Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Ազգային Բարերար Տէր Եւ Տիկին Ալեքքօ Եւ Անի Պէզիքեաններ Մէկ Միլիոն Տոլար Կը Յատկացնեն Լիբանանի Հայ Համայնքի Կարիքաւոր Ընտանիքներուն` Արամ Ա. Կաթողիկոսի Հայրապետական Գահակալութեան 25-Ամեակին Առիթով

June 25, 2020
| Newsletter, Գաղութային, Գլխաւոր լուրեր
0
Share on FacebookShare on Twitter

Մեծի Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկոսութիւնը խոր գոհունակութեամբ ու ջերմ շնորհակալութեամբ կը յայտարարէ, թէ վեհափառ հայրապետին գահակալութեան 25-ամեակին առիթով, ազգային բարերար տէր եւ տիկին Ալեքքօ եւ Անի Պէզիքեան վեհափառ հայրապետին հետ խորհրդակցաբար եւ նկատի ունենալով Լիբանանի դիմագրաւած տնտեսական տագնապը, մէկ միլիոն տոլար պիտի յատկացնեն` որպէս օժանդակութիւն Լիբանանի հայ համայնքի կարիքաւոր ընտանիքներուն: Յայտնենք, որ անցնող երկու ամիսներուն տէր եւ տիկին Ալեքքօ եւ Անի Պէզիքեան 350 միլիոն լ.ո. յատկացուցած էին նոյն նպատակին համար:

Վեհափառ հայրապետին հովանաւորութիւնն ու oրհնութիւնը վայելող սոյն ծրագիրը պիտի իրագործուի Ազգ. առաջնորդարանին կողմէ կազմուած յատուկ յանձնախումբի մը ճամբով:

Ծրագիրը պիտի տարածուի հինգ ամիսներու վրայ (յուլիսէն նոյեմբեր 2020): Իւրաքանչիւր ամիս երեք հազար ընտանիքներ պիտի օգտուին ծրագիրէն: Յառաջիկայ օրերուն Ազգ. առաջնորդարանը այս գծով անհրաժեշտ տեղեկութիւնները պիտի տայ մեր ժողովուրդի զաւակներուն:

Մեծայարգ տէր եւ տիկին Ալեքքօ եւ Անի Պէզիքեան մեր Ս. Աթոռին հաւատարիմ բարեկամը եւ նուիրեալ բարերարն է: Արդարեւ, տիար Ալեքքոյին եւ տիկին Անիին կատարած իշխանական բարերարութիւնները Անթիլիասի մայրավանքին, Պիքֆայայի Ս. Աստուածածին վանքին ու «Թռչնոց Բոյն»-ին, ինչպէս նաեւ Հայաստանին, դպրեվանքին, Հայ դատին եւ Լիբանանի հայութեան զանազան ծրագիրներուն պերճախօս վկայութիւններ են անոնց հայու ազնուական ոգիին, խոր հաւատքին ու անշեղ հաւատարմութեան:

ԴԻՒԱՆ ԿԱԹՈՂԻԿՈՍԱՐԱՆԻ

24 Յունիս 2020
Անթիլիաս, Լիբանան

 

Նախորդը

«Ազդակ»-ի Առցանց Լսարան. Կարէն Վերանեան. «Թուրքիոյ Եւ Ազրպէյճանի Շահերը Միշտ Չէ, Որ Կը Համատեղուին, Սակայն Չեն Խախտեր Ռազմավարական Գործընկերութիւնը»

Յաջորդը

«Ազդակ»-ի Ֆոնտին

RelatedPosts

Ընդդիմադիր Ուժերը Կը Յայտարարեն  Համազգային Համախմբման Ձեւաւորումը
Գլխաւոր լուրեր

Ընդդիմադիր Ուժերը Կը Յայտարարեն Համազգային Համախմբման Ձեւաւորումը

November 6, 2026
Ներկայացուցիչներու Տան Մէջ  Դեմոկրատականներու Ղեկավարը Կը Յայտարարէ.  «Պէտք Է Անմիջապէս Իրանի Հետ  Պատերազմէն Դուրս Գանք»
Գլխաւոր լուրեր

Ներկայացուցիչներու Տան Մէջ Դեմոկրատականներու Ղեկավարը Կը Յայտարարէ. «Պէտք Է Անմիջապէս Իրանի Հետ Պատերազմէն Դուրս Գանք»

November 6, 2026
Սպիտակ Տուն. «Թրամփ Յանձնառու  Պիտի Մնայ Պետութիւններու Հովանաւորած  Բռնապետութեան Դէմ Պայքարին»
Գլխաւոր լուրեր

Սպիտակ Տուն. «Թրամփ Յանձնառու Պիտի Մնայ Պետութիւններու Հովանաւորած Բռնապետութեան Դէմ Պայքարին»

November 6, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.