ՀՅԴ-ի անդամներ Գարիկ Աւետիսեան եւ Գեղամ Մանուկեան Հայաստանի Ա. Հանրապետութեան հիմնադիր Արամ Մանուկեանի արձանին մօտ անժամկէտ հացադուլի սկսան` Նիկոլ Փաշինեանի հրաժարականը պահանջելով:
Գ. Աւետիսեան վերջին պատերազմի առաջին 10 օրը մարտական գործողութիւններու մասնակցեցաւ Մատաղիսի ուղղութեամբ: Ան հացադուլը կը նկատէ տանելի միջոց մեր երկրի ապագան փրկելու համար: Գ. Աւետիսեան կ՛ըսէ. «Ես ոչ թէ հացադուլը կը նկատեմ երկրորդական վտանգ, վտանգը լուրջ է, բայց այլ ելք այս պահուն չկայ, քանի տակաւին Փաշինեանը հրաժարական չէ տուած», ըսաւ ան:
Գարիկ Աւետիսեանի համաձայն, թէ՛ հանրահաւաքները, թէ՛ բողոքի միւս գործողութիւնները արդիւնաւէտ կրնան ըլլալ միայն համախմբուած ըլլալու պարագային, եթէ մարդիկ օգնեն իրարու:
Ան նշեց, որ զոհուածներու, վիրաւորուածներու, տեղահանուածներու հարցերուն Նիկոլ Փաշինեանի պարտուած կառավարութիւնը չի կրնար պատասխան տալ:

Գեղամ Մանուկեան հացադուլի սկսելու իր որոշումին մասին կատարեց հետեւեալ գրառումը. «Իբրեւ Հայաստանի քաղաքացի, որ մտահոգ է այս վիճակին համար, կ՛ապրի անձնական, ազգային ողբերգութիւն` Հայաստանի իշխանութիւններուն եւ յատկապէս` վարչապետ Փաշինեանին վարած ապաշնորհ ու քայքայիչ գործունէութեան հետեւանքով մեր հայրենիքին կարեւոր մէկ հատուածի կորստեան պատճառով, նաեւ գիտակցելով, որ այս իշխանութիւնը, վարչապետ Փաշինեանը անկարող են երկրին մէջ կատարել փոփոխութիւններ, վարել բանակցութիւններ ու արցախեան հարցով փորձել ստանալ ըստ կարելւոյն բարւոք պայմաններ,
«Կը յայտարարեմ անժամկէտ հացադուլ մէկ պահանջով` Նիկոլ Փաշինեանը հրաժարականը»:
Լրագրողներուն հետ ունեցած զրոյցին ընթացքին Գ. Մանուկեան յայտնեց, որ ինք հացադուլի որոշում տուած է իբրեւ դաշնակցական, ոչ թէ որոշումը տուած է Դաշնակցութիւնը, այսինքն` ասիկա չի փոխարիներ հանրահաւաքային պայքարը, այլ կ՛ամբողջացնէ զայն, հանրահաւաքները պիտի շարունակուին:
Ըստ անոր, Փաշինեան վայրկեան առաջ պէտք է հեռանայ, քանի որ անոր ղեկավարութեամբ Հայաստանը չի կրնար զարգանալ, չի կրնար որեւէ դիւանագիտական գործունէութիւն ծաւալել յատկապէս արցախեան հարցին հաւանական բանակցային գործընթացին մէջ, չի կրնար փորձել դիւանագիտութիւն գործադրել, որ կարելիութիւն պիտի տայ այդ ստորագրուած յայտարարութեան ծիրին մէջ գոնէ առնուածէն բան մը ետ բերել: