Պաապտայի Ժողովին. «Մեր Ընտրանքը Երկխօսութիւնն Է, Եւ Ոչ Մէկ Շահ Կայ Ենթարկուելու Սադրանքներու» Հաստատեց Բագրատունի
Շնորհակալութիւ՛ն պրն. նախագահ` ձեր այս հրաւէրին համար: Մեզի համար տեւաբար հանրապետութեան նախագահութիւնը եղած է բոլոր լիբանանցիները մէկտեղող եւ երկխօսութիւն զարգացնող հեղինակութիւն: Փաստօրէն երկար ժամանակէ ի վեր հնչեցուած համայնքային եւ ներլիբանանեան բախումներու մտահոգութիւնը այսօր կը քննարկուի ձեր հրաւէրով կայացող այս ժողովին, ուրկէ դժբախտաբար կը բացակային լիբանանեան հայրենիքին գոյութեան բաժնեկից մեր գործընկերները` իւրաքանչիւրը իրեն յատուկ քաղաքական, կուսակցական կամ անհատական քինախնդրութեանց հետեւանք եղող...




















