Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Արցախի Նախագահ Արայիկ Յարութիւնեանին Կոչը` Հայութեան. «Մենք Պէտք Է Պատուով Շարունակենք Ապրիլ»

October 15, 2020
| Newsletter, Գլխաւոր լուրեր, Հայկական
0
Share on FacebookShare on Twitter

Արցախը պատրաստ է առանց նախապայմաններու ստանձնել մարդասիրական պատասխանատուութիւնը, որ կը բխի կրակի դադրեցման համաձայնութենէն: Այս հաստատումը կատարեց Արցախի Հանրապետութեան նախագահ Արայիկ Յարութիւնեան:

Դիտել տալով, որ 27 սեպտեմբերէն Թուրքիոյ եւ միջազգային ահաբեկչութեան կողմէ Արցախի եւ հայ ժողովուրդին դէմ  սանձազերծուած լայնածաւալ պատերազմը կը շարունակուի` Յարութիւնեան հաստատեց, որ պաշտպանութեան բանակը կը շարունակէ  հերոսաբար դիմադրել եւ ուժգին հակահարուածներ հասցնել թշնամիին` պատճառելով մարդկային եւ զինամթերքի մեծ կորուստներ: Ան դիտել տուաւ, որ մարտերուն ընթացքին իրենց լաւագոյնը կը դրսեւորեն նաեւ Հայաստանէն եւ սփիւռքէն հայրենակիցները, ինչպէս նաեւ իրենց փորձառութիւնը կը ներդրեն հայրենիքի պաշտպանութեան մէջ դեր ունեցած անձնաւորութիւններ:

Ան ընդգծեց Ռուսիոյ եւ միջազգային հանրութեան աշխուժ ջանքերը` պատերազմական գործողութիւններու դադրեցման ուղղութեամբ եւ բարձր գնահատեց այդ առաքելութիւնը` յատկապէս անդրադառնալով Մոսկուայի մէջ ձեռք բերուած հրադադարի հաստատման համաձայնութեան, որ չյարգուեցաւ Ազրպէյճանի կողմէ:

«Կը հասկնանք, որ թշնամիին զինադադար ստիպելու ընդամէնը մէկ ճամբայ ունինք` պարտադրել զինադադար: Մենք կողմ ենք առանց նախապայմաններու սկսիլ մարդասիրական առաքելութեան առումով ստանձնած պատասխանատուութիւնը եւ հետագային շարունակել բանակցութիւնները խաղաղ ճամբով լուծելու ուղղութեամբ, հակառակ անոր որ արդէն իսկ անկարելի է խաղաղ ճամբով, բայց ուշ չէ», նշեց Արցախի նախագահը:

Ան համոզում յայտնեց, որ թշնամին ընտրած է այլ ուղի` բնաջնջելու նախ եւ առաջ  արցախահայութիւնը, յետոյ, յաջողութեան պարագային, նաեւ  Հայաստանը: «Մենք աւելի ծանր ժամանակներ ալ ունեցած ենք 1992-1994 թուականներուն, երբ մարտական գործողութիւններ կ՛ընթանային  Գանձասարի մատոյցներուն, Ասկերանի, Մարտունիի եւ Հատրութի մէջ: Յաջողած ենք յաղթանակ արձանագրել, որովհետեւ կը հաւատայինք յաղթանակին: Այսօր ալ կը հաւատանք, որ պիտի յաղթենք, պէտք է համախմբուիլ, պէտք է միաւորուիլ, եւ ամէնէն կարեւորը` մասնակցիլ մարտական գործողութիւններուն: Կ՛ակնկալեմ իմ եղբայրներուս աշխուժ մասնակցութիւնը, սփիւռքի մէջ ապրող ղարաբաղցիներու, Հայաստանի մէջ ապրող մեր եղբայրներուն: Օրհասական պահն է այսօր: Մենք պէտք է պատուով շարունակենք ապրիլ. այդ իսկ պատճառով կոչ կ՛ուղղեմ ո՛չ միայն նիւթական, ինչ որ շատ կարեւոր է, եւ ես շնորհակալ եմ բոլորիդ, այլեւ ֆիզիքական մասնակցութեան: Մենք անոր կարիքը կը զգանք», յայտնեց Արայիկ Յարութիւնեան:

Այլ կոչով մը Արցախի նախագահ Արայիկ Յարութիւնեան դիմեց նաեւ արցախահայ զինապարտ եւ զէնք բռնելու ունակ բոլոր այն հայրենակիցներուն, որոնք այս օրերուն կը գտնուին հանրապետութենէն դուրս` միանալու հայրենի հողի պաշտպանութեան սուրբ գործին:

Նախորդը

Հայաստանի Անվտանգութեան Խորհուրդի Նիստը Քննարկեց Ազրպէյճանաթրքական Յարձակումը Դիմագրաւելու Քայլերը

Յաջորդը

Ազրպէյճան Կը Շարունակէ Հաւատարիմ Չմնալ Զինադադարին. Ծանր Մարտեր` Ռազմաճակատի Ամբողջ Երկայնքին

RelatedPosts

Հանդիպում Հայ Ազգային Քոնկրեսի  Եւ Հայ Յեղափոխական Դաշնակցութեան  Ներկայացուցիչներուն Միջեւ
Գլխաւոր լուրեր

Հանդիպում Հայ Ազգային Քոնկրեսի Եւ Հայ Յեղափոխական Դաշնակցութեան Ներկայացուցիչներուն Միջեւ

January 16, 2026
Ֆիտան Պայրամովի Հետ Շուրջ 2 Ժամ Քննարկած Է  Միրզոյեանի Եւ Ռուպիոյի Ստորագրած Թրիփփ  Շրջանակային Փաստաթուղթը
Հայկական

Ֆիտան Պայրամովի Հետ Շուրջ 2 Ժամ Քննարկած Է Միրզոյեանի Եւ Ռուպիոյի Ստորագրած Թրիփփ Շրջանակային Փաստաթուղթը

January 16, 2026
Հաճիզատէ. «Ուաշինկթընի Մէջ Ստորագրուած  Համաձայնագիրը Կարեւոր Քայլ Է»
Հայկական

Հաճիզատէ. «Ուաշինկթընի Մէջ Ստորագրուած Համաձայնագիրը Կարեւոր Քայլ Է»

January 16, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.