Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Նախաձեռնութեամբ Պուրճ Համուտի Քաղաքապետութեան. Հասարակական Կազմակերպութիւններու Եւ Բարեսիրական Միութիւններու Միացեալ Հանդիպում-Զրոյց` Պուրճ Համուտի Աղէտեալ Վայրերուն Գծով

August 19, 2020
| Newsletter, Գաղութային, Գլխաւոր լուրեր
0
Share on FacebookShare on Twitter

4 օգոստոս 2020-ին Պէյրութի նաւահանգիստին ահաւոր պայթումին պատճառած մարդկային թէ նիւթական կորուստներու տարողութեան եւ փրկարար ջանքերու համակարգման աշխատելաձեւը առանցքը կազմեց երէկ` երեքշաբթի, 18 օգոստոս 2020-ի կէսօրէ առաջ ժամը 11:00-ին, Ազգային առաջնորդարանի «Երջօ Սամուէլեան» սրահին մէջ տեղի ունեցած հանդիպում-զրոյցին: Արդարեւ, նախաձեռնութեամբ եւ հրաւէրով Պուրճ Համուտի քաղաքապետութեան, հայկական եւ ոչ հայկական տեղական թէ միջազգային հասարակական կազմակերպութիւններու եւ բարեսիրական միութիւններու ներկայացուցիչներ իրազեկ դարձան վերականգնումի աշխատանքներուն: Հանդիպում-զրոյցին ներկայ էր Լիբանանի հայոց թեմի առաջնորդ Շահէ արք. Փանոսեան, Լեռնալիբանանի նահանգապետ Մոհամետ Մըքքաուիի ներկայացուցիչ Մարլեն Հատտատ, Պուրճ Համուտի քաղաքապետ Մարտիկ Պօղոսեան, փոխքաղաքապետ Մարտիկ Արսլանեան, Լիբանանահայութեան վերականգնումի մարմինի նախագահ Գառնիկ Մկրտիչեան եւ այլ անձնաւորութիւններ:

Հանդիպումին բացումը կատարեց Պուրճ Համուտի քաղաքապետական խորհուրդի անդամ Ճորճ Գրիգորեան, որ լիբանանեան քայլերգի յոտնկայս ունկնդրութենէն ետ ներկաները հրաւիրեց մէկ վայրկեան յոտնկայս յարգել պայթումի զոհերուն յիշատակը:

Իր բացման խօսքին մէջ Ճորճ Գրիգորեան անդրադարձաւ աղէտեալ վայրերուն, յատկապէս Պուրճ Համուտի քաղաքապետութեան տարածքային սահմաններուն մէջ գտնուող վնասուած շրջաններուն մէջ աւերներու գնահատման եւ վերականգնումի ճիգերուն: Ան յայտնեց, որ խուսափելու համար մարդուժի թէ աշխատանքի կրկնութեան եւ խաչաձեւումի հաւանականութենէն, քաղաքապետութիւնը պատրաստած է յատուկ հարցաթերթիկ, որուն վրայ արձանագրուելիք տեղեկութիւնները յստակ պատկերացում պիտի տան գետնի վրայ տիրող իրավիճակին եւ տարուող ճիգերուն: Գրիգորեան այս վարկածը հիմնաւորեց այն իրողութեամբ, որ երբեմն մէկէ աւելի բարեսիրական միութիւններ կը հոգան նոյն պարագայի պարենային թէ վերաշինութեան աշխատանքները: Պատահած է, որ կարգ մը աղէտեալներ ստիպուած եղած են իրենց տրամադրուող յաւելեալ սննդեղէնները վաճառելու: «Այս բոլոր աշխատանքները համակարգելու համար, բարեսիրական եւ պատկան միութիւններուն պիտի յանձնուին քաղաքապետութեան պատրաստած հարցաթերթիկները, ուր բարեսիրական միութիւններու կամաւորներ պիտի արձանագրեն աղէտեալներու մասին համապատասխան տեղեկութիւններ», ըսաւ Գրիգորեան` նշելով, որ ստացուած հարցաթերթիկներու ամբողջական տեղեկութիւնները պիտի արձանագրուին համակարգչային յատուկ ծրագիրի մէջ (էփլիքէյշըն), որու հիման վրայ պիտի կատարուի վերականգնումի եւ օժանդակութեան աշխատանքներու հեզասահ ու թափանցիկ գործելաձեւի համակարգումը: Գրիգորեան յիշեցուց, որ խօսքը կը վերաբերի Պուրճ Համուտի հինգ հազար շէնքերէն վնասուած 3500 շէնքերու վերակառուցման եւ անոնց աղէտեալ բնակչութեան: «Այս աշխատանքին շուտափոյթ ամբողջացման անհրաժեշտութիւնը կը շեշտուի յատկապէս նկատի ունենալով, որ կը գտնուինք աշնանամուտի սեմին, ուր կը նախատեսուին անձրեւներ եւ կրթական վերամուտի առնչուող առօրեայ դժուարութիւններ», դիտել տուաւ Ճորճ Գրիգորեան: Ան նաեւ յիշեցուց, որ Պուրճ Համուտի քաղաքապետութիւնը իր լրիւ կազմով աղէտի առաջին օրէն իսկ լծուած է վերականգնումի եւ օժանդակութեան աշխատանքներուն, իսկ քաղաքապետութեան ոստիկաններ կը հսկեն շրջանի յատկապէս վնասուած «բաց» բնակարաններու ապահովութեան:

Այս առիթով խօսք առաւ նաեւ Լեռնալիբանանի նահանգապետի ներկայացուցիչ Մարլեն Հատտատ, որ խոր ցաւակցութիւն յայտնեց ինկած զոհերուն համար` կոչ ուղղելով բարեսիրական եւ յարակից բոլոր միութիւններու կամաւորներուն ամէնէն կարճ ժամանակամիջոցին արձանագրելու վնասներու տարողութիւնը` տրուած ըլլալով, որ կը գտնուինք կրթական վերամուտի եւ անձրեւային հեղեղներու սեմին, ինչ որ առաւել եւս կրնայ բարդացնել վերականգնումի եւ օժանդակութեան աշխատանքները: Հատտատ յայտնեց, որ Լեռնալիբանանի ութ քաղաքապետութիւններ սերտ ճիգեր կը տանին այս ուղղութեամբ: Մարլեն Հատտատ յատկապէս շեշտեց աղէտեալ վայրերու բնակիչներուն օգնելու անհրաժեշտութիւնը` նախանձախնդիր մնալով եւ յարգելով իւրաքանչիւր անհատի վարկն ու արժանապատուութիւնը:

Այս առիթով նաեւ ՄԱԿ-ի «Հապիթաթ»-ի ներկայացուցիչ Լէյլա Հապշի նկարներու եւ սահիկներու օգնութեամբ զեկուցեց այս միաւորի որդեգրած աշխատելաձեւի առաջին փուլի արդիւնքներուն եւ ցարդ տարուող վերականգնումի եւ օժանդակութեան ճիգերուն մասին:

Աւարտին Գրիգորեան եւ Հատտատ պատասխանեցին ներկայացուցիչներու հարցումներուն:

 

 

 

Նախորդը

Պէյրութի Նաւահանգիստին Պայթումը Եւ Լիբանանահայութիւնը

Յաջորդը

«Ազդակ»-ի Ֆոնտին

RelatedPosts

Կառավարութեան Գործունէութեան  Ընդհանուր Քննարկման Խորհրդարանական Նիստը  Այսօր Եւս Կը Շարունակուի
Գլխաւոր լուրեր

Կառավարութեան Գործունէութեան Ընդհանուր Քննարկման Խորհրդարանական Նիստը Այսօր Եւս Կը Շարունակուի

September 16, 2026
Բագրատունի Այցելեց Լիբանանի Մէջ  Ճափոնի Դեսպանին
Գլխաւոր լուրեր

Բագրատունի Այցելեց Լիբանանի Մէջ Ճափոնի Դեսպանին

September 16, 2026
Նախագահ Աուն. «Միջազգային Ընտանիքը  Հրաւիրուած Է Միջամտելու` Արգիլելու  Համար Իսրայէլի Բռնարարքները»
Գլխաւոր լուրեր

Ընդհանուր Դատախազութիւնը Պէյրութի Նաւահանգիստի Պայթումին Հարցով Պահանջեց Ամբաստանել Նախկին Նախագահ Միշէլ Աունը

September 16, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.