Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Ռուսական Խաղաղապահ Զօրախումբի` Արցախի Մէջ Տեղակայման Զուգահեռ, Երեւանի Մէջ Փաշինեանի Հրաժարականը Պահանջող Ցոյցերը Շարունակուեցան

Նոյեմբեր 14, 2020
| Newsletter, Գլխաւոր լուրեր, Հայկական
0
Share on FacebookShare on Twitter

Երէկ` ուրբաթ, 13 նոյեմբերին, կէսօրէ ետք ժամը 4:00-ին, Հայաստանի խորհրդարանական եւ արտախորհրդարանական 16 կուսակցութիւններու նախաձեռնութեամբ Ազատութեան հրապարակին վրայ տեղի ունեցաւ հանրահաւաք:

Հանրահաւաքի կազմակերպիչներու հիմնական պահանջն էր  վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանի հրաժարականը: Անոնք ներկայացուցին Արցախի պատերազմին պատճառով ստեղծուած իրավիճակէն ելքի իրենց տարբերակը:

Ճիշդ նոյն ժամուն` կէսօրէ ետք 4:00-ին, կուսակցութիւններու բոլոր ղեկավարները հրաւիրուեցան Յատուկ քննչական ծառայութիւն` որոշակի բացատրութիւն տալու համար:

ՀՅԴ Բիւրոյի անդամ Սպարտակ Սէյրանեան հանրահաւաքի մասնակիցներուն ուղղած իր խօսքին մէջ յայտնեց, որ այս խայտառակ փաստաթուղթը չեղեալ նկատելու մէկ տարբերակ կայ` պէտք է փոխենք բանակցողը, իսկ ատոր համար պէտք է աւելի մեծաթիւ ժողովուրդ համախմբուի եւ ատիկա պահանջէ:

«Մենք մեր խնդիրները լուծելու համար պէտք է միասնական ըլլանք, բայց միասնութիւնը այստեղ է, ոչ թէ իր «ֆէյքերուն» շուրջ: Մենք պէտք է մտածենք, թէ այս ծանր բեռին տակէն ինչպէ՛ս դուրս պիտի գանք, այսքանէն ետք մէկ նախադասութիւն չգտաւ ըսելու, թէ Ղարաբաղէն եկած այս գաղթականներուն խնդիրները ինչպէ՛ս պէտք է լուծել:

«Այս հարցը ազգային իշխանութեան հարց է, ոչ թէ օտարի պատուէր կատարող իշխանութեան», ըսաւ ան:

Սպարտակ Սէյրանեան ընդգծեց, որ այդ մարդիկը այնքան շնորհք չունեցան, որ այդ հազարաւոր նահատակ տղաքը յարգելու համար սուգի օր յայտարարեն. «Այդ պատճառով ալ այս հանրահաւաքներու կազմակերպական կոմիտէն որոշեց վաղը լռութեան ու սուգի օր յայտարարել` ի յիշատակ իրենց թափած արեան, որ երբեք ջուր պիտի չդառնայ: Կը խնդրեմ` բոլորդ վաղը (այսօր` շաբաթ, 14 նոյեմբեր, «Ա.») ժամը 18:00-ին եկէք այստեղ մոմավառութեան, ով որ ի վիճակի չէ գալու, թող իր տանը մէջ վառէ այդ մոմը ի յիշատակ այդ տղոց, որոնցմէ շատերը գերեզման ալ պիտի չունենան, իսկ միւս օրը (կիրակի, 15 նոյեմբեր, «Ա.») ժամը 16:00-ին կու գանք այստեղ ու կ՛ըսենք` Նիկո՛լ, հեռացիր», ըսաւ ան:

ՀՅԴ Հայաստանի Գերագոյն մարմինի անդամ, բժիշկ-ազատամարտիկ Տարօն Տօնոյեան իր խօսքին մէջ յայտնեց, որ պատերազմի դժնդակ 44 օրերուն, երբ մեր վիճակը աւելի կը դժուարանար, ան որոշած էր վերադարձէ ետք երբեք չխօսիլ. «Բայց հիմա հարկադրուած եմ, որովհետեւ ես չէի պատկերացներ, որ Ազատութեան հրապարակին վրայ Ղարաբաղի կորուստէն ետք այսքան քիչ մարդ պէտք է ըլլայ, կ՛ափսոսամ մեր ազգին համար», ըսաւ ան:

Տօնոյեան ընդգծեց, որ մենք պատերազմը պարտուեցանք 1994 թուականի զինադադարը հաստատելու յաջորդ օրէն իսկ, որովհետեւ զինադադարի յաջորդ օրէն անհրաժեշտ լրջութեամբ չենք պատրաստուած յաջորդ պատերազմին, այլ դրամով ընտրութիւն կատարած ենք, ընտրամասերէն արկղեր գողցած ենք, սակայն դաս չենք քաղած այս բոլորէն: Ան նշեց, որ եկաւ ժամանակը, երբ ժողովուրդը ոտքի կանգնեցաւ ու մերժեց այդ յոռի երեւոյթները, 70 առ հարիւր քուէ տուաւ այս ապաշնորհ իշխանութեան, բայց եւ այնպէս իշխանութիւնը սկսաւ բաժանումներ մտցնել ժողովուրդին մէջ ու այսօրուան մեր պարտութեան սեւ ծաղկեպսակը ինք դրաւ:

