Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Ազրպէյճան Անգամ Մը Եւս Չյարգեց 18 Հոկտեմբերին Նախատեսուած Հրադադարը Եւ Շարունակեց Իր Յարձակումները

October 19, 2020
| Newsletter, Գլխաւոր լուրեր, Հայկական
0
Share on FacebookShare on Twitter

Շաբաթ, 17 հոկտեմբերին Հայաստանի Հանրապետութեան արտաքին գործոց նախարարութիւնը տարածած է յայտարարութիւն մը, որուն մէջ նշած էր, որ Հայաստանի Հանրապետութիւնը եւ Ազրպէյճանի Հանրապետութիւնը որոշած են 18 հոկտեմբերին, տեղական ժամանակացոյցով ժամը` 00:00-էն սկսեալ, հաստատել մարդասիրական հրադադար:

«Այս որոշումը տրուած է` ի շարունակութիւն ԵԱՀԿ-ի Մինսքի խմբակի համանախագահ երկիրները ներկայացնող Ֆրանսայի, Ռուսիոյ եւ Միացեալ Նահանգներու նախագահներուն 1 հոկտեմբերին կատարած յայտարարութեան, ԵԱՀԿ-ի Մինսքի խմբակի համանախագահներուն 5 հոկտեմբերին յայտարարութեան եւ համաձայն 10 հոկտեմբերին Մոսկուայի մէջ ընդունուած միացեալ յայտարարութեան», նշուած է յայտարարութեան մէջ:

Մարդասիրական հրադադարի հաստատումէն ետք Հայաստանի պաշտպանութեան նախարարութեան մամլոյ բանբեր Շուշան Ստեփանեան Դիմատետրի իր էջով գրած է, թէ, հերթական անգամ խախտելով մարդասիրական հրադադարը, թշնամին հիւսիսային ուղղութեամբ ժամը 00:04-էն 02:45-ի ժամանակահատուածին վարած է հրետանային եւ հրաձգային կրակ, իսկ հարաւային ուղղութեամբ ժամը 02:20-էն 02:45 տուած է հրթիռային հարուածներ:

Աւելի ուշ, այլ առիթով, Շուշան Ստեփանեան տեղեկացուցած է, թէ Արցախի պաշտպանութեան բանակի ստորաբաժանումները հարաւային ուղղութեամբ խոցած են ազրպէյճանական գրոհող 4 զրահապատներ:

Արցախի Հանրապետութեան նախագահի մամլոյ բանբեր Վահրամ Պօղոսեան ըսած է, թէ Ազրպէյճանի կողմէ մարդասիրական հրադադարի դրութեան պահպանման պարագային, Արցախի պաշտպանութեան բանակը պատրաստ է շրջափակման մէջ գտնուող ազրպէյճանական զօրքերուն մարդասիրական միջանցք տրամադրել:

Երէկ` կիրակի, 18 հոկտեմբերին Արցախի մայրաքաղաք Ստեփանակերտի մէջ պայթումի ձայներ լսուած է: Արցախի պաշտպանութեան բանակի  մամլոյ բանբեր Սուրէն Սարումեան յայտնած է, որ Ստեփանակերտի երկինքին մէջ խոցուած է թշնամիի անօդաչու թռչող սարք:

Հայաստանի արտաքին գործոց նախարարութեան մամլոյ բանբեր Աննա Նաղդալեան` պատասխանելով արտաքին գործողութեան եւրոպական ծառայութեան մամլոյ բանբերի, այսպէս կոչուած, «Գանձակ քաղաքի հրթիռակոծման» վերաբերեալ յայտարարութեան, դատապարտած է անոր միակողմանի եւ կողմնակալ յայտարարութիւնը եւ ընդգծած, որ անիկա Ազրպէյճանին «կանաչ լոյս» կու տայ անպատժելիօրէն շարունակելու  միջազգային իրաւունքի, ներառեալ` միջազգային մարդասիրական իրաւունքի եւ միջազգային սովորութային իրաւունքի խախտումները:

Արցախի Հանրապետութեան արտաքին գործոց նախարարութիւնը խստօրէն դատապարտած է Ազրպէյճանի կողմէ մարդասիրական հրադադարի մասին պայմանաւորուածութեան կոպտագոյն խախտումը, որ ուժի մէջ մտած էր 18 հոկտեմբերի ժամը 00:00-էն սկսեալ: Նախարարութիւնը այս մասին տարածած է հաղորդագրութիւն մը, որուն մէջ ընդգծուած է յատկապէս, որ միայն Արցախի Հանրապետութեան միջազգային ճանաչումը կրնայ կասեցնել միջազգային միջնորդներու  ջանքերն ու հեղինակութիւնը խաթարող թուրք-ազրպէյճանական ուխտադրուժ վարքագիծը:

Հայաստանի արտաքին գործոց նախարար Զոհրապ Մնացականեանը 18 հոկտեմբերին հեռաձայնային հաղորդակցութիւն ունեցած է Եւրոպական Միութեան արտաքին գործերու եւ անվտանգութեան քաղաքականութեան հարցերով բարձր ներկայացուցիչ Ժոզեփ Պորելին հետ: Նախարար Մնացականեան իր զրուցակիցին հանգամանալից տեղեկատուութիւն տրամադրած է 27 սեպտեմբերէն սանձազերծուած ռազմական գործողութիւններու ամբողջ ընթացքին Ազրպէյճանի կողմէ Արցախի խաղաղ բնակչութեան եւ քաղաքացիական ենթակառուցուածքներուն հասած վնասներուն, անոնց նկատմամբ միջազգային համաձայնագիրներով արգիլուած զէնքերու կիրարկումի, այդ վայրագութիւններու իբրեւ հետեւանք մեծաթիւ տեղահանուածներու մասին:

Արցախի նախագահի խորհրդական Դաւիթ Բաբայեան 18 հոկտեմբերին տուած մամլոյ ասուլիսի մը ընթացքին, անդրադառնալով հրադադարի հաստատումէն ժամեր անց Արցախի հարաւային հատուածին մէջ ջրամբարի ուղղութեամբ յարձակման փաստին` ըսած է, որ Թուրքիան, Ազրպէյճանն ու ահաբեկիչները կը փորձեն Իրանի եւ Արցախի սահմանային Խուդաֆերինի ջրամբարը` ռազմավարական ամէնէն կարեւոր հանգոյցը, կա՛մ շարքէ հանել եւ կամ վերցնել իրենց վերահսկողութեան տակ, որպէսզի հետագային ազդեցիկ լծակ ունենան Իրանի նկատմամբ:

Երէկ` 18 հոկտեմբերին տեղի ունեցած մամլոյ ասուլիսի մը ընթացքին Հայաստանի պաշտպանութեան նախարարութեան ներկայացուցիչ Արծրուն Յովհաննիսեան ըսած է, թէ հակամարտ զօրքերու շփման գիծին մէջ մարտական գործողութիւնները կը շարունակուին:

Նախորդը

Մամլոյ Հաղորդագրութիւն

Յաջորդը

Թաւրիզում «Արքութեան » Կոնդակի Ընթերցման Առիթով «Ինձ Ընծայուած Այս Պատիւը Ձօնում Եմ Իմ Ժողովրդին` Պատնէշի Վրայ Կանգնած Ատրպատականի Մեր Հայութեան» Գրիգոր Արքեպիսկոպոս Չիֆթճեան

RelatedPosts

Ակնարկ.  Ուրուագիծեր Դէպի Նոր Շրջափուլ
Գլխաւոր լուրեր

Ակնարկ. Ուրուագիծեր Դէպի Նոր Շրջափուլ

February 3, 2026
Մօտ Օրէն Ուաշինկթըն-Թեհրան Բանակցութիւններ
Գլխաւոր լուրեր

Մօտ Օրէն Ուաշինկթըն-Թեհրան Բանակցութիւններ

February 3, 2026
Թրամփ. «Կը Յուսանք Իրանի Հետ Գործարքի Հասնիլ
Գլխաւոր լուրեր

Թրամփ. «Կը Յուսանք Իրանի Հետ Գործարքի Հասնիլ

February 3, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.