Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Արմէն Ռուստամեան. «Արցախը Պէտք Է Մնայ Հայկական»

Նոյեմբեր 13, 2020
| Newsletter, Գլխաւոր լուրեր, Հայկական
0
Share on FacebookShare on Twitter

«Մեր պայքարը արդար պայքար է, մեր պայքարը ազնիւ պայքար է, այդ սուտի, կեղծիքի մթնոլորտը, այստեղ հաւաքուելով` կոտրենք վերջապէս: Մեզ խաբած են, մեզ անընդհատ պահած են կեղծիքի մէջ:

Ի՛նչ կը խօսէին եւ ո՛ւր հասանք, ստեղծեցին երկու աշխարհ, ստեղծեցին վիրտուալ աշխարհ, ուր մենք կը յաղթէինք, եւ իրական աշխարհ, ուր մենք պարտուեցանք, եւ ասոր մեղաւորը մէկ մարդ է` Նիկոլը», Ազատութեան հրապարակին մէջ հանրահաւաքի մասնակիցներուն այսպէս դիմեց ՀՅԴ Բիւրոյի նախագահ Արմէն Ռուստամեան:

Ան վստահեցուց, որ շատերը արդէն կը գիտակցին իրականութեան, եւ դիմելով անոնց, որոնք դեռ չեն գիտակցիր, թէ ի՛նչ կը կատարուի, ըսաւ. «Շուտ սթափուեցէ՛ք, որովհետեւ այն, ինչ որ կորսնցուցած ենք, մեզի  երազանք պիտի թուի: Եթէ թոյլ տանք, որ Նիկոլը շարունակէ այս սուտը, մենք Հայաստան պիտի չունենանք, վերջապէս, ժողովո՛ւրդ, պիտի չունենանք. թող մեզ չխաբեն, մենք ճիշդ անոր համար հաւաքուած ենք այսօր:

«Ես ձեզի յիշեցնեմ` երբ մեր պատգամաւորներն էին, երբ նոր-նոր 2018-ի ընտրութիւններն էին, ես իրեն հարցուցած եմ` եթէ դուն վաղը դառնաս վարչապետ, պիտի պարտաւորուի՞ս հետեւիլ Լեռնային Ղարաբաղի Սահմանադրութեամբ ամրագրուած ժողովուրդի կամքին` ինչ որ կը նշանակէր` պահել սթաթիւս քոն այնքան ժամանակ, քանի դեռ չէ ճանչցուած Լեռնային Ղարաբաղի Հանրապետութեան անկախութիւնը եւ չէ վերականգնուած տարածքային ամբողջականութիւնը, ըսաւ` այո, այո, վստահաբար, ու ի՞նչ մնաց անկէ»:

Արմէն Ռուստամեան շեշտեց` թէ՛ Արայիկ Յարութիւնեանը, թէ՛ Նիկոլ Փաշինեանը իրաւունք չունին խօսելու ազնուութեան մասին, քանի որ ոտնահարած են Սահմանադրութիւնը. «Նոյն Սահմանադրութեամբ ընտրուած ես նախագահ, Արայի՛կ Յարութիւնեան: 175 յօդուածը դուն  պէտք է աչքի լոյսի պէս պահէիր, որ Ղարաբաղը մնար հայկական: Ի՞նչ ըրիր դուն, հիմա կը շարունակես մարդոց մեղադրե՞լ. օր առաջ դուն  իրաւունք չունիս այդտեղ ըլլալու, որովհետեւ դուն այն նախագահն ես, որ, քու կողմէդ իսկ ձեւաւորուած, ժողովուրդին կողմէ ձեւաւորուած, հանրապետութիւնը ի չիք դարձուցիր, Սահմանադրութիւնը ոտնակոխ ըրիր:

«Ի՞նչ է այստեղէն հրահանգներ կը ստանաս` պապէն աւելի պապական Նիկոլ կը պաշտպանես, մինչեւ ե՞րբ: Արցախի ժողովուրդը լաւ գիտէ` ինչ կատարուած է: Արցախի ժողովուրդը, որ այստեղ է, գիտէ, չէ՞. Ինչպէ՞ս կրնայ վերադառնալ Ղարաբաղ, եթէ Ղարաբաղը մնաց թուրքի լուծին տակ, ո՞ր ղարաբաղցին կը վերադառնայ. ան տեսած է ատիկա, Նախիջեւան տեսած ենք, հայ մը մնա՞ց Նախիջեւանի մէջ: Այս ի՞նչ ողբերգութիւն բերիք այս ազգի գլխուն:

«Այսօր Շուշիի մէջ նամազ կը հնչեցնեն: Այն բոլոր վարձկանները, ահաբեկիչները, որ եկած էին, եկած են իրենց խրախճանքը կ՛ընեն: Մենք ձգեցինք Ղազանչեցոցը, մեր սրբութիւնները»:

Արմէն Ռուստամեան պայքարի կոչ յղեց Հայաստանի եւ սփիւռքի մէջ ապրող` իրավիճակով մտահոգ բոլոր քաղաքացիներուն. «Ով որ սրբութիւն կը յարգէ, ան պէտք է այս հրապարակը գայ, ով որ կ՛ուզէ, որ մեր ժողովուրդի ապագան իր ձեռքէն չխլեն, ան պէտք է այս հրապարակը  գայ:

«Մեր պայքարը ժամանակ չի ճանչնար, տարածութիւն չի ճանչնար. ամբողջ հայութիւնը աշխարհով մէկ պէտք է նոյն խնդիրը դնէ, որ այս մարդը հասկնայ, որ ինք չի կրնար ղեկավարել ժողովուրդը»:

Արմէն Ռուստամեան տեղեկացուց, որ այսօր` ուրբաթ, 13 նոյեմբերին, կրկին հանրահաւաք պիտի կազմակերպուի` Ազատութեան հրապարակին մէջ, ժամը 16:00-ին:

 

 

Նախորդը

Արմէն Սարգսեան-Նիկոլ Փաշինեան Հանդիպում

Յաջորդը

ՀՅԴ Բիւրոյի Յայտարարութիւնը

RelatedPosts

ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական Կոմիտէի Պատուիրակութիւնը Այցելեց Հայ Աւետարանական Կեդրոնական Բարձրագոյն Վարժարան Եւ «Ճինիշեան» Յիշատակի Հիմնադրամ
Գաղութային

ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական Կոմիտէի Պատուիրակութիւնը Այցելեց Հայ Աւետարանական Կեդրոնական Բարձրագոյն Վարժարան Եւ «Ճինիշեան» Յիշատակի Հիմնադրամ

Հոկտեմբեր 22, 2025
Վարդան Ղուկասեան Կալանաւորուեցաւ, Համայնքի Ղեկավարի Լիազօրութիւնները Կասեցուեցան
Գլխաւոր լուրեր

Վարդան Ղուկասեան Կալանաւորուեցաւ, Համայնքի Ղեկավարի Լիազօրութիւնները Կասեցուեցան

Հոկտեմբեր 22, 2025
Հարուածել Եկեղեցուն` Նշանակում Է Հարուածել Ազգային Նկարագրին
Գլխաւոր լուրեր

Հարուածել Եկեղեցուն` Նշանակում Է Հարուածել Ազգային Նկարագրին

Հոկտեմբեր 22, 2025
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?