Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Հայոց Բանակի Զօրքերը Հերոսական Դիմադրութիւն Ցոյց Կու Տան Ռազմաճակատի Բոլոր Հարուածներուն Մէջ

Հոկտեմբեր 16, 2020
| Newsletter, Գլխաւոր լուրեր, Հայկական
0
Share on FacebookShare on Twitter

Հայաստանի վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան եւ Ազրպէյճանի նախագահ Իլհամ Ալիեւ հարցազրոյց տուած են «Ռուսիան այսօր» լրատու գործակալութեան ընդհանուր տնօրէն Տմիթրի Քիսիլիովին:

Խօսելով ղարաբաղեան տագնապի լուծման մասին` վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան ըսած է. «Ասիկա ոչ ոքի անձնական յաւակնութիւններուն հարցն է: Կ՛ուզէի, որ տագնապը վերջնականօրէն լուծուէր` փոխզիջումներու հիման վրայ: Պէտք է այնպիսի լուծում գտնենք, որ ընդունելի ըլլայ բոլոր կողմերուն` Հայաստանին, Լեռնային Ղարաբաղին ու Ազրպէյճանին համար: Եւ ատիկա կ՛ըլլար վերջնական լուծում»: Փաշինեանի խօսքը մէջբերած է «ՌԻԱ Նովոսթի»-ն:

Վարչապետ Փաշինեան ըսած է, որ Հայաստանի համար Լեռնային Ղարաբաղի ինքնորոշման իրաւունքը կարմիր գիծ է, որմէ Երեւան չի կրնար հրաժարիլ: «Լեռնային Ղարաբաղի ինքնորոշման իրաւունքը մեզի համար կարմիր գիծ է, որ չենք կրնար անցնիլ», հաստատեց ան:

Հայաստանի պաշտպանութեան նախարարութեան ներկայացուցիչ Արծրուն Յովհաննիսեան վստահ է, որ հայկական կողմը պիտի յաղթէ Արցախի դէմ Ազրպէյճանի սանձազերծած լայնածաւալ պատերազմին: «Այս օրերուն մենք կը կորսնցնենք մեր թանկագին ընկերները` անոնց արիւնով պաշտպանելով մեր հողը: Ես կը հաւատամ, որ պիտի յաղթենք», հաստատեց ան:

Ըստ Յովհաննիսեանի, Արցախի եւ Ազրպէյճանի հակամարտ զօրքերու շփման գիծին մէջ իրավիճակը կը շարունակէ մնալ լարուած: Արդարեւ, երէկ կանուխ առաւօտեան նորէն թշնամին նախաձեռնած է յարձակողական գործողութիւններու` երկու-երեք ուղղութիւններով: Ամբողջ օրուան ընթացքին յամառ մարտեր ընթացած են յատկապէս հարաւային ուղղութեամբ` մերձարաքսեան հատուածին մէջ, ուր մեր զօրքերը հերոսական դիմադրութիւն ցոյց տուած են հակառակորդին, ընթացած են ծանր մարտեր: Ան դիտել տուաւ, որ երկուստեք կան կորուստներ, հակառակորդը կրած է մեծ կորուստներ, իսկ որոշ բնագիծերու մէջ կարելի եղած է զայն ետ շպրտել: «Ընդհանուր առմամբ, իրավիճակը կը շարունակէ ծանր մնալ, մեր զօրքերը հերոսական դիմադրութիւն ցոյց կու տան բոլոր հատուածներուն մէջ», շեշտեց Յովհաննիսեան:

Արծրուն Յովհաննիսեան նշեց, որ գիշերային ժամերուն սահմանագիծին մէջ տեղի ունեցած են կրակոցի որոշակի թուլացումներ:

«Թշնամին կը շարունակէ օգտագործել չափազանց մեծ քանակի ուժեր, յատկապէս` հետեւակ, անդադար գրոհող խումբեր, անդադար հրետանային կրակ եւ օդուժի տարբեր միջոցներ: Իրավիճակը կը շարունակէ լարուած մնալ, գիշերային ժամերուն կրակոցի որոշակի թուլացում տեղի կ՛ունենայ, սակայն առաւօտեան կը վերսկսին յարձակումները, տարբեր ուղղութիւններով կը սաստկանան կամ քիչ մը կը թեթեւնան», նշեց ան:

Յովհաննիսեան նաեւ ըսաւ, որ Արցախի Քարվաճառի շրջանին ուղղութեամբ արդէն յամառ մարտեր չկան:

Մինչ այդ, օրուան ընթացքին Ազրպէյճան «Սմերչ» ռումբերով հրթիռակոծած է Մարտունիի շրջանի Կարմիր շուկայ համայնքը, որուն պատճառով զոհուած է 1 խաղաղ բնակիչ:  Ռմբակոծուած են նաեւ Ստեփանակերտը եւ քաղաքացիական կառոյցներ:

Արցախի նախագահ Արայիկ Յարութիւնեան այցելեց պաշտպանութեան բանակի մարտական կառավարման կեդրոն եւ բարձրաստիճան հրամանատարական կազմին ներկայութեան նախարար Ջալալ Յարութիւնեանին յանձնեց հազարապետ-զօրավարի զինուորական ուսադիրները:

Դիմատետրի իր էջին վրայ նախագահ Յարութիւնեան գրեց, որ Ջալալ Յարութիւնեան արժանացած է այս կոչման` վերջին 19 օրուան պատերազմական գործողութիւններուն իրականացուցած փայլուն ղեկավարութեան համար:

