Վերջին շաբաթներուն աշխարհասփիւռ հայութիւնը ականատես է Թուրքիոյ կողմէ հայութեան դէմ դրսեւորուած ատելի հրահրութեան եւ թշնամական գործողութիւններու` Թուրքիոյ, Հարաւային Կովկասի եւ ամբողջ աշխարհին մէջ:
Այս սադրանքներէն առաւել ուշագրաւները եղան Լիբանանի մէջ արձանագրուած հրահրութիւններն ու բողոքի ցոյցերը, որոնք կազմակերպուած էին Անգարայի եւ հայ ազգին դէմ անոր ցեղասպանական մտադրութիւններուն դաշնակցած առանձին շրջանակներու կողմէ: Այս թշնամանքը ուշագրաւ ձեւով ծանուցուեցաւ նաեւ Էրտողանի կառավարութեան հրապարակային յայտարարութիւններուն ընդմէջէն, երբ դիտել տրուեցաւ, որ Թուրքիոյ Բարձրագոյն խորհրդատուական խորհուրդը հինգ ժամ տեւած նիստ մը յատկացուցած է խոչընդոտելու համար Հայոց ցեղասպանութեան ճշմարտացի, արդար եւ համապարփակ միջազգային լուծումին ուղղութեամբ «հայկական լոպի»-ին յառաջխաղացքը: Հարաւային Կովկասի մէջ Թուրքիա դարձած է աւելի ռազմատենչ` հետեւողականօրէն բարձրացնելով լարուածութիւնը, ձգտելով ահաբեկել Հայաստանն ու Արցախը` ուղղակիօրէն ու անուղղակիօրէն` Ազրպէյճանի յարձակումներուն աւելի մեծ աջակցութիւն ցուցաբերելով եւ պատմական հայկական Նախիջեւանը առաւել ռազմականացնելով: Ընդհանուր առմամբ, Թուրքիան ընդարձակած է իր ապակայունացնող գործողութիւնները ամբողջ Միջին Արեւելքի եւ Հիւսիսային Ափրիկէի մէջ:
Վերջին երեք տասնամեակներուն իրավիճակը այնպիսին է, որ Անգարայի կողմէ իւրաքանչիւր հակահայ սրացումի Պաքուն համապատասխան անդրադարձ կ’ունենայ իր յարձակողական քաղաքականութեամբ` սահմանային գրոհներով, զինադադարի խախտումներով, մարդկային իրաւանց ոտնահարումով, պատմական կեղծիքներով ու ատելութեան հրահրումներով, որոնք վերջին շաբաթներուն դատապարտուեցան Մարդկային իրաւանց եւրոպական դատարանին կողմէ:
ՀՅԴ Հայ դատի Կեդրոնական խորհուրդը, համագործակցաբար աշխարհասփիւռ իր ցանցին եւ համախոհ գործընկերներու, կը շարունակէ ուշադրութեամբ հետեւիլ այս սադրանքներուն եւ անկասելի մնալ իր հիմնական առաքելութեան իրականացման մէջ` Հայաստանի եւ Արցախի հանրապետութիւններու ապահովութեան պահպանութիւն, աշխարհասփիւռ հայութեան շահերու պաշտպանութիւն եւ ազատ, անկախ ու միացեալ Հայաստանի իրականացման հետապնդում:
ՀՅԴ ՀԱՅ ԴԱՏԻ ԿԵԴՐՈՆԱԿԱՆ ԽՈՐՀՈՒՐԴ
Երեւան, 23 յունիս 2020