11 դեկտեմբերին բազմաթիւ քաղաքացիներ «Արժանապատուութեան երթ»-ով շարունակեցին պահանջել Նիկոլ Փաշինեանի հրաժարականը: Անոնք մայրաքաղաքի կեդրոնական` Սարեան-Լէօ, Աբովեան, Փակ Շուկայ փողոցներով, Մաշտոցի պողոտայով, Բաղրամեան պողոտայով, Սայաթ Նովա փողոցով, Տէրեան փողոցով ինքնաշարժներով եւ յետիոտն ուղղուեցան Ֆրանսայի հրապարակ` բացագանչելով «Նիկո՛լ, դաւաճան, հեռացի՛ր»: Ոստիկանները, ըստ սովորութեան, բռնի ուժ կիրարկեցին ցուցարարներուն վրայ` բերման ենթարկելով շուրջ 40 ցուցարարներ, որոնց կարգին` ՀՅԴ Հայաստանի Գերագոյն մարմինի ներկայացուցիչ Իշխան Սաղաթէլեանն ու ՀՅԴ-ի անդամ Գեղամ Մանուկեանը: Արձանագրուեցան նաեւ վիրաւորներ:
«Բայց մեզ ոչ մէկը կրնայ հարուածել, կարելի չէ: Նիկոլը պէտք է հեռանայ իր խումբին հետ, այլ տարբերակ չկայ: Միայն Նիկոլի հեռացումով կարելի պիտի ըլլայ փրկել մեր երկիրը, յանուն այդ նպատակին ամէն ինչ պիտի ընենք: Այնքան ատեն որ հայ արժանապատիւ մարդը կը շնչէ, Նիկոլը վայրկեան մը իսկ հանգիստ պիտի չունենայ», ըսաւ Սաղաթէլեան` կոչ ուղղելով ոստիկաններուն միանալու ժողովրդային շարժումին:
Ձերբակալութիւններէն ետք Մաշտոց պողոտայէն քայլերթով ցուցարարները ուղղուեցան Ամիրեան փողոց, հոնկէ` Հանրապետութեան հրապարակ, կառավարութեան շէնքին առջեւ:
Հայրենիք կուսակցութեան ղեկավար Արթուր Վանեցեան ըսաւ, որ բոլոր քաղաքացիները պէտք է շատ լաւ հասկնան, որ ասիկա պայքար չէ որեւէ իշխանութեան համար, այլ պայքար է յանուն մեր հայրենիքի փրկութեան: «Ժողովո՛ւրդ, փողոց իջէ՛ք, հասկցէ՛ք, որ իրավիճակը շատ տարբեր է այսօր, իրավիճակը օրհասական է, կը ծախուի մեր երկիրը, վտանգուած են Հայաստանի սահմանները եւ հայ ժողովուրդի գոյութիւնը», յայտնեց ան` շեշտելով, որ ոստիկաններուն կողմէ ի գործ դրուած բռնի ուժը, ձերբակալութիւնները, իրենց շարժումները կասեցնելու փորձերը ոչ մէկ ձեւով պիտի յոգնեցնեն կամ յուսահատեցնեն Փաշինեանի հրաժարականը պահանջողները:
«Այսօրուան մեր երթը ինքնաբուխ է, ունի երկու խորհուրդ` միացում, բոլորը պէտք է միանան յանուն հայրենքի փրկութեան, երկրորդ խորհուրդը այն է, որ մենք անպայման պիտի յաղթենք, պիտի ունենանք երկիր առանց դաւաճան իշխանութիւններու», յայտնեց ան կառավարութեան շէնքին առջեւ` շեշտելով, որ շատ շուտով արդէն արդիւնքի պիտի հասնին: «Ոեւէ մէկը չկասկածի: Մենք արժանապատիւ ժողովուրդ ենք, մեր արժանապատուութեան համար պիտի պայքարինք մինչեւ վերջ», հաստատեց ան:
Արթուր Վանեցեան դիտել տուաւ, որ դաւաճան Նիկոլի հրամանով ցուցարարներէն շատեր բերման ենթարկուած եւ տարուած են ոստիկանութեան բաժիններ, նաեւ` ՀՅԴ Հայաստանի Գերագոյն մարմինի ներկայացուցիչ իշխան Սաղաթէլեանը: Բայց եւ այնպէս ան վստահեցուց, որ մարդիկը վախցնելու այս փորձերը ամբողջական ձախողութեան մատնուած են:
Վանեցեան յայտարարեց, որ անհնազանդութեան շարժումները պիտի շարունակուին: «Փաշինեանի հեռացումը մեր ժողովուրդին գրեթէ 100 տոկոսին պահանջն է: Այդ պահանջը անոնք պարտաւոր են կատարել: Մենք պիտի ստիպենք, որ անոնք այդ պահանջը կատարեն», ըսաւ ան:
ՀՅԴ Հայաստանի Գերագոյն մարմինի անդամ Արծուիկ Մինասեան շեշտեց, որ բոլորը կը պահանջեն Նիկոլ Փաշինեանի հրաժարականը, որովհետեւ բոլորն ալ լաւապէս կը գիտակցին, թէ պարտուած, հայրենիք զիջած իշխանութիւնը ի վիճակի չէ ասկէ ետք պաշտպանել հայրենիքի շահերը: Ան յիշեցուց անունները բոլոր այն շարժումներուն, կառոյցներուն, միութիւններուն, որոնք իրենց կարգին կը պահանջեն Նիկոլ Փաշինեանի հրաժարականը:
