Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Անդրադառնալով Լիբանանի Մէջ Ստեղծուած Իրավիճակին` «Այլեւս Խցանը Չկրցաւ Մնալ Շիշին Մէջ» Շեշտեց Յակոբ Բագրատունի

Օգոստոս 19, 2020
| Newsletter, Գլխաւոր լուրեր, Հարցազրոյց
0
Share on FacebookShare on Twitter

«Անկեղծօրէն` ցոյցերը արդէն շատ փոքր աշխուժութեամբ կը շարունակուին, նախորդող օրերուն պէս մեծ ցոյցեր չկան, սակայն կառավարութեան հրաժարականը քաղաքական նոր վիճակ ստեղծեց: Լիբանանի քաղաքական ուժերը տակաւին չեն կրնար նոր վարչապետի նշանակման շուրջ համաձայնութեան յանգիլ»: Այս մասին անդրադարձաւ ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական կոմիտէի ներկայացուցիչ, երեսփոխան Յակոբ Բագրատունի «Նիուզ»-ին հետ զրոյցի մը ընթացքին:

«Մեծ թիւով օտար պատուիրակութիւններ կ’այցելեն` սկսած Ֆրանսայի նախագահէն մինչեւ Իրանի արտաքին գործոց նախարար, արաբական երկիրներու վարչապետներ կամ արտաքին գործոց նախարարներ, Թուրքիոյ փոխնախագահ, եւրոպական զանազան երկիրներու ներկայացուցիչներ: Անոնք Լիբանան կու գան, պարզապէս, իրենց բառերով, մարդասիրական օժանդակութիւն  ցուցաբերելու, բայց նաեւ քաղաքական որոշ դերակատարութիւն ստանձնելու համար», ըսաւ ան:

Ի՞նչ կը սպասուի Լիբանանի մէջ, խորհրդարանական արտահերթ ընտրութիւններ պիտի կատարուի՞ն, թէ՞ առանց անոնց նոր կառավարութիւն կը ձեւաւորուի. Յակոբ Բագրատունի կը պարզաբանէ, որ Լիբանանի մէջ խորհրդարանական արտահերթ ընտրութիւններ կատարելը դիւրին չէ:

«Որպէսզի այս խորհրդարանը լուծարուի, պէտք է 128 երեսփոխաններուն կէսը հրաժարի: Փաստօրէն կառավարութեան հրաժարականը եղաւ այն պատճառով, որ վարչապետը յանկարծ, առանց ոեւէ մէկուն հետ խորհրդակցելու, պահանջեց խորհրդարանական արտահերթ ընտրութիւններ կատարել երկու ամսուան ընթացքին, սակայն քաղաքական ուժերը եւ խորհրդարանական մեծամասնութիւնը նման տրամադրուածութիւն չունին: Կան քաղաքական ուժեր, որոնք տրամադրուած են իշխանափոխութեան, բայց այսօրուան մեր հիմնական խնդիրը նոր վարչապետի նշանակումն է եւ կառավարութեան կազմը», նշեց Յակոբ Բագրատունի:

Պատասխանելով այն հարցումին, թէ վարչապետի թեկնածուներու անուններ կը շրջանառուի՞ն, Լիբանանի խորհրդարանի  դաշնակցական երեսփոխանը կ՛ըսէ, որ հիմնականին մէջ կը խօսուի նախկին վարչապետ Սաատ Հարիրիի մասին:

«Ան երկրի քաղաքական այն դէմքերէն է, որուն հանդէպ փողոցի ժողովրդական շարժումը որոշ վերապահումներ ունի` իբրեւ երկիրը այս վիճակին հասցնելու   մեծագոյն դերակատարներէն մէկը: Թէեւ  նախկին վարչապետ Սաատ Հարիրիի թեկնածութիւնը կրնայ դրական թուիլ, իր կապերով եւ այն զօրակցութեամբ, որ կրնայ  ստանալ Արաբական ծոցի երկիրներէն կամ Արեւմուտքէն, սակայն վերջնական եզրակացութիւն չկայ: Կը տրուի նաեւ ՄԱԿ-ի մօտ նախկին դեսպան Նաուաֆ Սալամի անունը, սակայն որոշ քաղաքական ուժեր կը մերժեն զինք, նկատի ունենալով անոր խիստ ամերիկամէտ մօտեցումները: Ներկայ  դրութեամբ Լիբանանի մէջ անուններ կը  հնչեն եւ շատ արագ ալ ասպարէզէն ետ կը քաշուին:  Կ’ենթադրեմ, որ պէտք է սպասել քանի մը օր այս մասին նախնական կարծիք յայտնելու համար», ըսաւ Յակոբ Բագրատունի:

Լիբանանի խորհրդարանի  դաշնակցական երեսփոխանը կ’ընդգծէ, որ երկրին մէջ տեղի ունեցող ցոյցերուն հիմնական պատճառը տնտեսական ճգնաժամն է:

