Գլխաւոր լուրեր

Լիբանանեան Եւ Արաբական Հանրային Կարծիքը  Կը Շարունակէ Զօրակցիլ  Արցախի Գոյամարտին Եւ Հայ Ժողովուրդին

Լիբանանեան Եւ Արաբական Հանրային Կարծիքը Կը Շարունակէ Զօրակցիլ Արցախի Գոյամարտին Եւ Հայ Ժողովուրդին

27 սեպտեմբեր 2020-ին վերստին բռնկած արցախեան գոյամարտին եւ առհասարակ հայ ժողովուրդին զօրակցող արաբ թէ լիբանանցի հեղինակաւոր անձնաւորութիւններու կեցուածքները կը շարունակուին: Այս ծիրին մէջ, Սուրիոյ հանրապետութեան միւֆթի Ահմետ Պատրէտտին Հասսուն դատապարտեց ցեղասպանութիւն իրականացնող արիւնատենչ Թուրքիոյ թշնամական արարքները: Միւֆթի Հասսուն վերահաստատեց Թուրքիոյ գլխաւոր դերակատարութիւնը` Սուրիայէն եւ այլ շրջաններէ Ազրպէյճանի ճամբով ոճրագործ ահաբեկիչներու փոխանցման «գործուղման» մէջ: Լիբանանի պաշտպանութեան նախկին նախարար Եաագուպ Սարրաֆ դատապարտեց...

Հայաստանի Հակաօդային Պաշտպանութեան Համակարգերը Վար Կ՛առնեն Դէպի Հայաստանի Տարածք Ուղղուած Ազրպէյճանական Հրթիռները Եւ Անօդաչու Սարքերը

Հայաստանի Հակաօդային Պաշտպանութեան Համակարգերը Վար Կ՛առնեն Դէպի Հայաստանի Տարածք Ուղղուած Ազրպէյճանական Հրթիռները Եւ Անօդաչու Սարքերը

Երէկ, պատերազմական գործողութիւններուն 5-րդ օրն ըլլալով, հայկական զինեալ ուժերը շարունակեցին յաջողութեան պատժիչ հարուածներ հասցնել ազրպէյճանական նախայարձակ բանակի կենդանի զինուժին, ջախջախել մեծ քանակութեամբ զրահամեքենաներ, անօդաչու թռչող սարքեր եւ պատերազմական օդանաւեր: Երէկ ուշ երեկոյեան Հայաստանի պաշտպանութեան նախարարի մամլոյ քարտուղար Շուշան Ստեփանեան դիմատետրի իր էջով տեղեկացուց, որ Հայաստանի Կոտայքի մարզի օդային սահմաններուն մէջ հակաօդային պաշտպանութեան համակարգերով խոցուած է թշնամիի անօդաչու թռչող սարք: Իսկ...

«Թուրքիան Ձգած Է Ցեղասպանութեան Դրոշմ».   Հայաստանի Արտաքին Գործոց Նախարարութեան Արձագանգը Ազրպէյճանին Աջակցելու Յայտարարութիւններուն

Հայաստանի Արտաքին Գործոց Նախարարութիւնը Որոշած Է Խորհրդակցութիւններու Նպատակով Տուն Կանչել Իսրայէլի Մէջ Հայաստանի Դեսպանը

Հայաստանի Հանրապետութեան արտաքին գործոց նախարարութիւնը որոշած է խորհրդակցութիւններու նպատակով տուն կանչել Իսրայէլի մէջ Հայաստանի դեսպանը: Այս մասին 1 հոկտեմբերին հրաւիրուած մամլոյ ասուլիսի ընթացքին ըսաւ Հայաստանի արտաքին գործոց նախարարութեան մամլոյ բանբեր Աննա Նաղդալեան: Աննա Նաղդալեան ըսաւ, որ Հայաստանի Հանրապետութեան արտաքին գործոց նախարարութիւնը կը վերահաստատէ, որ Լեռնային Ղարաբաղի տագնապի միակ լուծումը ԵԱՀԿ-ի Մինսքի խմբակի համանախագահութեան ձեւաչափն է` շեշտելով, որ ներկայ դրութեամբ առաջնահերթութիւնը...

ՀՅԴ Հայ Դատի Կեդրոնական Խորհուրդը  Կ՛ողջունէ Սուրիոյ Խորհրդարանին`  Հայոց Ցեղասպանութեան Բանաձեւի Որդեգրումը

Ամփոփագիր Հայ Դատի Գրասենեակներուն Եւ Յանձնախումբերուն Կողմէ Կատարուած Աշխատանքներուն (27 Սեպտեմբեր – 01 Հոկտեմբեր 2020)

ՀՅԴ Բիւրոյի Հայ դատի եւ քաղաքական հարցերու գրասենեակը այս գրութեամբ կը սկսի մամուլի համար ամփոփագիրներու պարբերական հրապարակումներ, որոնց նպատակն է համառօտ ներկայացնել Հայ դատի համաշխարհային ցանցին կողմէ այս օրերուն իրականացուող լայնածաւալ եւ բազմաշերտ աշխատանքներու աւելի ակներեւ արդիւնքները` ըստ տարածաշրջաններու: Սոյն ամփոփագիրով կը ներկայացուի Հայ դատի յանձնախումբերու եւ գրասենեակներու նախընթաց աշխատանքներուն կարեւոր ձեռքբերումները` 27 սեպտեմբերէն: 27 սեպտեմբերին Արցախի Հանրապետութեան նկատմամբ ազրպէյճանական...

Արցախի Վերանորոգ Հերոսամարտին Զօրակցելու Թէ Մասնակցութեան Անդրադառնալով`   Բագրատունի. «Խղճի Հարց Է Իւրաքանչիւր Հայու Համար, Ըլլայ Ան Հայրենիքի Թէ Արտասահմանի Մէջ»

Արցախի Վերանորոգ Հերոսամարտին Զօրակցելու Թէ Մասնակցութեան Անդրադառնալով` Բագրատունի. «Խղճի Հարց Է Իւրաքանչիւր Հայու Համար, Ըլլայ Ան Հայրենիքի Թէ Արտասահմանի Մէջ»

«Խղճի հարց է իւրաքանչիւր հայու համար, ըլլայ ան հայրենիքի թէ արտասահմանի մէջ», յայտնեց ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական կոմիտէի ներկայացուցիչ, երեսփոխան Յակոբ Բագրատունի երէկ, անդրադառնալով լիբանանահայութեան կեցուածքին` Արցախի վերանորոգ հերոսամարտին զօրակցելու կամ մասնակցելու պատրաստակամութեան մասին հարցումի մը: Այս գծով լիբանանահայութեան, յատկապէս` Պուրճ Համուտի մասին պատրաստուած ֆրանսերէն տեսագրութեան մը մէջ լրագրողին հարցումներուն պատասխանելով երեսփոխան Բագրատունի ըսաւ. «Անկեղծօրէն` ո՛չ Հայաստան, ո՛չ ալ Արցախ կամաւորներու...

Ակնարկ.  Հայկական Տեղեկատուական Առաւելութիւններ` Աշխարհաքաղաքական Նախադրեալներով

Ակնարկ. Հայկական Տեղեկատուական Առաւելութիւններ` Աշխարհաքաղաքական Նախադրեալներով

Հայկական տեղեկատուական ռազմավարութիւնը` քաղաքական, թիրախային  եւ հանրային կարծիքի ձեւաւորման առումներով, որոշ արդիւնքներու յանգած է արդէն: Պատերազմի սանձազերձման առաջին վայրկեաններէն արդէն զգալի էր հրամայականը տեղեկատուական առումով կեդրոնանալու Պաքուի նախայարձակ ըլլալու հանգամանքին վրայ: Հիմնական նշանակութիւն ունեցող այս հանգամանքին վրայ լուսարձակներ կեդրոնացնելը ո՛չ միայն պատերազմի այս փուլին կը վերաբերէր, այլ ամբողջ հակամարտութեան էութեան հետ խոր առնչութիւն ունէր: Արցախի հայութեան դէմ գոյութենական սպառնալիքի հերթական...