Տարօն Տօնոյեան շեշտեց, որ պարտուած են իշխանութիւնները, ժողովուրդը չէ պարտուած, մեր զինուորը չէ պարտուած:

Ան հաստատեց, որ ասիկա իշխանութեան կռիւ չէ, այլ պոռթկում է հայրենիքի կորուստի:

Հայաստանի նախկին վարչապետ Հրանդ Բագրատեան յայտնեց, որ Արցախը յանձնելու փաստաթուղթը ստորագրողը քարտէսին ծանօթ չէ եղած եւ չէ գիտցած, որ այդ քարտէսը ստորագրելու եւ Շահումեանի շրջանը (Քելբաջարը) յանձնելու պարագային կ՛անջատուի կապը Կապանի եւ Գորիսի միջեւ. «Ճամբայ պիտի չըլլայ, որովհետեւ մէկ հատուածը Ազրպէյճանով պիտի անցնի»:

Ան նաեւ ըսաւ, որ այդ փաստաթուղթին համար հայկական կողմէ բանակցողը չէ գիտցած նաեւ, որ Քելբաջարի շրջանը Շահումեանի շրջանն է եւ այսպէս կը կոչուի, քանի որ այնտեղ վերաբնակած են Շահումեանի` կորսնցուցած շրջանի բնակիչները:

Բագրատեան մեղադրեց իշխանութիւնները սխալ զինատեսակներ գնելու վրայ գումարները մսխելու եւ մեր զինուորին կռուելու կարելիութիւն չտալու համար: Ան նաեւ մարտավարական սխալներու ակնարկեց:

Միւս կողմէ, Հայաստանի պաշտպանութեան նախարարութեան մամլոյ բանբեր Շուշան Ստեփանեան Դիմատետրի իր էջով տեղեկացուց, Արցախի պաշտպանութեան բանակի նախկին հրամանատար, հազարապետ-զօրավար Ջալալ Յարութիւնեանի վիճակը կայուն է, դրական կշռոյթով:

Արցախի նախագահ Արայիկ Յարութիւնեան ընդունած է Ռուսիոյ խաղաղապահ զօրակազմի հրամանատար, հազարապետ-զօրավար Ռուստամ Մուրատովը: Այս մասին Արցախի նախագահը գրառում կատարած է Դիմատետրի իր էջին վրայ:

«Այսօր ընդունած եմ հրադադարի դրութեան վերահսկման նպատակով Արցախ եկած հազարապետ-զօրավար Ռուստամ Մուրատովը: Հանդիպումի ընթացքին միտքեր փոխանակուած են խաղաղապահ զօրախումբին կողմէ պատասխանատու առաքելութեան իրականացման հետ կապուած յստակ հարցերու շուրջ», գրած է Յարութիւնեան:

«Արմէնփրես» կը տեղեկացնէ, թէ Ռուսիոյ Անվտանգութեան դաշնային ծառայութեան սահմանապահ ծառայութիւնը Հայաստանի մէջ 5 լրացուցիչ սահմանային ուղեկալներ  տեղակայած է: Այս մասին Ռուսիոյ նախագահ Վլատիմիր Փութինին զեկուցած է Ռուսիոյ Անվտանգութեան դաշնային ծառայութեան տնօրէն Ալեքսանտր Պորթնիկով:

Նախորդը

Գերիներու Փոխանակման Եւ Դիակներու Որոնման Աշխատանքը Սկսած Է

Յաջորդը

«Ռուսիա Ոչ Թէ Լքած Է Հայերն Ու Հայաստանը, Այլ Գործադրած Է Բոլոր Ջանքերը Լեռնային Ղարաբաղի Մէջ Երկարաժամկէտ Խաղաղութեան Հաստատման Համար» Կ՛ըսէ Զախարովա

RelatedPosts

Ակնարկ.  Կարմիր Գիծէն Անցում Դէպի Մտահոգութիւն
Գլխաւոր լուրեր

Ակնարկ. Կարմիր Գիծէն Անցում Դէպի Մտահոգութիւն

Հոկտեմբեր 25, 2025
«Վենետիկի Յանձնաժողովը Արձանագրած Է Քրէական Շարք Մը Գործերու Ապօրինութիւնը» Նիւթով Մամլոյ Ասուլիս
Գլխաւոր լուրեր

«Վենետիկի Յանձնաժողովը Արձանագրած Է Քրէական Շարք Մը Գործերու Ապօրինութիւնը» Նիւթով Մամլոյ Ասուլիս

Հոկտեմբեր 25, 2025
«Հայաստան» Խմբակցութեան Պատգամաւորները Եւրոպական Միութեան Դեսպան Վասիլիս Մարակոսի Հետ Հանդիպում Ունեցան
Գլխաւոր լուրեր

«Հայաստան» Խմբակցութեան Պատգամաւորները Եւրոպական Միութեան Դեսպան Վասիլիս Մարակոսի Հետ Հանդիպում Ունեցան

Հոկտեմբեր 25, 2025
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?