«Երկիրը հասած է թշուառութեան մակարդակի, քաղաքացիներու ներդրումները դրամատուներուն կամ պահ դրուած գումարները սառեցուած են, ամերիկեան տոլարին սակը ահռելիօրէն բարձրացած է», նշեց Յակոբ Բագրատունի եւ աւելցուց. «Լիբանանցին, որ ժամանակին կը նկատուէր բարեկեցիկ, լաւ վիճակի մէջ գտնուող  քաղաքացի, այսօր  հասած է թշուառութեան, միջազգային չափանիշներով աղքատութեան: Այնպէս որ տնտեսական վիճակը հիմնական խնդիրն էր, որ ժողովուրդը մղեց դժգոհութեան, որուն վրայ աւելցան նաեւ ընկերային անարդարութիւնը,  կառավարման փտածութիւնը, պետական ունեցուածքի կողոպուտը: Բնականաբար, այս բոլորին կ’աւելնան քաղաքական իմաստով Լիբանանի վրայ ամերիկեան կողմի սահմանափակումները, սուրիացի եւ պաղեստինցի գաղթականներու խնդիրը: Գիտէք, այս ամբողջ պատկերը  խճճուած  է, տարիներու կուտակումի արդիւնք է: Այլեւս խցանը չկրցաւ մնալ շիշին մէջ եւ անխուսափելի պայթումը տեղի ունեցաւ», նկատեց ան:

4 օգոստոսին` պայթումէն ետք Պէյրութ այցելած Թուրքիոյ արտաքին գործոց նախարարը յայտարարած էր, թէ Էրտողան հրահանգած է թրքական քաղաքացիութիւն տալ Լիբանանի այն քաղաքացիներուն, որոնք կ’ըսեն, թէ թուրք են կամ թուրքմեն:  Այս յայտարարութեան Լիբանանի քաղաքական վերնախաւի ու հասարակութեան արձագանգի մասին Յակոբ Բագրատունին կը նշէ. «Մենք այս հարցը  բարձրաձայնած ենք, սակայն, դժբախտաբար, Լիբանանի քաղաքական ուժերը ատիկա վերագրած են մեր` Թուրքիոյ նկատմամբ ունեցած, իրենց բառերով` զգայնութեան, իսկ իմ բառերով` թշնամութեան: Այսօր, սակայն, յստակ է, որ թրքական դերակատարութիւնը անցած է ամէն սահման եւ պետական շրջանակները`  հանրապետութեան նախագահէն սկսած մինչեւ այլ քաղաքական ուժեր, այս նիւթին կ’անդրադառնան: Սակայն, Լիբանան համայնքային երկիր է, եւ Լիբանանի մէջ կայ Թուրքիոյ զօրակցող համայնք, որ լարուածութիւն կը յառաջացնէ  ամէն անգամ, երբ օրակարգի վրայ կը յայտնուի Թուրքիոյ դերակատարութեան հարցը: Բայց ճիշդ է, որ Թուրքիան  այս դերակատարութիւնը աւելի քան տասնամեակ մը առաջ ստանձնած է Լիբանանի մէջ, ճիշդ է նաեւ, որ այս դժուարութիւնները պէտք է շարունակուին: Թուրքիոյ դերակատարութիւնը օրէ օր կ’աւելնայ, բայց քաղաքական ուժերու շրջանակին մէջ աւելի գիտակից մթնոլորտ ստեղծուած է, որ զգուշանան թրքական դերակատարութենէն», ըսաւ երեսփոխան Բագրատունի:

(Շար. 2 եւ վերջ)

Նախորդը

Միջազգային Դատական Ատեանին Վճիռին Համաձայն` Սելիմ Այյաշ Սպաննած Է Ռաֆիք Հարիրին

Յաջորդը

Հայրենադարձութիւնը Հայեցակարգի Կը Կարօտի Կ՛ըսէ ՀՅԴ Բիւրոյի Անդամ Բենիամին Պչաքճեան

RelatedPosts

Ակնարկ.  Սիւնիքը` Ապու Տապիի Տաք Կէտ
Գլխաւոր լուրեր

Ակնարկ. Սիւնիքը` Ապու Տապիի Տաք Կէտ

Յուլիս 12, 2025
Սաղաթէլեան. «Մեզ Լռեցնել Չեն Կրնար»
Գլխաւոր լուրեր

Սաղաթէլեան. «Մեզ Լռեցնել Չեն Կրնար»

Յուլիս 12, 2025
Պրուսօ. «Միացեալ Նահանգներ Կ՛աջակցին  Ազրպէյճանի Եւ Հայաստանի Միջեւ Խաղաղութեան Ձգտման»
Գլխաւոր լուրեր

Պրուսօ. «Միացեալ Նահանգներ Կ՛աջակցին Ազրպէյճանի Եւ Հայաստանի Միջեւ Խաղաղութեան Ձգտման»

Յուլիս 12, 2025
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?