Արցախի Դէմ Յարձակողական Գործողութեան Օդային  Ղեկավարումը Ստանձնած Են Թուրքիոյ Ռազմաօդային Ուժերը.  Հայկական Զօրքերը Հերոսաբար Ետ Կը Մղեն Թշնամիին Գրոհները

Արցախի Դէմ Յարձակողական Գործողութեան Օդային Ղեկավարումը Ստանձնած Են Թուրքիոյ Ռազմաօդային Ուժերը. Հայկական Զօրքերը Հերոսաբար Ետ Կը Մղեն Թշնամիին Գրոհները

Հայաստանի պաշտպանութեան նախարարութեան ներկայացուցիչ Արծրուն Յովհաննիսեան յայտնեց, որ 30 սեպտեմբերին շարունակուած են յամառ մարտերը, որոնց ընթացքին հայկական զօրքերը հերոսաբար ետ մղած են թշնամիի բաւական փոփոխուած մարտավարութեամբ կատարած գրոհները, ռազմական գործողութիւնները տարբեր հատուածներու մէջ: Ըստ անոր, շուրջ 23-24 ժամուան ընթացքին հակառակորդը իր յարձակողական տապալած գործողութիւններուն իբրեւ հետեւանք կրած է որոշակի կորուստներ, մասնաւորապէս` 130 մահացած զինուորներ, մօտ 200 վիրաւորներ: Հայկական զինուած ուժերը...

Արցախի Նախագահը` Ազրպէյճանի Հետ Երկխօսելու Մասին.  «Ռուսիան Այսօր Պէտք Է Խօսի Հայաստանի Եւ Թուրքիոյ Հետ»

Արցախի Նախագահը` Ազրպէյճանի Հետ Երկխօսելու Մասին. «Ռուսիան Այսօր Պէտք Է Խօսի Հայաստանի Եւ Թուրքիոյ Հետ»

Ըստ Արցախի Հանրապետութեան նախագահ Արայիկ Յարութիւնեանի` Ռուսիան այս անգամ տագնապը դադրեցնելու համար պէտք է երկխօսութեան սկսի ոչ թէ Հայաստանի եւ Ազրպէյճանի, այլ Հայաստանի եւ Թուրքիոյ հետ: Այս մասին նախագահ Յարութիւնեան ըսաւ 30 սեպտեմբերին հրաւիրած մամլոյ ասուլիսի ընթացքին` պատասխանելով այն հարցումին, թէ արդեօք կարելի՞ է երկխօսութիւն տեղի ունենայ հակամարտող կողմերուն  միջեւ, ինչպէս եղաւ Ապրիլեան պատերազմի օրերուն: «Այն ժամանակ կը կռուէր Արցախը...

Ռուհանի. «Պէտք Է Բոլորս Ջանանք Շրջանային Խնդիրները Լուծել Քաղաքական Ճամբով`  Միջազգային Օրէնքի Եւ Հողերու  Ամբողջականութեան Հիմամբ»

Ռուհանի. «Պէտք Է Բոլորս Ջանանք Շրջանային Խնդիրները Լուծել Քաղաքական Ճամբով` Միջազգային Օրէնքի Եւ Հողերու Ամբողջականութեան Հիմամբ»

Իրանի նախագահ Հասան Ռուհանի Հայաստանի վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանին յայտնեց շրջանին մէջ վերջին զարգացումներուն նկատմամբ իր մտահոգութիւնը: Ռուհանի Հայաստանին եւ Ազրպէյճանին կոչ ուղղեց զսպելու իրենց տարակարծութիւնները եւ զանոնք լուծելու երկխօսութեան ու բանակցութեան ճամբով` վստահեցնելով, որ Թեհրան պատրաստ է երկու երկիրներուն միջեւ տարակարծութիւններու լուծման համար շինիչ դերակատարութիւն ստանձնելու: «Պէտք է բոլորս ջանանք շրջանային խնդիրները լուծել քաղաքական ճամբով` միջազգային օրէնքի եւ հողերու ամբողջականութեան...

Հայ Քաղաքական Կուսակցութիւնները  Կը Դատապարտեն Թուրքիոյ Հրահրումը  Եւ Մեղսակցութիւնը Պատերազմին

Հայ Քաղաքական Կուսակցութիւնները Կը Դատապարտեն Թուրքիոյ Հրահրումը Եւ Մեղսակցութիւնը Պատերազմին

Չորեքշաբթի, 30 սեպտեմբեր 2020-ին, «Շաղզոյեան» կեդրոնին մէջ տեղի ունեցաւ հայ քաղաքական երեք կուսակցութիւններու` Հայ յեղափոխական դաշնակցութեան, Սոցեալ դեմոկրատ հնչակեան կուսակցութեան եւ Ռամկավար ազատական կուսակցութեան Լիբանանի ղեկավար մարմիններու ներկայացուցիչներու հանդիպումը: Առաջին առիթով ժողովականները քննարկեցին Ազրպէյճանի եւ Թուրքիոյ կողմէ Արցախի դէմ շղթայազերծուած պատերազմը: Անոնք հաստատեցին հետեւեալները. Ա.- Կանխամտածուած ու կանխորոշուած այս պատերազմին նախայարձակը Ազրպէյճանն է, որ կը վայելէ Թուրքիոյ անմիջական, ամբողջական եւ...

Արցախի Պաշտպանութեան Բանակը, Ռազմաճակատի Տարբեր Ուղղութիւններով Կ՛արձանագրէ Յաջողութիւններ

Արցախի Պաշտպանութեան Բանակը, Ռազմաճակատի Տարբեր Ուղղութիւններով Կ՛արձանագրէ Յաջողութիւններ

Թրքական «Էֆ-16» Օդանաւ Մը Կը Խոցէ Հայկական Օդուժին Պատկանող «Սու-25» Տիպի Օդանաւը 29 սեպտեմբերին եւս, մարտերը յատկապէս թէժ եղան Արցախի հիւսիսային եւ հարաւային ուղղութիւններուն մէջ: Ըստ հայկական պաշտօնական տուեալներուն, հայկական կողմը օրուան ընթացքին արձանագրեց զգալի յաջողութիւններ եւ խոցեց զինուժ եւ կենդանի ուժ: Արցախի պաշտպանութեան բանակի փոխհրամանատար Արթուր Սարգսեան 29 սեպտեմբերի երեկոյեան յայտնեց, որ նոյն օրը արցախեան-ազրպէյճանական սահմանագիծի մարտական գործողութիւններուն ընթացքին...

Նախագահ Յարութիւնեան. «Մենք Պիտի Չխնդրենք Զինադադար, Մենք Պիտի Պարտադրե՛նք Զինադադար»

Նախագահ Յարութիւնեան. «Մենք Պիտի Չխնդրենք Զինադադար, Մենք Պիտի Պարտադրե՛նք Զինադադար»

Արցախի Հանրապետութեան նախագահ Արայիկ Յարութիւնեան Հայաստանի Հանրապետութեան փոխվարչապետ Տիգրան Աւինեանի հետ երէկ հանդիպում ունեցած է կամաւորականներու հետ: Նախագահը յայտնած է, որ զօրքը հիււսիսային հատուածին մէջ յաջողութիւններ արձանագրած է, ու հաւաքուածներուն պատմած է Հաթերքի գումարտակի հրամանատարին հետ իր զրոյցի մասին, որուն մէջ խօսած են նաեւ Մռաւի սարերուն մէջ տիրող իրավիճակին մասին: Արայիկ Յարութիւնեան վստահեցուցած է, որ պէտք է գիտակցինք, որ մեր...

Վարչապետ Փաշինեան Միջազգային Հանրութեան Կոչ Ուղղեց՝ Դատապարտելու Արցախի Եւ Հայաստանի Նկատմամբ Թուրքիոյ Եւ Ազրպէյճանի Յարձակումները

Վարչապետ Փաշինեան Միջազգային Հանրութեան Կոչ Ուղղեց՝ Դատապարտելու Արցախի Եւ Հայաստանի Նկատմամբ Թուրքիոյ Եւ Ազրպէյճանի Յարձակումները

Հայաստանի վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան բրիտանական «Պի.Պի.Սի.» կայանէն միջազգային հանրութեան կոչ ուղղեց՝ դատապարտելու Արցախի եւ Հայաստանի նկատմամբ Թուրքիոյ եւ Ազրպէյճանի յարձակումները: Ան նշեց, որ արդէն 3 օր է Ազրպէյճանի զինուած ուժերուն կողմէ թիրախ դարձած են Արցախի խաղաղ բնակիչները, իսկ 29 սեպտեմբերին Հայաստանի խաղաղ բնակչութեան նկատմամբ յարձակումներուն ուղղակի միացած են նաեւ թրքական ուժերը: «Օրեր առաջ Ազրպէյճանի ուժերը լայնածաւալ ռազմական գործողութիւններ սկսած են...

Մեր Հայրենիքի Պաշտպանութեան Սուրբ Գործը Աստուծոյ Օգնականութեամբ Եւ Ողջ Հայութեան Միասնականութեամբ Պսակելու Ենք Յաղթանակով

Մեր Հայրենիքի Պաշտպանութեան Սուրբ Գործը Աստուծոյ Օգնականութեամբ Եւ Ողջ Հայութեան Միասնականութեամբ Պսակելու Ենք Յաղթանակով

29 սեպտեմբերին, նախագահութեամբ Ամենայն Հայոց Գարեգին Բ. կաթողիկոսի, Ս. Գայեանէ վանքին մէջ կատարուեցաւ Հանրապետական մաղթանք մեր հայրենիքի` Հայաստան եւ Արցախ աշխարհի խաղաղութեան եւ անսասանութեան համար: Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածինի միաբաններու մասնակցութեամբ կատարուած մաղթանքի աւարտին Ամենայն Հայոց կաթողիկոսը հետեւեալ ուղերձը յղեց աշխարհասփիւռ հայ ժողովրդին: «Սիրելի՛ զաւակներ Մեր ի Հայաստան, Արցախ եւ ի սփիւռս, Այսօր սրբազան այս տաճարի նուիրական կամարների ներքոյ համախմբուել...

Հայոց Բանակին Ու Արցախի Հզօրացման Մասնակցութիւնը Իւրաքանչիւր Հայու Սրբազան Պարտաւորութիւնն Է

Հայոց Բանակին Ու Արցախի Հզօրացման Մասնակցութիւնը Իւրաքանչիւր Հայու Սրբազան Պարտաւորութիւնն Է

Երէկ Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Արամ Ա. կաթողիկոս հայ ազգին ուղղեց հետեւեալ կոչը. Վերջին երկու օրերու ընթացքին Ազրպէյճանի կողմէ Արցախի վրայ կատարուած զինուորական յարձակումը ողջ հայութիւնը կը հրաւիրէ իր ամբողջական զօրակցութիւնը յայտնելու հայոց բանակին, Արցախին ու Հայաստանին: Խոր գոհունակութեամբ կ'ուզենք հաստատել, որ հայոց բանակը ամուր վճռակամութեամբ կը շարունակէ հակադարձել Ազրպէյճանի յարձակումներուն: Այս վճռադրոշմ պահուն, երբ մեր հայրենիքին անբաժան մասը կազմող Արցախը...

Արցախի Պաշտպանութեան Բանակը Յաջողութեամբ Կը Դիմակայէ Թշնամիի Բոլոր Յարձակումները

Արցախի Պաշտպանութեան Բանակը Յաջողութեամբ Կը Դիմակայէ Թշնամիի Բոլոր Յարձակումները

Հայկական Կողմը Վերահաստատեց Իր Վերահսկողութիւնը Կարգ Մը Դիրքերու Վրայ 27 սեպտեմբերի առաւօտեան ժամը 7:00-ին Արցախ-Ազրպէյճան շփման գիծի ամբողջ երկայնքին Ազրպէյճանը լայնածաւալ յարձակում սկսած էր: Պատերազմական վիճակը շարունակուեցաւ նաեւ երէկ` 28 սեպտեմբերին, երբ արցախեան սահմանի ամբողջ երկայնքին տեղի ունեցան մարտեր: Հայ-ազրպէյճանական սահմանին ազրպէյճանական կողմը սադրանքներու  դիմած է` առայժմ միայն Վարդենիսի ուղղութեամբ: Հայաստանի եւ  Արցախի մէջ յայտարարուած է ռազմական դրութիւն, տեղի կ՛ունենայ...