Արցախի նախագահը նշեց նաեւ, որ պատերազմը, ի հարկէ, չէ աւարտած, բայց մարտունակութեան, արհեստավարժութեան, վճռականութեան եւ հայրենասիրութեան այն բարձր մակարդակը, զոր ունի պաշտպանութեան բանակը, վստահութիւն եւ ոգեւորութիւն կը ներշնչէ:

Հայաստանի Հանրապետութեան Ազգային անվտանգութեան ծառայութիւնը (ԱԱԾ) անհեթեթութիւն կը նկատէ Ազրպէյճանի պետական անվտանգութեան ծառայութեան յայտարարութիւնը այն մասին` իբրեւ թէ Հայաստանի յատուկ ծառայութիւնները գործողութիւններ կը նախապատրաստեն ազրպէյճանական մեծ քաղաքներուն մէջ:

ԱԱԾ մամլոյ ծառայութիւնը հաղորդագրութեամբ մը կտրականապէս հերքեց Ազրպէյճանի յատուկ ծառայութիւններու հիւանդ երեւակայութեան արգասիքը:

Ազգային անվտանգութեան ծառայութիւնը անգամ մը եւս հաստատեց, որ Հայաստանի Հանրապետութիւնը երբեք չի թիրախաւորեր Ազրպէյճանի խաղաղ բնակչութիւնը` ի տարբերութիւն մեր թշնամիներուն: «Համոզուած ենք, որ ահաբեկչական այդ գործողութիւնը, ինչպէս նաեւ Ազրպէյճանի կողմէ միշտ իրականացուող ահաբեկչական քայլերը, այդ կարգին` խաղաղ բնակչութեան, երեխաներու, հիւանդանոցի թիրախաւորումը, քաղաքացիական կառոյցներու եւ նոյնիսկ` եկեղեցւոյ ուղղութեամբ հարուածները, խստագոյն միջազգային գնահատականի կ՛արժանանան: Հայաստանը միջազգային յարաբերութիւններու պատասխանատու մասնակից է, Հայաստանի յատուկ ծառայութիւնները այսօր պարտադրուած են պայքարիլ յանուն միջազգային ահաբեկչութենէ զերծ շրջանի, յանուն խաղաղութեան եւ մեր քաղաքացիներու  անվտանգութեան», հաստատեց հաղորդագրութիւնը:

Հայաստանի ընդհանուր դատախազութիւնը Ռուսիոյ եւ Իրանի գործընկերներուն ներկայացուցած է քրէական գործերով հաստատուած ապացոյցներ այն մասին, որ Ազրպէյճանի զինուած ուժերուն մէջ առկայ են վարձկաններ: Այս մասին յայտնեց Հայաստանի զինուորական դատախազ, ընդհանուր դատախազի տեղակալ Վահէ Յարութիւնեան:

Վահէ Յարութիւնեան նշեց, որ արդէն իսկ շուրջ երկու տասնեակէ աւելի քրէական գործեր յարուցուած են, ինչպէս Ազրպէյճանի սանձազերծած պատերազմին, միջազգային ահաբեկչութեան, այնպէս ալ այլ յանցագործութիւններու վերաբերեալ:

Հայաստանի Մարդու իրաւունքներու պաշտպանի աշխատակազմը հայ ռազմագերիներու գնդակահարման տեսանիւթը անհրաժեշտ նկարագրութեամբ պիտի ուղարկէ միջազգային մարմիններուն` ըստ իրաւասութեան: Այս մասին Դիմատետրի իր էջին վրայ գրեց Հայաստանի Մարդու իրաւունքներու պաշտպան Արման Թաթոյեան:

Թաթոյեան դիտել տուաւ, որ Ազրպէյճանի պաշտպանութեան նախարարութիւնը հրապարակած է հերքում այն մասին, թէ իրենք առնչութիւն չունին տեսանիւթերուն հետ: Անկէ ետք համացանցի ազրպէյճանական աղբիւրներէն սկսած են հեռացնել տեսանիւթերը: Հայաստանի մարդու իրաւունքներու պաշտպանի աշխատակազմը, սակայն, բոլոր աղբիւրները ժամանակին փաստագրած է:

 

 

Նախորդը

ՀՅԴ Բիւրոյի Անդամները Հանդիպում Ունեցած Են Հայաստանի Մէջ Ռուսիոյ Դեսպանին Հետ

Յաջորդը

Պայտըն Եւ Հարիս Լեռնային Ղարաբաղի Հարցով Յայտարարութիւններ Կատարած Են

RelatedPosts

ՀՅԴ Բիւրոյի Յայտարարութիւն
Գլխաւոր լուրեր

ՀՅԴ Բիւրոյի Յայտարարութիւնը

Հոկտեմբեր 18, 2025
Եւրոպայի Ընկերվարականներու Կուսակցութիւնը Ազրպէյճանին Կոչ Կ՛ուղղէ Ապահովելու Արցախահայութեան Վերադարձը
Հայկական

Եւրոպայի Ընկերվարականներու Կուսակցութիւնը Ազրպէյճանին Կոչ Կ՛ուղղէ Ապահովելու Արցախահայութեան Վերադարձը

Հոկտեմբեր 18, 2025
Մարակոս. «Եւրոպական Միութիւնը Պատրաստ Է Իր Գործիքները Ներդրելու «Թրամփի Ուղի» Նախագիծը Եւ «Խաղաղութեան Խաչմերուկ» Նախաձեռնութիւնը Կեանքի Կոչելու Համար»
Հայկական

Մարակոս. «Եւրոպական Միութիւնը Պատրաստ Է Իր Գործիքները Ներդրելու «Թրամփի Ուղի» Նախագիծը Եւ «Խաղաղութեան Խաչմերուկ» Նախաձեռնութիւնը Կեանքի Կոչելու Համար»

Հոկտեմբեր 18, 2025
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?