Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

«Պիտի Գան «Զօրաց» Պանթէոն Ու Ըսեն` Տղա՛ք, Դուք Յաղթեցիք»

Հոկտեմբեր 15, 2020
| Newsletter, Գլխաւոր լուրեր, Հայկական
0
Share on FacebookShare on Twitter

Պռօշեանցիներն երէկ` երեքշաբթի 13 հոկտեմբերին վերջին հրաժեշտը տուին իրենց հերոսներէն 5-ին` Արշակ Մելիքեանին (33 տարեկան), Մանուկ Թորոսեանին (35 տարեկան), Սուրէն Յովսէփեանին (47 տարեկան), Յովհաննէս Պետրոսեանին (25 տարեկան) եւ Ալիկ Մկրտչեանին (42 տարեկան):  Յուղարկաւորութեան աւարտին` Պռօշեանի «Զօրաց» պանթէոնին մէջ ներկաներուն խօսքով դիմեց «Երկիր մետիա» պատկերասփիւռի կայանի լրատուական եւ հասարակական-քաղաքական հաղորդումներու տնօրէն Գեղամ Մանուկեան:

«Երբ երէկ ըսին, որ այսօր խօսք պէտք է ըսեմ, պահ մը անդրադարձայ, թէ ո՞վ իրաւունք ունի մեր երկրին մէջ պռօշեանցիին առջեւ կանգնելու ու խօսք ըսելու, ո՞վ այդ իրաւունքը կրնայ վաստկիլ: Այն Պռօշեանի, որ իր անցեալով արդէն հերոսական է,  եւ եթէ մեր երկրին մէջ կարգ ըլլար, օրէնք ըլլար հերոս գիւղի, հերոս քաղաքի, առաջիններէն մէկը Պռoշեանն էր, որ այդ իրաւունքը վաստկած է: Ու թերեւս այսօր խօսքեր չըսէի, այլ ուղղակի կարդայի Չոլոյի ճառը, որովհետեւ պռօշեանցիներու նախնիներէն շատ շատերը` Էրգրից սկսած Չոլոյի ճառի նման ճառեր արտասանելու բազմաթիւ առիթներ ունեցած են: Յետոյ արդէն արցախեան ազատամարտին մէջ Պետոն Կարօտին համար ըսած է, յետոյ Պետոյին  համար Հրաչը ըսած է, յետոյ Հրաչին համար ալ ըսած են, Ազնաւուրի, Արտակի® Այս պանթէոնին մէջ թաղուած բոլոր հերոսներուն:  Շատ դժուար է որեւէ բան ըսել, որովհետեւ այս գիւղը իր ամբողջ անցեալով, իր ամբողջ ճամբով դաստիարակեց այդպիսի հերոսներ, որոնք արցախեան ազատամարտի առաջին օրերուն  իրենց նախնիներու աւանդութիւնները շարունակելով` ազատագրեցին ու պահեցին մեր արցախեան հողը, յետոյ արդէն, երբ նորէն ապրիլին վտանգ կար,  պռօշեանցիներն էին, որ  առաջիններէն անդամագրուեցան այդ պայքարին մէջ: Ապրիլեան պատերազմին մասնակիցները արդէն այս պատերազմին մէջ զաւակ  կը կորսնցնեն: Կը ցաւիմ եւ կը ցաւակցիմ բոլորիդ: Ձեզի` ուժ, կամք, որովհետեւ դուք դաստիարակած էք այդ հերոսները, որոնք չսպասեցին որեւէ զօրականչի, զինուորական կեդրոնի թուղթի, այլ առաջին օրը  անդամագրուեցան, առաջին օրը գացին նաեւ իրենց պռօշեանցի նահատակուած հայրենակիցներու ձեռքբերածը, յաղթածը, պահածը նորէն պահպանելու: Եւ այդ պատճառով է, որ այսօր հայրենական է այս պատերազմը, այսօր տուն չկայ, օճախ չկայ, որ առաջնագիծին մէջ զաւակ չունենայ, եղբայր չունենայ, հայր չունենայ, ամուսին չունենայ», շեշտեց Գ. Մանուկեան, ապա դիմեց նահատակուած հերոսներուն` անուն առ անուն:

«Տղա՛ք ջան, թող հողը թեթեւ ըլլայ ձեր վրայ` այն հողը, որ դուք այնքան կը սիրէիք, որ այդ հողին համար ձեր կեանքը տուիք, գրկեցիք այդ հողն ու նահատակուեցաք այդ հողին համար: Հողն ալ այսօր ընդունեց ձեզ, իսկ Կարօտ ջան, Պետօ ջան, Հրաչ ջան, Ազնաւուր, Արտակ, միւսներ, տղոց լաւ ընդունեցէ՛ք, տղոց սիրով ընդունեցէ՛ք, տղաքը ձեզմով դաստիարակուած են, տղաքը ձեր անունով երգեր երգած են, այդպէս մեծցած են, տղոց համար ձեր նկարները սրբապատկեր էին, այսօր արդէն ձեր նկարներ սրբապատկեր դարձած են, տղաք ջան: Եւ դուք ալ ընդունեցէ՛ք վաղը միւս օրը այն բոլոր ձեր պռօշեանցիները, ձեր հերոս նահատակ ընկերները, որոնք պիտի գան ձեզի  հետ», ըսաւ Գ. Մանուկեան:

Ամփոփելով խօսքը` Գ. Մանուկեանը մեր ժողովուրդին կամք եւ միասնականութիւն մաղթեց, որ այս ծանր պայքարին մէջ, այս հայրենական պատերազմին նորէն յաղթանակով դուրս գանք. «Ու ամէն օր այս պանթէոնը պիտի շարունակէ մնալ սրբատեղի: Բոլորը այցելութեան պիտի գան եւ ըսեն` տղա՛ք, ի զուր չնահատակուեցաք, տղա՛ք, մենք յաղթեցինք, դուք յաղթեցիք, ձեր յաղթանակով յաղթանակը ամրապնդուեցաւ: Դաշնակցական համաշխարհային մեծ ընտանիքի անունով գլուխ կը խոնարհենք բոլոր հարազատներուն, համագիւղացիներուն եւ ընտանիքի անդամներուն առջեւ: Ձեզի համբերութիւն, կորով, թող վառ մնայ յիշատակը մեր տղոց»:

 

Նախորդը

Առիթ Տալու Համար Յաւելեալ Քննարկումներու Խորհրդարանական Պարտադիր Խորհրդակցութիւնները Մէկ Շաբաթով Յետաձգուեցան

Յաջորդը

Զոհրապ Մնացականեան Հանդիպում Ունեցաւ ԵԱՀԿ-ի Մինսքի Խմբակի Համանախագահներուն Հետ

RelatedPosts

Ակնարկ.  Սիւնիքը` Ապու Տապիի Տաք Կէտ
Գլխաւոր լուրեր

Ակնարկ. Սիւնիքը` Ապու Տապիի Տաք Կէտ

Յուլիս 12, 2025
Սաղաթէլեան. «Մեզ Լռեցնել Չեն Կրնար»
Գլխաւոր լուրեր

Սաղաթէլեան. «Մեզ Լռեցնել Չեն Կրնար»

Յուլիս 12, 2025
Պրուսօ. «Միացեալ Նահանգներ Կ՛աջակցին  Ազրպէյճանի Եւ Հայաստանի Միջեւ Խաղաղութեան Ձգտման»
Գլխաւոր լուրեր

Պրուսօ. «Միացեալ Նահանգներ Կ՛աջակցին Ազրպէյճանի Եւ Հայաստանի Միջեւ Խաղաղութեան Ձգտման»

Յուլիս 12, 2025
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?