Հաղորդագրութիւն (Պուրճ Համուտի Քաղաքապետ Մարտիկ Պօղոսեանի Հաղորդագրութիւնը` Թափօններու Թաղման Վայրին Մասին)
Այսօր, 30 ապրիլ 2020-ին, Պուրճ Համուտի թափօններու թաղման վայրը հասաւ թափօններ ընդունելու իր կարողութեան առաւելագոյն կէտին, ըստ կառավարութեան որոշումին, եւ կառավարութիւնը ներկայացնող Շինարարութեան ու բարգաւաճման խորհուրդին ու ծրագիրի գործադրութեան նուազուրդը շահած «Խուրի» ընկերութեան միջեւ ստորագրուած համաձայնագիրին: Վերոյիշեալին հիման վրայ, Պուրճ Համուտի քաղաքապետութիւնը կը յայտարարէ, որ` Տրուած ըլլալով, որ Պուրճ Համուտի քաղաքապետարանի սահմանին մէջ գտնուող թափօններու թաղման վայրը, որուն տարածութիւնը ճշդուած...

















