Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

ՀՅԴ Բիւրոյի Ներկայացուցիչ Յակոբ Տէր Խաչատուրեան Ստեփանակերտի Մէջ Հանդիպում Ունեցաւ Ֆրանսայի Ընկերվարական Կուսակցութեան Ղեկավարին Հետ

December 14, 2020
| Newsletter, Գլխաւոր լուրեր, Հայկական
0
Share on FacebookShare on Twitter

Ֆրանսայի Ընկերվարական կուսակցութեան պատուիրակութիւն մը, գլխաւորութեամբ կուսակցութեան ղեկավար Օլիվիէ Ֆորի, 7 դեկտեմբերին այցելեց Ստեփանակերտ: Պատուիրակութեան մաս կը կազմէին պատգամաւոր Իզապէլ Սանթիակօ, ծերակուտականներ Ժիլպեր-Լիւք Տըվինազ, Մարի-Արլեթ Քարլոթթի եւ կուսակցութեան միջազգային հարցերու պատասխանատու Ժան-Մարք Ժերմեն: Պատուիրակութեան կ’ընկերակցէր ՀՅԴ Ֆրանսայի Հայ դատի յանձնախումբի պատասխանատուն:

Պատուիրակութիւնը այցելեց Ստեփանակերտի ՀՅԴ կեդրոն եւ հանդիպում ունեցաւ ՀՅԴ Բիւրոյի ներկայացուցիչ Յակոբ Տէր Խաչատուրեանի հետ:

Տեսակցութիւնը տեղի ունեցաւ կառուցողական մթնոլորտի մէջ, եւ երկուստէք փոխանակումները եղան անկեղծ: Դաշնակցութեան ներկայացուցիչը շնորհակալութիւն յայտնեց ֆրանսացի իր պաշտօնակիցին, որ պատերազմէն ետք եղաւ ֆրանսացի առաջին ղեկավարը, որ կ’այցելէ Արցախ, ինչ որ լաւագոյն ապացոյցն է արցախեան հիմնահարցին լուծման գծով Ընկերվարական կուսակցութեան լուրջ ու անկեղծ տրամադրութեան եւ հաստատակամութեան:

Օլիվիէ Ֆոր իր պատուիրակութեան անունով ընդգծեց, որ իր կուսակցութիւնը ամէն գնով պիտի աշխատի, որ Ֆրանսայի կառավարութիւնը ճիգ չխնայէ Արցախի բնակչութեան ապահովութեան բարելաւման, ինչպէս նաեւ` Արցախի անկախութեան միջազգային ճանաչման համար:

Երկու կուսակցութիւնները շեշտեցին արցախեան տագնապի լուծումը պահել բացառապէս Մինսքի խմբակի շրջանակին մէջ, ուր ընդգծեցին Ֆրանսայի իբրեւ եռանախագահ աւելի աշխուժ դերակատարութեան անհրաժեշտութիւնը, ինչպէս նաեւ Ֆրանսայի երաշխաւորութիւնը` բնակչութեան անվտանգութեան եւ հայկական մշակութային կոթողներու եւ հարստութեան ապահովութեան գծով:

ՀՅԴ Բիւրոյի ներկայացուցիչը շնորհակալութիւն յայտնեց Ֆրանսայի Ծերակոյտին եւ Ազգային ժողովին, որ զօրավիգ կանգնեցան Արցախի անկախութեան ճանաչման եւ պահանջեցին կառավարութենէն, որ Ֆրանսա պաշտօնապէս ճանչնայ զայն: Առ ի պատասխան, Ֆոր յայտնեց, որ Ընկերվարական կուսակցութիւնը այս ուղղութեամբ պիտի շարունակէ լուրջ աշխատանք տանիլ, որուն լաւագոյն ապացոյցն է արդէն Արցախ այս պատմական այցելութիւնը, հայ ժողովուրդին համար այս դժուար ժամանակահատուածին:

Ընկերվարական կուսակցութիւնը իր խորին մտահոգութիւնը յայտնեց նաեւ արցախեան հիմնահարցին մէջ շրջանային նոր ուժերու ուղղակի միջամտութեան, տարբեր հաշուարկներով առաջնորդուած, ինչ որ առաւել բարդացուցած է խնդիրը:

Պատուիրակութեան անդամները ընդվզում յայտնեցին նաեւ Արցախի խաղաղ բնակչութեան նկատմամբ դրսեւորուած բրտութեան` պատերազմի ընթացքին, մանաւանդ արձանագրուած մարդկային ծանր կորուստին ի տես: Ազրպէյճանական կողմի ֆոսֆորային արգիլեալ զէնքերու օգտագործումը, պատերազմական միջազգային համաձայնագիրներու պայմանները խախտող անօդաչու սարքերու օգտագործման եղանակը խիստ դատապարտելի նկատող պատուիրակութիւնը վստահեցուց, որ ասոնք շօշափելի փաստեր են ներկայացնելու միջազգային արդարադատութեան, առ այդ, երկու կողմերը գործնապէս պիտի աշխատին այս ուղղութեամբ:

Հանդիպումի աւարտին, ՀՅԴ-ն եւ Ֆրանսայի Ընկերվարական կուսակցութիւնը համաձայնեցան իրենց արդէն իսկ գոյութիւն ունեցող երկարամեայ սերտ յարաբերութիւնն ու գործակցութիւնը ներկայ փուլին առաւել ամրապնդել եւ խորացնել:

Նախորդը

Ազրպէյճան Խախտեց 9 Նոյեմբերի Հրադադարի Յայտարարութիւնը` Յարձակելով Հատրութի Շրջանի Հին Թաղեր Եւ Խծաբերդ Գիւղերուն Վրայ

Յաջորդը

Բացատրելով, Թէ Ինչո՛Ւ Արցախի Վերաբերեալ Իրանի Առաջարկին Ուշադրութիւն Չէ Դարձուած. «Ընտրութեան Իրաւունքը Եղած Է Ազրպէյճանինն Ու Հայաստանինը» Կ՛ըսէ Լաւրով

RelatedPosts

Ակնարկ.  Առաջարկուածը Ոչ Թէ Ճանապարհային,  Այլ Լաբիւրինթոսային Քարտէս Է
Գլխաւոր լուրեր

Ակնարկ. Առաջարկուածը Ոչ Թէ Ճանապարհային, Այլ Լաբիւրինթոսային Քարտէս Է

October 27, 2026
Իսրայէլի Մէջ Այսօրուան  Ընտրութիւններուն Նախօրեակին.  Թրամփ Իսրայէլացիներուն Դարձեալ  Կոչ Ուղղեց Նեթանիահուին Քուէարկելու
Գլխաւոր լուրեր

Իսրայէլի Մէջ Այսօրուան Ընտրութիւններուն Նախօրեակին. Թրամփ Իսրայէլացիներուն Դարձեալ Կոչ Ուղղեց Նեթանիահուին Քուէարկելու

October 27, 2026
Պաղայի. «Իրան Դիւանագիտական  Պատուհանը Չփակեց»
Գլխաւոր լուրեր

Պաղայի. «Իրան Դիւանագիտական Պատուհանը Չփակեց»

October 27, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.