Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Խմբագրական. Բացառե՛լ Առաջին Ընտրանքը

Յունիս 26, 2020
| Newsletter, Գլխաւոր լուրեր, Խմբագրական
0
Share on FacebookShare on Twitter

Հանրապետութեան նախագահին նախաձեռնութիւնը համալիբանանեան խորհրդակցութիւն կազմակերպելու առումով բախեցաւ որոշ դժուարութիւններու: Ներլիբանանեան հեռակայ բանավէճերը, փոխադարձ մեղադրանքները, հեռակառավարելիութեան իրողութիւնը եւ միջհամայնքային լարուածութեամբ յառաջացած գրեթէ նախաբախումնային կացութիւնը խոչընդոտներ էին, որ թէ՛ ձեւաչափով եւ թէ՛ բովանդակութեամբ արագօրէն կայանար համալիբանանեան խորհրդակցութիւնը:

Ասով հանդերձ առնուած քայլը օրինաչափ էր եւ ակնկալելի` հանրապետութեան նախագահին կողմէ:

Քաղաքացիական անհնազանդութեան բողոքի դրսեւորումներէն մինչեւ համակարգային փոփոխութեան պահանջ, լիբանանեան դրամանիշի գահավիժումէն մինչեւ զանգուածային ծայրայեղ աղքատացման երեւոյթներ` քաղաքական անորոշութեան, տնտեսական եւ ֆինանսական ճգնաժամի նոր տարողութիւններ կը նախանշեն եւ հետագայ իրադարձութիւններու անկանխատեսելի ընթացքներու համոզումը կը փոխանցեն:

Քաղաքական բանականութիւնը կը դիտարկէ, որ ընդհանուր գիծերու մէջ Լիբանանէն դուրս կը կասեցուին, կը վերագործարկուին, կ՛արգելակուին կամ կը թոյլատրուին գործընթացները, եւ այստեղ  լիբանանեան պետական կամ հասարակական դաշտերը պարզապէս ականատես կ՛ըլլան այլոց բախումներուն թէ համաձայնութիւններուն: Քարացած այս համոզումը իր հերթին անզօրութեան կամ անյուսալիութեան մթնոլորտ կը ստեղծէ եւ չ՛օգներ հանգուցալուծման ուղիներ որդեգրելու համալիբանանեան կամքի դրսեւորման կայացման:

Երկրին կաթուածահար վիճակը քննարկելու եւ այդ բոլորէն առաջ միջհամայնքային համախոհութիւնը վերականգնելու առաջադրանք ունէր համալիբանանեան խորհրդակցութիւնը:

Հայկական երեսփոխանական պլոքի ներկայացուցիչին դրած երկընտրանքի տեսութիւնը հրամայական նշանակութիւն ունի այս պարագային: Ընտրել կա՛մ սադրանքի եւ պատերազմի ճանապարհը, կա՛մ համախոհութեան եւ համագործակցութեան ուղին: Սադրանքը, դաւադրութիւնը կրնան աւելի սերտօրէն կապուած ըլլալ տարածաշրջանային ծրագիրներու, կառավարելի (կամ անկառավարելի) քաոս յառաջացնել ծրագրողներուն, տարածաշրջանն ու այս պարագային այս երկիրը միջդաւանանքային բախումնային երկարատեւ  վիճակներու մէջ պահել ուզողներուն քաղաքականութեան հետ:

Մինչդեռ, երկրորդը` համալիբանանեան, այս պարագային զուտ ազգային մեկնակէտէ թելադրուող որոշում է, որ փոխզիջումներ կ՛ենթադրէ, որ յամենայն դէպս զիջում է շահելու համար երկիրը, պետութիւնը:

Չափազանցութիւն չէ եթէ ընդգծենք, որ պետութեան կազմաքանդումի վտանգն է, որ կը սպառնայ Լիբանանին: Կաթուածահար վիճակի երկարատեւութիւնը պետութեան կազմաքանդումն է: Պետութեան հիմքը առ այսօր միջհամայնքային համակեցութիւնն է: Այս պատճառով ալ համակարգային փոփոխութեան եղանակին մասին փուլային տարբերակն էր, որ կ՛առաջարկուէր նախագահին կողմէ: Փորձագիտական քննարկումներով պատրաստուած նախագիծեր, համալիբանանեան համաձայնութիւն ստացած եւ փուլ առ փուլ իրականացման ընթացք ստացած:

Պետականութեան կազմաքանդումը քաոսի առաջնորդող ուղին է: Արտաքինը, այս պարագային միջհամայնքային բախումներով եւ քաղաքացիական պատերազմով դրսեւորուած: Լիբանանը այդ ետդարձը ընելու ո՛չ միայն շռայլութիւնը, այլ նաեւ արկածախնդրութեան երթալու մտածումը նոյնիսկ պէտք չէ քննարկէ:

Ուրեմն կը մնայ միակ եւ երկրորդ ընտրանքը: Մերժումը արտալիբանանեանին, որդեգրումը զուտ լիբանանեանին: Գերադաս նպատակի համար փոխզիջումներով վերականգնումը միջհամայնքային համախոհութեան եւ այդ ճամբով վերահարթեցումը հարցերու լուծման բացառապէս խաղաղ ճանապարհին:

Այս բոլորին համար երկխօսութեան սեղանի շուրջ համախմբումը նախապայմանային, անշրջանցելի միջոց է:

 

Նախորդը

Պաապտայի Ժողովին. «Մեր Ընտրանքը Երկխօսութիւնն Է, Եւ Ոչ Մէկ Շահ Կայ Ենթարկուելու Սադրանքներու» Հաստատեց Բագրատունի

Յաջորդը

«Թուրքիան Կը Ձգտի Քիւրտ Ժողովուրդին Դէմ Ցեղասպանութիւն Գործել Եւ Օսմանեան Կայսրութիւն Ստեղծել» Կ՛ըսէ Քարայըլան

RelatedPosts

Ակնարկ.  Շարմ Շէյխի Հրաւիրեալները
Գլխաւոր լուրեր

Ակնարկ. Շարմ Շէյխի Հրաւիրեալները

Հոկտեմբեր 14, 2025
Թրամփ. «Կազայի Համաձայնութեան Երկրորդ Փուլի Շուրջ Բանակցութիւնները Սկսան»
Գլխաւոր լուրեր

Թրամփ. «Կազայի Համաձայնութեան Երկրորդ Փուլի Շուրջ Բանակցութիւնները Սկսան»

Հոկտեմբեր 14, 2025
Իսրայէլեան Քնեսեթին Առջեւ Խօսք Արտասանելով`  «Ասիկա Նոր Միջին Արեւելքի Պատմական Արշալոյսն Է. Բարեկամութեան Ձեռքը Երկարած Ենք Իրանին»  Յայտարարեց Թրամփ
Գլխաւոր լուրեր

Իսրայէլեան Քնեսեթին Առջեւ Խօսք Արտասանելով` «Ասիկա Նոր Միջին Արեւելքի Պատմական Արշալոյսն Է. Բարեկամութեան Ձեռքը Երկարած Ենք Իրանին» Յայտարարեց Թրամփ

Հոկտեմբեր 14, 2025
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?