Երէկ` ուրբաթ, 20 նոյեմբերին իր հրաժարականը ներկայացուց Հայաստանի պաշտպանութեան նախարար Դաւիթ Տօնոյեան:
Հայաստանի նախագահ Արմէն Սարգսեան ստորագրած է հրամանագիր Վաղարշակ Յարութիւնեանը պաշտպանութեան նախարար նշանակելու մասին: Այս մասին յայտնեցին Հայաստանի նախագահի աշխատակազմի հասարակութեան հետ կապերու վարչութենէն:
Միւս կողմէ, Հայաստանի պաշտպանութեան նախարարութեան մամլոյ բանբեր Շուշան Ստեփանեան Դիմատետրի իր էջով տեղեկացուցած է, թէ հրաժարած է իր պաշտօնէն: