Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Գեղամ Մանուկեան. «Փաշինեանի Հեռանալը Կենսական Անհրաժեշտութիւն Է Հայաստանի Եւ Արցախի Համար»

November 25, 2020
| Newsletter, Գլխաւոր լուրեր, Հայկական
0
Share on FacebookShare on Twitter

Բոլոր ձեւերը կիրարկելի են, որովհետեւ վայրկեան առաջ Նիկոլ Փաշինեանի հեռանալը կենսական անհրաժեշտութիւն է Հայաստանի եւ Արցախի համար, եւ նախ եւ առաջ, որպէսզի վերականգնուի պետական համակարգի գործունէութիւնը: Այս մասին «Թերթ»-ին հետ զրոյցի մը ընթացքին ըսաւ «Երկիր մետիա» պատկերասփիւռի կայանի լրատուական բաժինի տնօրէն Գեղամ Մանուկեան` անդրադառնալով այն հարցին, թէ ինչո՞ւ ընտրած է հացադուլի մեթոտը, ձեւը, արդեօք Փաշինեանի հրաժարականը պահանջելու պայքարի այլ ձեւ չէ՞ մնացած:

«15 օր անցած է այդ չարաբաստիկ յայտարարութեան ստորագրումէն, 15 օր շարունակ որեւէ քայլ չէ կատարուած, մինչեւ որ դժբախտութեան մէջ գտնուող մեր հարիւրաւոր հայրենակիցները գացին կառավարութիւն, պաշտպանութեան նախարարութիւն, անկէ ե՞տք միայն պէտք է պետութիւնը գործի անցնէր: Պետական համակարգը չէր գիտակցեր հարցին, քանի որ պետական համակարգի գլխուն անճար, ամբոխավար մարդ կայ, որ կառավարչական որեւէ հմտութիւն, ունակութիւն չունի` վկան վերջին 2,5 տարին», ըսաւ ան:

Պատասխանելով այն հարցումին, թէ կառավարութենէն որեւէ մէկը մօտեցա՞ծ է իրեն, ան ըսաւ. «Ոչ մէկը մօտեցած է ինծի, ո՛չ ալ կ՛ակնկալեմ, որ մօտենան, զրոյցը որեւէ իմաստ չունի, որովհետեւ պահանջը մէկ է»:

Գեղամ Մանուկեան նշեց, որ մարդիկ բոլորն ալ կը հասկնան, որ այս մարդը պէտք է երթայ, եւ նախարարներ փոխելը որեւէ էական փոփոխութիւն չի մտցներ:

Նախորդը

Գեղամ Մանուկեանի Հացադուլին Միացաւ Կիմ Բալայեան

Յաջորդը

Դաշնակցական Երիտասարդներ Քաղաքացիական Պայմանագիր Կուսակցութեան Գրասենեակին Առջեւ Կոչ Ուղղեցին Միանալու Ժողովուրդին

RelatedPosts

Կառավարութեան Գործունէութեան  Ընդհանուր Քննարկման Խորհրդարանական Նիստը  Այսօր Եւս Կը Շարունակուի
Գլխաւոր լուրեր

Կառավարութեան Գործունէութեան Ընդհանուր Քննարկման Խորհրդարանական Նիստը Այսօր Եւս Կը Շարունակուի

September 16, 2026
Բագրատունի Այցելեց Լիբանանի Մէջ  Ճափոնի Դեսպանին
Գլխաւոր լուրեր

Բագրատունի Այցելեց Լիբանանի Մէջ Ճափոնի Դեսպանին

September 16, 2026
Նախագահ Աուն. «Միջազգային Ընտանիքը  Հրաւիրուած Է Միջամտելու` Արգիլելու  Համար Իսրայէլի Բռնարարքները»
Գլխաւոր լուրեր

Ընդհանուր Դատախազութիւնը Պէյրութի Նաւահանգիստի Պայթումին Հարցով Պահանջեց Ամբաստանել Նախկին Նախագահ Միշէլ Աունը

September 16, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.