«Մենք կ՛առաջարկենք, որ Նիկոլ Փաշինեան առանց ցնցումի հեռանայ, որ մեր հայրենակիցներուն կարելիութիւն տրուի փրկել իրավիճակը: Նիկոլ Փաշինեան` իր աթոռին կառչած, ո՛չ միայն այս քայլին չի դիմեր, այլ նաեւ կը փորձէ հրահրել եւ հասարակութեան մէջ անգամ մը եւս ատելութիւն սերմանել», ըսաւ ան: «Ատելութիւն` հանդէպ արցախցիներուն, ատելութիւն` հանդէպ Արցախի: Նորէն կը փորձէ բաժնել ժողովուրդը: Հաւաքուածները ան ժողովուրդ չի նկատեր, այլ` քանի մը կուսակցութիւններու ներկայացուցիչներ: Ան չի գիտակցիր, որ այդպէս կը վտանգէ մեր ամբողջ պետականութիւնը, իւրաքանչիւր հայու Հայաստանի մէջ ապրելու իրաւունքը: Այս բոլորէն ետք փոխանակ հասկնայ, որ այս պահուն Հայաստանի փրկութեան միակ ելքը իր հեռանալն է, ան կը շարունակէ ճնշումներ գործադրել ու ապօրինի հրամաններ տալ իրաւապահ համակարգին», յայտնեց Մինասեան:
Ըստ Մինասեանի, Փաշինեանի գոյութեան իւրաքանչիւր օր նոր կորուստներու պատճառ կը դառնայ: «Նիկոլ Փաշինեանի իշխանութիւնը ամէն օր Հայաստանէն տարածքներ կը զիջի, անտարբերութեան կը մատնէ հայ մարդուն ճակատագիրը, գերեվարուած անհետ կորսուած մեր զաւակներուն ճակատագիրը առ այսօր մնացած է օդէն կախուած: Նիկոլ Փաշինեանի իշխանութիւնը ի վիճակի չէ նոյնիսկ պահանջներ առաջադրելու, որպէսզի ժամ առաջ վերադարձուին մեր զաւակները», ըսաւ ան:
Արծուիկ Մինասեան նաեւ նշեց, որ Նիկոլ Փաշինեան ունակ չէ նոյնիսկ տարրական խնդիրներ լուծելու, հետեւաբար ամէն օր յաւելեալ վնաս կը հասնի մեզի: «Այս անձը չի գիտակցիր, որ իր գոյութեամբ կը վտանգէ Հայաստանի Հանրապետութիւնը, որովհետեւ ինք ի վիճակի չէ պաշտպանելու անոր սահմանները: Նիկոլ Փաշինեանի իշխանութիւնը թուլացուց մեր բանակը, եւ հիմա ան բանակը կը մեղադրէ պարտութեան մէջ: Մեր բանակը չէ պարտուած, պարտուած է Նիկոլ Փաշինեանը», շեշտեց ան:
Արծուիկ Մինասեան դիմեց զինուորականներուն եւ իրաւապահ համակարգին` կոչ ուղղելով չհանդուրժելու նման ղեկավար, նաեւ դիմեց զինուած ուժերու ընդհանուր հրամանատարին` նշելով, որ Նիկոլ Փաշինեան կը վտանգէ մեր բանակը:
Ոստիկանութեան բաժինէն դուրս գալէ ետք Իշխան Սաղաթէլեան հաստատեց, որ ոչ ոք կրնայ լռեցնել Հայաստանի քաղաքացիները, որովհետեւ ոչ մէկ արժանապատիւ հայ պիտի հանդուրժէ, որ հայրենիքը թուրքին ծախած մարդը շարունակէ ղեկավարել երկիրը: «Երէկ տեսաք, որ ազրպէյճանական շքերթին ժամանակ հրապարակաւ յայտարարուեցաւ, որ դեռ պէտք է գրաւեն Սեւանը, Երեւանը եւ Զանգեզուրը, իսկ Նիկոլ Փաշինեան իր մամլոյ բանբերին միջոցով պատասխանեց, որ կը խախտեն պայմանաւորուածութիւնը, եւ այդպիսով տարածաշրջանին մէջ անկայունութիւն կը ստեղծուի: Ինք կ՛առաջնորդուի գրպանահատի հոգեբանութեամբ: Ամէն առաւօտ կ՛արթննայ ու կը մտածէ` ժողովուրդը այսօր ի՛նչ ձեւով խաբէ` իշխանութիւնը պահելու համար», նշեց ան:
Սաղաթէլեան հաստատեց, որ օրական դրութեամբ պիտի կատարուին բողոքի խաղաղ քաղաքացիական անհնազանդութեան շարժումներ, որոնց իբրեւ արդիւնք, ըստ անոր, Նիկոլ Փաշինեան պէտք է հեռանայ. «Ինք չունի օրինականութիւն, աջակցութիւն, իր շուրջը մնացած են քանի մը սադրիչներ միայն: Իր կուսակցութեան անդամները եւս կը տատանին: Իրեն հաշուըւած օրեր մնացած են: Եթէ ինք ասոր չգիտակցի եւ շարունակէ կառչած մնալ իր աթոռին, մեր պետութիւնը վերջնականապէս պիտի տանի փլուզման», դիտել տուաւ Գերագոյն մարմինի ներկայացուցիչը:
Նշենք, որ անհնազանդութեան եւ Նիկոլ Փաշինեանի հրաժարականը պահանջող ցոյցեր ու տարբեր շարժումներ տեղի ունեցան ո՛չ միայն Երեւանի մէջ, այլ նաեւ մարզերուն: Քաղաքացիներ փակեցին Վանաձոր-Ալավերդի, Սեւան-Երեւան մայրուղիները եւ այլ ճամբաներ: