստը, որ կայացաւ 29 փետրուարէն 1 մարտ 2020-ին Անթիլիասի մէջ, յստակացուց լրագրողներու համահայկական յառաջիկայ աշխատանքներու ընդհանուր ուղղութիւնները: Քննարկուեցան թէ՛ տարածաշրջանային, եւ թէ համընդհանուր մակարդակներով մասնագիտական բովանդակութեամբ խորհրդաժողովներ, աշխատանոցներ եւ համաժողովներ կազմակերպելու կարելիութիւնները: Համակարգող խորհուրդի քննարկումներու օրակարգին մէջ ներառուած էին Անթիլիասի մէջ անցեալ տարի տեղի ունեցած Լրագրողներու համահայկական համաժողովին արդիւնքները, համաժողովին ընթացքին հնչած առաջարկները, ինչպէս նաեւ...

Յայտարարութիւն

ՀՅԴ Հայաստանի Գերագոյն Մարմինի Յայտարարութիւնը

ՀՅԴ Հայաստանի Գերագոյն մարմինը հետեւեալ հաղորդագրութիւնը հրապարակեց մարտ 1-ին նախորդող եւ յաջորդող դէպքերուն առնչութեամբ: Սիրելի՛ հայրենակիցներ, 1 մարտ 2008-ից անցել է տասներկու տարի: Անառարկելի է, որ մարտի 1-ը մեր պատմութեան դառն ու ցաւոտ էջերից մէկն է` թէ՛ անդառնալի մարդկային, թէ՛ քաղաքական, բարոյական եւ պետական կորուստների առումով: Կարող էինք շրջանցել, բացառել այդ էջը, եթէ դրսեւորուէր քաղաքական եւ պետական բաւարար շրջահայեացութիւն, եթէ...

Յարգանքի Տուրք Մատուցուած Է  Մարտ 1-ի Զոհերու Յիշատակին

Յարգանքի Տուրք Մատուցուած Է Մարտ 1-ի Զոհերու Յիշատակին

Երէկ` կիրակի, 1 մարտ 2020-ին Հայաստանի Հանրապետութեան նախագահ Արմէն Սարգսեանի անունով ծաղիկներ զետեղուած են Միասնիկեանի արձանին մօտ` իբրեւ յարգանքի տուրք 1 մարտ 2008-ի դէպքերու զոհերու յիշատակին: Այս մասին կը յայտնեն նախագահի աշխատակազմէն: Միւս կողմէ վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան յարգանքի տուրք մատուցած է մարտի 1-ի զոհերու  յիշատակին` ծաղկեպսակ զետեղելով Ալեքսանդր Միասնիկեանի արձանին մօտ: Այս մասին կը յայտնեն կառավարութեան աշխատակազմէն: Մարտ 1-ի զոհերու...

Լիբանանի Մէջ  «Քորոնա» Ժահրով  Վարակուածներու Թիւը Կը Հասնի 10-ի

Լիբանանի Մէջ «Քորոնա» Ժահրով Վարակուածներու Թիւը Կը Հասնի 10-ի

Առողջապահութեան նախարարութեան հրապարակած տուեալներուն համաձայն, Լիբանանի մէջ երէկ արձանագրուած են «Քորոնա» ժահրով վարակուած երեք այլ պարագաներ, որոնց լոյսին տակ երկրին մէջ «Քորոնա»-ով վարակուածներու ընդհանուր թիւը հասած է 10-ի: Նախարարութիւնը նշեց, որ նոր արձանագրուած պարագաները Իրանէն եկած առաջին օդանաւին ճամբորդներէն են, որոնք արդէն իսկ իրենց բնակարաններուն մէջ մեկուսացուած էին: «Անոնց ենթարկուած բժշկական քննութիւններուն արդիւնքը դրական արձանագրելէ ետք, անոնք փոխադրուեցան հիւանդանոց եւ...

Արամ Ա. Կաթողիկոս Ընդունեց Լրագրողներու  Համահայկական Ֆորումը Համակարգող Խորհուրդը

Արամ Ա. Կաթողիկոս Ընդունեց Լրագրողներու Համահայկական Ֆորումը Համակարգող Խորհուրդը

Երէկ` կիրակի, 1 մարտ 2020-ին, Արամ Ա. վեհափառ հայրապետը ընդունեց Լրագրողներու համահայկական ֆորումը համակարգող խորհուրդը, որուն մաս կը կազմէին Սաթիկ Սէյրանեան` «168 ժամ» թերթի գլխաւոր խմբագիր եւ Հայաստանի լրագրողներու միութեան նախագահ, Տիգրան Յարութիւնեան` «Նոյեան տապան» լրատու գործակալութեան հիմնադիր եւ տնօրէն, Լրատուամիջոցներու համահայկական ընկերակցութեան նախագահ, Միքայէլ Հաճեան` լրագրող, հրապարակախօս, հրապարակագիր, քաղաքական վերլուծաբան, Արամ Անանեան` «Արմէնփրես» լրատու գործակալութեան ընդհանուր տնօրէն եւ խմբագիր,...

