Իշխող «Քաղաքացիական պայմանագիր» (ՔՊ) կուսակցութեան նիստին երթով ՔՊ-ի կեդրոնական գրասենեակին առջեւ համախմբուեցան դաշնակցական երիտասարդները եւ ՔՊ-ի անդամներուն կոչ ուղղեցին` միանալու Արցախը յանձնելու դաւադիր պայմանագիրին դէմ բողոքող քաղաքացիներուն:
«Կոչ կ՛ուղղենք ընելու ձեր քայլը եւ գալու, միանալու բողոքող ժողովուրդին: Կա՛մ կը կանգնիք պետականութեան կողքին, կա՛մ դաւաճան Նիկոլ Փաշինեանի կողքին: Արդէն փաստ է, որ Նիկոլ Փաշինեանը այդ խայտառակ պայմանագիրով դաւաճանեց ամբողջ ժողովուրդին: Դուք դեռ ժամանակ ունիք, առէ՛ք ձեր քայլը` միացէ՛ք ժողովուրդին: Դուք դեռ ժամանակ ունիք ձեր վրայէն հանելու դաւաճանի խարանը», բարձրախօսով յայտարարեց բողոքող քաղաքացիներէն մէկը:
ՀՅԴ Հայաստանի երիտասարդական միութեան անդամները յայտնեցին, որ Նիկոլ Փաշինեանի կողքին կանգնողը դէմ կը կանգնի նաեւ Հայաստանի Հանրապետութեան շահերուն եւ կը գործէ ի շահ Ազրպէյճանին: «Նիկո՛լ, դաւաճան», վանկարկեցին ցուցարարները: