Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Նիկոլ Փաշինեանի Հրաժարականի Պահանջով Երեւանի Մէջ Բազմահազար Հայորդիներու Արժանապատուութեան Երթ

December 15, 2020
| Newsletter, Գլխաւոր լուրեր, Հայկական
0
Share on FacebookShare on Twitter

Երեւանի Արաբկիր վարչական շրջանի Վահագն Դաւթեան զբօսայգիէն երէկ երկուշաբթի, 14 դեկտեմբերին տեղի ունեցաւ Նիկոլ Փաշինեանի հրաժարականի պահանջով եւ Հայրենիքի փրկութեան շարժումին կազմակերպութեամբ բազմահազար քաղաքացիներու Արժանապատուութեան երթը: Երթին մասնակիցները պարբերաբար կոչ կ՛ուղղէին միանալու երթին, միանալու եւ ոչ ըսելու վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանին: Անոնք կը վանկարկէին «Նիկո՛լ, հեռացի՛ր», «Նիկո՛լ, դաւաճա՛ն», «Առանց Նիկոլ Հայաստան»:

ՀՅ Դաշնակցութեան Հայաստանի Գերագոյն մարմինի ներկայացուցիչ Իշխան Սաղաթէլեանը կոչ ուղղեց համախմբելու բոլոր ուժերը եւ հեռացնելու ազգի դաւաճան Նիկոլ Փաշինեանը: «Այս օրերուն Նիկոլ Փաշինեանը եւ իր շրջապատի որոշ անմեղսունակներ կը փորձեն ձեռնածութիւններու միջոցով համոզել, որ Նիկոլ Փաշինեանի հեռացման պահանջը հանրային պահանջ չէ, եւ Նիկոլ Փաշինեանը ունի մեր ժողովուրդին աջակցութիւնը: Մենք պէտք է ապացուցենք, որ Նիկոլ Փաշինեանը չունի աջակցութիւն», ըսաւ Սաղաթէլեան:

Իշխան Սաղաթէլեան նշեց, որ եթէ Նիկոլ Փաշինեանը չգիտակցեցաւ, որ պէտք է հեռանայ այդ պաշտօնէն, միասին պէտք է այդ պաշտօնը հեռացնենք Նիկոլէն: «Մեր գործողութիւններուն հետեւանքով պէտք է ամբողջութեամբ խաթարուին պետական վարչամեքենայի գործողութիւնները», յայտնեց ան երթի մասնակիցներուն եւ ստացաւ դրական պատասխան:

«Բարգաւաճ Հայաստան» խմբակցութեան քարտուղար Արման Աբովեան նշեց, որ այն, ինչ որ կը կատարուի Հայաստանի մէջ, կարելի է 2 բառով բնութագրել` մարդիկ պատրաստ են եւ պիտի պայքարին ո՛չ միայն իրենց ֆիզիքական անվտանգութեան համար, այլ պիտի պայքարին նաեւ իրենց պատուին եւ արժանապատուութեան համար: «Հայաստանի մէջ ստամոքսի եւ ոգիի պայքար է, եւ հայու ոգին պիտի յաղթէ», ըսաւ ան:

«Փաշինեան մարդոց լռութիւնը կը մեկնաբանէ յօգուտ իրեն, ան կը նկատէ, որ բոլոր անոնք, որոնք այսօր այս պահուն այստեղ չեն, իր կողմնակիցներն են: Այդ պատճառով կոչ կ՛ուղղեմ Հայաստանի Հանրապետութեան քաղաքացիներուն միանալու մեզի, ասիկա պայքար է յանուն Հայաստանի Հանրապետութեան եւ Արցախի», երթին ընթացքին նշեց «Իրաւական կրթութիւն եւ վերահսկողութիւն» հասարակական կազմակերպութեան նախագահ Արփինէ Յովհաննիսեան:

Մասնակիցները երթով անցան Հր. Քոչար, Բաղրամեան, Սայաթ Նովա փողոցներէն: Այնուհետեւ եղան Հանրապետութեան հրապարակին վրայ:

Սուրբ Աննա եկեղեցւոյ բակին մէջ Հայրենիքի փրկութեան շարժումի` վարչապետի միասնական թեկնածու Վազգէն Մանուկեան դիմեց Արժանապատուութեան երթի մասնակիցներուն.