Արամ Ա. Կաթողիկոս Սարգիս Արմէնեանը  Յետ Մահու Կը Պարգեւատրէ  «Ս. Մեսրոպ Մաշտոց» Շքանշանով

Արամ Ա. Կաթողիկոս Սարգիս Արմէնեանը Յետ Մահու Կը Պարգեւատրէ «Ս. Մեսրոպ Մաշտոց» Շքանշանով

29 փետրուար 2020-ի յետմիջօրէի ժամը 1:00-ին Անթիլիասի Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ մայր տաճարին մէջ տեղի ունեցաւ թաղումը Համազգայինի շքանշանակիր եւ Կեդրոնական վարչութեան նախկին անդամ Սարգիս Արմէնեանին: Թաղման արարողութեան նախագահեց Շահէ եպս. Փանոսեան, որ այս առիթով արտասանած դամբանականին մէջ անդրադարձաւ Սարգիս Արմէնեանի կենսագրականին` լուսարձակի տակ առնելով հայկական եւ յատկապէս լիբանանահայ կեանքին մէջ անոր ունեցած նուիրական ներդրումն ու իւրայատուկ դերակատարութիւնը: Ան ըսաւ, որ...

Սումկայիթի Նահատակներու Յիշատակի Օրուան  Առիթով Նախագահ Արմէն Սարգսեան Հրապարակեց Ուղերձ Մը

Սումկայիթի Նահատակներու Յիշատակի Օրուան Առիթով Նախագահ Արմէն Սարգսեան Հրապարակեց Ուղերձ Մը

Վարչապետ Փաշինեան Եւ Գարեգին Բ. Կաթողիկոս Յարգեցին Նահատակներուն Յիշատակը Երէկ` ուրբաթ, 28 փետրուար 2020-ին Հայաստանի Հանրապետութեան նախագահ Արմէն Սարգսեան Ազրպէյճանի մէջ 32 տարի առաջ կազմակերպուած ջարդերու զոհերուն յիշատակին եւ բռնի տեղահանուած հայ բնակչութեան իրաւունքներու պաշտպանութեան օրուան առիթով հրապարակեց ուղերձ մը` հաստատելով, որ Սումկայիթի մէջ տեղի ունեցածը պետական մակարդակով կազմակերպուած եւ իրականացուած յանցագործութիւն էր, որուն ընթացքին սպաննուեցան բազմաթիւ հայ բնակիչներ, շատեր...

ՀՅԴ-ի Անդամները Յարգանքի Տուրք Մատուցեցին  Սումկայիթի Զոհերուն Յիշատակին

ՀՅԴ-ի Անդամները Յարգանքի Տուրք Մատուցեցին Սումկայիթի Զոհերուն Յիշատակին

28 փետրուար 2020-ին Հայ յեղափոխական  դաշնակցութեան Արցախի Կեդրոնական ու «Արթուր Մկրտչեան» կոմիտէներու անդամները, Հայ օգնութեան միութեան ու ՀՄԸՄ Արցախի մեկուսի մասնաճիւղի անդամները, Համազգային հայ կրթական եւ մշակութային միութեան Արցախի գրասենեակի պատասխանատուն, երիտասարդական ու պատանեկան միութիւններու անդամները այցելեցին Ստեփանակերտի յուշահամալիր եւ ծաղիկներ զետեղելով իրենց յարգանքի տուրքը մատուցեցին սումկայիթեան ոճրագործութեան զոհերուն յիշատակին:

ՀԱՊԿ-ի Ընդհանուր Քարտուղարը Հանդիպումներ  Ունեցաւ Վարչապետ Փաշինեանի  Եւ Նախարար Մնացականեանի Հետ

ՀԱՊԿ-ի Ընդհանուր Քարտուղարը Հանդիպումներ Ունեցաւ Վարչապետ Փաշինեանի Եւ Նախարար Մնացականեանի Հետ

Հայաստանի վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան 28 փետրուարին ընդունեց աշխատանքային այցելութեամբ Հայաստան գտնուող Հաւաքական անվտանգութեան պայմանագիրի կազմակերպութեան (ՀԱՊԿ) ընդհանուր քարտուղար Սթանիսլաւ Զասը: Ն. Փաշինեան կարեւոր նկատեց ՀԱՊԿ-ի դերը շրջանին մէջ անվտանգութեան ապահովման առումով եւ աւելցուց. «Մենք պէտք է մեր գործունէութեամբ շարունակենք հետեւողական քայլերը` կազմակերպութեան արդիւնաւէտութեան բարձրացման եւ ամրապնդման ուղղութեամբ»: Ան ընդգծեց համաշխարհային մարտահրաւէրներու դիմագրաւման ուղղութեամբ սերտ համագործակցութիւնը եւ յոյս յայտնեց, որ Սթանիսլաւ...

Ստորագրուած Են Պաշտպանութեան Մարզին Մէջ  Հայ-Յունական Եւ Հայաստան-Յունաստան-Կիպրոս  Համագործակցութեան Ծրագիրներ

Ստորագրուած Են Պաշտպանութեան Մարզին Մէջ Հայ-Յունական Եւ Հայաստան-Յունաստան-Կիպրոս Համագործակցութեան Ծրագիրներ

Հայաստանի Հանրապետութեան պաշտպանութեան նախարարութեան պաշտպանական քաղաքականութեան վարչութեան պետ Լեւոն Այվազեանի գլխաւորած պատուիրակութիւնը 28 փետրուարին Աթէնքի մէջ մասնակցած է պաշտպանութեան մարզին մէջ հայ-յունական համագործակցութեան ծրագիրներու քննարկման եւ ռազմաքաղաքական խորհրդակցութիւններուն: Հայաստանի Հանրապետութեան պաշտպանութեան նախարարութեան տեղեկատուութեան եւ հասարակութեան հետ կապերու վարչութենէն կը յայտնեն, թէ յոյն գործընկերներուն հետ հանդիպումներուն ընթացքին  ամփոփուած են 2019-ի համագործակցութեան արդիւնքները, եւ  քննարկուած է 2020-ի համագործակցութեան ծրագիրը: Կողմերը բարձր գնահատած...

Դպրոցները Մէկ Շաբթուան Համար  Կը Փակուին «Քորոնա» Ժահրին Պատճառով

Դպրոցները Մէկ Շաբթուան Համար Կը Փակուին «Քորոնա» Ժահրին Պատճառով

Հանրապետութեան նախագահ զօր. Միշել Աուն երէկ կէսօրէ ետք ժամը 2:00-ին, Պաապտայի մէջ նախագահեց կառավարութեան նիստին, որուն ներկայ գտնուեցաւ վարչապետ Հասսան Տիապ: Նիստէն բացակայեցաւ արտաքին գործոց եւ արտերկրի լիբանանցիներու հարցերու նախարար Նասիֆ Հըթթի, որ պաշտօնական այցելութեամբ Ֆրանսա կը գտնուի: Նախքան նիստին գումարումը նախագահ Աուն եւ վարչապետ Տիապ ունեցան դռնփակ հանդիպում մը, որուն ընթացքին քննարկեցին կառավարութեան նիստին արծարծուելիք օրակարգին մանրամասնութիւնները: «Քորոնա» ժահրին...

Հայրենի Մեծանուն Բանաստեղծ  Սիլվա Կապուտիկեանի  Ծննդեան 101-ամեակի Նշում

Հայրենի Մեծանուն Բանաստեղծ Սիլվա Կապուտիկեանի Ծննդեան 101-ամեակի Նշում

Կազմակերպութեամբ ՏԻՐ կրթամշակութային կեդրոնին եւ գործակցաբար Երեւանի Սիլվա Կապուտիկեանի անուան տուն թանգարանին, երէկ, ուրբաթ, 28 փետրուար 2020-ի երեկոյեան ժամը 7:30-ին Մարաշի հայրենակցական միութեան սրահին մէջ նշուեցաւ հայրենի հանրածանօթ բանաստեղծ Սիլվա Կապուտիկեանի ծննդեան 101-ամեակը: Ձեռնարկին բացումը կատարեց ՏԻՐ կրթամշակութային կեդրոնի համահիմնադիր Ռիթա Պոյաճեան, որ խօսեցաւ մայրենի Լեզուի միջազգային օրուան նշումին կարեւորութեան մասին հաստատելով, որ հայերուս համար մայրենի լեզուի օրը առիթ է...

Ապագայ Լրագրողներու  Վարժողական Ծրագիր (21) .  Լրագրութեան Ժանրերու Ծանօթացում

Ապագայ Լրագրողներու Վարժողական Ծրագիր (21) . Լրագրութեան Ժանրերու Ծանօթացում

Լրագրութեան վարժողական ծրագիրի շրջագիծին մէջ, երէկ երեկոյեան ժամը 5:00-ին տեղի ունեցաւ հանդիպում մը Սալբի Պուլղուրճեան-Սիմիթեանի հետ, «Ազդակ»-ի խմբագրատան մէջ: Ս. Պուլղուրճեան-Սիմիթեան ապագայ լրագրողներուն ներկայացուց լրագրութեան տարբեր ժանրերը, սկսելով լուրէն, անցնելով լուսանկարներու լրագրութեան, ծաղրանկարներու ժանրին, հասնելով մինչեւ խմբագրականին: Ան բացատրեց բոլոր պարագաներուն որդեգրուելիք քայլերը, սակայն ամէնէն աւելի կեդրոնացաւ յօդուածագրութեան վրայ: Ս. Պուլղուրճեան-Սիմիթեան անդրադարձաւ յօդուածին մէջ տրուելիք ճշգրիտ տեղեկութիւններուն, հետաքրքրական կերպով նիւթը...

Ակնարկ.  Քաղաքական «Քորոնա»

Ակնարկ. Քաղաքական «Քորոնա»

Խորագիրը  ի սկզբանէ պէտք չէ առաջնորդէ եզրակացութեան կամ ուղղորդէ  ընթերցողին դատողութիւնը` թէ դաւադրական տեսութեան առանցքով կը վերլուծուի հարցականներ ստեղծած համաճարակը: Թէեւ` որոշ նախադրեալներ կը նպաստեն այդ ուղղութեամբ մտածողութիւն զարգացնելու: Ընկերային ցանցերու վրայ շրջանառուող 1981-ի հրատարակութիւնը կը խօսի 2020-ին Չինաստանի Ուահան քաղաքէն ծայր առած եւ շնչառական համակարգը ախտահարող վարակի մը մասին, որ պիտի ստանայ համաճարակի բնոյթ: Վարակին քաղաքական որակումը այստեղ անպայման...

Վարչապետ Փաշինեան Կարեւոր Նկատած Է  Պաշտպանութեան Մարզին Մէջ  Վրաստանի Հետ Գործակցութիւնը

Վարչապետ Փաշինեան Կարեւոր Նկատած Է Պաշտպանութեան Մարզին Մէջ Վրաստանի Հետ Գործակցութիւնը

Պաշտօնական այցելութեամբ Հայաստան գտնուող Վրաստանի պաշտպանութեան նախարար Իրաքլի Ղարիպաշվիլի 27 փետրուարին հանդիպում ունեցաւ Հայաստանի վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանին հետ: Վարչապետը ընդգծեց հայ-վրացական ռազմավարական յարաբերութիւններու շարունակական զարգացման կարեւորութիւնը` հաստատելով, որ պաշտպանական մարզին մէջ փոխգործակցութիւնը Հայաստան-Վրաստան գործընկերութեան կարեւորագոյն բաղադրիչներէն է, ուստի շատ առանցքային է երկու երկիրներու պաշտպանութեան նախարարութիւններուն միջեւ պաշտպանութեան ոլորտին մէջ երկկողմանի համագործակցութեան 2020 թուականի ծրագիրի ստորագրութիւնը: Իրաքլի Ղարիպաշվիլի գոհունակութիւն յայտնեց Հայաստանի...

Լիբանանեան Ջուրերուն Մէջ Գտնուող  Առաջին Նաւթահորի Պեղումը Սկսաւ

Լիբանանեան Ջուրերուն Մէջ Գտնուող Առաջին Նաւթահորի Պեղումը Սկսաւ

Հանրապետութեան նախագահ զօր. Միշել Աուն երէկ կէսօրուան ժամը 12:15-ին մեկնարկը կատարեց լիբանանեան ջուրերուն մէջ գտնուող առաջին նաւթահորի պեղման աշխատանքներուն: 4-րդ նաւթահորին պեղումը սկսաւ «Թանկսթըն էքսփլորըր» նաւուն կողմէ` ներկայութեամբ վարչապետ Հասսան Տիապի, ուժանիւթի եւ ջուրի հարցերու նախարար Ռեմոն Ղաժարի, «Թոթալ» ընկերութեան Միջին Արեւելքի եւ Ափրիկէի շրջանի նախագահ Սթիվըն Միշելի, «Նովաթեք» լիբանանեան ընկերութեան ընդհանուր տնօրէն Սուլաֆա Միշենի, «Էնի» ընկերութեան տնօրէն Անտրէա Քոզիի,...

Page 453 of 797 1 … 452 453 454 … 797

Արխիւներ