Նախագահ Յարութիւնեան. «Պէտք Է Պատրաստ Ըլլանք Երկար Մարտական Գործողութիւններու»

Նախագահ Յարութիւնեան. «Պէտք Է Պատրաստ Ըլլանք Երկար Մարտական Գործողութիւններու»

Արցախի Հանրապետութեան նախագահ Արայիկ Յարութիւնեան երէկ մամլոյ ներկայացուցիչներուն հետ ունեցած հանդիպումին ըսած է, որ լայնածաւալ մարտական գործողութիւններ տեղի կ՛ունենան Օմարէն մինչեւ Արաքս: Հիմնական ուղղութիւնները եղած են հարաւային ուղղութեամբ` Ջաբրայիլը, եւ հիւսիսարեւելեան ուղղութեամբ` Թալիշ-Մատաղիս, ինչպէս նաեւ Եղնիկներ հատուածը: Արցախի Հանրապետութեան նախագահին համաձայն, երէկ կէսօրէ ետք լայնածաւալ յարձակում սկսած է Մռաւի ուղղութեամբ, սակայն թշնամին որեւէ յաջողութիւն չէ արձանագրած: Նախագահ Յարութիւնեան ըսած է,...

Վարչապետ Փաշինեանի Գլխաւորութեամբ Տեղի Ունեցած Է Անվտանգութեան Խորհուրդի Նիստ

Վարչապետ Փաշինեանի Գլխաւորութեամբ Տեղի Ունեցած Է Անվտանգութեան Խորհուրդի Նիստ

Հայաստանի վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանի գլխաւորութեամբ կառավարութեան կեդրոնատեղիին մէջ տեղի ունեցած է Անվտանգութեան խորհուրդի արտահերթ նիստ: Վարչապետի աշխատակազմի տեղեկատուութեան եւ  հասարակութեան հետ կապերու վարչութենէն կը տեղեկացնեն, որ նիստին, բացի Անվտանգութեան խորհուրդի անդամներէն, մասնակցած են նաեւ Հայաստանի նախագահ Արմէն Սարգսեան, Ազգային ժողովի նախագահ Արարատ Միրզոյեան, վարչապետի աշխատակազմի ղեկավար Էդուարդ Աղաջանեան, տարածքային կառավարման եւ ենթակառուցուածքներու նախարար Սուրէն Պապիկեան եւ բարձր արհեստագիտութիւններու արդիւնաբերութեան նախարար...

Նախագահ Արայիկ Յարութիւնեան Եւ Նախարար Դաւիթ Տօնոյեան Այցելեցին Բանակի Մարտական Կառավարման Կեդրոն

Նախագահ Արայիկ Յարութիւնեան Եւ Նախարար Դաւիթ Տօնոյեան Այցելեցին Բանակի Մարտական Կառավարման Կեդրոն

Արցախ-ազրպէյճանական հակամարտ զօրքերու շփման գիծի ամբողջ երկայնքով շարունակուող մարտական գործողութիւններու ընթացիկ ու հաւանական հետագայ զարգացումներուն ծանօթանալու նպատակով,  28 սեպտեմբերին բանակի մարտական կառավարման կեդրոն այցելեցին Արցախի նախագահ Արայիկ Յարութիւնեանն ու Հայաստանի պաշտպանութեան նախարար Դաւիթ Տօնոյեանը: Արցախի Հանրապետութեան պաշտպանութեան բանակի հրամանատար Ջալալ Յարութիւնեան ներկայացուց գետնի վրայ տիրող մարտավարական իրադրութիւնը, անդրադարձաւ այն բոլոր գործընթացներուն, որոնք կ՛իրականացուին պաշտպանութեան բանակի ստորաբաժանումներուն կողմէ` ազրպէյճանական յարձակումները դիմակայելու...

Հաղորդագրութիւն

Հաղորդագրութիւն

Ազրպէյճան, Թուրքիոյ ամբողջական զօրակցութեամբ եւ մասնակցութեամբ, դարձեալ պատերազմ շղթայազերծած է Արցախի դէմ, սահմանի ամբողջ երկայնքին: Ան չի խնայեր նոյնիսկ խաղաղ բնակչութեան եւ կը ռմբակոծէ մինչեւ մայրաքաղաք Ստեփանակերտը: Երեւոյթները ցոյց կու տան, որ մեծ է այս պատերազմի ընդարձակման հաւանականութիւնը: Հայաստանի ու Արցախի մէջ յայտարարուած է ռազմական դրութիւն եւ ամբողջական զօրահաւաք: Հայ յեղափոխական դաշնակցութիւնը իր ամբողջ կարողականութիւնը դրած է Հայաստանի եւ Արցախի...

Page 413 of 797 1 … 412 413 414 … 797

Արխիւներ