«Այս պայքարը իսկապէս մեր հայրենիքին համար է, որ ոտքի կանգնինք, երթանք յառաջ: Խոչընդոտ մը կայ, Նիկոլ Փաշինեանը խոչընդոտ է, այդ խոչընդոտը պէտք է մէկ կողմ դնել եւ շարունակել երթալ յառաջ», ըսաւ  Մանուկեան:

Ան ցանկութիւն յայտնեց լսել եկեղեցւոյ բակին մէջ հաւաքուածներուն կարծիքները, թէ ի՞նչ պէտք է ընել այսուհետեւ:

«Մէկ բան հաստատ է, Նիկոլը պիտի երթայ, իրմէ բացի բոլորը ատիկա գիտեն: Երբեմն մարդիկ կը դժգոհին, կ՛ըսեն` փողոցներով կը քալենք այս կողմ, այն կողմ, հանրահաւաք կը կազմակերպենք, վճռական գործողութիւն ընենք: Հաշուի առէք, որ վճռական գործողութիւնը այն է, որ այսպիսի երթերու, հանրահաւաքներու միջոցով ամբողջ ժողովուրդը ըլլայ մէկ կողմ, Նիկոլը` միւս կողմ: Այդ է յաղթանակը», ըսաւ  Մանուկեան եւ վստահեցուց, որ պիտի հասնինք յաղթանակի:

Ընդդիմութեան վարչապետի միասնական թեկնածուն պնդեց, որ շատ բան ստիպուած պիտի ըլլան սկսելու զերօ կէտէն:

«Մեր առջեւ նորէն խնդիր պիտի կանգնի երբեմն 0-էն որոշ հարցեր բարձրացնել, նորէն դառնալ երկիր, հզօրանալ, շրջանին մէջ ունենալ ազդեցութիւն, եւ հայ ժողովուրդին պատիւը բարձր պահել, որովհետեւ հիմա խաթարուած է այդ պատիւը», ըսաւ Վազգէն Մանուկեան:

Յայտարարուեցաւ, որ երթը պիտի շարունակուի այսօր, 15 դեկտեմբերին, ժամը 17:00-ին, Սասունցի Դաւիթի արձանին մօտէն:

Նախորդը

Վազգէն Մանուկեան Հանդիպում Ունեցաւ Մտաւորականներու Հետ

Յաջորդը

Էրտողան Լիպիոյ Մէջ Թրքական Ուժերուն Տեղակայումը 1,5 Տարիով Երկարաձգելու Փաստաթուղթ Ստորագրած Է

RelatedPosts

Միացեալ Նահանգներու Մէջ`  Միջանկեալ Ընտրութիւններ
Գլխաւոր լուրեր

Միացեալ Նահանգներու Մէջ` Միջանկեալ Ընտրութիւններ

November 4, 2026
Թրամփ. «Իրանի Հետ Համաձայնութիւն  Գոյացնելու Շատ Մեծ Հաւանականութիւն Կայ»
Գլխաւոր լուրեր

Թրամփ. «Իրանի Հետ Համաձայնութիւն Գոյացնելու Շատ Մեծ Հաւանականութիւն Կայ»

November 4, 2026
Իրանեան Զինեալ Ուժերու  Սպայակոյտի Պետը Յայտարարեց.  «Տեւական Անվտանգութեան Հաստատման Իրանի  Ծրագիրը Լիբանանի Եւ Կազայի Մէջ  Պատերազմի Աւարտը Կը Ներառէ»
Գլխաւոր լուրեր

Իրանեան Զինեալ Ուժերու Սպայակոյտի Պետը Յայտարարեց. «Տեւական Անվտանգութեան Հաստատման Իրանի Ծրագիրը Լիբանանի Եւ Կազայի Մէջ Պատերազմի Աւարտը Կը Ներառէ»

November 4, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.