Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Վազգէն Մանուկեան. «Հասարակութեան Լայն Շերտերը Պէտք Է Քննարկումներու Սկսին` Երկրի Ապագային Վերաբերեալ»

December 11, 2020
| Newsletter, Գլխաւոր լուրեր, Հայկական
0
Share on FacebookShare on Twitter

Հայրենիքի փրկութեան շարժման վարչապետի թեկնածու Վազգէն Մանուկեան լրատուամիջոցներուն հետ ունեցած զրոյցին ընթացքին յայտնեց, որ, անկախ իր կարծիքէն, Նիկոլ Փաշինեան այս կամ այն ձեւով պիտի հեռանայ, ասիկա անխուսափելի է, հարցը այն է, թէ մինչեւ երթալը որքա՛ն վնաս պիտի հասցնէ ժողովուրդին եւ պետութեան:

Ան նշեց, որ ժամանակաւոր կառավարութեան համար ընտրուած է 1 տարի ժամկէտ, որովհետեւ այժմ արտահերթ խորհրդարանական ընտրութիւններ կայացնելը անհեթեթութիւն է, որովհետեւ երկիրը կը գտնուի այնպիսի վիճակի մէջ, ուր կան հրատապ հարցեր, հոգեբանական ճնշում, կ՛աւելնայ կուսակցութիւններուն` իրարու դէմ պայքարը, ինչ որ պիտի նշանակէ ուղղակի կործանել Հայաստանը:

Վարչապետի թեկնածուն ընդգծեց, որ պէտք է ուժեղ, պաշտպանուած պետութիւն ըլլայ, որովհետեւ կարելի չէ թոյլ, ստորաքարշ, «պպզած» երկրի մէջ բարեկեցութիւն ստեղծել: «Մինչեւ որ երկիրը իր դիմաց մեծ նպատակներ չճշդէ, չի հզօրանար, չ՛ապահովուիր իր պաշտպանութիւնը, այդպիսի երկրի մէջ բարեկեցութիւն կարելի չէ ստեղծել», նշեց Վ. Մանուկեան` աւելցնելով, թէ իր կանխատեսումով` մօտակայ 2-3 տարուան ընթացքին կտրուկ փոփոխութիւններ պիտի արձանագրուին շրջանին մէջ:

Ըստ Մանուկեանի, հասարակութեան լայն շերտերը պէտք է քննարկումներու սկսին երկրի ապագային վերաբերեալ: Դիտարկման, թէ, թէեւ Մանուկեան կ՛ըսէ, որ պէտք է սկսիլ ապագայի տեսլականին վերաբերեալ քննարկումներու, բայց ատոր համար նախ Նիկոլ Փաշինեանը պէտք է հեռանայ, իսկ ինք ինչպէ՞ս կը պատկերացնէ Նիկոլ Փաշինեանի հեռացումը` Մանուկեան արձագանգեց. «Նիկոլ Փաշինեանէն կրնանք ազատիլ հետեւեալ պարագաներու` ինքնակամ հեռանայ, որուն հաւանականութիւնը քիչ է, հակառակ անոր որ չեմ բացառեր, երկրորդ` որ հասարակութիւնը այնքան համախմբուած է իր երթալուն շուրջ, որ ինք թերեւս չի գիտակցիր ատոր, բայց իր կուսակիցները կը գիտակցին եւ պաշտօնազրկման հոլովոյթի միջոցով զայն կը հեռացնեն իր պաշտօնէն, այդ ալ կարելի է»:

 

Նախորդը

Հայաստան Կը Դատապարտէ Ազրպէյճանի Նախագահին Սադրիչ Յայտարարութիւնները

Յաջորդը

Կառավարութեան Շէնքին Առջեւ Հայրենիքի Փրկութեան Շարժումը Հանրահաւաքով Շարունակեց Պահանջել Փաշինեանի Հրաժարականը

RelatedPosts

Ակնարկ.  Ուրուագիծեր Դէպի Նոր Շրջափուլ
Գլխաւոր լուրեր

Ակնարկ. Ուրուագիծեր Դէպի Նոր Շրջափուլ

February 3, 2026
Մօտ Օրէն Ուաշինկթըն-Թեհրան Բանակցութիւններ
Գլխաւոր լուրեր

Մօտ Օրէն Ուաշինկթըն-Թեհրան Բանակցութիւններ

February 3, 2026
Թրամփ. «Կը Յուսանք Իրանի Հետ Գործարքի Հասնիլ
Գլխաւոր լուրեր

Թրամփ. «Կը Յուսանք Իրանի Հետ Գործարքի Հասնիլ

February 3, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.